ՓՈՔՐ ԱԼՊԵՐԹԻ ՓՈՐՁԸ. ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՎԱԽԵՐՈՒ ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ ՄԱՍԻՆ
Մարդկային վախերը երկար ժամանակէ ի վեր կը հետաքրքրեն հոգեբանները։ 20-րդ դարու սկիզբը հոգեբանութեան համար արմատական ժամանակաշրջան մը եղաւ։ Ամերիկացի հոգեբան Ճոն Պ․ Ուաթսըն եւ իր գործընկեր Ռոզալի Ռէյներ իրականացուցին բաւականին վիճայարոյց գիտափորձ մը՝ փորձելով հասկնալ, թէ վախերը արդեօք բնածի՞ն են, թէ՝ ստացական։ Այս փորձը, որ ի վերջոյ կը ճանչցուի որպէս «Փոքր Ալպերթի փորձը», կը ներկայացնէ դասական պայմանաւորման (classical conditioning) կիրարկութիւն մանուկի մը վրայ։
Ուաթսըն եւ Ռէյներ ուզեցին ապացուցանել, թէ վախը կրնայ ստեղծուիլ, պայմանաւորուելով այնպիսի խթաններու հետ, որոնք ի բնէ վախ կը յառաջացնեն։ Ուաթսըն կ՚ընդունէր, թէ մարդիկ շատ քիչ բնածին զգացումներ ունին՝ հիմնականօրէն վախ, զայրոյթ եւ հաճոյք։ Իրենց տեսութեան համաձայն, մնացեալ բոլոր վախերը ուսման աւանդոյթով կը ձեւաւորուին։
Փորձը կատարուեցաւ 1920 թուականին, ինն ամսուան տղայի մը՝ Ալպերթի վրայ։ Նպատակը պարզ էր՝ ապացուցել, թէ վախը կարելի է սորվեցնել՝ միջավայրի պայմանաւորումով։ Մինչ այդ, Իվան Փաւլովի շուներու փորձերը արդէն ցոյց տուած էին, թէ արտաքին ազդակներու միջոցով կարելի է սորվեցնել վարք։ Ուաթսըն ուզեց սոյն տեսութիւնը կիրառել մարդկային հոգեբանութեան մէջ։ Սկզբնական փուլին, Ալպերթին ցուցադրուեցան տարբեր կենդանիներ կամ առարկաներ. օրինակ՝ ճագար, զանազան տեսակի դիմակներ, շուն, կրակ եւ այլն։ Ալպերթ ո՛չ մէկ վախ կը ցուցաբերէր անոնցմէ։
Ապա, Ուաթսըն եւ Ռէյներ, Ալպերթին ցուցադրեցին ճերմակ ճագար մը եւ նոյն պահուն բարձր աղմուկով՝ մուրճով զարկին մետաղեայ ձողի մը։ Աղմուկը վախ պատճառեց Ալպերթին եւ ան սկսաւ լալ։ Այս գործընթացը կրկնուեցաւ քանի մը անգամ։ Ալպերթ սկսաւ վախնալ ո՛չ միայն աղմուկէն, այլ նոյնիսկ ճագարէն՝ առանց աղմուկին գոյութեան։
Ալպերթի վախը յետագային ընդհանրացաւ՝ ան սկսաւ լալ նոյնիսկ ճերմակ մուշտակներու, բամպակի, մազաւոր դիմակներու հանդիպելու ժամանակ։ Այս երեւոյթը կը կոչուի «վախի ընդհանրացում» (stimulus generalization)։
Այս փորձը բաւական քննադատուեցաւ՝ գլխաւորաբար իր բարոյական խնդիրներուն պատճառով։ Ալպերթի ծնողներուն համաձայնութիւնը երբեք յստակ կերպով փաստագրուած չէր։ Աւելի մտահոգիչ է, որ փորձէն ետք՝ Ալպերթին վրայ կատարուած արհեստական վախերը երբեք չվերացուեցան, նոյնիսկ սաստկացան։
Այսօր, նման փորձ մը կատարել անհնարին է առանց խստագոյն մարդկային եւ գիտական վերահսկողութիւններու։ Այդ ժամանակ, սակայն, հոգեբանութիւնը դեռ նոր կ՚ուսումնասիրէր իր սահմանները։
Հակառակ իր վիճայարոյց բնոյթին, փոքր Ալպերթի փորձը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ վարքաբանական հոգեբանութեան զարգացման վրայ։ Ան ապացուցանեց, թէ որոշ վարքեր ստացական են եւ ոչ՝ բնազդային։ Այս տեսութիւնը լայն կիրառութիւն գտաւ, մասնաւորապէս վախերու բուժման ժամանակ։
Փոքր Ալպերթի փորձը պատմական կարեւորութիւն ունի հոգեբանութեան մէջ՝ ցոյց տալով, թէ մարդ կրնայ սորվիլ վախնալ։ Սակայն փորձը նաեւ կը ծառայէ որպէս զգուշացում՝ գիտափորձերու ընթացքին բարոյական չափանիշներու կարեւորութեան մասին։
Փոքր Ալպերթի փորձը բարդ պատում մըն է՝ գիտական յառաջընթացի եւ մարդասիրական պատասխանատուութեան միջեւ։ Մինչեւ այսօր ան կը մնայ օրինակ մը, ուր գծուած չէին գիտութեան եւ բարոյականութեան սահմանները։ Հակառակ իր խոցելի կողմերուն՝ փորձը խոր ազդեցութիւն թողեց հոգեբանական մտածողութեան եւ մեր ըմբռնումին՝ մարդկային վարքին վերաբերեալ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ