Հինգշաբթի 6, Փետրուար 2025
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկսը այս օրերուն կ՚այցելէ Զուիցերիա։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ ուղեւորութիւնը կը տեւէ շաբաթ մը։ Վեհափառ Հայրապետը այս ընթացքին հանդիպումներ կ՚ունենայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմի վարչայիններուն հետ։ Բաց աստի, Նորին Սրբութիւնը կը մէկտեղուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներուն հետ։
Հինգշաբթի, Փետրուար 6, 2025