ԴԱՍԱԿԱՆ ՊԱԼԷՆ՝ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՄԵԾ ԵԿԱՄՈՒՏՆԵՐՈՒ ԱՂԲԻՒՐ. ՄԱՐԴՈՒԿ-ՋԱՐԴՈՒԿԻ ԱՆՄԱՀ ԿԵՐՊԱՐԸ

Վստահ եմ՝ կու գայ այն ժամանակը, երբ ռուս ականաւոր երաժիշտ Փիոթըր Չայքովսքիի երաժշտութեամբ հռչակաւոր պալէն՝ «Մարդուկ-ջարդուկը» (այլ անունով՝ «Ընկոյզկոտրիչը») անզուգական ձեւով բեմադրուած Մոսկուայի Մեծ թատրոնի բեմին վրայ, պիտի մտնէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կամ ընդհանրապէս մարդկութեան համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ։ Աշխարհի այլ նշանաւոր թատրոններ ալ բեմադրել են «Մարդուկ-ջարդուկը», սակայն Մոսկուայի Մեծ թատրոնի բեմադրութիւնը՝ ականաւոր պարուսոյց, արուեստագէտ Եուրի Կրիկորովիչի տաղանդով, վաղուց դուրս է սովորական պալէի կամ տօնական ներկայացման սահմաններէն։

Անիկա ամբողջական գլուխ գործոց մըն է՝ շքեղ զգեստներով, երաժշտութեան կախարդական շերտերով, լոյսերու ճշգրիտ դասաւորումով, պարային շարժումներու նրբութեամբ, բեմադրական անզուգական ձեռագրով, գոյներու խորհրդանշական խաղով եւ այն յաւերժական պարզութեամբ, որ մանկական երազանքը կը վերածէ համամարդկային առասպելի։ 

Մեծ թատրոնին մէջ «Մարդուկ-ջարդուկը» ստեղծագործութիւնը թեթեւ է ընկալման համար, նոյնիսկ անոնց համար, որոնք հեռու են դասական երաժշտութեան աշխարհէն։ Այս բեմադրութեան նպատակը պարզ է ու միաժամանակ խորքային՝ վերադարձնել մանկութեան մոռցուած կախարդանքը, արթնցնել ամանորեայ մթնոլորտին ջերմութիւնը եւ մանկական հրաշքներու հմայքը, որուն առջեւ տարիք, գիտելիք, ազգութիւն, լեզու կամ երաժշտական փորձառութիւն նշանակութիւն չունին։

Ընդհանրապէս դասական պալէն յաճախ կը դիտուի իբրեւ բարձր արուեստի անժամանցելի տարածք մը՝ հեռու շուկայի աղմուկէն, վաճառքի լեզուէն ու տնտեսական հաշուարկներէն։ Սակայն Մոսկուայի Մեծ թատրոնին վերջին զարգացումները կը վկայեն բոլորովին հակառակ երեւոյթի մը մասին․ հոս արուեստը, պատմութիւնը եւ աւանդոյթը ճշգրիտ ձեւով միախառնուելով ծնունդ տուած են մշակութային հրաշքի եւ իրական տնտեսական վերելքի։ 

Ամանորի նախօրեակին «Մարդուկ-ջարդուկը» պալէին ներկայացումի մէկ տոմսը Մեծ թատրոնի կազմակերպած աճուրդի ընթացքին վաճառուեցաւ աննախադէպ՝ 1.2 միլիոն ռուսական ռուբլիով, որ հաւասարազօր է շուրջ 15 հազար ամերիկեան տոլարի։ Տոմսի սկզբնական գինը սահմանուած էր մօտաւորապէս 510 հազար ռուբլի (շուրջ 6300 տոլար), սակայն կարճ ժամանակի մէջ զայն վերածուեցաւ աստղաբաշխական թիւի, որուն շուրջ մրցակցեցան ո՛չ միայն արուեստասէրներ, այլեւ հասարակութեան բարձր խաւերու ներկայացուցիչներ, գործարարներ եւ ազդեցիկ դէմքեր՝ ամրագրելու իրենց ներկայութիւնը տարուան ամենահեղինակաւոր մշակութային իրադարձութենէն ներս։ 

Այս իրողութիւնը պատահական չէ եւ ո՛չ ալ միայն պահի խանդավառութեան արդիւնք։ «Մարդուկ-ջարդուկը» պալէն Մեծ թատրոնի բեմին վրայ ունի առանձնայատուկ կենսագրութիւն եւ խորհրդանշական կշիռ։ Պալէն, որու նիւթը կը պատմէ մանկական երազանքներու, հրաշքի եւ բարիի յաղթանակի մասին, տասնամեակներէ ի վեր դարձած է Ամանորի անբաժանելի ուղեկից, եւ այդ մէկը միայն Ռուսաստանի մէջ չէ, այլ՝ ամբողջ աշխարհին մէջ։ Սակայն Մոսկուայի Մեծ թատրոնին մէջ անիկա կը վերածուի աւելիին․ ռուսական թարգմանութեամբ «Շչելկունչիկ» խորագիրը դարձած է ռուսական արուեստի ինքնութեան նշան մը։ Վերջին երկու տարիներուն թատրոնի ղեկավարութիւնը որդեգրած է նոր մօտեցում մը․ «Մարդուկ-ջարդուկը» պալէի որոշ սահմանափակ տոմսեր կը դնէ բաց աճուրդի։ Այս ռազմավարութիւնը միաժամանակ կը բարձրացնէ ներկայացման բացառիկութեան աստիճանը եւ զգալիօրէն կը զօրացնէ թատրոնի նիւթական հոսքերը։ Արդիւնքը ակնյայտ է․ մարդիկ պատրաստ են միլիոնաւոր ռուբլիներ վճարել՝ լաւ տեղերէն մէկը զբաղեցնելու համար եւ մաս կազմելու ամանորեայ այս առասպելական փորձառութեան։

Դեկտեմբերի 17-էն մինչեւ յունուարի 11-ը ներկայացուող այս պալէն կը կազմէ Մեծ թատրոնի տարեկան եկամուտին զգալի մէկ մասը։ Այս օրերուն թատրոնի դահլիճը միշտ լեցուն է, իսկ պահանջարկը բազմապատիկ կը գերազանցէ առաջարկը։ Վաղուց արդէն Մեծ թատրոնի տարեկան եկամուտի աւելի քան կէսը կ՚ապահովուի բացառապէս այս պալէին շնորհիւ։ Մշակութային պատմութեան մէջ հազուագիւտ է այն երեւոյթը, երբ մէկ ներկայացում կը դառնայ ամբողջ հաստատութեան գանձատրական կայունութեան ողնաշարը։

Այս իրողութիւնը կը մղէ աւելի խոր մտորումի մը։ «Մարդուկ-ջարդուկը» պալէին շուրջ ձեւաւորուած տնտեսական եւ մշակութային հսկայ մեքենան կը վկայէ, որ դասական արուեստը ժամանակակից աշխարհին մէջ կրնայ գործել իբրեւ հզօր տնտեսական գործիք, անշուշտ, մնալով նաեւ գեղագիտական արժէքի սահմաններուն մէջ։ Աճուրդային վաճառքները, սահմանափակ հասանելիութիւնը, Ամանորի խորհրդանշական լիցքը եւ պատմական բեմի հեղինակութիւնը միասին կը ստեղծեն այնպիսի պահանջարկ, որ գրեթէ անկախ է գինէն։

Մեծ թատրոնի օրինակը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է աւանդական արուեստը վերածել բարձրարժէք փորձառութեան՝ առանց խաթարելու անոր գեղարուեստական էութիւնը։ 

Եւ թերեւս այս է դասական արուեստի նոր ճակատագիրը 21-րդ դարուն․ չփակուիլ իր բարձրաբերձ աշտարակին մէջ, այլ՝ գիտակցաբար, արժանապատիւ կերպով մուտք գործել ժամանակակից աշխարհի տնտեսական ու մշակութային աշխարհ՝ պահպանելով իր հոգին, բայց նաեւ ապահովելով իր ապագան։ 

Անշուշտ, այս տոմսերու աստղաբաշխական գիները տեսնելով, անմիջապէս կը լսուին ծանօթ հարցադրումներ․ «Ուրկէ՞ այդ դրամը», «Չէ՞ որ կարելի է այդ գումարը աղքատներուն տալ», «Ինչո՞ւ պալէի, երբ այդքան կարիք կայ շուրջը»․․․ Այս հարցումները, իրենց մարդկային մտահոգութեամբ, հասկնալի են, սակայն, անոնք չեն կրնար վերածուիլ դատավճռի արուեստին դէմ։ Որովհետեւ, եթէ մարդ մը ունի միջոցը եւ պատրաստ է իր դրամը տալու պալէի, համերգի կամ թատրոնի համար, այդ ընտրութիւնը ո՛չ միայն իր անձնական իրաւունքն է, այլեւ մշակութային ներդրում մըն է։ Մեզի ի՞նչ, թէ ան ո՛ւր կը տանի իր վաստակը։

Աշխարհը լի է աւելորդ վատնումներով՝ զէնքի, թմրամիջոցներու, սպաննուած կենդանիներու մուշտակներու վաճառքը ահռելի չափերու կը հասնի, մեր շուրջը կը տեսնենք անիմաստ շքեղութիւններ, ժամանակաւոր փառքի համար մանրուած դրամներ, դատարկ ցուցադրական ծախսեր, որոնք ոչ ոքի կ՚օգնեն։ Այդ լոյսին տակ, արուեստին ուղղուած դրամը վատնում չէ։ Ընդհակառակը՝ ան կը դառնայ ներդրում, որ կը պահէ բեմերը՝ կենդանի, երաժշտութիւնը՝ հնչուն, պարողները՝ աշխատանքի մէջ, աւանդոյթը՝ շարունակական։ Մէկ պալէի ներկայացումի շուրջ կը շարժի ամբողջ տնտեսութիւն մը՝ պարողներ, երաժիշտներ, բեմանկարիչներ, դերձակներ, լուսաւորողներ, արհեստաւորներ, զբօսաշրջութիւն, պանդոկներ, հաղորդակցութիւն եւ մշակութային ծառայութիւններ։ Այս իմաստով «Մարդուկ-Ջարդուկը» բեմական հրաշքէն յետոյ մշակութային տնտեսութեան շարժիչ ուժ մը կը դառնայ։ 

Աղքատութիւնը գուցէ կարելի է թեթեւցնել դրամով, բայց հոգեւոր աղքատութիւնը միայն արուեստն է, որ կրնայ բուժել։

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԸ ՍՊԱՌԱ՞Ծ Է․․․

Միւս կողմէն ալ այսօր շատ կը խօսուի այն մասին, թէ Ռուսաստանը սպառած է, թէ պատերազմը զայն ներսէն կարծրացուցած ու հոգեպէս ամայացուցած է, եւ որ քաղաքական իմաստով այնտեղ այլեւս շարժում ու շունչ չկայ։ Գուցէ այս դատողութիւնը ինչ-որ տեղ ճշմարտութիւն կը պարունակէ՝ պետական ու քաղաքական համակարգերու մակարդակին վրայ։ Սակայն արդար չէ, երբ կը տարածուի նաեւ արուեստին վրայ։ Որովհետեւ դասական արուեստին ձայնը Ռուսաստանի մէջ երբեք չէ լռած։ Ան կը շարունակէ բարձրութիւնը պահել՝ անկախ իշխանութիւններու լեզուէն ու ժամանակի խստութենէն։ Մեծ թատրոնի բեմին վրայ, Չայքովսքիի երաժշտութեան հնչիւններուն մէջ, «Մարդուկ-Ջարդուկը» պալէի կախարդական աշխարհին ընդմէջէն, կարելի է տեսնել, որ մշակոյթը տակաւին կենդանի է, հզօր ու ազնիւ։ Քաղաքական համակարգերը կրնան սպառիլ, բայց արուեստը՝ երբեք. զայն այն լոյսն է, որ չի մարիր նոյնիսկ ամենախաւար ժամանակներուն մէջ, եւ եթէ այսօր ալ Ռուսաստանը ունի անուրանալի ուժ մը, ապա այդ ուժը իր արուեստն է եւ ռուս ժողովուրդին խոր արմատացած սէրը՝ այդ արուեստին հանդէպ։

ՄԵԾ ԹԱՏՐՈՆԸ

Մեծ թատրոնը՝ Ռուսաստանի Օփերայի եւ պալէի պետական ակադեմական թատրոնը, ողջ աշխարհի մէջ յայտնի է Պոլշոյ (ռուսերէն՝ մեծ) անունով, ռուսական մշակոյթի ամենախոշոր եւ աշխարհի ամենանշանակալի օփերայի ու պալէի թատրոններէն մէկն է։ Ան կը գտնուի Մոսկուայի սիրտին մէջ՝ Թատերական հրապարակին վրայ, եւ դարերէ ի վեր կը հանդիսանայ ռուսական դասական արուեստի խորհրդանիշը։

Թատրոնի պատմութիւնը կը սկսի 1776 թուականին, երբ իշխան Փիոթըր Ուրուսովը կայսրուհի Եքաթերինա Բ․-ի արտօնութեամբ կը ձեռնարկէ թատերական շէնքի կառուցման։ Սկզբնական շրջանին զայն արքունական թատրոն էր եւ Փոքր թատրոնին հետ միասին կը կազմէր Մոսկուայի կայսերական թատրոններու համալիրը։ Միայն 1917 թուականի յեղափոխութենէն ետք թատրոնը ազգայնացուեցաւ եւ այդ ժամանակէն սկսեալ Մեծ եւ Փոքր թատրոնները վերջնականապէս բաժնուեցան։

Պոլշոյ թատրոնը իր պատմութեան ընթացքին բազմիցս վերակառուցուած, այրուած ու կրկին վերածնունդ ապրած է։ Ներկայ պատմական շէնքը բացուած է 1825 թուականին եւ շուտով դարձած է ո՛չ միայն ճարտարապետական կոթող, այլ նաեւ մշակութային տաճար մը։ 19-րդ դարու կէսին եւ վերջաւորութեան այս թատրոնը ապրած է մեծ վերանորոգումներ, իսկ 1856 թուականին կրկին բացուած է շքեղութեամբ՝ հաստատելով իր տեղը իբրեւ Ռուսաստանի գլխաւոր թատրոն։

Խորհրդային շրջանին, հակառակ գաղափարական ճնշումներուն եւ անգամ փակուելու վտանգին, Պոլշոյ թատրոնը պահպանեց իր դերը եւ 1919 թուականէն սկսեալ ստացաւ «ակադեմական» կոչումը։ 20-րդ դարուն ան դարձաւ համաշխարհային չափանիշ՝ իր պալէի եւ օփերայի թատերախումբերով, խմբավարներով, պարողներով եւ բեմադրիչներով, որոնցմէ շատեր արժանացան պետական բարձրագոյն պարգեւներու։

21-րդ դարուն Պոլշոյ թատրոնը նոր փուլ մը ապրեցաւ․ բացուեցաւ նոր բեմը (2002), իսկ պատմական շէնքը ենթարկուեցաւ ծաւալուն եւ վիճայարոյց, բայց ի վերջոյ փայլուն վերակառուցման, որ աւարտեցաւ 2011 թուականին։ Այսօր թատրոնը ունի երկու գործող բեմ, կը կազմակերպէ միջազգային հիւրախաղեր եւ իր ներկայացումները կը խաղայ աշխարհի զանազան երկիրներու շարժանկարային թատրոններուն եւ բաց հարթակներուն վրայ։ «Մարդուկ-ջարդուկը» պալէն ալ ամէն տարի կը հեռարձակուի հեռատեսիլով, նոյնքան բարձրորակ, որքան՝ ներկայացումը ինքն է։

1966 թուականէն ի վեր Մոսկուայի Մեծ թատրոնի բեմին վրայ «Մարդուկ-ջարդուկը» կը ներկայացուի աշխարհահռչակ ռուս արուեստագէտ Եուրի Կրիկորովիչի բեմադրած տարբերակով։ Այդ թուականէն ի վեր Կրիկորովիչի բեմադրութիւնը գրեթէ անփոփոխ կերպով պահպանուած է՝ փոխանցուելով սերունդէ սերունդ, եւ մնացած է Մեծ թատրոնի պատմութեան ամենանշանաւոր եւ երկարատեւ բեմադրութիւններէն մէկը։ Եուրի Կրիկորովիչ, որ տարիներ շարունակ Մեծ թատրոնի պալէի սիրտն էր, իր զանազան ներկայացումներով, մեծապէս ազդած է համաշխարհային արուեստի բնոյթին։ Այս տարուայ բեմադրութեան սակայն ան բացակայ էր․․․ Եուրի Կրիկորովիչ մահացած է 2025 թուականի մայիսին՝ 98 տարեկանին, մնալով համաշխարհային արուեստի պատմութեան մէջ իբրեւ առասպելական արուեստագէտ։ «Մարդուկ-ջարդուկը» գործէն զատ իր նշանաւոր բեմադրութիւններէն է նաեւ Արամ Խաչատուրեանի «Սպարտակ» պալէն։

ՍՏԵՂԾՈՒՄԸ

Երկու գործողութեամբ այս պալէն ստեղծուած է Մարիուս Պետիպայի թատերակով՝ գերմանացի գրող Էրնեստ Հոֆմանի «Մարդուկ-Ջարդուկը եւ մուկերու թագաւորը» հեքիաթին հիման վրայ։ Հեքիաթը գրուած է 1816 թուականին։ Պալէի նիւթը կերտուած է ոչ թէ բնագրին ուղիղ փոխանցումով, այլ Ալեքսանտր Տիւմայ հօր կատարած ֆրանսերէն փոխադրութեան տարրերով (1844)։ Առաջին ներկայացումը տեղի ունեցած է 1892 թուականի դեկտեմբերի 18-ին՝ Սեն Փեթերսպուրկի Մարիինեան թատրոնին մէջ։ Գլխաւոր մանկական դերերը մարմնաւորած են կայսերական թատերական ուսումնարանի սաները։

«Մարդուկ-ջարդուկը» առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Չայքովսքիի ստեղծագործական ուղիին մէջ՝ երաժշտական նորարարութեամբ եւ կերպարային հարուստ լեզուով։ Հոֆման հերոսուհին կոչած է Մարի, մինչ զանազան բեմադրութիւններու մէջ ան կը յիշուի որպէս Քլարա կամ Մաշա։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք Ռուսաստանի մէջ հերոսուհիի անունը վերջնականապէս դարձաւ Մաշա՝ հայրենասիրական շարժառիթներով։ 

ՀՐԱՇՔԸ 

«Մարդուկ-ջարդուկը» կը պատմէ փոքրիկ Մարի-Մաշայի մասին, որ Սուրբ Ծննդեան գիշերը ստացած է կախարդական նուէր մը՝ մարդուկի տեսքով ընկոյզկոտրիչ։ Գիշերը, երբ տօնական զանգերը կը հնչեն, Մարիի խաղալիքները կը կենդանանան, իսկ մուկերու թագաւորը պատերազմ կը սկսի իր զինուած բանակով: Համարձակ ու խիզախ Մարդուկ-Ջարդուկը կը պաշտպանէ Մարին ու իր ընկերները՝ յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները եւ անցնելով արկածներէ։ Աւարտին Մարդուկ-Ջարդուկը կը վերածուի գեղեցիկ արքայազնի, եւ Մարիի սիրտին մէջ ծնունդ կ՚առնեն առաջին սիրոյ եւ երազանքի իրականութեան զգացողութիւնները։ 

Պալէի ամենատպաւորիչ մասը, անշուշտ, Չայքովսքիի երաժշտութեամբ բեմադրուած բազմազան պարերու շքերթն է՝ տուրմի պարը՝ կրակոտ սպանական շեշտերով, սուրճի պարը՝ նուրբ ու խաղաղ արեւելեան երանգներով, թէյի պարը՝ վառ արտայայտուած, չինական տարրերով, ինչպէս նաեւ ժողովրդական շունչով ռուսական պարը՝ նրբագեղ շարժումներով։ Իսկ գագաթնակէտը հանրածանօթ «Ծաղիկներու պարը» վալսն է՝ հանդիսաւոր եւ աւարտուն։ Առանձնայատուկ նրբութիւն ունի նաեւ Շաքարահատի՝ տրաժէի պարը․․

Պատկերացուցէք, որ այս գեղեցիկ ներկայացումը տեղի կ՚ունենայ պատմական թատրոնի բեմին վրայ, ուր մուտք գործելը ինքնին տօն է։ Մեծ թատրոնը պարզապէս ներկայացում դիտելու վայր մը չէ, այլ՝ պատմական շէնք, մշակութային տաճար, որուն դռնէն ներս մտնելուն պէս հանդիսատեսը կը կտրուի առօրեայէն եւ կը մտնէ այլ ժամանակի ու այլ արժէքներու աշխարհ։

Մուտքին մօտ այցելուն կ՚անցնի մետաղորսիչ սարքի տակէն, ապա կը ստուգուի տոմսը, որմէ ետք կարելի է ուղղուիլ աջ կամ ձախ սրահներ։ 2024 թուականէն սկսեալ թատրոնը ներմուծած է անձնական տոմսերու համակարգը․ մուտքը կը կատարուի բացառապէս անձնագիրի ներկայացումով, ինչ որ նոր շեշտ մը կու տայ կարգապահութեան ու կազմակերպուածութեան։

Թատրոնի ներքին յարդարանքը աննկարագրելի գեղեցկութիւն ունի՝ դրուած է ճերմակ մեծ դաշնամուր, ոսկեգոյն լուսարձակ ճրագներ, մեծ ծաղկամաններ, իսկ փարթամ ու լայն սանդուխները, երկրորդ յարկի կարմիր, ոսկեգոյն թաւշեայ պատերը պատմութիւն կը պատմեն։ Հանդիսատեսը կը ներկայանայ գեղեցիկ ու խնամքով հագնած․ առօրեայ, անփոյթ կամ արագընթաց նորաձեւութիւնը հոն տեղ չունի, հագուստի սահմանափակումը թատրոնին մէջ յարգանքի արժանի արարողութիւն է․․․

Ահա այս միջավայրին մէջ մէկ ամիս շարունակ հանդիսատեսը դիտեց աշխարհի ամենանշանաւոր պատմութիւններէն մին՝ միախառնուած մանկական կախարդանքի, բարոյականութեան, համարձակութեան եւ տօնական հրաշքի հոգեբանութեամբ, ստանալով տպաւորութիւն, որ կը մնայ ողջ տարուայ ընթացքին։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունուար 13, 2026