ԻՆՔԶԻՆՔ ՔՆՆԵԼ
«Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքի մէ՞ջն էք, քննեցէք ձեր անձերը. չէ՞ք գիտեր թէ Յիսուս Քրիստոս մեր մէջն է, միայն եթէ անպիտան չըլլաք». (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 5)։
Նոր տարի մը եկաւ, եւ ըստ սովորութեան այս առթիւ շնորհաւորութիւններ փոխանակուեցան եւ բարեմաղթանքներ կատարուեցան, քանի որ ամէն «նոր» անորոշութիւն, բայց նաեւ նոր յոյս կը բերէ իրեն հետ։ Բնական երեւոյթ մըն է ասիկա…
Բայց կեանքը նոյն կեանքն է. ան կը մնայ միշտ իր առօրեային մէջ իր հոգերով, մտահոգութիւններով, նեղութիւններով, հարցերով, խնդիրներով եւ նոյն մարտահրաւէրներով…
Ըսէ՛ք սիրելինե՜ր. ի՞նչ փոխուեցաւ մեր կեանքերուն մէջ։
Ո՛չինչ։ Քանի որ փոխուեցան միայն օրացոյցներ, եւ օրացոյցներու միայն էջեր, եւ միայն ամիսներու անուններ։ Եւ ուրեմն, բնական է, որ բարեմաղթանքներ կատարուին այս առթիւ։ Բարեմաղթանքը պահանջք մըն է այս պարագային՝ օգտակար սովորութիւն մը, քանի որ իրերօգնութեան մէկ արտայայտութիւնն է. կերպով մը սիրոյ փոխանակութիւն։
Ուստի տարին կը սկսի Յունուար 1-ին, բայց քրիստոնեային տարին կը սկսի Յիսուս Քրիստոսի ծնունդով։ Քանի որ իրական փոփոխութիւնը կը սկսի ներքին փոփոխութեամբ եւ այդ «ներքին փոփոխութիւն»ը Քրիստոսով կ՚իրականանայ։
Պօղոս առաքեալ կը պատուիրէ ինքզինք փորձել եւ քննել, որպէսզի այդ սկիզբը նպաստէ մեր կեանքին։
Ուրեմն, Սուրբ Ծնունդը ինքզինք փորձելու եւ վերաքննելու առիթ մըն է. ինքզինք փորձել եւ վերաքննել, թէ ունի՞նք հաւատքը եւ վստահութիւնը՝ մեր հոգեւոր պահանջները գոհացնելու, երկնային բարիքներ, շնորհքներ եւ պարգեւներ ընդունելու եւ վայերելու համար… Ինքզինք փորձել եւ վերաքննել հասկնալու համար, թէ կը զգանք Յիսուսի կենդանի ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ. հասկնալու համար, թէ օտա՞ր ենք Յիսուսի, թէ հեռու եւ անծանօթ Անոր, այլ Ան մեր սիրտերու մէ՞ջ է Իր միշտ վստահութիւն ներշնչող ներկայութեամբ։
Հոգի է Աստուած եւ ուրեմն պէտք է հոգիով ներկայանալ եւ դիմել Անոր։ Հոգիով պէտք է զգալ զԱստուած։ Ասոր համար պէտք է լաւ խնամել «ներքին»ը։
Արդարեւ, երբ հարցը փորձել եւ քննել է, ուրիշը փորձել եւ քննադատել շատ դիւրին է, բայց ինքզինք փորձել եւ քննել-քննադատել նոյնքան եւ աւելի դժուա՛ր է։ Բնական վիճակ մըն է այս, քանի որ մարդ ընդհանրապէս ուրիշին սխալները կը տեսնէ եւ տեսնել չ՚ուզեր իր պակասը, իր սխալները եւ կը խորշի քննադատութիւններէ. «Կատարեալ ըլլալու աշխատեցէ՛ք, քաջալերուեցէ՛ք։ Համերաշխ եւ խաղաղութեամբ ապրեցէք իրարու հետ, եւ այն ատեն խաղաղութեան եւ սիրոյ Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ», կը գրէ Պօղոս առաքեալ. (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 11)։
Գործի վերածենք Պօղոս առաքեալի խօսքերը՝ անոր պատուէրները ինքզինք փորձելու եւ վերաքննելու մասին եւ կատարեալ ըլլալու համար. ասոր համար մոռնանք հինը՝ հին կեանքը՝ մտածելակերպը փոխելով աղօթենք այս մասին։ Զանազանենք «հին»ը եւ «հինցած»ը, բայց միշտ դասեր քաղենք հինէն եւ հինցածէն, քանի որ առանց «հին»ին նոր եւ առանց «հինցած»ին նորոգուած չ՚ըլլար։
Յիսուս Լո՛յս է եւ կը լուսաւորէ հոգիները…
Աղօթելու ենք յարատեւ, որ այդ Լոյսը երբեք չպակսի մեր հոգիներուն։ Փոխանակ ուրիշները՝ մեր շուրջինները քննադատելու, փորձելու՝ փորձենք եւ քննենք մեք զմեզ, ձգտինք կատարելութեան, որպէսզի հասնինք կատարելութեան։ Այսպէս թո՛ղ նորոգէ եւ լուսաւորէ Յիսուս մեզ բոլորս եւ Իր խաղաղութիւնը թող տայ մեզի միշտ յաւիտեան, քանի որ այնքա՜ն պէտք ունինք Անոր լուսաւորութեան եւ խաղաղութեան։
Յիսուս՝ նոր Ադամը, Իր կուսական յղացումով կը սկզբնաւորէ որդեգրութեան զաւակներուն «նոր ծնունդ»ը, հաւատքով Սուրբ Հոգիին մէջ։ Աստուածային կենքին մասնակցութիւնը կը ծնի «ո՛չ թէ արիւնէն, ո՛չ մարմնի կամքէն, ո՛չ ալ մարդու կամքէն, այլ Աստուծմէ». (ՅՈՎՀ. Ա 13)։ Այս կեանքը ընդունիլը կուսական է, որովհետեւ այս կեանքը ամբողջովին մարդուն տրուած է Հոգիէն։ Աստուծոյ հանդէպ մարդկային կոչումին հարսանեկան նշանակութիւնը (Բ ԿՈՐՆԹ. ԺԱ 2) կատարեալ կերպով կ՚իրագործուի Մարիամի՝ Ս. Աստուածածնի կուսական մայրութեան մէջ։
Քրիստոսի Ծնունդը նոր կեանքի սկի՛զբն է՝ նոր ծնունդ, նոր մտածելակերպ, նոր հաւատք, նոր յոյս…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 8, 2026, Իսթանպուլ