ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ. ՄՍՈՒՐԻ ՏԵՍԱՐԱՆԸ՝ ՀԻՆԱՒՈՒՐՑ ԵՒ ՆՈՐ
Աստուածային լոյսով ողողուած Սուրբ Ծննդեան տօնը դարերու ընթացքին իր մէջ ներառած է հին եւ նոր մշակութային շերտեր, որոնց միաձուլումէն ծնած են հարուստ պատկերապատումներ, աւանդութիւններ եւ խորհրդանշական ձեւեր։
Մեր ժամանակի աչքերով դիտուած՝ այս տօնը ո՛չ միայն հոգեկան ապրում կը պարգեւէ, այլ նաեւ ստեղծագործական անմիջական արտայայտութիւն մըն է եւ տեսանելի կը դարձնէ մարդկային զգացումներու, հաւատքի եւ սիրոյ անժամանցելի խորհրդանիշները։ Եւ այս շարքին առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Սուրբ Ծննդեան տիկնիկարկղը՝ տօնական գեղարուեստի եւ մանրանկարչութեան հմայիչ միութիւն մը, որուն մէջ կը միահիւսուին աստուածաշնչեան պատմութիւններն ու ժողովրդական պատկերացումները։
Տարուայ այս եղանակին նոր շունչ առնելով՝ Սուրբ Ծննդեան տիկնիկարկղը կրօնական խորհրդանիշէն կը դառնայ մշակութային յիշողութեան կենդանի արտայայտութիւն մը՝ շարունակ վերափոխուելով, սակայն երբեք չկորսնցնելով իր էութիւնը։
ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԻԿՆԻԿԱՐԿՂԸ՝ ՄՍՈՒՐԻ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՏԵՍԱՐԱՆԸ
Փոքրիկ, բայց խորիմաստ աշխարհ մըն է Սուրբ Ծննդեան տիկնիկարկղը՝ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան տեսարաններու վերարտադրութիւնը՝ զանազան կերպարներու եւ նիւթերու միջոցաւ։ Կենդանի պատմութիւն մը կը ձեւաւորուի նման արկղերու մէջ, ուր իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն, իւրաքանչիւր առարկայ կամ քանդակ իր խորհրդանշական բովանդակութիւնը ունի։ Այս սիրով պատրաստուած տօնական արկղերը կ՚օգտագործուին արուեստի զանազան բնագաւառներու մէջ՝ սկսեալ քանդակագործութենէն ու տիկնիկային թատրոնէն մինչեւ կենդանի ներկայացումներ, ուր դերասանները կը մարմնաւորեն աւետարանական նիւթերը։
ԱՐԿՂԵՐՈՒՆ ՏԵՍԱԿՆԵՐԸ
Այսպիսի արկղերը լայն տարածում գտած են մանաւանդ կաթողիկէութիւն դաւանող երկիրներու մշակոյթին մէջ։ Մեքենայական տիկնիկարկղերը կամ արկղային յօրինումները կը տարբերին շարժուն կերպարներով, որոնք կ՚աշխատին ծածուկ շարժասարքերու օգնութեամբ։ Այսպիսի արկղեր յաճախ կը ցուցադրուին թատրոններու կամ տօնական ձեռնարկներու ընթացքին, երբեմն ալ՝ մարդ-դերասաններու մասնակցութեամբ։ Մեծ մասամբ տարածուած են Լեհաստանի, Ուքրայնայի, Սպիտակ Ռուսիոյ, Ռուսաստանի որոշ շրջաններու, նաեւ այլ հիւսիսային երկիրներ մէջ։ Այս մշակոյթը եղանակային գեղարուեստական ցուցադրութիւն մըն է եւ միշտ կապուած է Սուրբ Ծնունդին հետ։
ԿԵՆԴԱՆԻ ՏԻԿՆԻԿԱՐԿՂ
Կենդանի տիկնիկարկղի պարագային քարն ու փայտը, լուռ կերպարներն ու անշարժ տեսարանները իրենց տեղը կը զիջին մարդուն։ Այստեղ կերպարները այլեւս լուռ չեն, այլ կը խաղցուին․ մարդիկ կը դառնան հովիւ, մոգ, հրեշտակ կամ անցորդ՝ մարմնաւորելով Սուրբ Ծննդեան պատմութեան կերպարները իրենց ձայնով, շարժումով եւ ներկայութեամբ։
Այս տեսակ տիկնիկարկղերը անբաժանելիօրէն կապուած են Սուրբ Ծննդեան տօներուն հետ։ Եթէ քանդակազարդ հաւաքածոները կը բացուին դիտման համար եւ կը սպասեն լուռ հայեացքին, ապա կենդանի ներկայացումները կը ծաւալին միայն այս օրերուն ընթացքին՝ որպէս անցողիկ, բայց խոր ազդեցութիւն ձգող թատերական պահեր։ Անոնք կու գան ու կ՚անցնին տօնին հետ միասին եւ այդ անցողիկութիւնն է, որ կենդանի տիկնիկարկղին կը պարգեւէ իր առանձնայատուկ հմայքը։
Ատկէ զատ, Սուրբ Ծննդեան տիկնիկարկղը իր բազմազան կերպարներով եւ մանրամասն մշակուած տեսարաններով կը տեղադրուի եկեղեցիներու եւ հասարակական սրահներու մէջ, տուներէ ներս՝ Կաղանդի ծառերուն քով կամ զատ անկիւններ կը գրաւէ, անոնք կը դրուին խանութներու ցուցափեղկերուն մէջ կամ փողոցներու ու հրապարակներու տօնական զարդարանքին մաս կը կազմեն։ Այս ձեւով զայն կը վերածուի տարածքը կենդանացնող մշակութային ներկայութեան մը՝ ստեղծելով փոքրիկ, բայց հարուստ ու տպաւորիչ տօնական աշխարհ մը, ուր հաւատքը, աւանդութիւնը եւ գեղարուեստական երեւակայութիւնը կը հանդիպին եւ կը հաղորդուին ամէն անցորդի ու դիտողի հետ։
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Առաջին կենդանի տիկնիկարկղը կազմակերպած է Սուրբ Ֆրանսիս Ասսիզեցին 1223 թուականին՝ Իտալիոյ Կրեճիօ գիւղին մէջ։ Ան ներշնչուած էր Սուրբ Երկիր կատարած իր ուխտագնացութենէն։ Ասիկա սկիզբ դարձաւ տիկնիկարկղի՝ որպէս տօնական աւանդութեան տարածման, մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ եւ շուտով տարածուեցաւ ամբողջ Եւրոպայով։
Ժամանակի ընթացքին իւրաքանչիւր երկիր ստեղծեց իր առանձնայատուկ ոճը։ Նափոլիի մէջ, օրինակ, տիկնիկարկղերը վերածուեցան մանրակրկիտ արուեստի գործերու, որոնց մէջ աստուածաշնչեան նիւթը միահիւսուեցաւ ժամանակի քաղաքային կեանքին հետ։
Ստեղծուեցան նաեւ թուղթէ, կաւէ, փայտէ համեստ հաւաքածոներ։
ՀԱՒԱՔԱԾՈՅԻՆ ՏԱՐՐԵՐԸ
Դիտելով Սուրբ Ծննդեան տիկնիկարկղի անձնակազմը, նկատելի է, որ հաւաքածոն, ընդհանրապէս, չի սահմանափակուիր Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան մէկ առանձին պահի պատկերումով, այլ կը ներառէ դէպքերու ամբողջական շարանը։ Առաւել՝ յաճախ ներկայացուած են մոգերու ու հովիւներու երկրպագութիւնները, որոնք, քրիստոնէական աւանդութեան համաձայն, տեղի ունեցած են զանազան ժամանակներու մէջ։ Այս ժամանակային բազմաշերտութիւնը տիկնիկարկղին կը հաղորդէ նախ պատմողական խորութիւն, ապա՝ շարժում՝ դէպքէ դէպք, խորհրդանիշէ խորհրդանիշ։
Լայնածաւալ եւ բազմակերպար հաւաքածոներուն մէջ զատ բովանդակութիւններով նկատելի են աւետարանական կամ այլ պատմութիւններ՝ ինչպէս Եգիպտոս փախուստը կամ Մանուկներու կոտորածը։ Այս տեսարանները, թէեւ ծանր ու սրտայոյզ են, բայց կը մտնեն տիկնիկարկղային աշխարհի մէջ՝ որպէս փրկութեան պատմութեան անբաժան մասեր։
Բայց եւ այնպէս, տիկնիկարկղի անփոփոխ անձնակազմին մէջ ներկայ են Կոյս Մարիամը, Մանուկ Յիսուսը (գրեթէ միշտ) եւ Սուրբ Յովսէփը։ Ուղղափառ եկեղեցիներու աւանդութեան մէջ երբեմն այս կերպարներու կողքին կը գործածուին նաեւ Սուրբ Ծննդեան սրբապատկերներ, որոնք կը ներկայացուին մեծցուած չափերով՝ դերասաններու կամ կերպարներու միւս մասնակիցներուն նման։ Մանուկ Յիսուսը յաճախ կը պատկերուի մսուրի մէջ պառկած, ինչպէս կը նկարագրուի Ղուկասի Աւետարանին մէջ։ Իսկ երբ տիկնիկարկղի հիմնական նիւթը մոգերու երկրպագութիւնն է, Յիսուս Քրիստոսը, ըստ աւանդութեան, կը ներկայացուի նստած իր մօր՝ Մարիամին գիրկը։
Եզն ու էշը, որոնք աւանդութեան համաձայն իրենց տաք շունչով կը տաքցնեն մանուկը, տիկնիկարկղային արուեստին մէջ գրեթէ անբաժան ներկայութիւն են։ Թէեւ անոնք կանոնական աւետարանական բնաբանի մաս չեն կազմեր, այդուհանդերձ, անոնց պատկերներու կարելի է հանդիպիլ վաղ քրիստոնէական արուեստի մէջ։ Այս երեւոյթը կը կապուի Եսայի մարգարէի վկայութեան հետ, ուր կենդանիներու ճանաչողութիւնը կը հակադրուի մարդկային անտարբերութեան։
Հովիւները՝ ոչխարներով շրջապատուած, տիկնիկարկղի ամենէն մարդկային եւ հողին մօտ կերպարներն են։ Հովիւներուն մէկը յաճախ կը պատկերուի գառնուկ մը ուսերուն կամ ձեռքերուն։ Այս մանրուքը պարզ պատկեր մը չէ, այլ աստուածաբանական ակնարկ մը՝ զոհաբերութեան եւ փրկութեան գաղափարին։
Հրեշտակ մը կամ հրեշտակներու բազմութիւն մը գրեթէ միշտ կը ներկայանայ տիկնիկարկղին մէջ։ Ուղղափառ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն՝ ծննդեան աւետիսը յայտնած է Գաբրիէլ հրեշտակապետը։ Սակայն տիկնիկարկղի ծաւալէն, տուեալ շրջանի աւանդութիւններէն եւ հեղինակի երեւակայութենէն կախեալ՝ հաւաքածոյին մէջ կրնան ներառուիլ նաեւ այլ կերպարներ՝ ծառաներ, բազմաթիւ մոգեր (երբեմն տասնեակի հասնող), անոնց ուղտերը, ձիերը եւ նոյնիսկ փիղերը, ինչպէս նաեւ Հրէաստանի բազմաթիւ բնակիչներ, զանազան կենդանիներ ու թռչուններ։
Յաճախ խօսք կ՚ըլլայ միայն մսուրին մասին, ուր պառկած է Մանուկը։ Հաւանաբար այս պարզեցումը կը բացատրուի այն հանգամանքով, որ կաթողիկէ երկիրներու աւանդական տիկնիկարկղերուն մէջ քարանձաւին հետ միասին կը պատկերուի նաեւ խրճիթ մը կամ այլ շինութիւն մը, որոնք հովիւներուն կողմէ կրնային գործածուիլ։ Այդ շինութիւնները մեծ մասամբ իրենց վրայ կը կրէին տուեալ շրջանի ճարտարապետական գիծերը՝ դարձնելով տիկնիկարկղը ո՛չ միայն կրօնական, այլ նաեւ տեղական մշակոյթի հայելին։
Տիկնիկարկղային հաւաքածոներու չափերը լիովին տարբեր են։ Բազմակերպար եւ արտայայտչական միջոցներու ձգտումը երբեմն բերած է անսովոր չափերու տիկնիկարկղերու ստեղծման՝ ընկոյզի կեղեւին մէջ տեղաւորուող մանր կերպարներէն մինչեւ բազմամեթր հսկայական արձաններ։
Նէափոլիթանական տիկնիկարկղերը իրականութեան մէջ կը պատկերեն ո՛չ թէ Բեթղեհէմը, այլ 18-րդ դարու Նափոլին՝ ազնուականներով, վաճառականներով եւ առօրեայ կեանքի տեսարաններով։
Չեխիոյ մէջ գոյութիւն ունին աշխարհահռչակ մեքենական տիկնիկարկղեր, ներառեալ՝ աշխարհի ամենէն մեծը («Կինես»ի համաշխարհային մրցանիշներու գիրքին մէջ ներառուած)։ Ամենէն մեծ այս հաւաքածոն կը ներառէ 1389 մարդ եւ կենդանի կերպարներ, որոնցմէ 133-ը շարժունակ են, իսկ ամբողջ հաւաքածոն ունի շուրջ 60 մեթր քառակուսի տարածք։ Ուշագրաւ է, որ այս բարդ կառուցուածքը Թոմաս Քրիզայի կողմէ ստեղծուած է կենցաղային գործիքներով՝ իր մանուկ հասակէն սկսած՝ վաթսուն տարիներ։ Այս ներկայացումը պահպանուած է Եինդրխով Հրադեց թանգարանին մէջ։
Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ երկար տարիներ տարածուած են «շոփքա» կոչուած Սուրբ Ծննդեան տեսարանները, որոնց առանձնայատկութիւնը այն է, որ զայն պատրաստողները Քրիստոսի ծնունդի պատկերը կը միացնեն քաղաքի պատմական ճարտարապետութեան բեմախաղերուն՝ բազմաստիճան, գունաւոր եւ զարդանախշ։ Քրաքովի մէջ ամէն տարի տեղի կ՚ունենայ շոփքաներու մրցոյթ, որուն հմուտ վարպետներն ու սկսնակները կը ներկայացնեն իրենց պատրաստածը։ Այս երեւոյթը նոյնիսկ ընդգրկուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ։
1996 թուականին Կրասի (Աւստրիա) մէջ առաջին անգամ ստեղծուեց Սուրբ Ծննդեան սառցեայ տեսարան՝ 23 թոն սառէն։
Ֆրանսայի Փրովանս շրջանին մէջ տարածուած են «սանթոն» կոչուած փոքր ձեռքի գործ նկարուած տիկնիկները, որոնք մինչեւ այսօր աւանդական քրիստոնէական կերպարներուն հետ միատեղ կը ներկայացուին, կը վաճառուին եւ կը ցուցադրուին։
Փիլիպեաններու մէջ ալ տիկնիկարկղը համազգային խորհրդանիշ է եւ կը զուգորդուի լուսաւոր լապտերներով։
Քանի մը երկիրներու մէջ տիկնիկարկղերը յառաջացուցած են դատական վէճեր՝ հանրային տարածքներուն մէջ ցուցադրութեան պատճառով, բայց ընդհանրապէս զայն կը մնայ խորհրդաւոր, սիրելի եւ սպասուած երեւոյթ մը՝ տօնական օրերուն։
ՆԻՒԹ ԵՒ ԿԵՐՊԱՐՆԵՐ
Տիկնիկարկղային ներկայացումը սովորաբար կը բաղկանայ երկու մասէ։ Առաջին մասը կը լուսաբանէ աստուածաշնչեան դէպքերը․ հրեշտակները կը փառաբանեն Քրիստոսը, հովիւներն ու մոգերը կ՚երկրպագեն Մանուկ Յիսուսին։ Ապա ստորին յարկին վրայ կը ներկայացուին Մանուկներու կոտորածը, Հերովդէսի մահը կամ ինքնասպանութիւնը։ Երբեմն նիւթը կը զարգանայ զանազան յարկերու մէջ։ Նախ մոգերը կը ներկայանան Հերովդէսին (ստորին յարկ), ապա կը խոնարհին Մանուկին (վերին յարկ), որուն ետեւէն գործողութիւնները դարձեալ կը շարունակուին ստորին յարկին վրայ։
Երկրորդ մասը ժողովրդական կատակերգական ներկայացում մըն է, որ սովորաբար քիչ առընչութիւն ունի աստուածաշնչեան պատմութեան հետ։ Այստեղ բազմաթիւ կերպարներ կրնան բացակայ ըլլալ, իսկ բեմ կը մտնեն Կաղանդ պապուկը, զինուորը, գնչուն, գնչուհին եւ այլ կերպարներ։ Գործողութեան աւարտին յաճախ կերպարներէն մէկը հանդիսատեսէն նուէր կամ դրամ կը հաւաքէ։ Առանձին պարագաներու մէջ այս երկրորդ մասը կը ներկայացուի ո՛չ թէ տիկնիկներով, այլ կենդանի դերասաններով՝ աւելի անմիջական շփում ստեղծելով հանդիսատեսին հետ։
Եւ այսպէս, այսօր, արագացուած պատկերներու, թուային հարթակներու եւ անցողիկ տօնական ձեւաւորումներու դարաշրջանին մէջ, Սուրբ Ծննդեան տիկնիկարկղը կը կանգնի որպէս դանդաղ դիտումի, լուռ խոկումի եւ խորքային յիշողութեան տարածք։ Ան կը հակադրուի ժամանակակից աշխարհի աղմուկին՝ առաջարկելով ոչ թէ սպառողական տեսարան, այլ ներսէն ապրուող փորձառութիւն։ Տիկնիկարկղը մեզ կը հրաւիրէ կանգ առնելու, մանրամասնութիւնները տեսնելու, կերպարներուն միջեւ յարաբերութիւններու իմաստը կարդալու եւ նիւթը ո՛չ միայն դիտելու, այլ՝ ապրելու։
Մեր օրերուն զայն կարելի է արժեւորել որպէս պահպանուող աւանդութիւն եւ որպէս վերարժեւորուող եւ վերիմաստաւորուող մշակութային ժառանգութիւն։
Սուրբ Ծննդեան տիկնիկարկղը կը յիշեցնէ, որ քրիստոնէական մշակոյթը երբեք միայն ծիսական ձեւերու գումար չէ եղած, այլ՝ պատկերային մտածողութիւն, պատմութիւն պատմելու ձեւ եւ մարդկային զգացումներու փոխանցման միջոց։ Իր մանրակերտ աշխարհին մէջ ան կը միաւորէ հաւատքը եւ գեղարուեստը, աստուածաբանութիւնը եւ ժողովրդական երեւակայութիւնը, լոյսը եւ խաւարը՝ դարձնելով տեսանելի այն, ինչ որ յաճախ կը մնայ անտեսանելի։
Այս առումով տիկնիկարկղը կը դառնայ նաեւ ժամանակակից մարդու հարցադրումը՝ ինչպէ՞ս պահպանել իմաստը ձեւերու բազմացման մէջ, ինչպէ՞ս փոխանցել հոգեւոր արժէքները առանց քարանալու եւ ինչպէ՞ս ստեղծել կապ անցեալի եւ ներկայի միջեւ՝ առանց անոնցմէ մէկը զոհելու։ Այս հարցադրումները զայն կը դարձնեն արդիական ո՛չ միայն Սուրբ Ծննդեան օրերուն, այլ ամբողջ տարուան ընթացքին։
Թանգարաններու, եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ հանրային տարածքներու մէջ Սուրբ Ծննդեան տիկնիկարկղը կրնայ շարունակել իր առաքելութիւնը՝ իբրեւ քրիստոնէական մշակոյթի գեղարուեստական ցուցադրութիւն, բայց նաեւ իբրեւ կրթական եւ հոգեւոր երկխօսութեան հարթակ։ Ան կը պահանջէ գիտակցուած վերաբերում, ստեղծագործական մօտեցում եւ նուրբ զգայնութիւն՝ որպէսզի նոր ձեւերով խօսի, բայց չկորսնցնէ իր էութիւնը։
Վերջապէս, Սուրբ Ծննդեան տիկնիկարկղը մեր օրերուն մեզի կը յիշեցնէ, որ մեծ գաղափարները կրնան ծնիլ փոքր տարածքներու մէջ, որ լոյսը կրնայ փայլիլ համեստ մսուրի մը մէջ, եւ որ մարդկային պատմութիւնը կը շարունակուի այնքան ատեն, որքան մենք կը կարողանանք զայն տեսնել պարզութեան, գթասրտութեան եւ սիրոյ աչքերով։ Այդ իսկ պատճառով է, որ տիկնիկարկղը կը մնայ մշտապէս կենդանի՝ փոքր իր չափերով, բայց խորունկ իր խորհուրդով։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան