ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան ընդունեց՝ Ֆրիտիոֆ Նանսենի եւ անոր յանձնախումբի Հայաստան այցելութեան 100-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական միջազգային գիտաժողովի մասնակիցները։ «100 տարի անց. Ֆրիտիոֆ Նանսենի ոտնահետքերով» միջազգային գիտաժողովի մասնակիցներուն Նորին Սրբազնութիւնը փոխանցեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ողջոյնները։ Հիւրերուն հետ էր Երեւանի համանուն թանգարանի տնօրէն Ժորա Յակոբեան։
Անդրադառնալով հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Նանսենի մարդասիրական առաքելութեան՝ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան ընդգծեց անոր անուրանալի աւանդը՝ հայ որբերու խնամքին տեսակէտէ։ Հետեւաբար, Նանսենի ոգին մեր ժամանակներու համար բարոյական ուղեցոյց մը կը համարուի, համամարդկային խղճի ձայն մը, նաեւ մարդասիրութեան ու արդարութեան խորհրդանշան՝ հաստատուն մնալու համար սիրոյ, կարեկցանքի եւ ճշմարտութեան ճանապարհին։