ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Պոստոնի շրջանի Հայփոինթ համայնքի ուխտաւորներէն բաղկացեալ խումբ մըն էր այս մէկը՝ գլխաւորութեամբ Տ. Վարդ Քահանայ Կէօզալեանի։ Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ կարեւորեցաշխարհասփիւռ հայորդիներու կապը Հայաստանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ։ Սա հայրենի եւ հոգեւոր-ազգային արժէքներու նկատմամբ հաւատարմութեան լաւագոյն դրսեւորումն է։ Այս առումով Նորին Սրբութիւնըկարեւորեց նաեւ սփիւռքէ ներս իրենց ծառայութիւնը մատուցող հոգեւորականներու դերը։
Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն՝վստահութիւն յայտնելով, թէ հայ ժողովուրդը միասնականութեան եւ զօրեղ հաւատքի շնորհիւ պիտի կարողանայյաղթահարել առկայ դժուարութիւններն ու փորձութիւնները։
Հուսկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ուխտաւորներուն պատգամեց՝ հաւատարիմմնալ ազգային ինքնութեան, ամրապնդել իրենց սրտերուն մէջ սէրն ու նուիրումը՝ Հայաստանի եւ Հայ Եկեղեցւոյնկատմամբ։