ԵԿԵՂԵՑԻ-ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ՆՈՐ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄՆԵՐ

Հայ իրականութեան մէջ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները յաճախ վերիվայրումներ ունեցած են։ Պայքարելով զանազան ազգային, եկեղեցական հարցերու համար՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսները շատ անգամ հալածուած են օրուայ իշխանութիւններուն կողմէ. այդ մէկը նկատելի էր՝ մանաւանդ խորհրդային տարիներուն։ Խորհրդային ժամանակները անցեալ են, սակայն, այսօր ալ այդ նիւթը օրակարգային է՝ ամբողջ հայութիւնը կը դիտէ եկեղեցի-պետութիւն լարուած յարաբերութիւնները, կը քննարկէ մանրամասնութիւնները…

Այդ առումով լոյսին կը բերուին պատմական իրողութիւններ, անցեալի դրուագներ… Վերջերս «Էջմիածին» հանդէսին մէջ կարդացինք տակաւին երկու տարի առաջ լոյս տեսած յօդուած մը՝ «Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Խորէն Ա. Մուրադբէկեանի մահուան առեղծուածին շուրջ» խորագրով (անգլերէնով)։ Նիւթը եւ ընդհանրապէս՝ Խորէն Ա․ Կաթողիկոսի գործունէութիւնը հայրենի պատմաբան, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Քանաքարա Հայրապետեանի երկար տարիներու ուսումնասիրութեան նիւթն է եւ գիտնականը զանազան աղբիւրներէ օգտուելով՝ նորանոր բացայայտումներ կ՚ընէ։ Մենք կապ հաստատեցինք Քանաքարա Հայրապետեանին հետ եւ խնդրեցինք յօդուածի հայերէն տարբերակը, որպէսզի յատկանշական հատուածները արեւմտահայերէնի վերածելով ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն։ Քանաքարա Հայրապետեան սիրով տրամադրեց յօդուածը։ Ան նախաբանին մէջ կը գրէ, թէ ներկայացուող յօդուածը ունի ո՛չ միայն գիտական, այլեւ գործնական նշանակութիւն, քանի որ ներկայիս կրկին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած օրակարգային հարցերէն է եկեղեցի-պետութիւն փոխյարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Հարցը ան կը կարեւորէ նաեւ անցեալէն դասեր քաղելով ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմակայելու տեսակէտէ։ Պատմաբանը յօդուածը գրած է՝ ծանօթագրելով պատմական հարուստ աղբիւրներով, արխիւային փաստաթուղթերով, նամակներով եւ այլն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք յօդուածը որոշ յապաւումներով։ 

Ստորեւ կը ներկայացնենք Քանաքարա Հայրապետեանի յօդուածը՝ «Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Խորէն Ա. Մուրադբէկեանի մահուան առեղծուածի շուրջ» խորագրով։

*

1938 թուականի ապրիլի 5-ի լոյս 6-ի գիշերը, ցայսօր չպարզաբանուած հանգամանքներու ներքոյ, կեանքէն կը հեռանայ 65-ամեայ Ամենայն Հայոց Խորէն Ա․ Մուրադբէկեան Կաթողիկոսը: 

Արտասահմանին մէջ անմիջապէս կը տարածուի հայրապետի մահուան գոյժը. ըստ հասած լուրերու՝ Վեհարանին մէջ զայն խեղդամահ ըրած էին։ 

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի պաշտօնական հաղորդագրութեամբ, սակայն, յայտարարուեցաւ, որ կաթողիկոսը մահացած է սիրտի կաթուածէն եւ թաղուած Ս․ Գայիանէի վանքը: Իբրեւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի յայտարարութիւնը հաստատող փաստեր՝ պահպանուած են Արսէն արքեպիսկոպոսի զեկուցագիրները՝ ուղղուած Էջմիածնի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին, նաեւ նամակը՝ հասցէագրուած Կ. Պոլսոյ պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Նարոյեանին:

Կաթողիկոսի մահուան եւ հապճեպ յուղարկաւորութեան մասին Խորհրդային Միութեան մէջ բարձրաձայնելը անհնար էր, սակայն, սփիւռքի մէջ, այսօր նաեւ Հայաստանի մէջ, կը շրջանառուին կաթողիկոսի մահուան վերաբերեալ կարգ մը վարկածներ, որոնք ժամանակին առաջ քաշուած են Թորգոմ Վեհապետեանի, Պարգեւ եպիսկոպոս Գէորգեանի, փրոֆեսէօր Ստեփան Ստեփանեանցի, Արմենակ Մանուկեանի, Վազգէն Ա․ Կաթողիկոսի եւ Խորէն Ա․ Կաթողիկոսի քրոջ թոռը՝ Ալեքսանդր Միքայէլեանի կողմէ:

Այսպէս․ Թորգոմ Վեհապետեան կաթողիկոսի մահուան պատճառը կը համարէ Մայր Աթոռին մէջ պահուող գանձերը, իսկ անմիջապէս սպանութիւն կատարող անձ կը յիշատակէ ոմն Փիրուզ, որ ելեկտրական հոսանքի լարի ուժգին հարուածով սպաննած է հայրապետը։ Թորգոմ Վեհապետեանի ուսումնասիրութենէն նաեւ պարզ կը դառնայ, որ կաթողիկոսի մարմինը թաղուած է ո՛չ թէ մահուան անմիջապէս յաջորդ օրը, այլ երկու օր կը մնայ սենեակը, զինուորները հետքը կորսցնելու համար կը փորձեն կաթողիկոսը հեռու ինչ-որ տեղ թաղել, սակայն վանքին կոյսերը վեհափառին մարմինը կը պատանքեն եւ ան կ՚ամփոփուի Ս․ Գայիանէ վանքին գերեզմանատունը: 

Ամենայն հայոց կաթողիկոսի մահուան վերաբերեալ իր վարկածը ներկայացուցած է նաեւ Ստեփան Ստեփանեանց (Ստեփան Կերտող), որ իր աշխատութեան մէջ առաջ կը բերէ այն վարկածը, թէ կաթողիկոսը խեղդամահ եղած է Չեքայի (Խորհրդային անվտանգութեան պետական կառոյցներէն) ձեռքով` վանքին մէջ գաղտնի պահուող զէնքի եւ գանձերու պատճառով։ 

Ստեփան Ստեփանեանց կը նշէ, որ Մայր Աթոռին մէջ զէնքի առկայութեան մասին վկայող փաստաթուղթեր կը պահուին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան արխիւին մէջ, որոնց համաձայն՝ Մայր Աթոռին մէջ առկայ զէնքի մասին տեղեակ էին կաթողիկոսը եւ եպիսկոպոսները։ Պետական անվտանգութեան աշխատակիցներուն առջեւ բարդ խնդիր դրուած էր՝ վանքապատկան զէնքը հանել վանքէն եւ որպէսզի զէնքի մասին գաղտնիքը ընդմիշտ մոռցուի, 1938 թուականի ապրիլի 5-ի լոյս 6-ի գիշերը վեհարանի իր ննջասենեակին մէջ, ըստ Ստեփան Ստեփանեանցի, չեքիստները խեղդամահ ըրած են կաթողիկոսը։

Իր մէկ այլ աշխատութեան մէջ Ստեփան Ստեփանեանց կաթողիկոսի մահուան առիթով որպէս վկայ կը նշէ կաթողիկոսին ծառայող նորպայազետցի շաթիր Գեղամ Կլեկչեանին անունը, որու վկայութեամբ՝ Փիրուզ անունով կին մը եւ Չեկայի այլ աշխատակիցներ զինք եւ վանքի միւս հոգեւորականներուն կարգադրած էին հեռու մնալ կաթողիկոսէն։ Նշենք նաեւ, որ այս վարկածը ժամանակին ներկայացուցած է նաեւ Պարգեւ Գէորգեան։

Այսպէս՝ կաթողիկոսը դագաղ դնելէ առաջ լոգցնելու ատեն Գեղամ Կլեկչեան կը նկատէ, որ անոր դէմքը կապտած է եւ վիզին վրայ երկարաւուն շերտերով կապոյտ գիծեր կան՝ արեան մանր բիծերով։ Այդ նոյն օրը Էջմիածին կու գայ կաթողիկոսի անձնական բժիշկը՝ Հայկ Եղիազարեան։ Բժիշկը, զննելով կաթողիկոսի մարմինը, կը յայտարարէ. «Կասկած չկայ, կաթողիկոսը խեղդած են»։

Ստեփան Ստեփանեանց կը նշէ, որ կաթողիկոսի մահուան յաջորդ օրը պետական անվտանգութեան մարմիններու կողմէ կ՚առգրաւուին վանքապատկան զէնքը եւ գանձարանին գանձերը։ Իսկ 1938 թուականի յունիսի սկիզբներուն Հայաստանի Համայնավարական կուսակցութեան 11-րդ համագումարին մէջ ներքին գործերու ժողովրդական կոմիսար Վ. Խվորոստեան կը յայտարարէ, որ կաթողիկոսը սիրտի պայթիւնէն մահացաւ, քանի որ տեսաւ իր կեանքի եւ կաթողիկոսութեան վերջը։ Համագումարի ընթացքին նշուած է, որ վանքէն առգրաւուած են 2,5 քիլօ ոսկի, 15 փութ արծաթ եւ բազում թանկարժէք քարեր։ Զեկուցման մէջ կը նշուէր նաեւ, որ գանձերը կը պահուէին 2,5 մեթր խորութեամբ հողի մէջ, իսկ վերէն կրաձոյլ յատակ շինած էին եւ վրան սուրբ գիրքեր լեցուցած։ Համագումարին, սակայն, ոչինչ կը նշուի Մայր Աթոռը պահուող զէնքի մասին։ 

Կաթողիկոսի մահուան պատճառներու խնդրով զբաղած է նաեւ Արմենակ Մանուկեան։ Ան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն փաստին վրայ, որ գլխաւոր ականատես Գեղամ Կլեկչեանը կաթողիկոսի մահէն մէկ շաբաթ առաջ՝ մարտի 29-ին, ձերբակալւած էր եւ կը գտնուէր կալանավայրը եւ անոր վկայութիւնը՝ կապուած կաթողիկոսի դիակի զննութեան հետ, անհիմն է։ Հետեւաբար, կաթողիկոսի մահը ան կը համարէ որպէս 1937-1938 թուականներուն տիրող ճնշող քաղաքական մթնոլորտի բացասական ազդեցութեան հետեւանք։

Կաթողիկոսի մահուան վերաբերեալ ժամանակին իր լսածը գրի առած է նաեւ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը, ըստ որուն՝ Գէորգ Զ․ Չորէքճեան Կաթողիկոսը անոր պատմած է, որ Խորէն Ա․ Կաթողիկոսի մահուան մէջ յանցաւոր է ՀԽՍՀ ՆԳԺԿ կոմիսար Վ. Խվորոստեանը, սակայն, կաթողիկոսի մահուընէ քանի մը ամիս անց անհասկանալի պատճառով Վ. Խվորոստեանն ալ կը ձերբակալուի եւ կը գնդակահարուի, բայց, զրոյցի ընթացքին այն հարցումին՝ ուղղուած Գէորգ Զ․ Կաթողիկոսին, թէ ինչէ՞ն մահացած է կաթողիկոսը, զրուցակիցը յստակ պատասխան չէ տուած։ Վազգէն Ա․ Կաթողիկոս կը յիշատակէ նաեւ, որ 1955 թուականի աշնան՝ իր կաթողիկոս ընտրուելէն յետոյ, իր մօտ աշխատանքի կ՚ընդունի Խորէն Ա․ Կաթողիկոսի նախկին շաթիր Գեղամ Կլեկչեանը, որ նոր վերադարձած էր աքսորէն։ Գեղամ Կլեկչեան կաթողիկոսին պատմած է, որ կաթողիկոսի սպանութեան օրերուն ինք ձերբակալուած էր, չարաբաստիկ լուրը բանտին մէջ լսած է։ Վազգէն Ա․ Պալճեան կը բերէ եւս մէկ վկայութիւն, ըստ որուն, ան Արզնիի մէջ պատահաբար հանդիպած է Էջմիածնի շրջանային կոմիտէի նախկին քարտուղարին, որ պատմած է, թէ կաթողիկոսի մահը տեղի ունեցած է անձամբ Պերիայի ձեռքով (այդ ժամանակ՝ Խորհրդային Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեայ)։ 

Վազգէն Ա․ Կաթողիկոսի գրառումներէն կրնանք ենթադրել, որ Խորէն Ա․ Կաթողիկոսի սպանութիւնը տեղի ունեցած է Պերիայի պատուէրով, իսկ սպանութեան ականատես համարուած Գեղամ Կլեկչեանը կաթողիկոսի մահէն առաջ արդէն ձերբակալուած էր։ 

Խորէն Ա․ Կաթողիկոսի մահուան վերաբերեալ հրապարակում ունի նաեւ անոր քրոջ՝ Սաթենիկի թոռը՝ Ալեքսանդրը, որ կը փաստէ, թէ կաթողիկոսը ընտանեկան հաւաքոյթներէն մէկուն ժամանակ՝ մահուընէ օրեր առաջ, յայտարարած է. «Ցանկացած պահու պատրաստ է ցանկացած ելքի»։ Ըստ Միքայէլեանի՝ կաթողիկոսի դաժան սպանութեան փաստը իրենց ընտանիքին մէջ երբեք կասկած չէ յարուցած, նոյնիսկ հայրը՝ Հրանդ Միքայէլեանը, կը յիշէր, որ դագաղին մէջ մօրեղբայրը ոլորուած կը թուէր, կարծես հոսանքահարուած ըլլար: 1966 թուականին Ալեքսանդր Միքայէլեան կաթողիկոսի մահուան հանգամանքներու պարզաբանման հարցով կը հանդիպի ակադեմիկոս Սուրէն Երէմեանին, որու խօսքերէն կը հետեւի, թէ Պերիան Խորէն Կաթողիկոսէն պահանջած է յանձնել Էջմիածնի խորանի գանձարանի բանալիները, սակայն ի պատասխան՝ ստացած է մերժում, ինչն ալ պատճառ հանդիսացած է կաթողիկոսի սպանութեան։

Այսպիսով՝ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի մահուան վերաբերեալ կան երեք վարկածներ․

Կաթողիկոսի մահը տեղի ունեցած է սիրտի կաթուածէն։

Կաթողիկոսը խեղդամահ ըրած են ելեկտրական հոսանքի լարով։

Կաթողիկոսը սպաննած են ելեկտրական հոսանքի լարի հարուածով։

Իսկ ինչ կը վերաբերի սպանութեան դրդապատճառներուն, ապա երկու տեսակէտ շրջանառութեան մէջ կը դրուի՝ Մայր Աթոռին մէջ պահուող գանձերուն կամ զինամթերքին պատճառով է, որ տեղի ունեցած է կաթողիկոսի սպանութիւնը։

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԽՈՐԷՆ Ա. ՄՈՒՐԱԴԲԷԿԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՆՈՐ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Այսպիսով, կաթողիկոսի մահուան առեղծուածի հետ կապուած բոլոր վարկածներու եւ տեսակէտներու, մեր ուսումնասիրութեան, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսի կենդանութեան վերջին տարիներու անցուդարձերու համադրման ու քննական վերլուծութեան միջոցով կրնանք կատարել հետեւեալ եզրակացութիւնները. 

1. Խորհրդային իշխանութեան վերնախաւը, գործնականօրէն համոզուելով, որ վերջնականապէս հնարաւոր չէ կազմաքանդել Հայ Առաքելական Եկեղեցին անգամ հակաեկեղեցական համատարած քարոզչութեան, բռնաճնշումներու միջոցով, որդեգրեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը նուազագոյնի հասցնելու քաղաքականութիւնը՝ զայն ծառայեցնելով միայն սփիւռքէն նիւթական եւ ֆինանսական միջոցներ կորզելու նպատակին։

Այս ըսուածի վկայութիւնն են Խորէն Ա. Կաթողիկոսի բազում կոնդակներն ու նամակները՝ ուղղուած սփիւռքին՝ Խորհրդային Հայաստանին օգնելու եւ վերաշինութեանը նպաստելու խնդրանքով: Այդ մէկը կը փաստեն նաեւ սփիւռքահայերու կողմէն Խորհրդային Հայաստան ղրկուած օգնութիւններու եւ նուիրատուութիւններու վերաբերեալ մամուլին մէջ տեղ գտած հրապարակումները։ 

Այս ճանապարհով եկեղեցի-պետութիւն փոխյարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած կաթողիկոսի ջանքերը ապարդիւն էին, որովհետեւ իշխանութիւնները 1937-1938 թուականներուն եկեղեցիի հանդէպ հալածանքները իրենց բարձրակէտին հասցուցին։ 

2. Խորէն Ա․ Կաթողիկոսը, յուսահատած եւ հիասթափուած Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ եկեղեցւոյ հանդէպ բացայայտ ոտնձգութիւններէն եւ նուաստացումներէն, այլեւս կը հրաժարի նիւթական եւ ֆինանսական միջոցներու հայթայթման համար դիմել սփիւռքին, քանի որ իր անունով ստացուած գումարներուն եւ նուիրատուութիւններուն մեծ մասը իշխանութիւնը անմիջապէս կը բռնագրաւէր կամ ալ Մայր Աթոռին կը յատկացնէր չնչին լումաներ, որոնք բաւական չէին նոյնիսկ միաբանութեան վանականներուն նուազագոյն հոգերը հոգալու համար։ Ատոր մասին Խորէն Ա․ Կաթողիկոս կը գրէ 1937 թուականի դեկտեմբերի 4-ին Վ. Խվորոստեանին ուղղուած գրութեան մէջ։ 

Նշենք, որ Խորէն Ա․ Մուրադբէկեանի կաթողիկոսութեան տարիներուն Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Թորգոմ արքեպիսկոպոս Գուշակեանի «Լուսաւորչի լումայ»ի նախաձեռնութեան եւ կաթողիկոսի լիազօր, պատուիրակ Գարեգին արքեպիսկոպոս Յովսէփեանի ջանքերուն շնորհիւ Մայր Աթոռը վերանորոգելու եւ սնանկ տնտեսական վիճակը բարելաւելու համար կազմակերպուեր էր դրամահաւաք, որու արդիւնքին հաւաքուած ֆինանսական միջոցները կաթողիկոսի կամօք կը պահուէր սփիւռքի մէջ՝ անհրաժեշտութեան պարագային կիրառելու նպատակով։ Այդ գումարներէն պարբերաբար դրամական յատկացումներ կը կատարուէին Պոլսոյ, Երուսաղէմի եւ Կիլիկիոյ նուիրապետական Աթոռներուն՝ հայկական եկեղեցիները եւ դպրոցները վերաշինելու եւ պահպանելու, գաղթականներուն եւ որբերուն նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար։

Ամենայն հայոց կաթողիկոսը կը կարծէր, որ եթէ այդ գումարները ուղարկուին Խորհրդային Հայաստան, ապա անմիջապէս իշխանութիւններու կողմէ կը բռնագրաւուին, հետեւաբար աւելի ճիշդ կը նկատէր զանոնք գործածել սփիւռքի մէջ՝ նուիրապետական Աթոռներուն, հայ համայնքի կարիքներուն, մշակութային եւ ազգային միջոցառումներու համար։

3. Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները բնականաբար տեղեակ էին Ամենայն հայոց կաթողիկոսի անունով սփիւռքի մէջ պահուող դրամին մասին, ուստի, իշխանութիւններու կողմէ խնդիր դրուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ենթարկել հարկահանման։ Կաթողիկոսին ներկայացուեցաւ Մայր Աթոռի չորս տարուայ հարկային պարտաւորութիւններու չափը՝ մօտ 220 հազար ռուբլի, ինչ որ կը կազմէր 41,500 ամերիկեան տոլարին համարժէք գումար։ Այդ մէկը, ըստ իշխանութիւններու, արտասահմանին մէջ պահուող գումարներուն համեմատ մեծ թիւ մը չէր։ Ի յաւելում նշենք․ 1936 թուականի դրութեամբ «Սուրբ Էջմիածին» հիմնադրամի Լոնտոնի կեդրոնական յանձնախումբի վերահսկողութեան ներքոյ գտնուող աւանդի հաշւոյն եղած է մօտ 580 625 ամերիկեան տոլար։

Կը կարծենք, որ կաթողիկոսին պարբերաբար այցելող պետական մարմիններու ներկայացուցիչներու նպատակն էր ո՛չ թէ Մայր Աթոռին մէջ պահուող «զինամթերքն ու գանձերը» դուրս բերել, այլ ամէն գինով սփիւռքին մէջ պահուող գումարները կաթողիկոսի միջոցով տեղափոխել Խորհրդային Հայաստան՝ թէկուզ կաթողիկոսին սպառնալու, անոր մօտ կեցած մարդիկը ահաբեկելու, ձերբակալելու ճանապարհով:

4. Ինչ կը վերաբերի Ամենայն հայոց կաթողիկոսի՝ սիրտի կաթուածէն մահանալու, զայն սպաննելու կամ խեղդամահ ընելու վարկածներուն, ապա վերը նշուած յիշատակումները ուսումնասիրելու արդիւնքին չենք բացառեր կաթողիկոսի՝ անուղղակի դիտաւորութեամբ սպանութեան վարկածը։ Սակայն, չենք կրնար կաթողիկոսի մահուան որեւէ վարկած պնդել եւ միւսները հերքել, քանի որ Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական կացութեան գրանցումներու ծառայութիւններու արխիւին մէջ այդ փաստերը ապացուցող որեւէ փաստաթուղթ մեր կողմէ չէ գտնուած, հակառակ որ ըստ Արսէն արքեպիսկոպոս Ղլտճեանի զեկուցագրի` կաթողիկոսի դիահերձումէն յետոյ կազմուած է արձանագրութիւն։

5. Ուղղակի փաստերու բացակայութեան պատճառով դժուար է ապացուցել մահուան վարկածներէն որեւէ մէկը, սակայն, կարեւոր կը նկատենք պարզաբանել՝ արդեօք կաթողիկոսի մեկուսացումը իշխանութիւններու կողմէ փլանաւորուա՞ծ էր։ Մեր ուսումնասիրութեան ընթացքին յանգած ենք այն եզրակացութեան, որ այն նախապէս խորհրդային իշխանութիւններու կողմէ փլանաւորուած չէր (այստեղ կը նշուին զանազան փաստարկներ՝ պատմական աղբիւրներէ քաղուած)։

6. Վերը նշուածը ամփոփելով՝ կրնանք փաստել, որ խորհրդային իշխանութեան վերնախաւը երբեւիցէ իր առջեւ նպատակ չէր դրած Ամենայն հայոց կաթողիկոսը սպաննելը եւ Մայր Աթոռը լուծարելը, ընդհակառակը, հակառակ եկեղեցւոյ հանդէպ բացայայտ անվստահութեանը՝ անոնք քաջ կը գիտակցէին, որ Խորէն Ա․ Կաթողիկոսը դեռեւս մեծ հեղինակութիւն ունի սփիւռքի մէջ եւ անոր սպանութիւնը կարող է խարխլել խորհրդային կառավարութեան հեղինակութիւնը սփյուռքահայութեան շրջանին։ Հետեւաբար, կը կարծենք, որ սփիւռքի գործօնը շատ աւելի կարեւոր էր խորհրդային իշխանութիւններու համար, քանի որ այն կաթողիկոսի միջոցով հսկայական ֆինանսական հոսք կ՚ապահովէր դէպի Խորհրդային Հայաստան։ Չէր բացառուեր նաեւ այն, որ իշխանութիւններու կողմէ կաթողիկոսի մեկուսացման, Մայր Աթոռի փակման պարագային Հայ Առաքելական Եկեղեցին ո՛չ թէ կը վերանար, այլ պարզապէս հոգեւոր կեդրոնը կը փոխադրուէր արտասահման ու Խորհրդային Միութիւնը կը կորսնցնէր սփիւռքահայութեան վրայ ազդող իր ունեցած վերջին կարեւոր լծակը։ Հետեւաբար, պատահական չէր նաեւ, որ 1932 թուականի իշխանութիւնները արտօնեցին գումարել Ազգային եկեղեցական ժողով՝ կաթողիկոս ընտրելու նպատակով՝ հակառակ որ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցին չունէր առաջնորդ՝ սկսած 1925 թուականէն։

7. Ինչ կը վերաբերի այն տեսակէտներուն, որ կաթողիկոսը ահաբեկելու, սպաննելու հիմնական պատճառը Էջմիածնին մէջ պահուող զէնք ու գանձերն էին, այնքան ալ համոզիչ չենք համարեր, քանի որ իշխանութիւնները, առանց կաթողիկոսի արտօնութեան, կրնային օգտագործել որեւէ առիթ, մտնել Մայր Աթոռ եւ բռնագրաւել թէ՛ զէնքը, թէ՛ գանձերը. ինչպէս, օրինակ, վարուեցան 1920 թուականի դեկտեմբերի 17-ի հրամանագրի ընդունումէն յետոյ՝ առանց Գէորգ Ե․ Կաթողիկոսի արտօնութեան բռնագրաւելով Էջմիածնի ճեմարանի, մատենադարանի, Մայր Տաճարի հարաւային եւ հիւսիսային խորաններու, Մայր Աթոռի հանրակացարանի, Հռիփսիմէ վանքի գոյքը, ինչպէս նաեւ՝ պահանջելով կաթողիկոսէն իրենց յանձնել Մայր Աթոռին մէջ պահուող թանկարժէք իրերը (ոսկեղէն, արծաթեղէն, թանկարժէք քարեր, տնայնագործական եւ գեղարուեստական այլ իրեր) ու կահկարասին…

8. Փորձենք պարզաբանել նաեւ հանգուցեալ կաթողիկոսի հապճեպ յուղարկաւորութեան հանգամանքը։ Աւանդական կարգի համաձայն՝ հանգուցեալ կաթողիկոսի յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ վախճանէն տասն օր յետոյ, թեմական առաջնորդներու մասնակցութեամբ։ Սակայն, Խորէն Ա, Կաթողիկոսի պարագային վկայութիւնները միանշանակ են. ան յուղարկաւորած են անմիջապէս իր մահուան յաջորդ օրը՝ առանց պատշաճ արարողակարգի, սահմանափակ մարդոց ուղեկցութեամբ։ Պատմագիտութեան մէջ այս անորոշութիւնը շատերուն քով մէկ անգամէն կարծիք կը ձեւաւորէ, որ իշխանութիւնները նպատակ ունեցած են թաքցնելու կաթողիկոսի սպանութեան հետ կապուած իրական փաստերը։ Սակայն, կը կարծենք, որ այս ճանապարհով խորհրդային իշխանութիւնները փորձած են կաթողիկոսի անակնկալ մահուան լուրը հեռու պահել հանրային քննարկումներէն, ոչ-ճիշդ մեկնաբանութիւններէն՝ միաժամանակ կանխելով Մայր Աթոռին մէջ հաւատացեալներու կուտակումներ, որոնք 1937 թուականի մարդահամարի տուեալներով տակաւին մեծ թիւ կը կազմէին։ Չմոռնանք նաեւ այն հանգամանքը, որ թեմական առաջնորդներու՝ կաթողիկոսի յուղարկաւորութեան արարողակարգին մասնակցիլը նոյնպէս մեծ խնդիրներու հետ էր կապուած. Խորհրդային Հայաստանի մէջ գրեթէ բոլոր թեմական առաջնորդները ձերբակալուած ու գնդակահարուած էին, իսկ սփիւռքի թեմական առաջնորդներու ժամանումը գրեթէ անհնար էր, քանի որ ինչպէս 1932 թուականին Խորէն Ա. Կաթողիկոսի ընտրութեան ժամանակ անոնցմէ շատերը քաղաքական պատճառներով չկարողացան ժամանել Խորհրդային Հայաստան, այդպէս ալ այդ ժամանակ՝ սթալինեան մոլեգնող բռնութիւններու այդ օրերուն, կը բացառուէր անոնց ներկայութիւնը կաթողիկոսի թաղման արարողութեանը…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 1, 2025