ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՇԽԱՐՀԻ 9-ՐԴ ԱԽՈՅԵԱՆ՝ ՏԻԳՐԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

1963 թուականի գարնան, Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, ըստ որուն մարտ-ապրիլ ամիսներուն, ամբողջ Հանրապետութեան տարածքին զգալիօրէն պակսած էր յանցագործութիւններու եւ անկարգութիւններու քանակը:

Պատճառը՞…

Պատճառը՝ Տիգրան Պետրոսեանն էր:

1963-ին Մոսկուայի էսդրատային թատրոնին մէջ, ճատրակի աշխարհի ախոյեան՝ 52-ամեայ Միխայիլ Պոթվիննիքը, 34-ամեայ Պետրոսեանին դիմաց պայքարելով, կը փորձէր իր ախոյեանի տիտղոսը պաշտպանել:

Անկասկած որ շատեր կը հաւատային Պոթվիննիքի յաջողութեան, բայց ո՛չ ոք գիտեր, թէ իրականութեան մէջ Պոթվիննիքը ոչ թէ հայու մը դիմաց կը խաղար, այլ՝ բոլոր հայութեան։

Այո՛, համայն հայութիւնը կը հետեւէր Պետրոսեանին՝ մեծ, փոքր, կին, տղամարդ, նոյնիսկ անոնք, որոնք ոչինչ կը հասկնային ճատրակէն…

Սակայն ինչ խօսք, համահայկական այս մե՜ծ խանդավառութիւնը մարեցաւ, երբ Տիգրան Պետրոսեան պարտուեցաւ խաղի առաջին բաժնին։

«Իմ առջեւս խնդիր դրած էի՝ ամէն գնով առաջին օրը չպարտուիլ, բայց յստակ էր, որ ես դեռ չէի հասկցած, թէ ինչ կը նշանակէ պայքարիլ «Աշխարհի ախոյեան» կոչումին համար: Անսովոր մթնոլորտն ու յուզմունքս անհետեւանք չմնացին. ես մթագնած գլխով կը խաղայի», աւելի ուշ խոստովանած է Պետրոսեան:

Առաջին յաղթանակէն վերջ, Պոթվիննիք շատ ոգեւորուած էր, սակայն Պետրոսեան աստիճանաբար յարմարած էր խաղի լարուած մթնոլորտին ու արդէն պատրաստ…

Խաղի 2-էն 4-րդ բաժիններուն ոչ ոք յաղթեց. վճռական բաժինը 5-րդը եղաւ, երբ Պետրոսեան խաղին նախաձեռնութիւնը ամբողջովին ձեռք ձգելով, ոչ մէկ հնարաւորութիւն տուաւ իր մրցակիցին եւ հասաւ փայլո՜ւն յաղթանակին։

Հոն էր հայ ժողովուրդը…

Շատեր արձակուրդ առնելով, մեկնած էին Մոսկուա, որպէսզի մօտիկէն հետեւին Պետրոսեանի ելոյթին. աւելի՛ն, Երեւանէն Մոսկուա թռչող օդանաւները, հայկական կերակուրներ ու պտուղներ կը հասցնէին Պետրոսեանին…

Զարմանալի է՞…

Պետրոսեան արդէն քաջ կը գիտակցէր, որ այդ խաղաքարերը, համեստ զինուորները, ձիերը՝ նենգ, հեռահար փիղերն ու ամենազօր թագուհիները միայն իրը չեն, այլ՝ ամբողջ հայ ժողովուրդինը:

«Ես միշտ ալ կը զգամ, որ ամբողջ Հայաստանը, իւրաքանչիւր խաղ հետս կը խաղայ: Իմ յաղթանակներուս սպասողներ շատ կան եւ այս իրականութիւնը զիս կը պարտաւորեցնէ», ըսած է Պետրոսեան:

Ասկէ գեղեցիկ պարտաւորուածութի՞ւն…

Այսպէս, 1963 թուականի մայիս 20-ին, «անպարտելի» Պոթվիննիք յանձնուեցաւ եւ խաղը 12.5։9.5 հաշիւով յաղթած Տիգրան Պետրոսեան, ճատրակի աշխարհի 9-րդ ախոյեան հռչակուեցաւ։

Դառն մանկութիւն մը ունեցած է 1929-ի յունիս 17-ին, Թիֆլիզ ծնած Պետրոսեան եւ դժուա՜ր պայմաններու մէջ ապրած…

Ան մանկութենէն սիրած է ճատրակ խաղալ: 16 տարեկանին, Տիգրան արդէն Վրաստանի մեծահասակներու ախոյեան եղած է, սակայն անոր ծնողները դժգոհած են. «Դասերդ սորվէ, ճատրակը քեզի հաց չի տար», ըսած է հայրը…

Իր ունակութիւնները զարգացնելու համար, Պետրոսեան տեղափոխուած է Երեւան, ուր ընդունուած է մեծ ցնծութեամբ եւ շուտով, հոն ալ դարձած է ախոյեան։

Հմտանալու, իր խաղաոճը բարելաւելու, աւելի բարձրակարգ մրցակիցներ ունենալու, համաշխարհային աստղերու հետ պայքարելու եւ աւելի մեծ բարձունքներ նուաճելու նպատակով մեկնած է Մոսկուա եւ այդպէս սկսած է Տիգրան Պետրոսեանին փայլո՜ւն յաղթարշաւը:

1966 թուականին, որպէս աշխարհի ախոյեան, Տիգրան Պետրոսեան պէտք է խաղար Պորիս Սփասքիին դէմ:

Ըստ ճատրակի յայտնի մասնագէտներու կանխատեսութիւններուն, յաղթանակը Սփաս-քիինն էր։

Հետզհետէ բարձրացող հոգեբանական ճնշումը իր բարձրակէտին հասած էր խաղէն առաջ լոյս տեսած, Սփասքիի մարզիչ՝ Իկոր Պոնտարեւսքիի «Պորիս Սփասքին կը գրոհէ Օլիմփոսը» գրքոյկով…

Բայց չգրոհեց Օլիմբոսը՝ Սփասքին եւ Պետրոսեան յաղթեց 12.5։11.5 հաշիւով…

Յիշարժան է, որ այս մենամարտի ընթացքին, ախոյեանը իր կշիռքէն աւելի քան 6 քիլօկրամ կորսնցուց, սակայն յաջողեցաւ ապացուցել, թէ դեռ ի՛նքն է միակը, որ «Ճատրակի աշխարհի ախոյեան» կրնայ կոչուիլ…

«Կը կարծեմ, որ Սփասքիին անյաջողութեան պատճառներէն մէկն ալ, իր յաղթանակի մասին համընդհանուր կարծիքն էր եւ անոր մարզիչին գրած գրքոյկը. ողջունելի է այդպիսի բան գրել, բայց աւելի լաւ կ՚ըլլար, եթէ խաղէն յետոյ գրուէր», ըսած է Պետրոսեան։

1966-ի յաղթանակէն ետք, ախոյեանը յայտնած է, որ ան երբեք չի զարմանար, եթէ երեք տարի վերջ, իր մրցակիցը կրկի՛ն Սփասքին ըլլայ…

Հաճոյախօսութիւն չէր ասիկա. Պետրոսեան պարզապէս կանխատեսած էր, որ գալիք տարիներուն, ո՛չ մէկ ճատրակ խաղացող կրնայ գերազանցել Սպասքիին:

Տեղին է նշել, որ Սփասքին ալ միշտ լաւ արտայայտուած է հայ ախոյեանին մասին. «Պետրոսեանը նման է ոզնիի. երբ կը թուի, թէ ան արդէն ձեռքիս մէջ է, ան յանկարծ իր փուշերը ափիս մէջ կը խրէ…»:

Եւ ահա 1969-ին, Պետրոսեանի կանխագուշակումը իրականացաւ եւ անոր դիմաց կրկի՛ն Սփասքին կար:

Մրցախաղի շեմին, ճատրակի աշխարհի նախկին ախոյեան՝ Դաւիթ Պրոնշթէյն, այսպէս արտայայտուած էր. «Տպաւորուած եմ այնպէս, թէ Պետրոսեան կ՚ուզէ ազատիլ «Աշխարհի ախոյեան» կոչումին բեռէն»:

«Ճատրակի բո՛ւն պայքարն է, որ զիս կը ոգեւորէ. երբ նուաճուած է ցանկալին, մարդու եռանդը անխուսափելիօրէն կը մարի», պատասխանած է ախոյեանը։

Պետրոսեան արդէն նուաճած էր այն, որուն ձգտած էր մի՛շտ…

Ան ո՛չ միայն աշխարհի ախոյեան էր, այլեւ՝ միջազգային Grandmaster. բարձրագոյն տիտղոսը, որ կրնայ շնորհուիլ ճատրակ խաղացողի մը։

Անխուսափելին պատահեցաւ եւ այս անգամ աշխարհի 9-րդ ախոյեանը պարտուեցաւ 10.5:12.5 հաշիւով:

«Շատերու կարծիքով, «Ախոյեան» կոչումին կորուստը բաւական ծանր հարուած է: Տարօրինակ է, բայց ես շա՜տ դիւրութեամբ ընդունեցի զայն. ի՞նչ կայ որ… Երկա՜ր տարիներ ախոյեան եղայ, հիմա ալ նախկին ախոյեան կ՚ըլլամ», խոստովանած է Պետրոսեան:

Բայց ո՞վ ըսաւ, որ այդքա՜ն հեշտ են, հոգեւոր այս պարզութիւնն ու մտաւոր հաւասարակշռուածութիւնը, լայն տեսադաշտը եւ հայեացքը՝ խորաթափանց…

«Grandmaster»ին պէս չեն շնորհուիր ասոնք, այլ կը նուաճուին սիրով, տենչով, լացով, ժպիտով, լիարժէք ապրելով եւ ոչ՝ պարզապէս գոյութիւն ունենալով… Այդպէս է որ տարօրինակ չի համարուիր «նախկին ախոյեան» ըլլալը…

Ըստ ճատրակի վերլուծաբաններուն, երբ Պետրոսեանին դիրքը լաւ ըլլար, անոր աչքերը կ՚աշխուժանային, ձեռքերը կը խաչէր ու պարբերաբար կը նայէր խաղատախտակին, իր մրցակիցին եւ իրենց հետեւողներուն, իսկ երբ կասկածելի դիրքի վրայ ըլլար ու ինքզինք անապահով զգար, գլուխը ձեռքերուն մէջ առնելով, աւելի ու աւելի կը մօտենար խաղատախտակին…

Տիգրան Պետրոսեան պահպանողական, զգոյշ եւ բարձր աստիճանի պաշտպանողական խաղաոճ ունեցող վարպետ մըն էր։ Ան աւելի մեծ ջանք կը թափէր հակառակորդին յարձակումները կանխելու, քան իր յարձակումները կազմակերպելու համար… Հազուադէպ կը յարձակէր. միայն այն ատեն, երբ զգար՝ որ լիովին անվտանգ դիրքի վրայ է։

Սովորաբար ան հաստատուն ու հետեւողականօրէն կը խաղար, մինչե՜ւ որ մրցակիցը սխալի…

Իր ծո՜վ համբերութեամբ ու պաշտպանուելու մեծ վարպետութեամբ, Տիգրան Պետրոսեան դժուա՛ր պարտուող ճատրակի վարպետ մըն էր։

Անգնահատելի է Պետրոսեանին ներդրումը, Հայաստանի մէջ որպէս մարզաձեւ՝ ճատրակի զարգացման գործին մէջ։

13 օգոստոս 1984-ին, Տիգրան Պետրոսեանի մահէն վերջ, իր անունով կոչուեցաւ 1970-ին, Երեւանի մէջ բացուած Ճատրակի տունը, որուն հիմնաքարը, ինքը՝ Պետրոսեան տեղադրած էր եւ որուն մօտիկ կանգնած է ախոյեանին արձանը։

«Անկասկած որ ո՛չ բոլորդ ճատրակի վարպետներ կը դառնաք, բայց ձեզմէ ոչ ոք պիտի ափսոսայ այն ժամանակին համար, որ տուաւ ճատրակին, քանի որ անիկա ձեզի կ՚օգնէ որեւէ մասնագիտութեան մէջ». փորձառու վարպետին նշանաւոր խորհուրդն էր, իր աշակերտներուն։

Վերջապէս…

Ճատրակի աշխարհի ախոյեան, միջազգային Grandmaster, «Երկաթէ Տիգրան», «Վագր», ԽՍՀՄ-ի Մարզանքի վաստակաւոր վարպետ, ճատրակի տեսաբան եւ վերլուծաբան, «Ճատրակային Մոսկուա» ամսագրի խմբագիր, «64» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր եւ փիլիսոփայական գիտութիւններու թեկնածու՝ Տիգրան Պետրոսեան, հայկական մարզանքի ամենավառ եւ ամենափայլուն անուններէն մէկը, որով Հայաստանը աւելի ճանաչելի դարձաւ ո՛չ միայն ճատրակի, այլ՝ ամբողջ աշխարհին…

Ախոյեանները կը փոխուին, նորերը կու գան, բայց չեն երթար «հիները»… Չեն երթար անոնք, քանի որ այսօր, վաղը, որեւէ ատեն, ուր որ ըլլայ, Տիգրան Պետրոսեանին հնչող անունը պիտի յիշեցնէ Հայաստանը…

«Արեւ», Գահիրէ

Ուրբաթ, Յուլիս 5, 2019