ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու երկխօսութեան շրջանակներէն ներս, Վատիկանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ ուսումնական հաւաք մը, որու մասնակիցները նախընթաց օր ընդունուեցան Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին կողմէ։ 1-7 փետրուարին տեղի ունեցաւ այս հաւաքը, որու մասնակից Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները գլխաւորուեցան՝ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի կողմէ։ Այս ձեւաչափով կազմակերպուած հերթական ուսումնական հաւաքն է այս մէկը, որու առաջինը տեղի ունեցած էր 2020 թուականին։

Վատիկան մեկնած Հայ Առաքելական եկեղեցականներն են՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն՝ Տ. Շնորհք Աբեղայ Սարգսեան, Տ. Յովսէփ Աբեղայ Յակոբեան եւ Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Ղեւոնդեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն՝ Տ. Ազատ Աբեղայ Ֆիլիքեան եւ Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեան, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութենէն՝ Տ. Արշակ Աբեղայ Ղազարեան։

Բացի Հայաստանէն, Եգիպտոսէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Հնդկաստանէն, Եթովպիայէն, Էրիթրիայէն ժամանած վանականներու եւ քահանաներու այցելութիւնը յագեցած էր հանդիպումներով՝ Սուրբ Աթոռի զանազան կառոյցներու, գրասենեակներու եւ քահանայապետական ուսումնակրթական հաստատութիւններու ղեկավարներու եւ աշակերտներու հետ։ Մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան նաեւ ծանօթանալու հարուստ քրիստոնէական աւանդութեան եւ մշակութային ժառանգութեան։

Ի լրումն այս բոլորին, փետրուարի 5-ին տեղի ունեցաւ անոնց պաշտօնական հանդիպումը Սրբազան Պապին հետ։ Այս առթիւ քահանայապետը Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւորականները ողջունեց Պօղոս առաքեալի խօսքերով. «Խաղաղութիւն ձեր բոլորին, որ Քրիստոս Յիսուսի մէջ էք»։

Նորին Սրբութիւնը եղբայրական յատուկ ողջոյնները յղեց Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին եւ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցիէն մետրապոլիտ Պառնապա էլ Սորիանիին, որոնք կ՚ուղեկցէին երիտասարդ միաբաններուն։ Լեւոն ԺԴ. Պապը անդրադարձաւ նաեւ քրիստոնեաներու միասնութեան աղօթքի շաբթուան, որու այս տարուան նիւթին ներշնչանքի աղբիւր հանդիսացած էր Ս. Պօղոս առաքեալի եփեսացիներուն ուղղուած նամակը։

Այցելութեան շրջանակներէն ներս, դասընթացքի մասնակիցները ընդունեցան նաեւ Սուրբ Աթոռի պետական քարտուղար կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինի կողմէ։

Ուրբաթ, Փետրուար 6, 2026