ՄԱՐԴՈՒ ՀՈԳԻՆ ԱՆՄԱՀ Է

Մարդ արարածը յաճախ կը մտածէ, թէ ինք ո՛չ մէկուն հաշուետու է, ինքն իր տէրն է, իր որոշումներուն եւ արարքներուն պատասխանատուն: Նման մտածում մը, բնականաբար, աշխարհիկ է եւ այն մարդիկ այսպէս կը մտածեն, որ հոգիներու անմահութեան եւ հանդերձեալ կեանքին չեն հաւատար:

Հոգեւոր պահ մը մէկ կողմ դնենք եւ հարցնենք. արդեօք այդպէ՞ս է, այսինքն, մարդ ո՛չ մէկուն հաշուետու է եւ իր ուզածը կրնայ ընել: Բնականաբար, ո՛չ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ապրած երկրին, իր բնակած քաղաքին ու թաղին պատասախանտուներուն դիմաց հաշուետու է: Աւելին, պաշտօնեան՝ իր գործատիրոջ, բանուորը՝ զինք աշխատցնողին, ուսանողը՝ իր դասախօսին, բժիշկը՝ իր հիւանդին եւ փոխադարձաբար, խմբագիրն ու գրողը՝ իր ընթերցողներուն, եւ այսպէս կարելի է շարքը երկարել:

Նոյնը կը վերաբերի նաեւ մեր հոգեւոր կեանքին: Այլ խօսքով, եթէ աշխարհիկ մեր կեանքին մէջ մեկնելով մեր ունեցած դիրքէն ու պաշտօնէն ասոր կամ անոր, քաղաքային իշխանութիւններուն, համայնքային կառավարիչներուն, գործատէրերուն եւ այլնին հաշուետու ենք, ապա հոգեւոր կեանքի մէջ մեզմէ իւրաքանչիւրս հաշուետու է մեզ ստեղծող Արարիչին, Աստուծոյ: 

Պատճառաբանութիւնները, անհիմն պնդումներն ու փաստարկները, թէ Աստուած գոյութիւն չունի, հանդերձեալ կեանք չկայ, հոգին անմահ չէ եւ կեանքը կ՚աւարտի երբ մարդ այստեղ մահանայ, ատոնք մարդկային տկարութեան ամենէն վառ ապացոյցներն են, որովհետեւ մարդ երբ չի՛ կրնար ոլորտի մը տիրապետել, ճշմարտութեան մը հասնիլ, ապա կ՚ընտէ ամենէն դիւրին ճամբան՝ հերքելը, մերժելն ու ուրանալը: 

Երեմիայի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Խորհուրդներով մեծ եւ գործերով զօրաւոր ես: Ո՛վ Դուն Ամենակալ մեծանուն Տէր, Քու աչքերդ բաց են մարդոց որդիներուն բոլոր ճանապարհներուն վրայ՝ իւրաքանչիւրին հատուցելու համար ըստ իր ճանապարհին եւ ըստ իր գործերու արդիւնքին» (Եր 32.19): Մարգարէին բառերը եւ պարզած ճշմարտութիւնը շա՜տ յստակ է. չկա՛յ ոչինչ, որ Աստուծոյ աչքերէն զերծ մնայ եւ Ամենաբարին, որ խորհուրդներով մեծ ու գործերով զօրաւոր է, կը հսկէ մեր ճամբաները եւ հանդերձեալին նախ հաշիւ պիտի պահանջէ մեզմէ եւ ապա պիտի հատուցէ մեզ՝ մեր գործերուն եւ տուած արդիւնքին համաձայն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

7 մարտ 2026, Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2026