ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ՝ ՀՕՖ-ԻՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Հայ օգնութեան ֆոնտի (ՀՕՖ) տնօրէններու խորհուրդի անդամներն ու բարերարները։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանի եւ ՀՕՖ-ի տնօրէններու խորհուրդի ատենապետ Ռենտի Սապահ-Կիւլեանի կողմէ գլխաւորուած խումբը Վեհափառ Հայրապետին տեղեկութիւններ ներկայացուց հիմնադրամի ծաւալած գործունէութեան շուրջ։

Նորին Սրբութիւնը հիւրերուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը՝ բարձրօրէն գնահատելով ՀՕՖ-ի ազգաշահ առաքելութիւնը, որու գործնական արդիւնքները նկատելի են թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ։ Ան անդրադարձաւ հիմնադրամի ազգանուէր ու եկեղեցանուէր գործունէութեան՝ նշելով, որ Հայաստանի համար ծանր ու փոթորկալի ժամանակներուն ՀՕՖ ի սպաս դրած է իր կարելիութիւնները ազգի զաւակներու հոգածութեան համար։ Ուստի, կառոյցը բերած է իր աւանդը երկրի կրթական, մշակութային, ընկերային, առողջապահական ոլորտներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք կապերու սերտացման։ Վեհափառ Հայրապետը մասնաւոր գնահատանքով արտայայտուեցաւ ՀՕՖ-ի բարեկամներուն ու բարերարներուն մասին, որոնք կը սատարեն անոր կարեւոր առաքելութեան։ Արդարեւ, անոնց ներդրումներու եւ ազնիւ ծառայութեան շնորհիւ կը բարեզարդուի ու կը պայծառանայ ազգային-եկեղեցական կեանքը։ 

Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը մտահոգութեամբ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն։ Ան կարեւորեց սփիւռքի ազգային կառոյցներու՝ ներառեալ ՀՕՖ-ի ջանքերը ի նպաստ առկայ խնդիրներու յաղթահարման, Հայաստանի յառաջընթացի եւ հզօրացման։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով ընդգծեց, որ հոգեւորականաց դասու եւ եկեղեցանուէր հայորդիներու նախաձախնդրութեան ու նուիրումին շնորհիւ եկեղեցին անշեղօրէն կ՚իրականացնէ իր առաքելութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց նաեւ ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Մայր Աթոռի գործունէութեան զանազան ոլորտներուն եւ ծրագրերուն։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ Տէրը օրհնէ ու զօրացնէ թեմակալ առաջնորդը, ՀՕՖ-ի անդամները, բարեկամներն ու բարերարները՝ բոլոր ազգօգուտ նախաձեռնութիւններուն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2025