ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԿԵԱՆՔ ՄԸ. ՄԱՐԿՐԻՏ ԷՆ ՊԱԼՔԼԻ

Կիներ կը կազմեն աշխարհի բնակչութեան մօտաւորապէս 50 տոկոսը։ Այսինքն՝ արտադրութեան եւ զարգացման ներուժի կէսը: Այնուամենայնիւ, սեռային անհաւասարութիւնը կը շարունակէ մնալ կիներու կեանքի ամենամեծ ընկերային եւ տնտեսական խոչընդոտը։ Սա թոյլ չի տար, որ այս ներուժը վերածուի կայուն ընկերային օգուտի, այսպէսով նաեւ կը խոչընդոտուի ընկերային զարգացումը։ Սեռային հաւասարութիւնը մարդու հիմնարար իրաւունքներէն է եւ նոյնպէս անհրաժեշտ է միջազգայնօրէն հաստատուած զարգացման նպատակներու յաջողութեան համար։ Սակայն կիներ տակաւին աւելի քիչ հասանելիութիւն ունին կրթութեան, արժանապատիւ աշխատանքի, հիմնական միջոցներու եւ ծառայութիւններու։

Կիներ դարեր շարունակ չեն կրցած հաւասարապէս օգտուիլ իրենց հիմնական իրաւունքներէն։ Պատմութեան ընթացքին կիներ երբեք հաւասար իրաւունքներու չեն տիրացած տղամարդոց հետ։ Հին ժամանակներէն ի վեր արական գերիշխանութիւնը շարունակած է՝ համարկուելով զանազան ընկերային կառոյցներու մէջ։ Թէեւ սեռային խտրականութիւնը դարեր շարունակ գոյութիւն ունեցած է, սակայն պատմութեան ընթացքին եղած են նաեւ կիներ, որոնք զանազան ձեւերով պայքարած են այդ անհաւասարութեան դէմ։

1865 թուականին բրիտանական բանակի յայտնի վիրաբոյժը՝ Ճէյմս Պերի մահացաւ փոխանցիկ հիւանդութեան մը պատճառով: Ըստ տեղեկութիւններու՝ վիրաբոյժի մահէն յետոյ պարզուեցաւ, որ ան իրականութեան մէջ Մարկրիտ Էն Պալքլի անունով կին մըն է: Այս իրադարձութենէն յետոյ սկսաւ երկարաժամկէտ բանավէճեր։ Ո՞վ էր Ճէյմս Պերին եւ ամենակարեւորը՝ ինչո՞ւ իր ամբողջ կեանքը թաքնուած էր տղամարդու հագուստին մէջ։

Իրլանտայի մէջ ծնած Մարկրիտ Էն Պալքլի յայտնի է բժշկութեան ոլորտէն ներս իր յատկանշական աշխատանքներով, սակայն իր անունը յաճախ չի յիշատակուիր իր կեանքի պատմութեան պատճառով:

Որպէս համեստ ընտանիքի անդամ՝ Մարկրիտ Պալքլի ստացած է հօրեղբօր աջակցութիւնը, որ նկարիչ էր, սակայն ան երիտասարդ տարիքին կը մահանայ։ Թէեւ այն ժամանակ կիներու համար անհնար էր կրթութիւն ստանալ՝ յատկապէս բժշկութեան նման ոլորտներէ ներս, սակայն Մարկրիտ Պալքլի չհրաժարեցաւ իր փափաքէն եւ որոշեց շարունակել իր ուսումը ստանալ իր հօրեղբօր անունով՝ Ճէյմս Պերի։

Բժշկական դպրոց ընդունուելէ յետոյ Պերի սկսաւ հագուիլ իր հօրեղբօր հագուստները եւ աւելի խոր ձայնով խօսիլ։ Թէեւ ընկերներն ու համալսարանի ղեկավարութիւնը կասկածամիտ էին, բայց յստակ եզրակացութեան չկրցան հասնիլ։ Այլ խոչընդոտն ալ այն էր, որ անոնք չէին ուզեր զինք տանիլ աւարտական քննութիւններու, բայց Պերի յաղթահարեց եւ կրցաւ անցնիլ եզրափակիչ փուլ եւ շրջանաւարտ ըլլալ՝ պահպանելով ընկերներու շրջանակը։

Ուսումը աւարտելէ յետոյ ան աշխատած է որպէս յայտնի վիրաբոյժներու օգնական եւ իր յաջողութիւններու շնորհիւ ան ծառայած է բրիտանական բանակին, ինչ որ օգնած է իրականացնել իր երազանքները։

Ան աւելի վերջ տեղափոխուած է Հարաւային Ափրիկէ եւ նշանակուած է որպէս վիրաբոյժ եւ տեսուչ բանակային հիւանդանոցի մէջ: Ան շարունակած է իր աշխատանքը որպէս տղամարդ եւ նոյնիսկ Ֆլորանս Նայթինկէյլ զինք անուանած է «ամենադժուար մարդը»: Ան առաւելագոյնի հասցուցած է իր յաջողութիւնները իր այցելած իւրաքանչիւր մարզի մէջ եւ ընդգծած է, որ առողջութեան պարագային ամենակարեւորը մաքրութիւնն է։ Ան ծառայած էր ինչպէս հարուստներուն, այնպէս ալ՝ աղքատներուն ու ստրուկներուն եւ նուազեցուցած է մահացութեան մակարդակը 90 տոկոսով: Ան նաեւ կատարած է առաջին յաջող «սեզարեան» ծննդաբերութիւնը եւ կրցած է կենդանի պահել մայրն ու երեխան։ Սակայն աւելի վերջ ան հեռացուած է տարածաշրջանէն՝ շրջապատի թշնամութեան պատճառով։

Վերադառնալով Անգլիա՝ Պերի որոշած է հեռանալ ռազմական բժիշկի մասնագիտութենէն եւ նախընտրած է առանձնութիւնը: Ան մահացած է փոխանցիկ հիւանդութեան մը պատճառով եւ յուղարկաւորութիւնը վարող բուժքոյրը հասկցած է, որ յայտնի բժիշկը իրականութեան մէջ կին էր: Բժիշկը, որ իր կենդանութեան օրօք չստացաւ իր արժանի յարգանքն ու արժէքը, այսօր յիշատակը վառ կը պահուի իր աշխատանքներու, ձեռքբերումներու եւ յաջողութիւններու շնորհիւ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 10, 2025