«ՀՈԳԵՒՈՐ ԸՄԲՌՆՈՒՄՆԵՐ»
Ձեռքերուս մէջ է Բերիոյ հայոց թեմի բարեջան եւ ժրաջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի թարգմանական մէկ նոր արգասիքը՝ «Հոգեւոր ըմբռնումներ»: Գիրքին հեղինակը Ղպտի քոյր եկեղեցւոյ բարեյիշատակ հոգեւորականներէն՝ Իուանիս Եպիսկոպոսն է:
Գիրքը լոյս տեսած է 2025-ին, Հալէպի մէջ: Կը բաղկանայ 192 էջերէ, թղթակազմ: Ան լոյս տեսած է «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան հիմնադարամ»ի կողմէ, ի յիշատակ «Սիրելի՛ Սաթիկի անթառամ եւ պայծառ հոգիին»:
Գիրքին խորագիրը կը յուշէ, որ գիրքին բովանդակութիւնը կը խօսի հոգեւոր այնպիսի ըմբռնումներու մասին, որոնք անմիջականօրէն կապ ունին քրիստոնեայ հաւատացեալին հետ: Այսպիսով, ընթերցողը գիրքին մէջ պիտի կարդայ խոնարհութեան, հպարտութեան, պատիւի, հնազանդութեան կեանքի եւ նեղ դռան մասին, օժտուած Աստուածաշնչական մէջբերումներով եւ եկեղեցւոյ հայրերու գրականութեամբ:
Սրբազան Հայրը գիրքին սկիզբը երկու խօսքին մէջ կը գրէ. «Ներկայ կեանքի ընդհանուր պատկերը եւ իրողութիւնը մեծապէս շփոթեցուցիչ եւ հրապուրիչ է: Եթէ քրիստոնէական իմաստով, անհրաժեշտ դաստիարակութիւնը չունինք ու կարեւոր եւ սկզբունքային երեւոյթներու մասին նուազագոյն ծանօթութիւնն անգամ կը պակսի մեզի, ապա անխուսափելիօրէն ենթակայ պիտի ըլլանք չարին յարձակումներուն: Չարին նպատակը մեզ շեղել է եւ գերի պահել է մարմնաւոր կիրքերուն ու ցանկութիւններուն, աշխարհի ժամանակաւոր փառքին ու պատիւին, հարստութեան եւ անոր հրապոյրներուն: Այո՛, նպատակը զրկել է մեզ Աստուծոյ ներկայութենէն, մերկացնելով աստուածային շնորհքներէն ու բարոյական արժէքներէն, հեռացնելով աստուածային ճշմարտութենէն եւ անմասն պահելով այն ըմբռնումներէն, զորս մարդը հաղորդ կը դարձնէ իրականութեան: Եթէ չարին նպատակը յաջողի, ապա անձը պիտի դատապարտուի հոգեւոր մերկութեան, աղքատութեան եւ անօթութեան:
Բնականաբար մեզմէ ոչ ոք պիտի ուզէ իր զաւակը այդ վիճակին մատնուած տեսնել: Արդ, հեղինակը՝ Իուանիս Եպիսկոպոս, Ղպտի քոյր ուղղափառ եկեղեցւոյ սրբազան հայրերէն (ննջած), երիտասարդ սերունդով մտահոգ, յատկապէս համալսարանական ուսանողներով, իբրեւ հոգեւոր ծնող՝ իր զաւակներուն անարատ եւ մաքուր կաթ ջամբելու նպատակով, պատրաստած է 4 հատորներէ բաղկացած աշխատանք մը, որ աւելի քան 40 տարիներ զայն դասաւանդած է համալսարանէն ներս, որպէս քրիստոնէական կրօնագիտութիւն, համալսարանական ուսանողներուն:
…
Չորս հատորները («Sacramental Life», «Spiritual Concepts», «Christian Virtues», «Spiritual Nouroshment») մեծապէս օգտակար դարձած են հազարաւոր քրիստոնեայ երիտասարդներու՝ իրենց քրիստոնէական ուղին հետապնդելու գործընթացին մէջ, ինչպէս նաեւ զանազան տարիք ունեցող հաւատացեալներու, եւ շատերու ալ ուղղութեան աղբիւր հանդիսացած են:
Նոյն մտահոգութենէն առաջնորդուած, համեստաբար նախաձեռնեցինք աշխատաքնը հայացնելու գործին եւ Աստուծոյ շնորհքով արդէն մէկ հատորը իր աւարտին հասած ըլլալով, ուրախութեամբ զայն մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիներու սեփականութիւնը կը դարձնենք: Կը յուսանք, որ աշխատանքը իր դրական եւ օրհնաբեր ներդրումը կ՚ունենայ ընթերցողին կեանքին մէջ եւ զայն կ՚առաջնորդէ շատ աւելի գիտակից կերպով քրիստոնէական իր կեանքը ապրելու նախանձախնդրութեամբ, պատասխանատուութեամբ եւ մանաւանդ հոգեւորի ամբողջական ըմբռնողութեամբ» (էջ 10-12):
Խօսելով խոնարհութեան մասին՝ Իուանիս Եպիսկոպոսը կը գրէ.
«Խոնարհութիւնը առանձնացուած առաքինութիւն մը չէ, այլ հիմն է բոլոր առաքինութիւններուն, առանց որուն միւս առաքինութիւնները չենք կրնար ստանալ: Հոգեւոր բնոյթ ունեցող գիրքերու ընթերցման ճամբով կամ հոգեւոր խօսքեր լսելով եւ կամ նոյնիսկ սուրբերու հետ հաղորդակցելով չէ, որ մենք կրնանք հասնիլ խոնարհութեան կամ անձնուրացութեան, այլ՝ Աստուծոյ հետ խոր յարաբերութեան եւ յարատեւ ճիգով, որով, ի վերջոյ, մարդ կրնայ ձերբազատիլ ամէն մեղքէ: Ասիկա նեղ դուռն է, եւ անոնք՝ որոնք Աստուծոյ Արքայութիւնը կը փնտռեն, պէտք է անկէ անցնին: Ասիկա խաչն է, որ իսկական աշակերտը կը կրէ՝ հետեւելով իր Տիրոջ քայլերուն: Չկայ աւելի նեղ դուռ կամ ծանր խաչ քան անձին ամբողջական յանձնուիլը: ԶԱստուած փնտռողներուն համար, ասիկա քննութիւն մըն է, ինչպէս իմաստունը կ՚ըսէ. «Ոսկին կրակով կը փորձուի իսկ մարդիկ՝ խոնարհութեամբ» (Սիր 2.5)» (էջ 15):
Խոնարհութիւնը հզօր զէնք մըն է մարդուն տրուած, որու ներկայութեան պարագային դեւերը չե՛ն համարձակիր մարդուն մօտենալ, իսկ եթէ մարդուն մէջ ըլլան եւ մարդ խոնարհութիւն ձեռք ձգէ, ապա անմիջապէս կը հեռանան: Կը կարդանք.
«Վանական մը երդմնեցուցչութեան ատեն կը հարցնէ դեւերուն, թէ ի՞նչն է որ ձեզ դուրս կը վտարէ, արդեօք պահեցողութի՞ւնը: Դեւերը կը պատասխանեն.
-Մենք չենք ուտեր:
Վանականը կը հարցնէ.
-Արդեօք արթուն հսկե՞լն է:
Դեւերը կը պատասխանեն.
-Մենք չենք քնանար:
Վանականը կը հարցնէ.
-Արդեօք աշխարհէն հրաժարի՞լն է:
Դեւերը կը պատասխանեն.
-Մենք անմարդաբնակ վայրերու մէջ կը բնակինք:
Վանականը կը հարցնէ.
-Արդ, ի՞նչն է որ ձեզ դուրս կը հանէ ու կը վտարէ:
Դեւերը կը պատասխանեն.
-Միայն ու միայն խոնարհութիւնը» (էջ 24):
Ներկայի ընկերութեան մէջ յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք կը կարծեն, թէ իրենք անսխալական են եւ երբեք չեն ընդունիր իրենց սխալները, այն մտածումով, թէ եթէ յանկարծ ընդունին իրենց սխալները, ապա մարդիկ պիտի կարծեն, թէ իրենք տկար են: Այդպիսիներու մասին այսպէս կը գրէ սրբազան հեղինակը.
«Հպարտ մարդը բնաւ չի խոստովանիր, որ ինք սխալական է, որպէսզի չըլլայ որ մարդիկ զինք յանցագործ կամ անիրաւ կարծեն: Հպարտ մարդը բնաւ ներողութիւն չի խնդրեր, որպէսզի չըլլայ որ մարդիկ կարծեն, թէ ինք տկար է: Այդպիսին բնաւ ուրիշներու չի հնազանդիր, որպէսզի չըլլայ որ մարդիկ կարծեն, որ իր գաղափարները աւելի նուազ արժէք կը ներկայացնեն քան ուրիշները: Ան բնաւ չի կրնար հեզ եւ խոնարհ ըլլալ, այլ միշտ բարկացած է, որովհետեւ իր իրաւունքներուն կառչած, շարունակ կը շատախօսէ, որպէսզի չըլլայ որ մարդիկ մտածեն, որ ինք տգէտ է:
Հպարտութիւնը յամառ հակառակորդ մըն է, որ մինչեւ վերջին շունչը կը պայքարի մեզի դէմ: Ան որեւէ կաղապարի չի հետեւիր մէկու մը կեանքին մէջ: Օրինակի համար, ցանկութիւններու պատերազմը աւելի կը սաստկանայ ու կը զօրանայ երիտասարդութեան ժամանակ, բայց ժամանակի ընթացքին կը հանդարտի: Իսկ հպարտութիւնը բնաւ չի հանդարտիր: Քանի՜, քանի՜ սուրբեր նոյնիսկ ինկան ու գայթակղեցան հը-պարտութեան պատճառով, յետ երկար ճգնաւորական կեանքի» (էջ 71):
Աշխարհիկ պատիւներու եւ մեծութիւններու մասին Իուանիս Եպիսկոպոսը կը գրէ.
«Կարճատեւ ըլլալու կողքին, երկրաւոր փառքն ու պատիւները ժամանակաւոր են: Անոնք, որոնք կը մեծարուին՝ սովորաբար իրենց լաւագոյն զգեստը կը հագնին տօնախմբութեան ընթացքին, բայց երբ քնանալու ժամը գայ, այդ բոլորը կը հանեն, որովհետեւ այդ հագուստներով չեն կրնար հանգիստ ընել: Նոյնն է մեր պարագան, մեր կեանքի գիշերը շուտով պիտի հասնի եւ յետոյ՝ ակամայ պիտի պարտաւորուինք հանել բոլոր ունայն եւ անպէտ բաները: Աւելի լաւ է, որ մեր ողջութեան կամաւորաբար հանենք զանոնք քան ակամայ՝ մեր մեկնումի ատեն: Ս. Անտոն Անապատական նայելով իր մեռած հօրը՝ կ՚ըսէ. «Դուն ակամայ ձգեցիր աշխարհը, բայց ես կամաւորաբար պիտի ձգեմ զայն»:
Մեզի հետ աշխարհիկ փառքէն ու պատիւէն ոչինչ կրնանք տանիլ դէպի յաւիտենական կեանք, որովհետեւ արքայութեան դուռը նեղ է եւ միայն մերկերուն կը յարմարի. «Մօրս արգանդէն մերկ եկայ աշխարհ եւ մերկ կը մեկնիմ երկրին արգանդը…» (Յոբ 1.21):
Եթէ բոլորս ալ մերկ պիտի կանգնինք Քրիստոսի արդար ատեանին դիմաց, ապա ինչպէ՞ս պիտի զատորոշես ուսեալը անուսէն, աղքատը հարուստէն» (էջ 125-126):
Աւելին, հեղինակը այս աշխարհի փառքն ու պատիւը ջրվէժներու եւ մագնիսի կը նմանցէ, որոնց գիրկը ինկողը դժուարութեամբ կ՚ազատի, որովհետեւ անոնք քաշելու, կուլ տալու յատկութիւն ունին, այդպէս ալ է աշխարհի փառքն ու պատիւը: Եպիսկոպոսը կը գրէ. «Այս աշխարհի փառքն ու պատիւը յաճախ հրապուրեցին Աստուծոյ զաւակները, զանոնք ճշմարտութենէն հեռացնելով: Անոնք ջրվէժներու կը նմանին: Եթէ անոնց մօտենաս՝ քեզ ներս պիտի քաշեն: Անոնք մագնիսի կը նմանին, երբ անոր դաշտին մօտենաս, քեզ դէպի իր կողմը պիտի քաշէ եւ կործանէ՝ քեզ Աստուծոյ զաւակ ընող յատկանիշներդ: Անոնք մագնիսի հոսանքին վրայ դրուած երկաթէ կտորին կը նմանին: Երկաթը կը հրապուրուի մագնիսէն եւ անոր յատկութիւնները կը շահի: Այդպէս ալ աշխարհի փառքն ու պատիւը միշտ ալ մեզ Աստուծոյ օրհնութիւններէն պիտի զրկեն» (էջ 127):
Ներկայիս շատեր կը պարծենան ըսելով, թէ իրենք հնազանդ կեանքով կ՚ապրին. ուրիշներ, կը փորձեն հնազանդ կեանք մը ապրիլ: Սակայն, եթէ նայինք երկու խումբերուն կեանքին, որ անոնք աշխարհին կապուած են, աւելին՝ ցանկութիւններով լեցուն են: Իսկ աշխարհով ապրուած կեանքն ու ցանկութիւններով լեցուն մարդը չի՛ կրնար հնազանդ կեանք մը ապրիլ: Այս մասին Իուանիս Եպիսկոպոսը կը գրէ.
«Ով որ ցանկութիւններ ունի, չի՛ կրնար հնազանդիլ եւ իր կեանքը Աստուծոյ ենթարկել: Նոյնիսկ եթէ փորձէ, ամբողջական հնազանդութիւն պիտի չըլլայ: Այս պատճառով ալ, ան որ իր կեանքը Աստուծոյ կ՚ուզէ ենթարկել, պէտք է բոլոր ցանկութիւններէն դատարկ ու զուրկ ըլլայ, նոյնիսկ անոնցմէ, որոնք հոգեւոր երեւոյթներու կը վերաբերին: Որեւէ հոգեւոր երեւոյթի նպատակը Աստուծոյ հետ միանալն է, բայց այդ նպատակին հասնելու կերպը Աստուծոյ պէտք է ձգել» (էջ 141):
Հնազանդ կեանք մը ապրելու համար մարդ պէտք է նաեւ հաւատայ, որովհետեւ առանց հաւատալու կարելի չէ հնազանդիլ Աստուծոյ եւ հնազանդ կեանքով ապրիլ: Հեղինակը կը գրէ.
«Ոչ ոք կրնայ հնազանդիլ եւ ամբողջապէս իր կեանքը Աստուծոյ ենթարկել, բացի եթէ հաւատայ, որ Աստուած զինք կը հոգայ եւ կը կարգաւորէ իր գործերը: Ան պէտք է հաւատայ, որ ինչ որ Աստուած կ՚ընէ, իմաստութեամբ կ՚ըլլայ եւ ինք կարիք չունի միջամտելու: Եթէ ենթական կասկածի Աստուծոյ սիրոյն եւ հոգատարութեան, ապա ինչպէ՞ս կրնայ հնազանդութեան կեանք մը ապրիլ: Աստուծոյ հաւատալը Անոր նկատմամբ ամբողջական վստահութիւն կը նշանակէ» (էջ 142):
Տակաւին, մարդ եթէ իր սեփական կամքը թելադրէ, կամ ուզէ իր սեփական կամքով առաջնորդուիլ, այդպիսին եւս չի՛ կրնայ Աստուծոյ հնազանդ կեանքով մը ապրիլ, որովհետեւ՝ «կարելի չէ հնազանդութեան կեանք մը ապրիլ եւ միեւնոյն ատեն մեր սեփական կամքը կատարել: Ասիկա շատ յստակ է Պօղոս առաքեալի արտայայտութեան մէջ. «Տէ՜ր, ի՞նչ կ՚ուզես որ ընեմ» (Գրծ 9.6): Այս բառերը ամբողջապէս ենթակայութիւն եւ հնազանդութիւն կ՚արտայայտեն: Հետեւաբար, ատիկա մեծ առաքեալի կեանքին մէջ դարձակէտը եղաւ, որ իր մնացեալ կեանքը ապրեցաւ Ս. Հոգիէն առաջնորդուելով» (էջ 142-143):
Գիտութեան եւ զարգացուածութեան այս դարուն, ոմանք կը համարձակին ըսելու, թէ մարդ ի՞նչ օգուտ կը քաղէ հաւատքէն, ի՞նչ կը շահի Աստուծոյ կամքին հնազանդ կեանք մը ապրելով: Իուանիս Եպիսկոպոսը այս հարցումներուն ալ կը պատասխանէ՝ գրելով.
«Մարդ ի՞նչ կրնայ շահիլ Աստուծոյ հնազանդ կեանքէ մը: Ի՞նչ են օրհնութիւնները: Յարատեւ ուրախութիւն եւ շարունակական խաղաղութիւն, որ չի վրդովիր ո՛չ վախէն եւ ոչ ալ անձկութենէն: Սաղմոսագիրը կ՚ըսէ. «Ի՜նչքան կ՚ուզեմ ես Քու կամքդ կատարել, ո՜վ իմ Աստուած» (Սղ 40.8). «Բայց թող ուրախ ըլլան բոլոր Քեզի ապաւինողները, յաւիտեան թող ցնծան, որովհետեւ Դո՛ւն ես իրենց պաշտպանը. եւ թող Քեզմով պարծենան Քեզ սիրողները» (Սղ 5.11): Չմոռնանք նաեւ, որ ուրախութիւնը Ս. Հոգիի պտուղներէն մէկն է (տե՛ս Գղ 5.22), մինչ տխրութիւնը, մեղքի պտուղներէն մէկն է:
Այս ներքին ուրախութեան եւ խաղաղութեան պատճառը Աստուծոյ կամքը կատարելուն եւ հաւատքին արդիւնքն է. «Աստուած բարիին համար գործակից կ՚ըլլայ անոնց՝ որոնք կը սիրեն զԻնք եւ Իր ծրագիրին համաձայն Իրեն կանչուած են» (Հռ 8.28)» (էջ 145):
Աւելին՝ «հնազանդութեան կեանքը Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը պիտի աւելցնէ: Սէրը չի կրնար ամբողջական ըլլալ, բացի երբ մեր կամքը ներդաշնակ է Աստուծոյ կամքին. «Եթէ կը սիրէք զիս՝ պիտի գործադրէք Իմ պատուիրաններս» (Յհ 14.15): Հնազանդութիւնը պիտի օգնէ մեզի նաեւ ուրիշ հոգեւոր առաքինութիւններ ստանալու. ինչպէս՝ համբերութիւն եւ տոկունութիւն: Իմ կամքիս միջամտութիւնը կրնայ արգելք ըլլալ եւ թոյլ չտալ, որ ես այդ առաքինութիւնները ստանամ: Եթէ անձը Աստուծոյ ենթարկուող չէ, չի՛ կրնար հնազանդ ըլլալ: Հնազանդ պէտք է ըլլալ նոյնիսկ այն երեւոյթներուն մէջ, որոնք մեր օգուտին չեն համապատասխաներ, բայց երբ համբերութիւն կիրառենք, ան մեզ տոկունութեան կ՚առաջնորդէ:
Հնազանդութեան կեանքը թոյլ պիտի տայ մեզի, որ Աստուծոյ հետ սուրբ կեանք մը ապրինք: Աստուած մարդ արարածը ազատ ստեղծեց եւ այդ ազատութեան միջոցով մարդը ձախողեցաւ բազմաթիւ օրհնութիւններ ստանալ, որովհետեւ մարդուն կամքը Աստուծոյ կամքին նման չէր, այսինքն՝ Անոր կամքին հետ ներդաշնակ չէր: Տէր Յիսուս Երուսաղէմի եւ անոր բնակիչներուն կ՚ըսէ. «Քանի՜ անգամ ուզեցի որդիներդ հաւաքել, ինչպէս հաւը իր ձագերը կը հաւաքէ թեւերուն տակ, բայց դո՛ւք, Երուսաղէմի բնակիչներդ չուզեցիք: Ահա “աւերակ պիտի ըլլայ ձեր տունը”» (Մտ 23.37-38)» (էջ 149-150):
Նեղ դռան մասին, այլ խօսքով մարդուն կրած փորձութիւններուն, դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն եւ տառապանքներուն մասին, այսպէս կը գրէ սրբազան հեղինակը.
«Եթէ Աստուած փորձութիւններ թոյլ կու տայ մարդուն, չի՛ նշանակեր, որ ան կը զուարճանայ կամ հաճոյք կը ստանայ տառապող մարդը տեսնելով: Ընդհակառակը, Աստուած հոգեւոր բարիք կը կամենայ մարդուն համար: Բայց քանի որ գիտէ մարդուն բը-նութիւնը եւ անոր հակումը դէպի երկրաւոր ու մարմնաւոր ցանկութիւններ, առ այդ անոր հետ կը վարուի յարմարութեան համաձայն» (էջ 166):
Ուրիշ տեղ մը կը գրէ. «Նեղութիւնները օգտակար են մարդուն համար, որովհետեւ կը զգաստացնեն զինք վերադառնալու դէպի ուղիղ ճամբան: Ատիկա անդրադարձնել կու տայ մարդուս իր տկար բնութիւնը, որպէսզի իր միտքն ու սիրտը վեր բարձրացնէ եւ օգնութիւն խնդրէ: Սաղմոսագիրը կ՚ըսէ. «Տէրը յենարան եղաւ ինծի» (Սղ 18.18): Դաւիթ մարգարէն կ՚ըսէ. «Լաւ օրերուս կը խորհէի թէ որեւէ բան չի կրնար զիս սասանել: Դո՛ւն էիր, Տէ՜ր, հաճութեամբ զիս լեռան պէս անշարժ ըրիր. հազիւ երեսդ դարձուցիր՝ ահա խռովքի մատնուեցայ» (Սղ 30.6-7): Դաւիթ կ՚ըսէ, որ Աստուծոյ հետ ինք զօրաւոր է եւ պիտի չսասանի, բայց եթէ Աստուած Իր երեսը դարձնէ, պիտի մտահոգուի եւ սարսափի: Ան կը շարունակէ ըսելով. “Տէ՜ր, կ՚աղաչեմ, կը պաղատի՛մ, Տէ՜ր: Լսէ՛, ո՜վ Տէր, ողորմէ՛ ինծի, Տէ՜ր օգնական եղիր ինծի: Ողբս պարի վերածեցիր, սուգի հագուստս հանեցիր, եւ ինծի ուրախութեան զգեստ հագցուցիր”» (էջ 168):
Իուանիս Եպիսկոպոսը ապաշխարութիւնը որպէս նեղ դուռ կը ներկայացնէ՝ գրելով.
«Ապաշխարութիւնը նեղ դուռ է. ով որ համբերատար է իր կրած դժուարութիւններուն մէջ, պիտի վայելէ լոյսի թագաւորութիւնը, երբ այդ դժուարութենէն դուրս գայ: Ատիկա դէպի կեանք տանող դուռն է: Ոչ ոք կրնայ Աստուծոյ երեսը տեսնել առանց ապաշխարութեան եւ յոյսի: Ո՞վ մաքրուած է առանց ապաշխարութեան: Ապաշխարութիւնը ազատեց Դաւիթը իր մեղքէն եւ փրկեց Նինուէն իր կործանումէն:
…
Մարդ պէտք չէ ուրանայ իր դերը ապաշխարութեան մէջ: Ան պէտք է պայքարի վերջ դնելու իր մեղքերուն եւ յօժարակամութիւն ունենայ Աստուծոյ հետ ապրելու: Այստեղ կը յիշենք Ս. Օգոստինոսի նը-շանաւոր խօսքը. «Աստուած որ առանց քեզի ստեղծեց քեզ, սակայն առանց քեզի պիտի չփրկէ քեզ»: Ասիկա կը նշանակէ, որ քու ստեղծումիդ մէջ դուն մասնակից չեղար, բայց երբ հարցը քու փրկութեանդ կը վերաբերի, անխուսափելիօրէն դերակատարութիւն եւ աշխատանք ունիս կատարելիք: Աստուծոյ շնորհքը քեզ պիտի չփրկէ, եթէ կրաւորական ես եւ ապաշխարութեան ուղին չես բռներ:
Մարդ պէտք է պայքարի եւ Աստուծոյ օգնութեան եւ նեցուկին վստահի: Ան նաեւ իր անձին պէտք է վստահի, իրեն տրուած աստուածատուր շնորհքներն ու կարողութիւնները գործի լծելու իմաստով: Մարդ պէտք է աշխարհը կշիռքի մէկ նժարին մէջ դնէ, իսկ Յիսուսի սէրն ու փառքը միւս նժարին մէջ եւ ընտրութիւն կատարէ՝ կա՛մ Բարաբբան եւ կամ ալ Յիսուսը (Մտ 27.17): Բարաբբան ներկայ աշխարհի խորհրդանիշն էր, ուստի հրեաներուն պէս մի՛ ըլլար, որոնք Պոնտացի Պիղատոսին առջեւ Բարաբբան ընտրեցին» (էջ 173, 174-175):
Նեղ դռնէն մտնելու համար մարդ կարիքն ունի խոստովանութեան: Այս մասին հեղինակը կը գրէ.
«Կարեւոր է խոստովանութեան ատեն մեղքի ցաւը զգալ, ինչպէս որ մեղքին հաճոյքը կը զգանք զայն կատարած ատեն: Հայրերէն մէկը կ՚ըսէ, որ խոստովանութեան խորհուրդը զօրաւոր արգելիչ է, կը կասեցնէ անհատը եւ թոյլ չի տար որ ան կրկնէ իր սխալ արարքը: Սիրաքի Իմաստութեան գիրքին մէջ կը կարդանք. «մեղքերդ խոստովանելու մի՛ ամչնար» (Սիր 4.21):
Մարդ պէտք է ինքզինք ստիպէ, որպէսզի նեղ դռնէն մտնէ: Ան պէտք չէ շփոթի մատնուի իր մեղքերը խոստովանելու համար, այլ պէտք է պարզապէս մաքուր ու հանդարտ խիղճի հասնի: Խոստովանութեան ատեն Ս. հոգին մեր մեղքերը կը վերցնէ եւ Յիսուսի ուսերուն կը դնէ, որ ամբողջ աշխարհի մեղքը կը կրէ: Ինչպէս ըսինք, խոստովանութեան խորհուրդին ճամբով է, որ մենք ներում կը ստանանք (տե՛ս Եփ 1.7: Կղ 1.14: Եբր 7.25: Ա. Յհ 1.9, 2.1-2)» (էջ 182):
Ամէն տեսակի հիւանդութիւն՝ թեթեւ թէ ծանր, մարդուն համար հաճելի չեն եւ մարդ կը զգուշանայ հիւանդանալէ, իսկ երբ հիւանդանայ՝ ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի շուտով առողջանայ: Հիւանդութիւններ կան սակայն, որոնք մեր հոգեւոր առողջութեան եւ հոգիի փրկութեան կը ծառայեն: Այդ հիւանդութիւնները Իուանիս Եպիսկոպոսը իբրեւ նեղ դուռ կը ներկայացնէ՝ գրելով.
«Հիւանդութեան խաչը ընդունիլը ինքնին նեղ դուռն է, որ իր վարձատրութիւնը ունի: Կ՚ըսուի, որ սուրբ հայրերէն մէկը երկինքի մէջ չորս աստիճաններ կը տեսնէ. առաջինը՝ հիւանդ մարդն է, որ համբերութեամբ եւ Աստուծոյ հանդէպ շնորհակալ սիրտով կ՚ընդունի հիւանդութիւնը: Երկրորդը, առողջ մարդն է, որ օտարներուն եւ տկարներուն հոգատարութիւն կ՚ընէ: Երրորդը, անապատին մէջ առանձին պայքարողն է (ճգնաւորներն ու վանականները), եւ չորրորդը աշակերտն է, որ ամբողջութեամբ կը հնազանդի իր հոգեւոր հօրը:
Երախտապարտ հիւանդը ամէն օր իր մարմինը իբրեւ զոհ կ՚ընծայէ Աստուծոյ: Վանական մը քաղցկեղի պատճառով սաստիկ ցաւերէ կը տառապէր, բայց շարունակ կը ժպտար ու կ՚ըսէր. “Ասիկա դրախտի հիւանդութիւնն է”» (էջ 188):
Իուանիս Եպիսկոպոսին յիշատակը անթառամ մնայ: Մակար Արք. Աշգարեանին ալ կը մաղթենք քաջառողջութիւն, միտքի պայծառութիւն եւ իմաստութիւն, որպէսզի նոյն ոգիով եւ նուիրումով շարունակէ լուսաւորել մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակներուն հոգեւոր սնունդի ու դաստիարակութեան կարօտ եղող միտքերն ու հոգիները:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ