ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՎԱՆՔԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԷՔԻՒՄԵՆԻՔ ՀԱՄԵՐԳ ՄԸ

Հայ Երուսաղէմը վերջին օրերուն հիւրընկալեց կարեւոր մշակութային ձեռնարկ մը։ Այսպէս, Ս. Յակոբեանց հայոց վանքի «Մարտիկեան» թանգարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ համերգ մը, որ ձօնուած էր Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովի 1700-ամեակին։ Յոբելենական այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Թանթուր» էքիւմենիք կաճառի, Կաթոլիկ եկեղեցւոյ «Ֆոքոլարէ» շարժման եւ Էքիւմենիք յանձնաժողովի կողմէ։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը եւ Սուրբ Երկրի Պապական նուիրակութիւնը աջակցած էին նախագծին։ Համերգի բոլոր ներկաները վառ տպաւորութիւններ ունեցան եւ սա անոնց տեսակէտէ դրական մթնոլորտ մը ստեղծեց՝ մինչ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաները աննախընթացօրէն բարդ կացութիւն մը կը դիմագրաւեն։

Երեկոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Երուսաղէմի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր կեդրոններու ներկայացուցիչները։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2025