ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԱՅՐԸ ԵՒ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

«Մայրս եւ եղբայրներս ասոնք են՝ որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն». (ՂՈՒԿ. Ը 21)։

Տարակոյս չկայ, որ Յիսուս Իր ամբողջ կեանքին յարգեց եւ պատուեց Իր մայրը, նաեւ կարեւորութիւն տուաւ եւ հոգածութիւն ընծայեց իր հարազատներուն, նաեւ «բարեկամներ» կոչած Իր բոլոր մերձաւորներուն։ Եւ Աստուածամայրն ալ միշտ հետեւեցաւ իր Որդւոյն, երբեք չթողուց զԱյն՝ մինչեւ Խաչ Անոր մօտ եղաւ։ Արդարեւ, ամբողջ «ընտանիք» մը կը կազմեն Յիսուսի ծնողները, ընտանիքը, հետեւողները եւ բարեկամները։ Եւ անոնք հարազատներ են՝ որոնք իրարու կապող զօրաւոր զօդը սէ՛րն է։ Սէրը պէտք է արտայայտուի եւ գործադրուի ծնողներու եւ հարազատներու նկատմամբ՝ որով կարելի է հաստատ պահել «ընտանիք»ը։

Ահաւասիկ, Յիսուս իր խօսքով կը պատուիրէ պահել ընտանեկան միութիւնը։ Ուստի, Յիսուս սէրը կ՚ընէ «նոր պատուիրան» մը՝ սիրելով իրենները մինչեւ վերջ, Ան կը յայտնէ սէրը Հօր, զոր կ՚ընդունի։ Սիրելով զիրար՝ աշակերտները կը հետեւին Յիսուսի սիրոյն եւ զայն կ՚ընդունին նաեւ իրենց մէջ։ Նո՛յնն է պարագան որդիներու եւ ծնողներու համար։ Ասոր համար Յիսուս կ՚ըսէ. «Ինչպէս Հայրը սիրեց զԻս, այնպէս ալ Ես սիրեցի ձեզ։ Մնացէ՛ք Իմ սիրոյս մէջ». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 9)։ Եւ դեռ. «Ահաւասիկ Իմ պատուիրանս, սիրեցէ՛ք զիրար ինչպէս Ես սիրեցի ձեզ». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 12)։

Ան ցոյց կու տայ, թէ միութեան սկզբնական եւ անհրաժեշտ տարրը սէ՛րն է։ Ուստի, ընտանիքէն մինչեւ ամենալայն ընկերութեան մէջ պէտք չէ՛ պակսի սէրը։ Սիրով պէտք է շաղախուի ամէն միութիւն։

Արդարեւ, Յիսուս չեկաւ միայն մարդկութիւնը փրկելու համար, այլ Ան եկաւ նաեւ մարդը մօտեցնելու Աստուծոյ, Աստուծոյ հետ մօտիկ եւ մտերիմ յարաբերութիւն մշակել տալու համար։ Մտերմութիւն մը՝ հօր եւ զաւակի մօտեցումով եւ ո՛չ թէ՝ Տէր-ծառայի։

Ուստի «մայր» եւ «եղբայրներ» անոնք են՝ որոնք Հօր Աստուծոյ կամքը կը կատարեն, անոնք՝ որոնք հարազատ որդիի մը մտերմութիւնը եւ մօտեցումը ունին Աստուծոյ հանդէպ։ Այս իմաստով, չի՛ բաւեր խօսքը լսել, այլ նաեւ՝ պէտք է գործադրել այն, ի՛նչ որ լսուած է։ Լսել եւ գործադրել մարդուն թերութիւններուն եւ տկարութիւններուն պատճառով թէեւ յաճախ դժուար է, բայց երբեք անկարելի չէ՛։ Արգելքները պարտել՝ յաջողութեան, նպատակի հասնելու համար անհրաժեշտ է, ի հեճուկս արգելքներու, դժուարութիւններու՝ պէտք է լսել խօսքը եւ սակայն, գործադրել նաեւ զայն։ Մարդոց գործերը կը մօտեցնեն մարդիկ եւ կը հեռացնեն նաեւ մարդիկ, այս ալ կը նշանակէ՝ որ մարդկային յարաբերութիւններ կը ձեւաւորուին մարդոց գործերով եւ այս պատճառով ալ գործեր «տիպար»ներ են՝ որոնք կ՚ուղղեն եւ ընթացքը կ՚որոշեն մարդկային կեանքին։

Յիսուսի շուրջ բազմութիւններ հաւաքուած էին. բայց այդ բազմութեան մէջ քանի՞ հոգի անկեղծ եւ մտերիմ էր։ Դատաստանի օրը երբ ներկայանան բազմութիւններ՝ որոնք իրենք զիրենք «արդար» պիտի նկատեն, Յիսուս պիտի ճանչնա՞յ արդեօք զանոնք։ Փրկութիւնը կ՚ենթադրէ հաւատքին դրսեւորումը։ Մարդ եթէ կեղծաւոր է կամ պարտազանց՝ հաւատքը որեւէ արժէք չի ներկայացներ։

Աստուծոյ հանդէպ անկեղծութիւնը եւ մտերմութիւնը կը սկսի ընտանիքէն՝ ծնողներէն, որդիներէն, եղբայրներէն, զարմիկներէն եւ կը շարունակէ ընկերութեան մէջ՝ ամբողջ մարդկութեան իրարու հանդէպ անկեղծ եւ մտերիմ սիրով։ Ընտանիքի մէջ իւրաքանչիւրը անկեղծ սիրով պէտք է լեցուած ըլլայ՝ Աստուծոյ շնորհներուն եւ արդարութեան արժանանալու համար։

Քրիստոնէութիւնը «հարազատ» նկատած է մարդը՝ Աստուծոյ նկատմամբ, այն պայմանով, որ անկեղծ սիրով եւ հնազանդութեան ոգիով հպատակի Աստուծոյ եւ արժանի ըլլայ Անոր սիրոյն։ Սիրոյ միութեան մէջ պահպանուելու համար աղօթենք Աստուծոյ՝ որ իմաստութիւն տայ մեզի, քանի որ սէրը երբ գիտակցութեամբ է զօրացած՝ ա՛յն ատեն ճշմարիտ սէր կ՚ըլլայ։

Ուստի, լսենք խօսքը, իմաստութեամբ ընդունինք զայն եւ գործադրենք, կատարենք ըսուածը, կատարենք Անոր կամքը, որպէսզի «մայր» եւ եղբայրներ նկատուինք…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 7, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 8, 2025