ՀՈՂԴԱՐԸ՝ ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻ ԱՐՁԱԿԻՆ ՄԷՋ
1910-1914 թուականներուն Սեբաստիոյ մէջ լոյս կը տեսնէ «Հողդար» շաբաթաթերթը, որուն կ՚աշխատակցէին Դանիէլ Վարուժանը, Կարապետ Գաբիկեանը, Թլկատինցին եւ այլ մտաւորականներ ու գրագէտներ: «Հողդար»ի մէջ կարգ մը գործերու կարգին Վարուժան կը տպագրէ «Ըղեղներ» արձակ բանաստեղծութիւնը, որ պատկերաւոր խոհ մըն է՝ մարդկային ուղեղներու մասին։ Դանիէլ Վարուժանի արձակէն է նաեւ Հողդարի մասին գրութիւնը․ Հողդարը Մխիթար Սեբաստացիի հայրենի գիւղակն է եւ Վարուժան, Սեբաստիոյ մէջ աշխատելու տարիներուն յաճախ կ՚այցելէր Հողդարի բլրակը եւ օր մըն ալ ծնած է այս արձակ գործը։ Իր քերթուածներու կողքին Դանիէլ Վարուժան գրած է նաեւ «Տիպարներ», «Ռահվիրաները» եւ այլ արձակ տպաւորիչ գրութիւններ։
ԸՂԵՂՆԵՐ
Ըղեղներ կան, որոնք սպունգներ են, որ ուրիշին հիւթը կը ծծեն. մէկ սեղմումով կը դատարկես զանոնք. անոնք միջակներու ըղեղներն են։
Ըղեղներ կան, որոնք մագաղաթներ են, որոնց վրայ փետրագրիչն է գրած եւ պողպատեայ գրիչը չի կրնար ջնջել, զանոնք ժամանակը միայն պիտի եղծանէ. կրօնամոլներուն ըղեղներն են։
Ըղեղներ կան, որոնք լեղիի պարկիկներ են. ծծել ուզողին շրթներուն վրայ ժահրաբոյր կը պատռին. անոնք չարերուն ըղեղներն են։
Ըղեղներ կան, որոնք աղիքներ են. եւ ընդունակ են ստամոքսի սնունդը միայն պարունակելու. անոնց մէջ գաղափարը ժանտատենդէ կը վարակուի. անոնք «շուկայիկ»ներու եւ խուժաններու ըղեղներն են։
***
Ըղեղներ կան, որոնք աւազակոյտեր են, անձրեւը, զոր անյագօրէն կը ծծեն՝ Արեւը միայն կրնայ չորցնել. անոնք բարիներուն ըղեղներն են։
Ըղեղներ կան, որոնք վառօդամաններ են, զոր կայծ մը բաւական է պայթեցնելու, եւ արիւնը բաւական է մարելու. անոնք հերոսներուն ըղեղներն են։
Ըղեղներ կան, որոնք ադամանդներ են, առանց ուրիշէ մը լոյս ծծելու՝ լոյս կ՚արտաբխեն, անոնք ո՛չ կը ծռին, ո՛չ կը գծուին, այլ կը փշրին, բայց չեն մարիր, անոնք բանաստեղծներուն ըղեղներն են։
Ըղեղներ կան, որոնք աշխարհներ են՝ միշտ արեւներու շուրջը դարձող. էակներու լեգէոններ կ՚ապրեցնեն. իրենց ծնունդն անծանօթ է՝ ինչպէս նաեւ իրենց վախճանը. անոնք Յաւիտենականութեան կը պատկանին, անոնք հանճարներու ըղեղներն են։
Ըղեղ մըն ալ կայ, զոր միւս ըղեղները կը մերժեն եւ սիրտը կ՚ընդունի եւ որուն անունը դեռ Սփինքսին բերանն է։ Ան Աստուծոյ ըղեղն է։
ՀՈՂԴԱՐԻ ԲԼՐԱԿԻՆ
Քու համեստ բարձունքիդ վրայ կանգնած կ՚ունկնդրեմ անմահութեան երգը չորս բուրումնաշունչ հովերուն, չորս հովերուն, որոնք ցորեաններու ծովերը յուզելով կու գան մազերուս մէջ նուագել տրտունջը հայրենի աւերումին եւ փառքը աստղապսակ Մարդուն, որուն օրոցքը օրօրուեցաւ քու մէկ բարի հիւղակիդ մէջ։
Կողիդ վրայ հայ տնակները բոյներու պէս ցանուած են նախնիներու շինարար ձեռքերով. տնակներ, որոնց պատերը կը ծեփէ ամառնային արեգակը եւ որոնց երդիքներուն վրայ, գիշերը, աստղերը մայրօրէն կը հսկեն, կ՚աղօթեն եւ կու լան իրենց մարգարտազօծ աչքերուն ծորան-ծորան արցունքով. տնակներ, որոնց դռնակները արշալոյսները կը բանան եւ լուսընկաները կը փակեն։
Քու գորշ հողդ ծոթրին կը բուրէ, եւ կաւդ է լուսազանգ, որոնց վրայ հայկակները տատրակներու պէս կը պառկին եւ հսկաներու պէս կ՚արթննան. քու կա՜ւդ, քու կա՜ւդ կակուղ եւ արեւէն խորխոլած, հատիկ առ հատիկ, փոշի առ փոշի, հազարաւոր սերունդներու սրտերը շաղեց եւ երակներն հոսեցուց, մանուկներուն մէջ վարդեր ծլարձակեց, պարմաններուն մէջ՝ զօրութիւնն առնական եւ նահապետներուն մէջ՝ անմահութիւն. երեխաներու այտերէն եւ ալեզարդ մօրուքներէն ծերերու քու կաւդ է, որ կը հոսի վարդերու եւ շուշաններու իսկութեան պէս։
Ես կը սիրեմ աղբիւրներդ, բարբարոս քերթուածներ՝ քանդակուած անտաշ քարերու մէջ, որոնց վրայ կ՚աճի մամուռը սնդուս. դուռներուն վրայ կաբիրուհին կը նստի. իր քօղին խաղաղութեան մէջէն, երբ ան կը հակի ջուրերուդ վրայ օծելու համար իր աչքերը բոցանուտ, ակերդ կը վառին. աղբիւրներդ կ՚արշալուսնան, եւ անոնց միօրինակ երգը աստղերու պէս կը քաղցրանայ։ Ես կը սիրեմ ուռիներդ հովանաւոր, որոնք խորախորհուրդ մրմունջներուն մէջ կը ծրարեն զքեզ, եւ կը խորհիմ անոնց շուքին տակ խաղացող բոպիկ մանուկներուն վրայ։
Քու վրադ ալ, ո՜վ բլրակ, քու վրադ ալ օր մը կանգ առաւ Բեթղեհէմի աստղը, ու իր ճաճանչները քու կտուրներուդ վրայ ալ սլաքուեցան։ Խրճիթի մը դուռը ճռնչեց, եւ դուրս ելաւ Մանուկ մը դեդեւուն քայլերով, տժգունօրէն գեղեցիկ, արշալոյսի առաջին համբոյրովը զգաց, որ ճակատին վրայ Աստուծոյ շրթունքը դպաւ։ Ամբողջ քու ծոթրինաբոյր հողովդ բեռնաւոր՝ թողուց հովերդ ու ծառերդ, աղբիւրներդ ու հիւղակներդ, գնա՜ց, գնա՜ց հեռաւոր ձեռքէ մը առաջնորդուած, բայց իր ոտքերուն հետքերը ստորոտիդ վրայ անունիդ յաւերժացումը գրեցին։
Հողդարցի Մխիթարն էր քու, մանուկդ եւ հայրենիքի ծերունին։ Հայկական դարերու յաղթութեան կամարը քու կաւովդ ու շաղախովդ կերտեց. եւ գաղափարի անմատչելի կատարները քու տրեխներովդ բարձրացաւ։ Կնգուղ առաւ բարի ըլլալու համար եւ գրիչ առաւ մեծ ըլլալու համար, եւ վանքերու սպիտակափառ պատերուն խորը, երբ գլուխը ձեռքերուն մէջ ըղեղին տրոփիւնները կ՚ունկնդրէր՝ հայրենի աւերակները իրենց լուսածրար ընդերքներուն մէջէն անհունօրէն խայտացին, պարիսպներու տակ ցանուած ոսկորները շուշանացան, մարգարտակուռ մագաղաթները լուսնադէմի երկնքին պէս տակաւ առ տակաւ սռնանալ սկսան: Հողդարի ճրագը Արարատի արեւը եղաւ:
Եւ ես այժմ, ո՛վ բլրակ, համեստ բարձունքիդ վրայ կանգնած կ՚ունկնդրեմ Անմահութեան երգը չորս բուրումնաշունչ հովերուն, որոնք մազերուս մէջ կ՚երգեն տրտունջը աւերումին եւ մրմունջը շուրջդ ծովացած ցորեաններուն: Եւ իմ ճամբորդի ցուպիս ծայրով քեզ կը բերեմ ողջոյնը Մխիթարի սերունդին եւ կը ծորեմ օրհնութիւնը Հիւրմիւզներու, Բագրատունիներու եւ դաշնակաւոր Ալիշանին, եւ ըղեղս՝ հպարտ կը զգայ զինք հպարտութեամբը Մխիթարեան Իտէալին եւ համբոյրովը քու հողիդ լուսազանգ։
ՏԻՊԱՐՆԵՐ
Բարթող աղան բարի մարդ մըն է, բոլոր անոնցմէ, որոնք մեզ կը տրամադրեն այդպէս կոչելու զիրենք։ Ան կարող չէ չար ըլլալու, եթէ բաղձայ իսկ, եւ ոչ ալ կրնայ առաքինի ըլլալ (բառին տառական առումովը)։ Մեծ չար մը եւ մեծ առաքինի մը ըլլալու համար տաղանդ պէտք է։ Ան տաղանդ չունի, այսուհանդերձ զինք կը կոչենք տիպար մարդ. այնքա՜ն մենք վարժ ենք միջակութիւնը փառաբանելու, վասնզի մենք այնքան միջակ ենք եւ մեր յարաբերութիւններուն մէջ կը խուսափինք տաղանդէն եւ հանճարէն եւ անոնց բախումներէն. այդ խուսափումը մեր մէջ կը մատնէ ինքասիրութիւնը, եւ միջակ մարդուն մէջ ինքնասիրութիւնը քօղազերծ կ՚ընէ փոքր եւ ծաղրելի հոգի մը։ Ես կը սիրեմ Բարթող աղան պարզ անոր համար, որ ստեղծուած արարած մըն է, անոր համար, որ երբ դուրս գալ ուզեմ հոգեկան գալարումներէս, մտածումներուս պարտասիչ այլազանութենէն, թռիչներէս եւ անկումներէս, անի՛կա միայն կը գտնեմ, որ իր տափակութեամբ միտքս կը հանգչեցնէ եւ իր լաւատես միապաղաղութեամբ ինծի խորհիլ տայ, թէ իմ ճիգերս գերմարդկային են, եւ թէ յատակի մարդկութեան վրայ դեռ կրնամ լայն շուք մը տարածել։ Բարթող աղան մահն է կեանքին մէջ, կամ լաւ եւս ըսեմ՝ իր հոգիին մահը կ՚ապրի անմահ մը, որ յաւիտենական քունէն նուազ խորհրդաւոր է, բայց աւելի արգահատելի եւ հետաքրքիր մանաւանդ անոնց համար, որոնք կոչուած են մարդ էակը բարձրացնելու։ Երբ առանձին ենք Բարթող աղային հետ, ինքնաբերաբար կը խօսինք ամենէն շատ ծեծուած եւ ծանծաղ նիւթերու վրայ, որոնք անցեալին կը պատկանին իրենց ծնած օրէն իսկ. սակայն երբեմն ես կը խորհիմ, թէ ամենէն յաւիտենական նիւթերն ատոնք են միայն, քանի որ յաւիտենական են զանոնք հասկցող աղէկ մարդիկը։ Եւ այս մտածումը ստէպ զիս կը տանջէ. ես, որ հաւատքը ունիմ մարդ էակին յեղափոխումին դէպի գերմարդը, դէպի կիսաստուածները, զոր մեր պապերը իրենց ծոցին մէջ ունեցան, երբ վրանէն դեռ չէր վերցեր Աստուծոյ ստեղծագործ տաք մատը։ Մեր խօսակցութիւններուն ժամանակ միշտ իմ եռապատիկս կը խօսի ան. եւ ես իր խօսածին մէջ երրորդին կ՚ունկնդրեմ։ Օ՜, որչա՜փ պէտք էին լռութեան պատկանիլ եւ դժբախտաբար չեն պատկանիր։ Բարթող աղան եւ իր նմանները ուղտերն են ամայի անապատին, որուն մատիկ մը խոտը օրերով կ՚որոճան՝ վե՛ր բերելով իրենց լայնածաւալ ստամոքսէն։ Ան իր յայտնած գաղափարներուն մէջ -չըսեմ ԻՐ գաղափարներուն մէջ- կատարելապէս հին է, բայց ոչ այն քաղցրաբոյր հնութիւնը, զոր ես թանգարաններուն մէջ կը սիրեմ յառաջդիմութեան իբրեւ հիմ ծառայելուն համար, այլ տեսակ մը փտութիւն՝ նման շաղփաղփուն շէնքերու թափթփող ծեփին։ Նորութիւն եւ այլազանութիւն՝ քաղաքակրթութեան այդ էական մասերը օտար են այդ միջակ մարդէն։ Ինք զանոնք կ՚ատէ, վասնզի չի՛ կրնար հասկնալ եւ եթէ հասկնայ իսկ՝ չի՛ կրնար մարսել ա՛յն ըղեղով, որ աղիքէ մը տարբերութիւն չունի։ Ժամերով փորձած եմ զինք հպատակեցնել նորագոյն իտէալներու, քանի որ խորհած եմ, թէ իտէալով մարդ միայն կը տարբերի անասուններէն։ Եւ մարդ կատարելութեան մօտենալու համար ո՞չ ապաքէն քիչ մը մարգարէ պէտք է ըլլայ։ Հոգին ապագային տիրապետութեան համար ստեղծուած է, եւ այն հոգին, որ ապագան չ՚ըներ իրեն որսը, ինքը կ՚ըլլայ որսը ժամանակ ջնջումին այդպիսի հոգիի մը աչքերը բացուած են միայն ծոծրակին վրայ, եւ կը տեսնէ անցեալը միայն եւ անցաւոր է մարմինին նման եւ մարմնին հետ։ Բարթող աղան երբեմն ինծի կ՚ունկնդրէ նաեւ, եւ երբեք չըլլար, որ չտայ ինծի հաւանութիւն, հաւանութիւն մը, որ ոչ թէ նպատակ ունի հաստատելու զիս իմ միտքերուս մէջ, այլ փութացնելու անոնց վերջակէտը։ Ան կ՚ատէ իմ գաղափարներս եւ չ՚ըսեր, թէ կ՚ատէ. այնքա՜ն միջակ մարդը կը վախէ բախումներէ։ Բայց ես ստէպ լսած եմ, որ ուրիշ վայրերու մէջ, ուրիշ միջակներու պատմած է ան, թէ ես կատարեալ երազող մըն եմ եւ տեսակ մը խենթ, արժանի միայն Յայտնութեան Գիրքին հեղինակը կոչուելու։
Բարթող աղան հիանալ չի՛ գիտեր. գիտէ զարմանալ. վասնզի հիացումն ըմբռնում կը պահանջէ բարձր նորութիւններու եւ ճշմարտութիւններու, որոնք ապագայէն կու գան։ Ան կը զարմանայ, վասնզի չի՛ հասկնար, չի՛ հասկնար, վասնզի հոգին ձգտումներ չունի։ Ձգտումը ներշնչման ատակ հոգիներու յատուկ է։ Բարթող աղան չի ձգտիր, որովհետեւ ինքնագոհ է. ան կ՚ընդունի եւ կը հպատակի եւ զարմանալի է, ան կը հպատակի ոչնչութիւններու, որդերու, բաւական է, որ որդերը պսակուած ըլլան։ Նիւթերը չ՚ եփեր, այլ ուրիշներէ եփած նիւթերը կը մարսէ։ Կան մարդիկ, որ եւ ոչ իսկ կրնան մարսել, ինք անոնցմէ չէ. անոնք յատակի մարդիկ են։ Բարթող աղան ոչ բարձրն է եւ ոչ ստորը. ան բրինձը չէ, որ յատակը կ՚իջնէ, եւ ոչ ալ արգանակը, որ վրան կ՚ելլէ, այլ անիկա ապուրին ջուրն է, որ մէջտեղը կը մնայ։ Ան միջակ մարդն է։
Եթէ հարցնէք, թէ ո՛րն է իրեն համար իտէալ կառավարութիւնը՝ պիտի պատասխանէ. «Այ՛ն Սահմանադրական Միապետութիւնը, որ Լուի Ֆիլիպով իրագործուեցաւ»։
Եթէ հարցնէք, թէ ո՛րն է իր սիրած կինը՝ պիտի պատասխանէ. «Այ՛ն կինը, որ բեղնաւոր կողեր ունի եւ գաւաթ մը ջուր հրամցնելէ վերջ ձեռք կը պագնէ»։
Եթէ հարցնէք, թէ ո՛րն է իր նախընտրած հրապարակագիրը. «Երուանդ Տէր-Անդրէասեանը» պիտի պատասխանէ. վասնզի միջակ մարդ է Բարթող աղան։
ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐԸ
Մկրտիչ Փորթուգալեանին
Հայաստանի Ռահվիրանե՜րն են։
Հագած չե՛ն կօշիկ երկաթակուռ, եւ ո՛չ ալ ունին ցուպը տապարաւոր։ Բոպիկ են մանուկի մը պէս, եւ իրենց ձեռքերը սպիտակ ու մերկ են շուշանի մը թերթերուն նման։ Բայց շողիւններ կ՚արշալուսեն իրենց աչքերը, եւ հաւատքի ճառագայթ մը, թովչակա՛ն փոկեպարան, կը սեղմապնդէ իրենց մէջքը։
Եւ ճամբաները, իրենց առջեւ, կը փեռեկին ապառաժներու կուրծքին մէջէն։
Լեռները, վար խոնարհած ամպերէն, շարան-շարան, ուղտերու պէս, կռնակնին կը ծռեն անոնց քայլերուն ներքեւ։ Երկինքը հուր կը տեղայ, ու երկիրը արեւը կը զգայռէ շուրջը այդ նորօրինակ առաքեալներուն՝ որոնք կ՚երթան, անվհատ, կանչուած անծանօթ շեփորէ մը։
Դէպի Երկի՜րը, զոր անցնող դարերը, բոլոր դարերը շարժումի եւ լոյսի, մոռցած են աղէտաւոր աստղի մը տակ եւ որուն ընդերքները հերկած է միմիայն ոճիրը իր ճիրաններով ու սերմանած՝ իր թաթերով։
Դէպի Երկի՜րը, որուն իւրաքանչիւր օրոցքին վրայ կռունկը կու լայ, իւրաքանչիւր գերեզմանի վերեւ բորենին կը հսկէ։
Դէպի Երկի՜րը, որուն փետրաթափ աղաւնիները ստիպուած են խլել իրենց կերը ագռաւներու կտուցէն, եւ մարդիկ իրենց կերակուրը՝ շնագայլերու ցռուկէն, եւ որուն աւերակներուն կատարին Սովը, ճիւաղի պէս կանգուն, կ՚ոռնայ խրճիթէ խրճիթ, հորիզոնէ հորիզոն։
Դէպի Երկի՜րը, որուն դրախտը գետնասոյզ կորսուած է աճիւններո՜ւ, աճիւններու՜ տակ, զոր հ[իւ]սեցին սգաւոր մայրերը իրենց մազերէն, ու դարաւոր կմախքները իրենց մսաթափ ծնօտներէն։
Եւ ճամբաները կը բացուին դէպի այդ Երկի՜րը, եւ անոնք, Հայաստանի Ռահվիրաները, կ՚անցնին լուսաւոր երեւոյթներու պէս։
Իրենց առջեւ կը ցամքեցնեն ճահիճները գորտերու կառանչիւններուն վրայ, կը կամրջեն Եփրատը, զանակներով կը խճազարդեն ափունքները Իրիսին եւ Ալիսին։ Կը դարբնեն Արտոսի լեռնաշղթաները ու իտէալին մարմարներով կը սալարկեն ուղիները ջորիներուն եւ կածանները այծերուն։
Ճամբաներ, նորահրա՛շ ճամբաներ են, զոր կը յորդեն սիրտէ եւ սերունդէ սերունդ, ու իրենց աղաղակին, կուրծքին առջեւ կը լայննան ու կ՚երկարաձգուին պողոտաներն արեւատառ, ուրկէ պիտի քալէր, ապագային, տենդայոյզ յեղափոխութիւնը Հայկական, սուրը՝ ձեռքին, ջահը գանկին մէջ։
Անոնց շունչը, իբրեւ գարունի զեփիւռ, կը բանայ դուռները մոռցուած հիւղակներուն, ուր հաւատքը վառիլ կը սկսի թոնիրներուն բոցին պէս։
Անոնց սպիտակ ձեռքերը՝ աթարով ծեփուած գոմերուն օրհնուած հիմունքին վրայ կը բարձրացնեն տաճարները լոյսին, ուր կը ծնանի գաղափարը, ինչպէս մանուկ Յիսուսը մսուրի մը ոսկի յարդերուն վրայ։
Եւ անոնց խօսքը, փայլակնաթափ որոտում, կը փրթի ամպերուն եւ կայծակներուն կողէն, եւ ստուարացած, լեռնացած արձագանգէ արձագանգ, կը տարածուի եւ կ՚ողողէ մէկ ծագէն միւսը հայրենի աշխարհը բովանդակ։
Կը ծաղկի՜ վերածնունդը։
Նշենիները ծիրանի կը զգենուն բլուրներուն վրայ։
Հնոցներու՛ն մէջ կը նետուին խոփերը, եւ այս անգամ ապրուած դէզերուն խարոյկին մէջն է, որ կը ծնանին կտրիճները ու նոր հարսերը, բոլոր նոր հարսերը վարդենիներուն մէջ, կ՚ունենան կարմիր յղացումներ կարմիր որդիներու։
Արեւածագի հորիզոնին խորը, ուր գիշերը կ՚ողջակիզուի, կը զարթնու հրդեհը յաջորդող օրուան։
Եւ անոնք, բոլոր սգակիրները բոլոր վիրաւորներուն հետ, բոլոր շիրիմները բոլոր խանձարուրներուն հետ՝ քանդուող խաւարին փլատակներէն կ՚ելլեն դուրս, վա՛րը, նորաբաց ճամբաներուն վրայ՝ սալարկուած Հայաստանի Ռահվիրաներէն։ Եւ առաջին անգամ, հո՛ն, մեծ պողոտային վրայ կը հաւաքեն բովանդակ բուռերով ու բովանդակ հոգիներով բոցն ու վարդերն այն Արշալոյսին, որ Վարազի կռնակէն կը բացուի, հա՛ կը բացուի՝ այս անգամ արիւնածուփ ծովու մը պէս։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ