ԾԱՏՈՒՐ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ (1901 - 1995)

Աւազանի անունով Աստուածատուր, ծնած է 1901-ին (կարգ մը հրատարակութիւններու մէջ նշուած է նաեւ 1905), Խարբերդի Գոմք գիւղին մէջ:

Յաճախած է ծննդավայրի դպրոցը, ուր աշակերտած է Պետրոս Վարդանեանին: Սակայն, հայրը՝ Սերոբ, որ արհեստով կտաւագործ էր, «պնակիտի մը վրայ շարելով Մեսրոպեան տառերը, կը դառնայ իր զաւկին առաջին ուսուցիչը» («Խարբերդի կրթական հաստատութիւններուն ծագումն ու զարգացումը (1825-1925)», Փարիզ, 1993, էջ 8):

1914-ին մտած է քոլէճ, բայց Առաջին համաշխարհային պատերազմի հետեւանքով ընդհատուած է ուսման ընթացքը:

1915-ի յունիսին, ամբողջ ընտանիքով տեղահանուած է, որու ընթացքին իր ընտանիքէն միայն ի՛նք ազատած է: Չորս տարի ապրած է մեծահարուստ քիւրտի մը մօտ՝ իբրեւ ծառայ: 

1919-ին ինքզինք գտած է Խարբերդի ամերիկեան որբանոցը, ուր աշակերտած է Եփրատ քոլէճին, աւարտելով անոր Ա., Բ., Գ. դասարանները, որոնք համազօր էին եւրոպական պաքալորէային: Աշակերտած է Մարիամ Ասատուրեանի, Աննա Պօղիկեանի, Սիրանոյշ Տէօքմէճեանի եւ ուրիշներու:

1922-ի աշնան այլ որբերու հետ անցած է Հալէպ եւ այնտեղ՝ ձգելով որբանոցը, անցած է Պէյրութ:

1926-ին անցած է Ֆրանսա, ուր մնացած է մինչեւ իր մահը: Ֆրանսա անցնելով, նախ շրջան մը աշխատած է Կարտանի ածխահանքին մէջ, ապա անցած է Մարսէյլ:

Աշխատակցած է «Յառաջ»ին, «Երկունք»ին, «Ազդակ»ին, ինչպէս նաեւ Ֆրեզնոյի «Մշակ»ին: 

Մարսէյլի մէջ Կիւրեղ Խրայեանի, Յովհաննէս Մարգարեանի, Մարտիրոս Թաշճեանի եւ Միսաք Խրալեանի հետ հիմնած է Հայ գրասիրաց միութիւնը եւ անոր հայելին հանդիսացող «Հայ գիր» ամսագիրը, որ տեւած է մէկուկէս տարի: 

1929-ին Ծատուր Պէրպէրեան անցած է Փարիզ, ուր շփումներ ունեցած է օրուան դէմքերուն եւ թերթերուն հետ: Փարիզի մէջ յաճախած է գիշերային դպրոցներ, ուր կատարած է գրական իր առաջին փորձերը: 19 մարտ 1967-ին, Ֆրանսահայ գրողներու ընկերակցութիւնը պատուած է զինք «Ա. Հարենց» գրական մրցանակով:

Ծատուր Պէրպէրեան հրատարակած է հետեւեալ գործերը.

«Խաչին ճամբան» (պատկերներ), 1955, «Կարմիր փոթորիկը» (վէպ), 1958, «Հայրենի գիւղ» (արձակ էջեր), 1964, «Ծննդավայր», 1967, «Ժողովուրդ մը, որ չուզեց մեռնիլ», 1983, «Քարթ փոսթալ», 1990, «Բացիկներ-արձագանգներ» (չափածոյ եւ արձակ), 1990, «Հայկական սփիւռքի ողբերգութիւնը», 1991, «La Tempête Rouge» (roman), 1992, traduit de l’arménien par Marguerite Perche, «Խարբերդի կրթական հաստատութիւններուն ծագումն ու զարգացումը (1825-1925)», 1993: Այս աշխատասիրութիւնը սկզբնական իր վիճակին մէջ Պէրպէրեան զայն հրատարակած է Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթին մէջ, յաջորդական քառասուն թիւերով, 2 յունուար 1986-էն 21 փետրուար 1986, «Ալպոմ դաստիարակաց Խարբերդի» վերնագիրին տակ:

Վերջին այս գիրքին սկիզբը թուարկուած է շարք մը նաեւ անոր հրատարակելի գործերուն, այսպէս.

«Որդիք Հայոց» (վէպ), «Օտար երկինքներու տակ» (պատմուածքներ), «Կարօտի կանչեր» (քերթուած), «Արշալոյսէն արշալոյս» (վիպագրութիւն), «Մանկութիւն» (ապրումներ), «Չարաշուք տարին» (վկայութիւններ), «Մեր որբանոցները» (ապրումներ), «Տառապանքի ծաղիկներ» (պատկեր), «Գոմք գիւղ» (պատմագիրք), «Հայ մշակոյթի ծագումն ու զարգացումը» (տեսութիւն), «Մտածումներ» (առակ), «Ժողովրդական նոր երգեր» (քառեակ), «Դէմքեր ու գիրքեր» (տպաւորութիւն), «Ես եւ ճամբաս» (ինքնակենսագրութիւն), «Ծաղկեփունջ» (թարգ. հէքիաթներու), «Հասկաքաղ» (գրական էջեր), «Տօքթոր Արմէն Մաթոյեան» (վէպ), «Բուրաստան»:

Հեղինակին անտիպ եւ հրատարակուած բոլոր գործերը յանձնուած են Նուպարեան մատենադարանը, Փարիզ, («Խարբերդի կրթական հաստատութիւններուն ծագումն ու զարգացումը (1825-1925)», Փարիզ, 1993, էջ 6):

Ծատուր Պէրպէրեան մահացած է նոյեմբեր, 1995-ին:

*

«Բագին»ի մէջ Յակոբ Պալեան «Ծատուր Պէրպէրեանը յիշելու ցանկութեամբ» վերանգիրով գրութեան մէջ ամփոփ գիծերով ներկայացուցած է զայն եւ անոր գրութիւններէն մի քանին: Պալեան կը գրէ. «Ծատուր Պէրպէրեան ապրած է առանձին: Վերջին տարիներուն, երբ ճանչցայ զինք, կը բնակէր Փարիզի ծայրամասի փոքրիկ հիւրանոցներէն մէկուն անշուք սենեակը, Փորթ տ՚Իթալիի մօտերը: Տեսողութիւնը տկարացած էր եւ երբեմն կ՚երթայի իր նամակները կարդալու:

Գրական երեկոյի մը, նուիրուած հայ գիւղագիրներու, ժամանակակից գրող Մկրտիչ Մարկոսեանի եւ իր ներկայութեան, խոստացաւ գալ, սակայն վերջին պահուն հրաժարեցաւ, կ՚ենթադրեմ, որ չուզեց հանրութեան առջեւ գտնուիլ, տեսակ մը ամօթխածութեամբ:

Մեր վերջին հանդիպումներէն մէկուն, ինծի յանձնեց ձեռագիր երեք տետրակներ, առաջինի կողքին գրուած է ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ, եւ միւս երկուքին մէջ ամփոփուած են ինչ որ ինք կոչած է ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ:

ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ տետրակի առաջին էջերու, ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔին մէջ կը կարդանք. «Այս շարքին մէջ -որ կը բաղկանայ երեք մասերէ- զետեղած եմ բազմաթիւ պատկերներ»: Ատոնցմէ իւրաքանչիւրը, որ գրուած է ցեղին արիւնով, ունի իր սէրերն ու ցաւերը, բարքերն ու վարքերը, անցեալ մը գեղեցիկ եւ փառապանծ: «Բոլոր գործերս, վէպ, նորավէպ, պատմուածք, քերթուած եւ յօդուած, կը մատնանշեն նոյն ցաւը: Չէի կրնար ուրիշ կերպ մտածել: Չէի կրնար ստեղծել պատմութիւններ իրականութեան չհամապատասխանող»:

Ծատուր Պէրպէրեանի անտիպներու «Մանկութիւն» տետրակէն քանի մը էջ կը գտնենք «Բագին»ի այս համարին մէջ: Դրուագները գրուած են նամակի ձեւով, ուղղուած՝ «Արմէն»ի» («Բագին», ԽԴ. տարի, 3-4, Պէյրութ, 2006, էջ 51):

Ահաւասիկ, «Բագին»ի մէջ Պալեանի Ծատուրեանի «Մանկութիւն» անտիպ գիրքէն հրատարակած գրութիւնը կը ներկայացնենք նաեւ այստեղ.

տետրակի թիւ 30, էջ 82

5-6-1962

Սիրելի Արմէն,

Այս տարուան վերամուտին նոր մարդ մը տեսայ մեր ուսուցիչին քով, անցորդ կարծեցի: Երկրորդ օրը դարձեալ նոյն մարդը: Եւ այսպէս ամէն օր ուսուցիչին հետ քիթ քթի, զրոյցի մէջ: 

Մինչեւ այսօր տեսած ճամբորդներէս տարբեր էր այս պարոնը: Երիտասարդ: Թաւ պեխեր եւ յօնքեր: Մազը առատ, առանց ճերմակի: Հասակ, միջինէն վեր: Ուսեր լայն եւ զօրաւոր: Աչքեր սեւ ու գեղեցիկ, որոնց մէջ յստակօրէն կը տեսնուէին երկու կայծեր: Մարմնացումը սիրոյ եւ քաջութեան: Նաեւ արդարութեան: Կը կրէր մեր շրջանէն տարբեր հագուստներ: Օր մը, հետաքրքիր, հարցուցի.

-Ո՞վ է այս պարոնը, հայրիկ: 

-Եթէ խոստանաս մարդու չըսել, այն ատեն կը բացատրեմ:

-Այո, կը խոստանամ մարդու չըսել: 

-Ֆետայի է:

Այս բառը յաճախ լսեր էի մեր երգերուն մէջ: Չէի հասկնար անոր բուն իմաստը: Բայց այսօր հայրիկս երկու բառով պարզեց գաղտնիքը:

-Ֆետայի կը նշանակէ այն, որ գիտէ զարնել զարնուիլ: Արդարութեան պաշտպան եւ բռնութեան դէմ պայքարող: Վերջապէս սրտով, հոգիով եւ մարմնով զինուորագրուիլ իր ազգին ի նպաստ:

Այս անունը հիմա տեսակ մը ուժ դարձեր է մեր գեղին մէջ: Ամէն մարդ կը սիրէ ու կը յարգէ զայն: Մեր նախիրը ու հօտերը առանց վախի կ՚երթան մինչեւ հեռաւոր վայրերը: Կարեկ Արութ, որ առաջ իր դրան երկու կղպանք կը զարնէր, այսօր բաց կը ձգէ: Երբ գիշերը գայ ու ամէն մարդ յոգնած քնանայ, Ղազար աղբար կ՚առնէ մոսինը, կը կապէ փամփուշտները, կը զարնէ դաշոյնը գօտիին ու կը սկսի պտտիլ գեղին շուրջը: Շատ հեղ մինակ եւ երբեմն ալ քանի մը երիտասարդի հետ: Մինչեւ որ արեւը գայ ու գեղացին դաշտ նետէ:

Ղազար աղբար արտակարգ սէր ունէր մեզի պէս դպրոցականներուն հանդէպ: Հարուստներ, որոնք իրենց զաւակները կապեր էին հողին, Ղազար աղբար առաւ զանոնք ու յանձնեց վարժապետին: Օ՜, որքան բարի է այս մարդը: Կը սիրէ մեզ իր զաւակներուն պէս: Կը խօսի ու խնդացնէ: Պատմութիւնները այնքան համով են, որ մարդ լսելէ երբեք չի կշտանար:

Չե՞ս հպարտանար:

Սիրով՝
Ծատուր Պէրպէրեան

(«Բագին», ԽԴ. տարի, 3-4, Պէյրութ, 2006, էջ 51):

*

«Խարբերդի կրթական հաստատութիւններուն ծագումն ու զարգացումը (1825-1925)» աշխատասիրութեան երկու խօսքին մէջ Ծատուր Պէրպէրեան այսպէս կը գրէ.

Թերեւս ըսուի.

-Ինչո՞ւ այս աւելորդ յոգնութիւնը, քանի որ շատերը կը ճանչնան Խարբերդը, գիտեն անոր կրթական հաստատութիւններուն արժէքը եւ, մանաւանդ, կը յիշեն այն քանի մը տասնեակ նուիրեալները, որոնք սերունդներ դաստիարակեցին: Գիրք եւ պատմութիւն գրեցին։ Թերթ եւ ամսագիր խմբագրեցին։ Լոյս եւ գիտութիւն տարածեցին տաճարներու ամպիոններէն։ 

Կը պատասխանենք:

Ա.- Քաղաքակրթութեան սէրը մղեց մեզ, որ ամբողջ սրտով նուիրուինք պաշտպանելու Մեսրոպեան երեսունեւվեց տառերը, որոնք տասնհինգ դարէ ի վեր, փարոսներու նման կը լուսաւորեն Հայոց Աշխարհը։

Բ.- Յարգելու համար մեր այն բոլոր դաստիարակները, որոնք ամէն օր իրենց սրտէն շող մը տալով՝ խաւարէն դէպի լոյս առաջնորդեցին Հայ մանուկը։

Գ.- Որպէսզի մեր զաւակները դիւրութեամբ ճանչնան իրենց հայրերուն եւ պապերուն կեանքն ու գործունէութիւնը։ Սերտեն եւ ուսումնասիրեն: Առնեն ինչ որ բարի է, ազնիւ, օգտակար։ Ու այդպէս իրենք ալ իրենց կարգին շարունակեն շաղկապել սերունդները իրարու։

Այս ծանր աշխատանքը մենք կատարեցինք ի պատիւ Հայոց Աշխարհին եւ անոր մշակոյթին սպասարկող մեր խարբերդցի դաստիարակներուն եւ գրագէտներուն անունը վառ պահելու մտօք:

Որքա՜ն պիտի փափաքէինք, որ մամուլը տեղ տար ու մեր դպրոցները, լսարանները եւ բեմերու քարոզիչները դասախօսութեան նիւթ ընէին այս կրթական մշակներուն կեանքն ու աշխատելու եղանակը։

Ասոնցմէ զատ կային անշուշտ բազմաթիւ ուրիշ խարբերդցիներ ալ, որոնք այն թուականներուն պաշտօնավարած են տեղւոյն կամ հեռաւոր կրթական հաստատութիւններուն մէջ։ Բայց հակառակ մեր ջերմ փափաքին, չկրցանք լրացնել այդ պակասը։ Որովհետեւ հիները չկային այլեւս, ու նորերը անկարող եղան մեր այն շէն օրերու արժէքներէն լրացուցիչ տեղեկութիւններ տալու։ Հետեւաբար դիմեցինք Խարբերդի եւ անոր կրթական հաստատութիւններուն նուիրուած հրատարակութիւններուն, որոնք իբրեւ աղբիւր պիտի արձանագրենք մեր այս գործին՝ մատենագրական բաժնին մէջ։

Կը խոստովանինք, որ մեր այդ յարգելի հեղինակները առաւել կամ նուազ չափով գնահատելի աշխատանք մը կատարած են։ Կրնային նոյնիսկ աւելին տալ, քանի որ ունէին նիւթական եւ բարոյական ամէն առաւելութիւն։ Բայց եւ այնպէս շնորհակալ ենք տրուածէն:

Մենք, սակայն, չգոհացանք այդքանով։ Ուզեցինք տալ գրական բառարանի մը տեսքը, որ մեր աշակերտները պահեն իրենց ձեռքին տակ։ Հետաքրքրուին, փնտռեն եւ ուսումնասիրեն։ Այդ առաջադրութեամբ ալ պրպտեցինք այն շէն օրերուն Պոլսոյ մամուլը, զրոյցի նստանք մեր վերապրող երէցներուն հետ եւ, մանաւանդ, յենելով 1914-1922-ի մեր ականատեսի վկայութիւններուն՝ բաղդատութիւններ եւ ճշդումներ ըրինք։ Նետեցինք անտեղի ածականները, յղկեցինք, ապա ծննդեան թուականներուն կարգով քանդակեցինք հարիւրէն աւելի սիրուած անունները մեր այս գործին մէջ։ Իսկ անոնք (ողջ թէ մեռած), որ մոռացութեան մը պատճառով դուրս կը մնան հատորէն, թող վստահ ըլլան, որ բան մը պիտի չկորսնցնեն իրենց արժանիքներէն։ Ճառագայթը, ինչ ալ ընեն, ճառագայթ է։ Մութին մէջ ըլլայ ան թէ հողին տակ, դարձեալ կը պահէ իր հրաշալի ջերմութիւնը: Կը սիրենք ու կը յարգենք ամէնքն ալ։ Վասնզի անոնք ազնուօրէն գիտցան իրենց կեանքէն աղուոր բան մը տալ, որ Հայը պիտի ապրի ու շարունակէ կատարել իր պարտականութիւնը ի նպաստ մարդկութեան վերելքին։ Ահա թէ ինչո՛ւ ստանձնեցինք այս «աւելորդ» յոգնութիւնը։ 

Բայց պիտի կրնա՞նք հրատարակել: Պիտի տեսնե՞նք մեր այս աշխատանքին լոյս աշխարհ գալը։ Չենք գիտեր։ Որովհետեւ կեանքը իր օրէնքները ունի, եւ ճակատագիրը իր խաղերը տխուր, անսպասելի։

Մենք՝ սակայն, կատարեցինք մեր պարտականութիւնը («Խարբերդի կրթական հաստատութիւններուն ծագումն ու զարգացումը (1825-1925)», Փարիզ, 1993, էջ 9-11):

*

Պէրպէրեանի արձակ ստեղծագործութիւններէն՝ «Հունձքը»էն, հատուածներ.

…Մեր գիւղին հիւսիսային թեւին վրայ ուր՝ հնամեայ բերդ մը կը հանգչի, եկէք բարձանանք հոն ու դուք, կուշտ մը դիտեցէք համայնապատկերն այն անցնող յուլիսեան օրերուն, երբ շէն էր մեր բոյնը:

Կապոյտ երկինքը, որուն վրայ Աստուծոյ ճրագը կը վառի, կ՚ըսես, անոր բոցեղէն ճառագայթներէն կրակ կը թափի: Օդը տաքցած կաթսայ մըն է կը խորհիս: Ու դաշտը, հորիզոնէ հորիզոն, նաշխուն գորգի մը պատկերն ունի:

Երկինքէն մաղուող այս կրակէ փոշիին տակ սակայն, դաշտին վրայ փռուող այդ հրաշալի գորգը հետզհետէ կը գունափոխուի: Խոտերն ու ծաղիկները ուշաթափ կ՚ըլլան: Ցորենները, որ մինչեւ այդ օր իրենց գեղեցիկ երեւոյթովը գարնան ամենասիրուն հրաշալիքը կը պատկերացնէին, հիմա, կարծես դեղնութիւն մը պատեր է զիրենք: Կը մտմտան: Եւ սակայն սրտերն այս մահապարտեալներուն, նժոյգի մը պէս գլուխ կը բարձրացնեն: Կ՚ուզեն դիամդրել տաքին բոցեղէն հարուածներուն: Փշրել այդ հսկայ ուժը, որուն ձեռքերէն կրակ կը տեղայ անդադար:

Կենաց եւ մահու օրեր: Մէկ, երկու, երեք: Սարսափելի է: Ալ չեն կրնար դիմանալ։ Այս խեղճուկ դատապարտեալներու կեցուածքը կատղեցուցեր է այդ անհուն ուժը: Հիմա, աւելի անգութ է դարձեր: Կը հարուածէ աջ ու ձախ: Հրդեհի մը լափլփող բոցերուն պէս կ՚ըսես, կ՚այրէ բոլորը: Շատեր հակառակ իրենց ըմբոստացող կամքին, խաչին վրայ գամուող Յիսուսին պէս լուռ կը ծռեն գլուխնին, կը դեղնին:

Ու հիմակ, որ ալ չեն ըմբոստանար, որ նժոյգի մը պէս գլուխ չեն բարձրացներ, որ չեն հպարտանար իրենց գեղեցկութիւնովը, ցորենները, կը խորհիս, անհուն երկիւղածութեամբ մը կը քնանան ոտքի վրայ, աչքերնին խուփ:

Ամբողջ դաշտը, հրդեհի մը պէս բռնկեր կը վառի: Բոլոր միջատները, որ պատսպարուած էին թուփերու, ցօղուններու եւ տերեւներու շուքին տակ, այդ առաւօտ շուարուն, փսփսուք մը ինկեր էր իրենց մէջ: Ու դեռ լսեցէք, լսեցէ՛ք արեւի ծովուն յատակէն ողբերգը ծղրիթներու, որ ծնծղայի մը ձայնին պէս օղակ օղակ ցորեններու պատերուն զարնուելով՝ կը փշրուի ինքն իր մէջ:

Ու յանկարծ, գիւղացին հպարտ, հասակը կը ցցէ հօրենական արտին առջեւ: Աչքերը, որուն մէջ անուշ ժպիտ մը կը խաղայ, կը պտտցնէ մէկ ծայրէն միւսը: Կը նայի ուրախ եւ անկուշտ՝ ուր ցորենները հարսներու պէս լուռ, կը կենան ոտքի վրայ, խոնարհած:

Աղօթք մը շրթներուն, հնձուորը երեք անգամ խաչակնքելով երեսը, կը քաշէ մանգաղը մէջէքն եւ արտին աջ կողմէն կը սկսի քաղել ցորենը:

Ահա սպիտակ ձիաւոր մը: Գեղին ռէսն է: Մշակը վերցուց խուրձ մը եւ դրաւ ձիուն առջեւ:

-Մանղընիդ սուր եւ մէջքերնիդ զօրաւոր ըլլի, տղաք:

-Բարի եկար, հազա՜ր բարի, ռէս:

Ռէսը բանալով քսակը, քանի մը կտոր արծաթ կը սահեցնէ ափին մէջ: Երիտասարդը գոհունակութեամբ ետ դառնալով կը վերցնէ մանգաղը ու, կը սկսի քաղել աւելի արագ եւ եռանդուն:

Ասոնց ետեւ քանի մը հարսներ որայ կը կապեն: Ուրիշներ կը հաւաքեն խուրձերը եւ կը դիզեն: Ու այսպէս ուշացող ճամբորդի մը պէս, ցորենի արտը, կ՚ըսես, փէշերը գօտին կը զարնէ, կը վազէ:

Երբ խուրձերը կը վերցուին ու հնձուորը մանգաղը ձեռքը կ՚անցնի միւս արտը, անմիջապէս կը սկսի հասկահաւաքներու արշաւանքը:

Կը տեսնե՞ս այդ աղջիկները, որ կուժն առած հնձուորին ջուր բերելու կ՚երթան: Ի՞նչ սիրունիկ են: Այտերուն վրայ կարծես կակաչի ներկ քսեր են: Մազերը սեւ ու երկայն: Ու կուրծքերուն շղարշին տակ ասոնց, կը յայտնուին միսէ երկու գնդիկներ գինւոյ փարչերու պէս ուռած:

Ցորենի խոտերով լեցուն սայլ մը ճռնչելէն կ՚անցնի: Ուրիշ մը կալէն կը վերադառնայ: Մարգագետինին վրայ, խաշնարածները չարճճի աչքերով կը նային ջրկիր աղջիկներուն ու կը խնդան: Աւելի հեռուն, ծայրը դաշտին, արեւի կարմիր անձրեւին մէջէն կ՚երեւին երկու ստուերներ: Անդադար մանգաղ կը շարժեն: Ասոնք սակայն, տարիներու բեռան տակ կքած՝ ատեն ատեն շտկուելով կը սրբեն քրտինքը, որ ճռիկ աղբիւրի մը պէս կը վազէր իրենց ճակատէն: Քիչ մը անդին, ուռենիի մը շուքին տակ մանուկ մը անհոգ, ձմերուկի կեղեւներով սայլակ կը շինէ: Կը խաղայ:

Այդ ծերունի այրն ու կինը իմ բարի ծնողքս էին եւ մանուկը՝ իրենց ապագայ յոյսը, որ հիմա, արցունքի հեղեղ մը աչքերուն, կը պատմէ ձեզի յիշատակը այս անցնող՝ օրհնեալ օրերուն:

Հէ՜յ հունձքի օրեր, բարի օրեր, ձեր արեւուն պէս կարմիր կրակ մը կայ կուրծքիս տակ, որ անդադար կը ճարճատի, կը վառի… («Յառաջի սաները» (Ծաղկեփունջ), Փարիզ, 1939, էջ 30-34):

*

Ծատուր Պէրպէրեան բանաստեղծութիւններ ալ գրած է: Այստեղ կը ներկայացնենք անոր բանաստեղծութիւններէն «Խոստովանանք»ը:

Ադասդ

Իրիկուն էր, եւ ամէն կողմ լռութիւն,
Խաւար կր տիրէր.
Փողոցն ամբողջ քաղաքին ծոցն անհուն
Հանգիստ, անտարբեր։

Ու ես անվերջ երազներուս հետ այդ օր 
Տրտում, վշտահար, 
Կը քալէի ճամբորդի պէս ուխտաւոր 
Մինակ, մայթէն վար։

Ըստուեր մր յանկարծ խորհրդաւոր, դոդահար,
  Այդ ուշ գիշերին՝
Դէմըս կեցած սէր ու աղօթք կր կարդայ,
  Հոգւոյս տրտմագին։

Հայուհի մ՚էր սեւ աչերով, սեւահեր,
  Որ այդ իրիկուն,
Անկեղծօրէն իր սէրն ինծի կր յայտնէր 
  Սրտով մ՚երազուն։

- Եթէ գիտնաս թէ կը սիրեմ որքան քեզ.
  Ո՛վ իմ սիրական, 
Կը խորհիմ թէ դուն ալ պիտի զիս սիրես 
  Մինչեւ յաւիտեան։

(«Հայ Գիր» ամսագիրք, 1927, Մարսէյլ):

Ուրիշ բանաստեղծութիւն մը, «Հայրենիք» վերանգիրը կրող.

Ըսէ՛, ի՞նչ կայ, ի՞նչ բան կայ այս աշխարհի երեսին,
Որ ըլլայ ճիշդ քեզի պէս, քեզի նման թանկագին,
Դուն ամէն ինչ ես, գիտեմ, եւ ամէն բան քու մէջ կայ,-
Եւ ոսկեդար, եւ տաղանդ, փառք եւ մատեան հնամեայ:

Պզտիկ էի տակաւին, մայրիկըս երբ, բառ առ բառ,
Ուսոյց ինծի կարօտով անունըդ վեհ, սիրավառ,-
Ես այն ատեն ուխտեցի ըլլալ փարոս լուսաւոր
Ու փալփըլիլ գիւղերուդ, քաղաքներուդ ամէն օր:

Այսօր, ահա, որբ կեանքիս ծովուն վրայ ժպտերես,
Սիրտըս մակոյկ ըրած ինձ՝ թի կը շարժեմ դէպի քեզ,
Բայց երբ, յանկարծ, ծովամոյն անհետանամ քեզ համար
Ո՜վ հայրենիք, հաւատա՛, ցաւ չեմ զգար, չեմ զղջար:

Որովհետեւ դեռ շատե՜ր, հազարնե՜ր կան, որ արդէն
Այս տատասկոտ բայց ազնիւ ճամբան սիրով բռնած են,
Անոնք անվերջ պիտ՝ քալեն, պիտ՝ պայքարին անվարան,
Մինչեւ ըլլաս դուն մեզի, մենք քեզի տէր՝ յաւիտեան:

(«Յառաջի սաները» (Ծաղկեփունջ), Փարիզ, 1939, էջ 34):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունուար 10, 2026