ՆՈՐՈԳ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ Տ. ԱՆԱՆԻԱ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԳՈՒՃԱՆԵԱՆԻ ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄՆ ՈՒ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը երէկ ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուաւ իր երիտասարդ միաբաններէն Տ. Անանիա Ծայրագոյն Վարդապետ Գուճանեանին, որ վերջին օրերուն ցաւալի ոճիրի մը զոհ գացած էր՝ իր հովուական պաշտօնին գլուխը։ Մինչ այս կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած էր եկեղեցական շրջանակներէն ներս, երէկ, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի կատարուեցաւ վախճանեալ ու տարաբախտ հայր սուրբի վերջին օծումը՝ ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի։ Վերջին օծումէն վերջ, երիտասարդ հայր սուրբին անշունչ մարմինը փոխադրուեցաւ Անթիլիաս՝ յուղարկաւորութեան համար։ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը նախագահեց այս արարողութեան, որուն մասնակցեցաւ հոծ բազմութիւն մը՝ հրաժեշտ տալու համար տարաբախտ եկեղեցականին։
Կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. արարողութիւններէն վերջ ընդունեց նաեւ մասնակիցներու ցաւակցութիւնը։