Տ. ՄԻՔԱՅԷԼ ԱՐՔ. ԱՋԱՊԱՀԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՏՆԱՅԻՆ ԿԱԼԱՆՔ ՍԱՀՄԱՆՈՒԵՑԱՒ
Մինչ Աւստրիոյ մէջ նախատեսուած Եպիսկոպոսաց ժողովի թուականը կը մօտենայ, Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան դրսեւորումները կը շարունակեն միշտ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը։
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները երէկ արձակեցին վճիռ մը, որու հիման վրայ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի խափանման միջոցը փոխուեցաւ՝ բանտարկութեան փոխարէն տնային կալանքի։ Նորին Սրբազնութիւնը բանտարկութեան շրջանին ենթարկուած էր նաեւ վիրահատութեան մը։ Երէկ, Հայաստանի Վերաքննիչ դատարանը արձակեց համապատասխան վճիռը, որու հիման վրայ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան բանտէն դուրս գալով տնային կալանքի պիտի անցնի։ Հարկ է յիշեցնել, որ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանը Նորին Սրբազնութիւնը դատապարտած էր երկու տարուան ազատազրկման։
Շիրակի թեմի առաջնորդին դէմ քրէական հետապնդում յարուցուած էր՝ Հայաստանի իշխանութիւնը զաւթելու, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելու, ինքնիշխանութենէն հրաժարելու կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելու ուղղեալ հրապարակային կոչերու պատրուակով: Նորին Սրբազնութիւնը կալանաւորուած էր 20 յունիս 2025 թուականէն ի վեր: Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան չ՚ընդունիր իրեն դէմ առաջադրուած մեղադրանքը:
Պաշտպանական կողմը ներկայացուցած էր վերաքննիչ բողոք՝ պահանջելով ամբողջութեամբ բեկանել դատավճիռը եւ անմեղ հռչակել Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը: Բաց աստի, Նորին Սրբազնութիւնը Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեան դիմած էր՝ իր իրաւունքներու պաշտպանութեան համար:
Որքան որ ալ դատական իշխանութիւնները Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը անպարտ արձակած չըլլան՝ իր դէմ հասցէագրուած արհեստական մեղադրանքներէն՝ փխրուն առողջական վիճակի պայմաններուն ներքեւ անոր բանտի ճաղերէն դուրս գալը յամենայնդէպս դրական իրադարձութիւն մը կը համարուի, սակայն, տնային կալանքն ալ այս պայմաններուն ներքեւ անկարելի է արդարցած համարել հանրային կարծիքի խղճին մօտ:
Միւս կողմէ, Եպիսկոպոսաց ժողովի ընդառաջ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ թեմակալ առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը, ուր ի մասնաւորի շեշտեց հետեւեալը. «Անհրաժեշտութիւն է անվտանգ եւ ազատ միջավայրի մը մէջ Եպիսկոպոսական ժողովի կազմակերպումը»: