ՍԻՐԵՆՔ ԶՔՐԻՍՏՈՍ

Պօղոս առաքեալ Եփեսացիներուն ուղղած նամակին մէջ կը խօսի Քրիստոսի սիրոյ մասին եւ կը թելադրէ զանոնք, որպէսզի ճանչնան Քրիստոսի սէրը: Այդ թելադրութիւնը այսօր մեզի եւս ուղղուած է: Կը կարդանք. «Ահա թէ ինչու ծունկի կու գամ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Հօր առջեւ, որմէ իր անունը կը ստանայ իւրաքանչիւր ազգատոհմ երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ, որպէսզի դուք, ըստ Իր փառքի մեծութեան, Իր Հոգիին միջոցաւ ներքնապէս զօրութեամբ ամրանաք. այնպէս որ, ձեր հաւատքի միջոցով, Քրիստոս ձեր սիրտերուն մէջ բնակի եւ դուք սիրոյ մէջ արմատաւորուած ու հաստատուած ըլլաք. եւ բոլոր սուրբերուն հետ կարենաք հասկնալ, թէ ի՛նչ է լայնութիւնը, երկարութիւնը, բարձրութիւնը եւ խորութիւնը, այսինքն՝ ճանչնաք Քրիստոսի սէրը, որ գերազանց է քան որեւէ մէկ գիտութիւն, որպէսզի լեցուիք Աստուծոյ ամբողջական լիութեամբ: Ուրեմն, Անոր, որ կրնայ աւելին ընել, առաւել առատութեամբ, քան այն ամէնը, ինչ մենք կը խնդրենք ու կը մտածենք, ըստ այն զօրութեան, որ մեր մէջ կը գործէ,- Անոր փա՜ռք եկեղեցւոյ մէջ Քրիստոս Յիսուսով, բոլոր ժամանակներուն մէջ, յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն» (Եփ 3.14-21): 

Երանի՜ այն մարդուն, որ կը գիտակցի այն բացարձակ ճշմարտութեան, թէ՝ Քրիստոսի սէրը, ամէն ինչէ գերազանց է: Այսօրուան «զարգացած» դարուն երբ մարդ մնայուն վազքի մէջ է նորարարութիւններու եւ զարգացումի ետեւէ, յաճախ կը մոռնայ զՔրիստոս եւ Անոր սէրը: Ոմանք աւելի հեռուները երթալով ժամանակավրէպ կը համարեն այդ բոլորը: Պօղոս առաքեալի վերոնշեալ հատուածը, սակայն, կու գայ ճիշդ հակառակը փաստելու ու վկայելու, թէ Քրիստոսի սէրը գերազանց է ամէն ինչէ, ո՛չ մէկ բան՝ ո՛չ գիտութիւն, ո՛չ հարստութիւն, ո՛չ դիրք ու պաշտօն եւ ոչ մէկ ուրիշ բան կրնայ գերազանցել Քրիստոսի սէրը: 

Այսօրուան մարդը, արդարեւ, գիտութենէն, հարստութենէն, բարեկեցութենէն աւելի կարիք ունի Քրիստոսի սիրոյն, կարիք ունի զգալու այդ սէրը, ապրելու այդ սէրը, որով մարդուն մէջ օր օրի արմատացող չարութիւնը, ատելութիւնը, անհանդուրժողութիւնն ու եսապաշտութիւնը կը քանդուին եւ անոնց փոխարէն կու գայ թագաւորելու Քրիստոսի սէրը, որով մարդուն կեանքը կը գունաւորուի ու կը գեղեցկանայ:

Աւարտենք Սուրբ Օգոստինոսի հետեւեալ բացատրութեամբ. «Քրիստոս կը բնակի հաւատարիմ սիրտերուն մէջ, անոնց մէջ, որոնք արմատաւորուած են Անոր սիրոյն մէջ, որոնք անսասան եւ անխախտ կը մնան: Լիակատար զօրութիւն ստանալու համար մեծ ուժ կը պահանջուի. «Որպէսզի լեցուիք Աստուծոյ ամբողջական լիութեամբ»: Առաքեալը ի՞նչ նկատի ունի այս արտայայտութեամբ: Թէեւ Քրիստոսի սէրը գերազանց է քան մարդկային բոլոր գիտելիքները, սակայն, դուք զայն պիտի ճանչնաք՝ եթէ Քրիստոս ձեր մէջ բնակի: Այո, դուք ո՛չ միայն կ՚իմանաք այդ Անկէ, այլ՝ Աստուծոյ ամբողջական լիութեամբ կը լեցուիք»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

4 մարտ 2026, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 5, 2026