ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ, ՆՈՐՈԳՈՒՄ, ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

Առաջին Ծննդեան գիշերը երկինքը կոտրեց իր լռութիւնը: Հովիւները խաւարին մէջ կը պահպանէին իրենց հօտերը, երբ յանկարծակի Տիրոջ փառքը ծագեցաւ եւ լեցուց ամբողջ երկինքը: Տիրոջ Հրեշտակը երեւցաւ եւ խօսեցաւ պատգամը՝ որ միշտ պիտի հնչէ պատմութեան մէջ. «Մի՛ վախնաք, ահա՛ ձեզի կ՚աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, որ բոլոր ժողովուրդին ուրախութիւնը պիտի ըլլայ: Որովհետեւ այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ Փրկիչ մը ծնաւ ձեզի, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղուկաս, 2:10-11):

Այսպէս, արդարեւ, սկիզբ կ՚առնէ Ծնունդը՝ Աւետիս է: Ո՛չ խրատ, ո՛չ ազդարարութիւն, ո՛չ պայմանադրութիւն, այլ՝ Աւետիս՝ մեծ ուրախութիւն մը, որ բոլոր ժողովուրդին ուրախութիւնը պիտի ըլլայ:

Սիրելիներ, Ծնունդին սիրտն ու հոգին կը կազմէ Աւետիսը. տօնածառին տակ զետեղուած նուէրներուն ուրախ լուրը չէ այդ, համադամ հացկերոյթի մը ուրախ լուրը չէ այդ, եւ ոչ՝ բարի լուրը ընտանիքի եւ բարեկամներու ընկերութիւնը վայելելու:

Ծնունդը Աստուծոյ սիրոյն Աւետիսն է:

Ծնունդի պատգամն է՝ որ Աստուած մեր դժուարութիւններէն հեռու չմնաց: Ան տեսաւ մեր վիճակը, տեսաւ մեր դժուարութիւններն ու կարիքները, եւ Աստուած գործի անցաւ: Ան ղրկեց Իր Որդին՝ ո՛չ թէ դատելու աշխարհը, այլ փրկելու զայն: Յիսուս եկաւ փնտռելու անոնք, որոնք կորսուած էին եւ վերականգնելու անոնք, որոնք գլորած էին: Ան եկաւ սովորական մարդոց համար, վիրաւոր մարդոց համար, վհատած մարդոց համար՝ ձեզի եւ ինծի նման մարդոց համար:

Եկեղեցիներուն մէջ յաճախակի կը լսենք «փրկութեան» մասին: Բայց շատ անգամներ կը մոռնանք, որ որքան անձնական է այդ փրկութիւնը: Կը նշանակէ, որ երբ մենք անկարող ենք փրկելու մենք զմեզ, Աստուած կը ձեռնարկէ մեր ազատագրումին: Կը նշանակէ, որ մենք չենք լքուած մեր յանցանքներուն մէջ, մեր ձախողութիւններուն, մեր վախերուն, կամ մեր անցեալին մէջ: Աստուած մեզ անհուն կերպով կը սիրէ եւ թոյլ չի տար մեզի՝ մնալու մեր հնութեան մէջ:

Այս է այն՝ որուն համար Քրիստոս եկաւ: Յիսուս մտաւ մեր անօգնական վիճակին մէջ եւ կատարեց այն՝ ինչ մենք մեզի երբեք պիտի չկարենայինք կատարել: Խաչին վրայ Ան վճարեց մեր պարտամուրհակը: Յարութեամբ Ան բացաւ դռները նոր կեանքի: Քրիստոս եկաւ մեզ ազատելու, արդարեւ, Ազատութիւնը մեր Փրկագործութեան ամենէն խոր իմաստներէն մին է:

Փրկագործութիւն կը նշանակէ նաեւ Նորոգում: Աստուած խորտակուած կեանքերը կ՚առնէ զանոնք վերականգնելու համար: Ան վիրաւոր սրտերը կը բուժէ: Ան կորուսեալ յոյսերը կը վերականգնէ: Ան խաղաղութիւն կը բերէ՝ ուր խռովութիւն կը տիրէ, նաեւ իմաստ կը ներարկէ, ուր պարապութիւն կայ:

Հուսկ՝ Փրկագործութիւնը կը նշանակէ Հաշտութիւն: Մինչեւ Քրիստոսի Ծնունդը՝ մարդոց յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ խափանուած էր, բայց Աստուած հեռու չմնաց աններող բարկութեամբ: Ընդհակառակը՝ Ան եկաւ մեզի բաց գիրկով. Յիսուս Քրիստոսի միջնորդութեամբ մեր խափանուած կապը Աստուծոյ հետ վերահաստատուեցաւ:

Ազատութիւն, Նորոգում, Հաշտութիւն: Այս է, զոր Յիսուսի ծնունդը երկու հազար տարիներ առաջ տուաւ մարդոց: Այս է Փրկութեան առիթը, զոր Աստուած բացաւ մեր առաջ:

Առաջին Ծնունդին՝ Աստուած ամենամեծ նուէրը տուաւ աշխարհին՝ Իր Որդին: Միեւնոյն այդ Նուէրը կու տայ երկու հազար տարիներ յետոյ, Ծնունդին՝ զոր այսօր կը տօնենք: Յիսուս Քրիստոսի միջոցով փրկութիւնը նուէրն է Աստուծոյ՝ քեզի համար, այսօր: 

Ամէն սրտի համար հարցը այս է. պիտի ընդունի՞նք զԻնք:

Աղօթքս է եւ յոյսս՝ որ ամէն հաւատացեալ պատասխանէ այս հրաւէրին Ծնունդի մեր հայկական գեղեցիկ մաղթանքով՝

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ:
Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի:

Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍԿ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունուար 5, 2026