ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԸ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Ս. Ծնունդի առթիւ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կեդրոնական դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ովսաննա Գալէնտէրի եւ երգեհոնահարութեամբ Քրիստին Սալմասլըի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ նաեւ Ջրօրհնէք։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից «Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն։ Ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ գլխաւորուած Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։

Չորեքշաբթի, Յունուար 7, 2026