ՀԱՆՆԱ ԱՐԵՆՏ՝ ԱՄԲՈՂՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Հաննա Արենտ 20-րդ դարու քաղաքական փիլիսոփայութեան ամենաազդեցիկ մտածողներէն մէկն է եւ անոր «Ամբողջատիրութեան ակունքները» (The Origins of Totalitarianism, 1951) գործը հիմնարար տեղ կը գրաւէ ժամանակակից քաղաքական մտածողութեան մէջ։ Ըստ Արենտի, ամբողջատիրութիւնը սովորական բռնապետութիւն մը չէ, այլ արմատապէս նոր իշխանաձեւ մը, որ նպատակ ունի ամբողջովին վերահսկել մարդուն կեանքը՝ ո՛չ միայն քաղաքական, այլեւ ընկերային, մշակութային եւ նոյնիսկ մտաւոր մակարդակներու վրայ։
Արենտ կը շեշտէ, որ ամբողջատիրական համակարգերը կը ծագին պատմական յատուկ պայմաններէ։ Ան կ՚անդրադառնայ կայսերապաշտութեան եւ զանգուածային հասարակութեան ձեւաւորման, որոնք, իր կարծիքով, նախապատրաստեցին հողը կարգ մը ամբողջատիրական շարժումներուն համար։ Հին դասակարգային կառուցուածքներու քանդումը եւ անհատներու մեկուսացումը ստեղծեցին զանգուածներ, որոնք քաղաքականապէս անտարբեր էին, բայց միեւնոյն ժամանակ պատրաստ՝ հետեւելու պարզ ու բացարձակ գաղափարախօսութեան մը։
Արենտ մեծ տեղ կու տայ զանգուածային հասարակութեան դերին ամբողջատիրութեան ծագման մէջ։ Իր տեսութեամբ, ամբողջատիրական շարժումները կը սնուին այնպիսի հասարակութիւններէ, ուր մարդիկ կորսնցուցած են իրենց կապերը աւանդական հաստատութիւններուն հետ՝ ընտանիք, համայնք, կուսակցութիւն եւ այլն։ Այս մեկուսացումն ու անպատկանելիութեան զգացումը կը դիւրացնեն, որ անհատները ենթարկուին հզօր շարժումի մը, որ կը խոստանայ իմաստ, պատկանելիութիւն եւ պատմական առաքելութիւն։
Ամբողջատիրութեան էական գործիքը, ըստ Արենտի, գաղափարախօսութիւնն է, որ կը ներկայացուի որպէս պատմութեան կամ բնութեան «անխուսափելի օրէնք»։ Այդ կերպով գաղափարախօսութեան ենթարկուիլը կը դառնայ բարոյական պարտականութիւն։ Այս ձեւով իշխանութիւնը կ՚արդարացնէ բռնութիւնը եւ ահաբեկչութիւնը՝ զանոնք ներկայացնելով իբրեւ պատմական անհրաժեշտութիւն։ Արենտ կը նշէ, որ ամբողջատիրական համակարգերուն մէջ ահաբեկչութիւնը ո՛չ միայն միջոց մըն է հակառակորդները ճնշելու համար, այլ՝ ինքնին կառավարման հիմնական սկզբունք մը։
Արենտի մտածողութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ ունի անհատի ոչնչացումը։ Ամբողջատիրական իշխանութիւնը կը ձգտի վերացնել անձնական ինքնութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը՝ մարդը վերածելով փոխարինելի ու անանուն էակի։ Արենտի հիմնական պնդումներէն մէկը այն է, որ ամբողջատիրութիւնը չի կրնար պարզապէս նոյնացուիլ դասական բռնապետութեան իշխանութեան հետ։ Բռնապետութիւնները, որքան ալ դաժան ըլլան, սովորաբար կը ձգեն որոշ սահմաններ հասարակական կամ մասնաւոր կեանքի մէջ։ Իսկ ամբողջատիրական վարչակարգը կը ձգտի վերահսկել մարդկային կեանքի ամէն մէկ ոլորտը՝ քաղաքականը, հասարակականը, մշակութայինը եւ նոյնիսկ անհատի ներաշխարհը։ Ըստ Արենտի, ամբողջատիրութիւնը համակարգ մըն է, որ նպատակ ունի ո՛չ միայն հնազանդ քաղաքացիներ ստեղծել, այլ ամբողջովին ձեւափոխել մարդը որպէս էակ։ Մարդը կը զրկուի իր կարծիքէն, իր բարոյական դատողութենէն եւ ի վերջոյ իր մարդկային արժանապատուութենէն։ Այս գործընթացին մէջ ճամբարները կը դառնան «տարրալուծարաններ», ուր մարդուն մարդկայնութիւնը համակարգուած կերպով կը քանդուի։ Արենտի կարծիքով, այս ճամբարները ամբողջատիրութեան ծայրայեղ, բայց տրամաբանական արտայայտութիւնն են։
Արենտ միեւնոյն ժամանակ կը զգուշացնէ, որ ամբողջատիրութիւնը միայն անցեալի երեւոյթ մը չէ։ Ան կը պնդէ, թէ ժամանակակից աշխարհին մէջ միշտ գոյութիւն ունի վտանգը, երբ հասարակութիւնները կը կորսնցնեն քաղաքական մտածողութիւնը, հանրային բանավէճը եւ անձնական պատասխանատուութիւնը։ Արենտ կը բացատրէ, որ մեծ չարիքները յաճախ կը գործուին ոչ թէ սատանայական անձնաւորութիւններու, այլ սովորական մարդոց կողմէ, որոնք կը հրաժարին մտածելէ եւ կ՚ենթարկուին համակարգին։
Վերջապէս, Արենտի ամբողջատիրութեան մասին քննադատութիւնը կոչ մըն է քաղաքական զգօնութեան։ Ազատութիւնը, ըստ իրեն, չի պահպանուիր ինքնաբերաբար։ Ան կը պահանջէ մտածող անհատներ, որոնք պատրաստ են պատասխանատուութիւն ստանձնել եւ դիմադրել որեւէ համակարգի, որ կը փորձէ վերացնել մարդկային բազմազանութիւնը եւ ազատ գործողութիւնը։ Այս իմաստով, Արենտի մտքերը այսօր եւս կը մնան խորապէս արդիական եւ մտահոգիչ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ