ԶԳՈՒՇԱՆԱՆՔ ՄԵԾԱՄՏԱՆԱԼԷ

Մարդ իր հոգեւոր կեանքի մէջ ելեւէջներ կ՚ունենայ, կը յաղթահարէ փորձութիւններ եւ երբեմն ալ կը պարտուի այդ փորձութիւններէն: Այս բոլորը բնական երեւոյթներ են մեր հոգեւոր կեանքին մէջ: Այս բոլորին մէջ հոգեւոր մարդը միշտ Աստուծոյ օգնութեան կը դիմէ ու կ՚ապաւինի, համոզուած ըլլալով, որ առանց Աստուծոյ օգնութեան ու առաջնորդութեան չի՛ կրնար յաղթահարել ոչինչ: Երբեմն ալ, սակայն, փորձութիւն մը կամ դժուարութիւն մը յաղթահարելէ ետք մարդ կը մեծամտանայ, այդ յաղթանակը իր անձին վերագրելով: Նման իրավիճակներու մէջ կը յայտնուէր հրեայ ժողովուրդը Եգիպտոսէն ելլելէ ետք եւ Մովսէս անոնց ուղղելով իր խօսքը կը զգուշացնէր զիրենք մեծամտանալէ ու մոռնալէ Աստուծոյ ողորմութիւնն ու օգնականութիւնը: Նոյն խօսքը կը վերաբերի մեզի այսօր: Կարդա՛նք եւ զգուշանանք մեծամտանալէ:

«Զգո՛յշ եղիր, չըլլայ թէ մոռնաս Տէր Աստուածդ, չպահես Անոր պատուիրանները, Անոր այն կանոններն ու օրէնքները, զոր ես կը հաղորդեմ քեզի: Այնպէս չըլլայ, որ ուտելէ ու կշտանալէ յետոյ, գեղեցիկ տուներ կառուցելէ ու ատոնց մէջ բնակելէ յետոյ, քու արջառն ու ոչխարը բազմանալէ յետոյ, քու արծաթդ ու ոսկիդ շատնալէ յետոյ, քու ունեցած ամէն ինչդ բազմանալէ յետոյ, գոռոզամտանաս եւ մոռնաս Տէր Աստուածդ, որ քեզ դուրս բերաւ եգիպտացիներու երկրէն՝ ստրկութեան տունէն, քեզ մեծ եւ ահազդու անապատին մէջէն անցուց, ուր օձն ու կարիճը կը խայթեն, ծարաւը կը տանջէ, ուր ջուր չկար, բայց Ան քեզի համար ապառաժ քարէն ջուրի աղբիւր բխեցուց: Ան քեզ անապատին մէջ կերակրեց հայրերուդ անծանօթ մանանայով, որպէսզի քեզ տանջէ ու փորձէ եւ վերջաւորութեան բարութիւն ընէ քեզի: Միտքիդ մէջ մի՛ ըսեր, թէ՝ «իմ ուժովս եւ ձեռքիս զօրութեամբ տիրացած եմ այս մեծ հարստութեան», այլ՝ յիշէ Տէր Աստուածդ, որովհետեւ Ան քեզի ուժ կու տայ այս հարստութեան հասնելու համար, որպէսզի հաստատէ Իր այն ուխտը, որ դրած է քու հայրերուդ հետ, ինչպէս այսօր կը տեսնես:

Եթէ պատահի, որ մոռնաս Տէր Աստուածդ, օտար աստուածներու ետեւէն երթաս, ծառայես ու երկրպագես ատոնց, ապա այսօր երկինքով ու երկրով կ՚երդնում, որ դուք անհետք կը կորսուիք: Եթէ չլսէք ձեր Տէր Աստուծոյ ձայնը, կը կորսուիք այնպէս, ինչպէս կորսուեցան միւս ազգերը, որոնց Տէրը ձեր առջեւէն վերցուց» (Բ. Օր 8.11-20): 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ 

5 մարտ 2026, Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2026