ՀՐԵՇՏԱԿԱՁԱՅՆ ԱՒԵՏԻՍ
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին աւանդական շուքով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Տարեմուտի տաղաւարը առիթ դարձաւ, որպէսզի աշխարհասփիւռ հայութիւնը համակուի հրեշտակաձայն աւետիսի առթած հոգեւոր ուրախութեամբ։ Ինչպէս բոլոր տաղաւարներուն, այս անգամ եւս համայն հայութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ, որ հոգեւոր միասնականութեան զգացումներու մէջ կը միաւորէ իր հօտը։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Հայրապետական Սուրբ Պատարագը խորախորհուրդ ու պատկառազդու մթնոլորտով այս տարեմուտին ալ մխիթարութեան գործօն դարձաւ հայ հաւատացեալներուն տեսակէտէ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Տաճարի զանգակներու զուարթ ղօղանջին ներքեւ, վեհարանէն ծանրաշուք, խաչվառազարդ թափօրով մը խորան առաջնորդուեցաւ՝ տաղաւարի Ս. Պատարագին առթիւ։ Վեհափառ Հայրապետին առընթերակայ էին Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան։ Մայր Տաճարի երգչախումբը սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց՝ խոր տպաւորութիւն գործելով բոլորին վրայ։ Հայ Եկեղեցւոյ շարականները անգամ մը եւս հնչեցին յաղթական՝ աւետելով Տիրոջ Ծնունդը։
Սուրբ Պատարագին յաջորդած Ջրօրհնէքի արարողութիւնն ալ խորհրդանշեց Տէր Յիսուսի Սուրբ Մկրտութիւնը։ Օրհնուած ջուրը բաժնուեցաւ հաւատացեալներուն։