ԵՂԻԱ ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ (1851- 1908)
Կը շարունակենք ներկայացնել Եղիա Տէմիրճիպաշեանի գրական վաստակէն հատուածներ:
Պոլսոյ «Հայրենիք»ի 12 յունուար 1892-ի թիւին մէջ «Եկեղեցին ամենուսն է» խորագրով գրութիւն մը ունի, որ այնքան այժմէական է, երբ ներկայ ժամանակներուն յաճախակի կերպով ականատես կը դառնանք, թէ ինչպէս հարուստներ, այլ խօսքով լաւ կամ շա՜տ դրամ ունեցողներ, կը յաւակնին կարծել, թէ եկեղեցին իրենց սեփականութիւնն է, կամ եկեղեցւոյ տէրը իրենք են: Տէմիրճիպաշեանի սա տողերը այնքա՜ն հարազատ եւ պարզ կերպով կը նկարագրեն, թէ իրականութեան մէջ եկեղեցին ամենուսն է, եւ ո՛չ թէ ժողովուրդի այս կամ այն հատուածին, կամ այս կամ այն եկեղեցականին: Անդին, Տէմիրճիպաշեան իր այս գրութեան մէջ կը խօսի նաեւ վարժարաններու մասին, ինչպէս նաեւ վարդապետներու եւ վարժապետներու ունեցած մեծ դերակատարութեան մասին: Կարդանք.
Ա.
Դպրատունը մերինն է, մերի՛ն շինածն է քարով ու գիրով կամ թէ փատով ու շունչով. ատ իրաւ է։ Բայց ո՞վ ըսաւ, որ Եկեղեցին անոնցն է. ո՞վ ըսաւ, որ անոնք շինեցին ու պայծառացուցին, կանգուն ու կեանքո՜ւն անոնք կը պահեն մեր եկեղեցին։ Ասիկայ խնդիր մըն է. հարցունելու իմանալու է ստուգութիւնը։ Մէկիկ-մէկիկ ամէն ուր կայ Հայու աղօթավայր, հաւատացեալ հոգիներու կազդուրման եւ սփոփման վայր, ամէն գաւառ ու ամէն թաղ հարցունելու իմանալու է, որ ո՞վ իրօք կանգնեց այդ սրբավայր։
Ես ի՛մ թաղիս համար խօսիմ, թո՛ղ ամէն թաղեցի ու ամէն գաւառացի ալ իր թաղին ու իր գաւառին համար շիտա՛կը խօսի։ Իմ ասկէ առաջ բնակած թաղս. է՜հ, ատ թաղին անչա՜փ գեղեցիկ եկեղեցին աղքատները շինած են, աղքատները՝ գրողներուն ու սորվցունողներուն ան ճշմարի՛տ եղբայրները։ Հարուստ մը, հոգի՛ն հանելով աղքատներուն, պանդուխտ աշխատաւորներուն, հարստութիւնն աւելցուց հին առասպելներուն մէջ խօսուած հարստութիւններու չափուն։ Պիտի զարմանա՞ք, երբոր ըսեմ, որ ա՛տ հարուստը պատճառ եղաւ մեր տաճարին շինութեան։
Այո՛, ատ հարուստն եղաւ եկեղեցիին շինութեան պատճառ։ Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս։ Հաւատքը շա՞տ մեծ ըլլալուն. ազգասիրական զգացումը շա՞տ զօրաւոր ըլլալուն։ Իր կրօնական հաւատքը ա՛նչափ էր, որ տաներէց քահանան սեղանին ծարը կը նստեցունէր. ո՛չ պատուոյ ծարը, հապա ա՛ն ծարը, ուր նստողին ամենէն ետքը կերակուր կը տանին, որ եթէ չի մնայ, ան կերակուրէն զուրկ կը մնայ ան ծարը նստողը, որ տանը տէրտէրն է կամ տանը վարժապետը։
Ազգասիրութիւնն աւելի սաստիկ էր ան մեծատունին։ Իր անդրանիկ արու զաւկին ա՛ն խօսքէն իր ազգասիրական զգացմանը չափը կը հասկցուէր. ա՛ն խօսքէն, զոր տղան հօ՛րը բերնէն հարկաւ լսելով սորված էր. ու թէ որ այնպէ՛ս ալ չէր, թէ որ հարը չէր, որ ան խօսքը տղուն սորվըցուցեր էր, գոնէ հարը քիթին տակէն (ուրկէ իյնողը հազար կտոր կ՚ըլլար), ան խորտակելի քիթին տակէն, որ խորտակուեցաւ ալ, կը խնդար անբարտաւան, անբարի անբարիշտ հարը, երբ որ տղան կ՚արտասանէր ան խօսքը. «Ես աս ազգին համար եղունգիս ծարը անգամ չեմ տար»։
Ահա ատ մարդն է, որուն տունը ա՛յնքան մենծ էր ու որուն հոգին այնքան փոքր ու նուաստ, ատ մարդն է ահա, որ պատճառ եղաւ մեր ժամուն շինութեանը։ Ես, որ մարդոց գործերն ի բարին մեկնելու միշտ տրամադիր եմ, շատ աշխատեցայ, որ իմ ներսիդիս հաւատք մը շինեմ. ա՛ն հաւատքը, թէ ատ մեծատունը մեր թաղին եկեղեցին շինելու պատճառ եղաւ աստուածպաշտութեամբը միայն։ Ատ հաւատքը հաստատուն կերպով չը կրցայ գոյացնել. Աստուծոյ վախը հարկաւ ունին բոլոր հարուստները (թէպէտ ասի բուն աստուածպաշտութիւն չէ). բայց այդ հարուստին, որ աղքատները չարչարելու մէջ բնազդական անաստուածական հաճոյք մը կը զգար, այդ հարուստին բուն շարժառիթը այդ եկեղեցիին շինուելուն պատճառ ըլլալու, կը կասկածիմ, որ… իր ատելութիւնն ըլլայ աղքատ դասուն դէմ։ Շատ առիթներով աշխատաւորաց օրականը կտրած իւրացուցած էր, զոր ապա Աստուած արդար անանկ տնօրինեց, որ բժշկի ու ճէրիմէի տայ. ու խորհեցաւ օր մըն ալ օրը տասը փարա առնել աղքատէն, Աստուծո՛յ անունով։ Այդ մեծատունն, որ աստուածպաշտութեամբն ալ մեծահամբաւ Ամիրայի մը ծառայութեանը մէջ շատ բան սորված էր, կը մոռնար սակայն, որ Աստուած համբերող է…։
Ու ան ուրիշ նպաստները, որ ըրաւ աղքատաց, կրօնական ու կրթական հաստատութեանց, կամ զորս մանաւանդ իրեն անունովը կ՚ընեն այսօր խաբէական կերպով, ատ նպաստներուն ստակն անո՛նց քսակէն քաղեց, որոնք տակաւին պահանջք ունին, որոնք ընտանեօք գիշերն անօթի կը պառկէին, երբոր ինք գիշերն երկու հարիւր ոսկի ծախքով պարահանդէս կու տար ի Բերա։ Հիմա իմացուեցաւ, որ հարուստներն երբեմն ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ եկեղեցի կը շինեն։
Բ.
Սակայն էն մեծ գործը տաճարին քարը փատը անոր ասոր ստակով կամ իր քսակէն տալը չէ՛։ Տաճարը կանգուն, ու, ինչպէս ըսինք, կեանքո՛ւն պահելն է բանը։ Չորս պատը բարձրացնելը պզտիկ գործ մըն է. չորս պատերուն մէջ զԱստուած բնակեցնելու, կրօնական կեանքը բերելու է. ա՛յդ է մեծագոյն գործը։ Արդ, այդ գործը ո՞վ կը կատարէ։ Հարո՞ւստը։
Հարո՜ւստը…։ Միայն Ռուսահայոց մէջ է, որ հարուստն ինքզինքը Աստուծոյ պաշտաման ու պաշտօնին կը նուիրէ։ Հոս հարուստը ոչ միայն եկեղեցական չըլլար, այլ եկեղեցականի կը նկրտի հրամայե՜լ. մեծատունն հոս իր տաներէցը պնակալէզին ու պատուելիին մէջտեղը կը նստեցնէ։ Կը զուարճանայ մեծատունը հոս տէրտէրին ու վարդապետին, ինչպէս որ վարժապետին հետ, հարկաւ քիչ մը կամ շատ մըն ալ վարդապետին ու վարժապետին յանցանքո՜վը։
Վարդապետն ու վարժապետն են, այո՛, որոնք կեանք կու տան Աստուծոյ տան, որոնք կեանքը կը պահպանեն յԱստուծոյ տան։ Ասիական ամենահին ժողովուրդ մը կրօնական ու բանաստեղծական հիանալի յիշատակարանի մը մէջ ա՛ն կարծիքը, ա՛ն հաւատքը կը յայտնէ, որ զԱստուածն ստեղծողը խօսքն է, լեզուն, բանն։ Աւետարանին համեմատ մենք ալ՝ քրիստոնեայքս, չունի՞նք այդ հաւատքն Աստուծոյ ու բանին նոյնութեան ու միութեան վրայ։ Յովհաննէս Աւետարանիչն է, որոյ Աւետարանը կը սկսի սա վեհիմաստ խօսքով. «Ի սկզբանէ էր բանն, եւ բանն էր առ Աստուած եւ Աստուած էր բանն»։
Արդ, բանը, բանին վարդապետութիւնն ո՞վ է, որ կ՚ուսուցանէ։ Վարդապետն ու վարժապետը, գրի մարդն ու խօսքի մարդն։ Անոնք են, որ իրօք կը շինեն եկեղեցին ալ, դպրատունն ալ։ Հոս ալ անոնք կը տիրապետեն հոն ալ։ Գաւազանը վարդապետինն է, բեմն վարժապետին. իսկ գրիչը, հրապարակը, հասարակութիւնը՝ գրագէտին ու խմբագրին։ Գրողը, քարոզողը, դասախօսողը պանիր հաց կ՚ուտեն շատ անգամ. սակայն իրենց աղքատիկ սեղանին վրայ կը սաւառնի՝ վեհափայլ խորհրդանշան իրենց պայծառ այն գիտակցութեա՛ն, թէ իրենք հարուստներէն աւելի կը ծառայեն, իրօք, ազգին ու մարդկութեան։
Գ.
Հիմա ուրեմն քննութիւն, որ կատարուէր ու հաստատուէր, թէ մեծատուններն իրենց քսակէն եւ իրենց հալալ վաստակէն շինած են բոլոր ժողովրդանոցներն ազգին, նորէն սա բանս անհերքելի պիտի մնար, թէ ժողովրդային դասուն վերաբերող մարդիկ, մէկ բառով՝ ժողովուրդն է, որ կը պահպանէ ժողովրդանոցները։
Դպրոցներուն գալով՝ ատի վէճ չի վերցներ. պզտիկները՝ այն մեծ գրագէտին բառով, որոյ յօդուածն առիթ տուաւ գրուածոյս, պզտիկներն են, երիտասարդութիւնն է, ժողովուրդն է, որուն կը պարտինք մեր կրթութեան այս վիճակը։ Ազգին բարձրագոյն կրթական հաստատութեան խնամակալութեան մէջ դեռ կը յամառին ու վարժապետը չեն մտցուներ, վարժապետին գրաւոր առաջարկութիւնները նկատողութեան չեն առներ. սակայն վարժապե՛տն է պատճառ, որ քաղաքական տնտեսութեան կարեւոր ուսումը մտաւ Կեդրոնական վարժարանին մէջ. եւ վարժապետն է, որ առանց խնամակալութեան գիտութեան գեղեցկագիտութեան ուսումն աւանդեց եւ այդ ուսման քննութիւնը (քննութիւն, որ ամենափայլուն եղաւ) կատարել տուաւ գրեթէ հակառակ կամաց խնամակալութեան. վարժապետն է, որ կարծեմ մի միայն վարժարանի տնօրէնին գիտութեամբ՝ Դաստիարակութեան նախնական սկզբունքներն աւանդեց Կեդրոնական վարժարանի բարձրագոյն կարգի ուսանողաց, պակասը մասամբ լեցունելու համար Մանկավարժութեան, որոյ դասը նշանակուած էր յայտագրին մէջ եւ որոյ մասնագէտ դասախօսը չը գտնուեցաւ բովանդակ Թուրքիոյ Հայոց մէջ, ուր միակ հարուստ մը չէ եղած, որ վարժապետ մը, մանկավարժ մը հասցնելու համար Եւրոպա տղայ մը ղրկէ։ Ես հարուստ ըլլայի, ի՛մ տղաս պիտի ղրկէի (եթէ զաւակ ունեցած ըլլայի)։ Ի՛մ տղաս պիտի ղրկէի, որ վարժապետ ըլլայ, ու գայ, ամսական առնելով, դաս տալ ազգային դպրատանց մէջ։ Ազգասիրութիւն, կրթասիրութիւն ես ասոր կ՚ըսեմ ահա։
Դ.
Աս բաները, քանի՜ ձեւով, գրած եմ ժամանակաւ, երբ ես ալ հրատարակութիւններ կ՚ընէի։ Խօսքս ազդեցութիւն չունեցաւ։ Դառնութիւնը՝ լեղին եկաւ սիրտս լեցուեցաւ։ Ու գրիչս մէկդի նետեցի ու լացի. լացի իգական այն հզօրագոյն լացը, զոր կու լայ մայր մը, որուն անդրանիկ զաւակը ծննդաբերութեան պահուն մեռաւ, ու որ ալ յոյս չունէր զաւակ ունենալու։
Բայց ահա… իմ յոյսս կը վերածնի։ Մեր գրականութիւնն այսքա՛ն եռանդով, այսքա՛ն փայլով ծաղկած ու զարգացած չէր։ Բարոյական այսքան մեծ զօրութիւն հրապարակի վրայ տակաւին ի յայտ եկած չէր։
Հարուստներուն բան մը կը մնայ ընել. խտիրը վերցունել հարուստի, աղքատի, ժողովուրդին զաւկներուն հետ միասին գործել մանաւանդ ա՛յն գործերուն մէջ, որոնց մէջ սոքա աւելի ձեռնհասութիւն ունին։
Մենք ոխակալութիւն չունինք բնաւ մեծատանց դէմ։ Մեր մէջէն, եթէ ծագումնիս փնտռուի, կայ որ ամիրայի մը թոռ կամ ազնուականի մը զաւակ է։ Մեծատանց մէջ կան անձինք ալ, զորս պինդ կը սիրեմ, անոնք, որոնք համակրութիւն ունին ժողովրդային դասին, այլ որոնք կը կրեն նախապաշարմանց բռնապետութիւնն եւ իրենց արհամարհոտ դասակցաց ճնշումը։
Հայրենիքի խմբագրապետն անցեալ օր սուրբ խօսք մը կը յիշէր՝ մեծատանց վրայ խօսելով։ Յօդուածս ես ալ կը կնքեմ Սողոմոնին մէկ խօսքով, որ նոյն դասուն ուղղեալ է. «Մի՛ ձգէք յանձինս զսատակումն գործովք ձեռաց ձերոց»։
Դարձեալ, Պոլսոյ «Հայրենիք»ի 8 մարտ 1892-ի թիւին մէջ, բարեպաշտութեան հասկացողութեան մասին խօսելով՝ հիներու եւ նորերու մօտ, կը գրէ.
* Մարդիկ՝ դպրոցէ ելած, ուսմունք առած մարդիկ, կրօնք ըսելով, այսօր ուրիշ բան կ՚իմանան։ Հացը հարստութիւնը կրօնքին եւ եկեղեցիին հետ բնաւ յարաբերութիւն չունի նոր մարդոց համար։ Աշխատիս նէ, մանաւանդ պարագաներն ալ օգնեն նէ, հաց ու հարստութիւն կ՚ունենաս։ Չէ նէ, չէ։ Ամա կ՚ուզես նէ Հիւանդանոցի Արհեստանոցին բոլոր մոմերն ու բիացային վրայ գտնուած բոլոր զէյթին եաղին տար եկեղեցիները պատկերներուն առջեւ վառէ։ Աստուած վրադ կը խնդայ։ Մենք ասանկ կը խորհինք այսօր։ Ծո՞ւռ կը խորհինք, շիտա՞կ կը խորհինք, չիյտեմ. բայց քիչ շատ ուսմունք առնող ու մտածող մարդը ասանկ կը խորհի։
Ժամ ընչո՞ւ էրթալու ենք։ Ժամ երթալու ենք, որ Ս. Գրոց ընթերցում, ժամերգութիւն ու քարոզ լսենք։ Եկեղեցի երթալու ենք, հաւատացելոց այն ժողովատեղին, որպէս զի ընկերական ու հոգեկան մեծ պէտք մը լեցունենք, համախմբութեան պէտքն, որոյ զրկումը վայրենի ու դժբախտ կը կացուցանէ մարդը։ Ժամ երթալու ենք, այր եւ կին հոն միասին միշտ կենալու ենք. որովհետեւ ժամուն մէջ ալ պարահանդէս մը կը կատարուի, հոգիներու պարահանդէսն, որ, աւելորդ է ըսել, այնքան շինիչ ու զօրացուցիչ է, որքան Բերայի պարահանդէսք ջլատիչ եւ ապականիչ են։ Մի՛ գայթակղիք պար բառը եկեղեցիին հետ կապելու. նախնեաց գրական կրօնական լեզուին մէջ պար բառն արդէն հրեշտակաց յատկացուած բառ մ՚էր։
Թէոդիկի հրատարակած «Ամէնուն տարեցոյցը», 1908, էջ 166-ին մէջ կը կարդանք Տէմիրճիպաշեանի «Յուսահատ մօր մը աղօթքը» սրտառուչ հետեւեալ գրութիւնը, որ գրած է 1892-ին:
* Եւ երբ, բութամատին ու ցուցամատին ցրտասարսուռ կցմամբ, մահուան աղջամուղջին ծոցը փակեց զոյգ մը վառ աչուկները, զորս ինք կեանքի լոյսին էր բացած, մայրը, խելայե՜ղ, ձեռքն երկնցուց առաջին առարկային՝ ջուրի շիշին, եւ բռնագոյն զօրութեամբ գետին զարկաւ զայն։ Եւ ջուրին կորստեան ու շիշին բիւրափշուր խորտակման վրայէն՝ վեր, երկի՜նք վերցուց թեւերն, որոնք կ՚ըսէին անբարբառ. «Նո՜ր է այս աղօթքն, Ամենակալին աթոռը դեռ ասոր պէս աղօթք չէ բարձրացած»։ Այս՝ առաջին տունն էր աղօթքին։
Եւ որդեկորոյս մօր բազկատարածութիւնը խոյացաւ Աստուածամօր պատկերին, զոր մանկան սնարին վերեւ կախած էր։ Պատառ-պատառ ըրաւ պատկերն, աղաղակելով աղեկէզ ձայնով մը. «Մա՜յր Որդւոյն Աստուծոյ, որու սիրտն անկարեկիր կը մնայ մանկան կաղկանձիւնին, մօրը պաղատանքին, իջի՛ր վաղաղրաւ որդեկիս դագաղին ոտքը»։ Աղօթքին երկրորդն տունն ա՛յս եղաւ։
Եւ ահա մանկան սնարին տակէն դուրս քաշեց երկրպագեալ խաչափայտը՝ գոչելով. «Մին միւսէն կարճ զոյգ փայտի կտո՛ր, որ տիեզերքն իր լրութեամբ ընդգրկող Խաչի վսեմագոյն ձեւն առած էիր, Փա՛յտ Կենաց, որ մանկան մը կեանքը չի փրկեցիր, ա՛ռ նորէն սկզբնական ձեւդ»։ Եւ առ վշտին՝ ամբարիշտը կոտորեց զայն եւ գետին ձգեց, եւ ձեռքերն երկինք վերցուցած, աչքերն ալ որդեկին անկենդան մարմնոյն յառած, արտասուալից, ձայնեց. «Ահաւասիկ ես խա՜չ կենդանի»։ Աղօթքին երրորդ տունն ալ ա՛յս եղաւ։
Դեռ կը վառի՞ս, կանթե՛ղ, երբ սիրական զաւկիս կենաց արեւը մարեցաւ. կանթե՛ղ, զոր պահ մ՚առաջ ոռոգեցի խարտեաշ իւղով, խարտիշագոյն, խանդավառ աղօթքիս հետ. որդեկիս կեանքին իւղն սպառեցաւ, ու դուն ի՜ւղ կը ծծես տակաւին»։ Եւ ոտիցը տակ փշրեց պատկերին առջեւ մշտավառ կանթեղը։ Եւ այս՝ յուսահատ մօր աղօթքին չորրորդ տունն եղաւ։
Եւ բովանդակ անձին բացատրութեամբ մը, որ ամէն երեւակայութենէ գերիվեր էակ մը կը կացուցանէր զայն, ձեռքերը երկի՜նք նետեց՝ արեգակը մարելու շարժուձեւով մը։ Կէս գիշեր էր։ «Ա՛լ չը պիտի ծագիս…»։
Աղօթքին… եւ մօր կեանքին վերջին տունն եղաւ տիեզերասաստ այդ հրամայականը։
Առաւօտուն նոյն դագաղին մէջ փակեցին մայրն ու որդեակը։
Պոլսոյ «Ծաղիկ» պարբերականի 3 յուլիս 1893-ին, «Մեր հայրերը եւ մենք» խորագիրը կրող գրութեան մէջ, կը խօսի անցեալ եւ ներկայի սերունդներու մասին: Կը կարդանք.
* Մեր հայրերն երկու գլխաւոր առաքինութիւն ունէին առ հասարակ, որոնք հիմա քիչերուն վրայ կը տեսնուին։ Մեր հայրերը տնտեսութիւն եւ ուղղութիւն ունէին։
Մեր հայրերը տնտեսութիւն գիտէին, քիչով շատանալ կրնային։ Է՛ն էական բաներուն համար փարա կու տային. ու ատ էական բաներն ալ ան ժամանակ անչափ աղէկ էին, որ տուած փարանին բնաւ պարապը չէր երթար. ինչպէս որ կ՚ըսուի, փարան փարայի կու տային մեր հայրերն։ Ուտելիքի մասին, կերածնին ու խմածնին անարատ էր. շուտով դիւրաւ կը մարսէին, ու չափով ալ ուտելով, որովհետեւ ագահութիւնը խոստովանանքի բեռ պիտի ըլլար. քիչ անգամ բժիշկ կը մտնէր ատենով մեր տունը։ Բժիշկ արդէն ո՞ւր պիտի գտնայիր. թաղի մը մէջ՝ հոս, մէկ բժիշկ մը մինակ կար, որ օհլամուրով մը ու սիւլիւկով մը ամէն հիւանդութիւն կը բժշկէր։ Հագնելիքի մասին, այր թէ կին, մէկ էնթարի շալվար քանի՜ տարի կը հագնէին. չուխան դեռ չի մաշած էր, երբ որ վրաներնուն հագուստնին կը ձգէին։ Չը գիտեմ աղէկ, թէ «ոսկեդար»ը մեր ետե՞ւ է, թէ մեր առջեւ. սակայն սա կրնամ ըսել, որ մեր նախահարց ապրած ժամանակն էր. ամէն բան երկաթի պէս տոկուն դիմացկուն է եղեր. երկու տէտէներս ալ, թէ որ լաւ կը յիշեմ, ակռաներնին ամբողջ մեռան. ակռաներն անգամ այն ժամանակ երկաթ էին կարծես. բայց, երկաթ կամ ոսկոր, իրա՛ւ էին մեր հայրերուն ակռաները, մինչդեռ ահա ես, առաջին ակռայիս տեղ որ ինկաւ, կեղծ ակռայ մը պիտի դնեմ. իմ տարիքիս մէջ մարդիկ կան, որոնց ակռաները բոլորն ալ կեղծ են։ Բնակարանի մասին. քէրէստէն ան ժամանակ անչափ խաւի էր, ճարտարապետ ու տիւրկէր ալ անչա՛փ շիտակ պարկեշտ մարդիկ էին, որ տուն մը յիսուն հարսնիք կը տեսնար ու նորէն ը՜հ չէր ըներ։ Հասգիւղ մեր տանը սանդուխներն իննսուն տարի գործածութենէ ետքը նորոգել հարկ եղաւ. քէրէստէն ճէվիզ չելլա՞յ մի։ Հիմա իմ գրքատուններս անգամ ճէվիզ չեն, ո՜ւր մնաց տունիս սանդուխներն, որոնք թէպէտ ինէ պակաս տարուօք, բայց անոնց վրայ վախնալով կը կոխեմ։
Այսպէս, անարատ, դիմացկուն ու հաստատուն էին ժամանակաւ մեր կերածն ու խմածը, մեր հագուստն ու կապուստը, մեր տունն ու տեղը։ Փարան փարայի կու տային մեր նախնիք, ու ա՜լ ուրիշ բանի փարա չէին տար։ Քահանան իրենց ժուժկալութիւն ու տնտեսութիւն կը պատուիրէր, ու քահանային մտիկ կ՚ընէին, մինչդեռ մենք մտիկ չենք ըներ մեր Խղճի՛ն անգամ, զոր փիլիսոփայօրէն քահանային տեղ դրինք։
Մոռցայ ըսել. տեղ մըն ալ փարա կու տային մեր նախնիք՝ ժամուն ու դպրատան։ Իրենց կենդանութեան ալ կու տային, կտակ ալ կ՚ընէին, զոր իրենց զաւկըները մէջ չէին խաղցներ այս օրուան բարեխիղճ զաւկըներուն պէս։
Մինակ տնտեսութիւն չունէին մեր հայրերը, հապա նաեւ ուղղութիւն, պարկեշտութիւն։ Ուղիղ էր ուղին, որուն կը հետեւէին։ Երկնից արքայութիւնն իրենց նպատակակէտն էր, եւ կը հաւատային, որ ուղիղ ճամբուն վրայէն քալելով՝ մարդս արքայութիւն կը հասնի։ Ուստի, պարտքերնին կը հատուցանէին, ու մինակ այնուհետեւ էվէլ փարան քէսէին կամ ֆէսին մէջ կը պահէին։
Մենք՝ նոր ժամանակի մարդերս, հետզհետէ պակաս տնտեսող ու պակաս պարտաճանաչ կ՚ըլլանք կոր։ Մեր ներքին տուրքերը վճարելու կը դժկամակինք։ Ինքնաբերաբար բարեգործական հաստատութեան մը նպաստ ընել չենք մտաբերեր։ Բայց այդ ամէնն անցիր, տուներնուս կամ քէյֆերնուս համար ըրած ծախքերու փարան ալ վճարելը ընտոր է նէ ծանր կու գայ մեզի։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 4
Վաղարշապատ