ԱՂԵՔՍԱՆԴՐ ՓԱՆՈՍԵԱՆ - ԱԼՓԱՍԼԱՆ (1858 - 1919)
Աղեքսանդր Փանոսեան, որ հանրութեան աւելի ծանօթ եղած է իր ծածկանունով՝ Ալփասլան, ծնած է 1858-ին, Կ. Պոլիս: Բանաստեղծ, թատերագիր եւ թարգմանիչ:
Նախնական ուսումը ստացած է Խասգիւղի Նուպար Շահնազարեան վարժարանէն ներս:
1880-ականներէն սկսեալ սկսած է ոտանաւորներ գրել եւ աշխատակցած է զանազան պարբերականներու. ինչպէս՝ «Արեւելք» (Կ. Պոլիս) 1898-1908: «Արեւելեան Մամուլ» (Իզմիր) 1902, 1904, 1908-1909: «Բիւրակն» (Կ. Պոլիս) 1909: ԺԱՄԱՆԱԿ (Կ. Պոլիս) 1908: «Լոյս» (Կ. Պոլիս) 1908: «Խելոք Դաւիթ» (Կ. Պոլիս) 1918-1919: «Ծաղիկ» (Կ. Պոլիս) 1903-1905: «Հայելի» (Վառնա) 1901: «Հայրենիք» (Կ. Պոլիս) 1891-1893: «Մանզումէի Էֆքեար» (Կ. Պոլիս) 1901: «Մասիս» (Կ. Պոլիս) 1892-1907: «Սուրհանդակ» (Կ. Պոլիս) 1899-1902: «Վերջին Լուր» (Կ. Պոլիս) 1919 (տե՛ս «Հայոց ծածկանունների բառարան (8000 հեղինակի 25000 ծածկանուն)» Բ. Մ. Հովակիյան, Երեւան 2005, էջ 48): Աշխատակցած է նաեւ «Երկրագունտ»ին եւ այլ պարբերականներու: Ինչպէս նաեւ աշխատակցած է «Բուրաստան Մանկանց» մանկապատանեկան պարբերականին, ուր մանուկներու եւ պատանիներու յարմար բանաստեղծութիւններ հրատարակած է: Ալփասլան բանաստեղծութիւններ գրելու կողքին, նաեւ օտար հեղինակներէ բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ թարգմանած է:
Հրատարակած է բանաստեղծութիւններու երեք ժողովածուներ՝
«Շողեր եւ ցօղեր» (1885):
«Այգեկութք» (1908): Եւ՝
«Ազատ քնար» (1908):
Փանոսեան գրած է նաեւ կատակերգութիւններ՝ «Թեկնածուներ» վերնագիրը կրող, որ տպուած է 1901-ին, Կ. Պոլիս, եւ՝ «Մագնիս» (Սիպիլին հետ՝ համահեղինակ):
Ալփասլան ֆրանսերէնի թարգմանած է Միքայէլ Նալպանտեանի, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի, Պետրոս Դուրեանի, Գրիգոր Զօհրապի, Արշակ Չօպանեանի եւ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի գործերէն, ինչպէս նաեւ ինք եւս ֆրանսերէնով գրած է:
Ալփասլանի մասին շատ տեղեկութիւններ չկան: Ինտրան անոր ստեղծագործութիւններուն մասին այսպէս կը գրէ.
* Իր ներշնչումները շատ լուրջ վիճակներ չեն, ճշմարիտ խորհուրդներէ եւ ճշմարիտ զգացողութենէ զուրկ՝ զբօսանքի զուարթ տրամադրութիւններ են աւելի: Բոլոր ինչ որ գրած է լուրջ, սեթեւեթեալ լրջութիւն մը կը ներկայացնէ միայն: Ինչ որ զինքը ժողովրդական ըրած է, իր նշանաւոր ճարտարութիւնն է, տաղաչափելու, եւ մասնաւորապէս ճոխութիւնն իր յանգերուն: Չափն ու մանաւանդ յանգը եղած են Ալփասլանի (Աղեքսանդր Փանոսեանի) քով զուարթախոհ երգիծանքի, էսփրիի եղանակներն իր երեւակայութեան, անգամ յանգերու երեւակայութիւն մըն է. յանգաւորելու իր խորհելու կերպն է մինչեւ իսկ: Ժայթ, քմայք, անակնկալ, ներդաշնակութիւն, բանաստեղծութիւն, առատախօսութիւն, շաղակրատութիւն, պատճառ ու միջոց, եւ զայն հանդուրժելի ու հետաքրքրական դարձնող համեմ, ներշնչման աղբիւր եւ ի վերջոյ փառքի տիտղոս, ու այսինքն ամէն ինչ եղած է յանգը Ալփասլանի համար, որ զայն ներբողած է ոտանաւոր, ընդդէմ Պէրպէրեանի, իբրեւ բուն խանդին ու հանճարին չափ կարեւոր բան մը բանաստեղծութեան մէջ: - Լրջագոյն գործը զոր ըրած է ֆրանսացի բանաստեղծներէն իր ըրած թարգմանութիւններն են թերեւս. կարծես այդ թարգմանական աշխատութեան մէջ է որ գոհացուցած է իր բանաստեղծի փառասիրութիւնը: Ունեցած է իր յանգաճոխ նմանողները, բայց իր տաղաչափութիւնը գերազանցուած չէ:
Մաղաքիա Պատրիարք Օրմաեանը՝ այդ օրերուն տակաւին վարդապետ, Փանոսեանի «Շողեր եւ ցօղեր» հատորին մասին հետեւեալ նամակը գրած է իրեն.
* Առ Մեծապատիւ Աղեքսանդր էՖէնտի Փանոսեան.
Նոր Քերթող,
Մի կարծեր թէ զՔեզ՝ ականջներս քերթող կոչել կամենամ, զի իսկապէս կը տեսնեմ ի Քեզ այն հոգին որով պուէտք կու գան յառաջ եւ կը ծաղկին բանաստեղծք: Նոր ժամանակներուս մէջ, ամէն շարադրող կը դառնայ բանաստեղծ եւ ամէն գրող կը փոխուի ի քերթող, Քո ոտանաւորներն են միայն որք կը կարդացուին անձանձրոյթ, կը յուզեն նոր գաղափար, կը զարթուցանեն իմացական աշխոյժ, եւ կը զուարճացնեն հոգին: Եթէ միայն ըսելս ոմանց նախանձը պիտի շարժէ, գժտութեան խնձոր գլորած չը լինելու համար կ՚ըսեմ. «յոյժ սակաւագոյններէն են»:
Դու, սիրելի, վեց եօթը ամիս յառաջ յղեցիր ինձ Շողերդ ու Ցօղերդ, մի ազնիւ ու քնքուշ թղթով, ում տակաւին չեմ պատասխանած: «Առի եւ շնորհակալ եմ» ըսել՝ քիչ էր. եւ զայդ ըսել տուեր եմ Եղբօրս միջնորդութեամբ. այլ կը բաղձայի Շողերը զննել ու Ցօղերը տեսնել, լուսաւորուիլ ու զովանալ. եւ ապա մի յարմար հրապարակային նամակ գրել, ոչ այնչափ ազնուութեանդ ի փոխարէն, որչափ արժանեացդ ի քաջալեր: Սակայն ո՞ւր է մարդ, ո՞ւր է ժամանակ. եթէ կը կարծես որ խեղճ Օրմանեան գեղեցիկ զրութեանց համար վայրկեան մը կրնայ սահմանել, պատրանաց մէջ կ՚իյնաս. զի՝ որ ինչ ձանձրոյթ է, որ ինչ սրտմաշուք է, որ ինչ տաղտուկ, որ ինչ թալկացուցիչ է, խուժին եւ դուժին զրկանքն, տգէտին եւ տկարին տանջանքն, այս է մեր բաժին ի գաւառական պաշտամանս:
Ինչո՞ւ, սիրելի Աղեքսանդրս, ինչո՞ւ չես գրեր մի գեղեցիկ քերթուած. «Գաւառական առաջնորդն» վերտառութեամբ. շատ գրաւիչ պատկերներ կ՚ունենայիր տողերդ զարդարելու:
Երբոր գրես, դու ինքնին պիտի համոզուիս, եւ իմ թերութիւնս արդարացնելու փաստաբան պիտի լինիս: Ուրեմն լե՛ր անմեղադիր. եւ պահէ ինձ սէրդ ու բարեկամութիւնդ որպէս յառաջն: Ընդ թղթոյս պիտի տամ Քեզ եւ անծանօթ բարեւներ: Սանասարեան վարժարանի ուսուցիչքն երեք, Ս. Սողիկեան, Յ. Մատաթեան եւ Գ. Աբուլեան էՖէնտիք Քոյին տողերը հաճութեամբ ընթերցօղք, կ՚ողջունեն զՔեզ շնորհաւորութեամբ:
Եթէ քննադատութիւն ընել ուզէի՝ պիտի հարցնէի թէ ինչո՞ւ երբեմն բառ մը յերկուս անդամս բաշխելով, կաղալու ձեւ կուտաս սահուն տողերուդ: Սակայն բանաստեղծից առաջին կանոն ազատութիւնն է:
Մի՛ խօսիր, Սիրելի. զրէ՛ ու քերթէ՛, երգէ ու ստեղծէ զի մեծ յոյս կայ որ ապագայք Քեզ տան ժամանակիս չափաբանից նախաթոռը, եթէ յառաջես նոյնչափ յաջողութեամբ որով սկսար:
Ողջ լեր եւ զուարթ լե՛ր,
ՄԱՂ. ՎՐ. ՕՐՄԱՆԵԱՆ
Կարին, 28 փետրուար 1886
(«Երկրագունտ», Ամսօրեայ հանդէս, ազգային, գրական եւ գիտական, Կ. Պոլիս, չորրորդ տարի, մարտ, 1886, էջ 110-111):
***
Այժմ, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներակայացնենք Ալփասլանի բանաստեղծութիւններէն փունջ մը:
ՄԱՏՈՒՆՔ ԿՈՒՍԻՆ
Անճառ, աննըման, ջինջ եւ անապակ
Մատունքդ, ոյց վայլէ ոսկի գաւազան,
Բանան դրունքն ամէն սրտից ամրափակ,
Երբ շողան աչերդ, լուսո՛յ աւազան,
Անճառ, աննըման, ջի՜նջ եւ անապակ:
Մատունքդ, ոյց վայլէ ոսկի զաւազան,
Քնքոյշ զերդ բամբակ, նուրբ են զերդ պրտու.
Այլ ըսէ՛ ինձ, Կո՛յս, ո՞ր վայրի գազան
Փոխ տըւաւ քեզ իւր ճիրաններն հատու,
Մատո՜ւնքդ ոյց վայլէ ոսկի գաւազան…:
Բանան դրունքն ամէն սրտից ամրափակ,
- Որպէս չարագործք՝ խորտակեալ արկեղ, -
Միշտ արծարծելով բուռն սիրոյ պապակ,
Այլ յաւէ՜տ թողլով անդ անբոյժ մի կեղ,
Բանան դրունքն ամէն սրտից ամրափակ…:
Երբ շողան աչերդ, լուսո՜յ աւազան,
Հոգիք - խօ՜լ թիթռունք - կ՚ընթանան առ քեզ.
Այլ մէ՚ն մի ակնարկդ, հո՜ւր զարմանազան,
Կը լափէ մի սիրտ սիրո՜յ ողջակէզ
Երբ շողան աչերդ լուսոյ աւազան…:
Անճառ, աննըման, ջի՛նջ եւ անապակ
Հոգիս երբ անցնի աշխարհիս սեմէն,
Կո՛յս, թո՜ղ դագաղիս՝ նեղ, կարճ ու տափակ
Կափարիչն ալ՝ քո՜ւ մատունքըդ գամեն
Անճառ, աննըման, ջինջ եւ անապակ…:
(«Երկրագունտ», Ամսօրեայ հանդէս, ազգային, գրական եւ գիտական, Կ. Պոլիս, չորրորդ տարի, մարտ, 1886, էջ 129):
ԱՐՁԱԳԱՆԳԻՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ
- Ի՞նչն է անունն երկրիս տիրող էակին…
- Կի՛ն…:
- Ո՞վ սիրահեղ գեղգեղն ունի սոխակին…
- Կի՛ն…:
- Ո՞վ շողուն դէմքն ու շնորհն ունի լուսնակին…
- Կի՛ն…:
- Ո՞վ թոյրն, հրապոյրն ու բոյրն ունի վարդ ծաղկին…
- Կի՛ն…:
- Ո՞վ դրախտաբոյն լոյսն եւ յո՛յսն է մեր յարկին…
- Կի՛ն…:
- Ո՞վ կու տայ մեզ համն հեշտութեան բաժակին…
- Կի՛ն…:
- Ո՞վ է գոհարն երջանկութեան պըսակին…
- Կի՛ն…:
- Ո՞վ է այն ոյր սիրովն հոգիք բըռընկին…
- Կի՛ն…:
- Ո՞վ կաթ ու կեանք ջամբէ նորեկ մանկիկին…
- Կի՛ն…:
- Ո՞վ է այն ոյր գտնենք թեւոց մէջ զերկին…
- Կի՛ն…:
(«Այգեկութք» (Գրական գործեր), Կ. Պոլիս, 1908, էջ 86):
ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԱՐՁԱԳԱՆԳԻՆ
- Ո՞վ անկայուն է նման ծովու ալեակին…
- Կի՛ն…:
- Ո՞վ է թեթեւ փետուրին պէս թռչնիկին…
- Կի՛ն…:
- Ո՞վ ուր ճանկեր պահէ տակն իր թաթիկին…
- Կի՛ն…:
- Ո՞վ թշնամին է մեր պատւոյն, քըսակին…
- Կի՛ն…:
- Ո՞վ մեր յաջող աւուրց ընկերն անմեկին…
- Կի՛ն…:
- Ո՞վ մերթ պարգեւ, միշտ պատուհա՛ս մ՚է կրկին…
- Կի՛ն…:
- Ո՞վ է այն ոյր ձեռքով սիւնե՜ր խորտակին…
- Կի՛ն…:
- Ո՞վ է այն ոյր սրտին մէջ ի՜ժք բընակին…
- Կի՛ն…:
- Ո՞վ է խառնուրդ սատանին ու հրեշտակին…
- Կի՛ն…:
- Ո՞վ կը մատնէ զմեզ դըժոխքի՜ կըրակին…
- Կի՛ն…:
(«Այգեկութք» (Գրական գործեր), Կ. Պոլիս, 1908, էջ 87):
ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ
Կանոն Առաջին
Երբ, ամուսնութեան պարկեշտ օրէնքով,
կոյս մ՚երթայ… ապրիլ այր մարդու մը քով,
լաւ մը խելամուտ ըլլալ հարկ է որ,
- հակառակ տիրող բարուց մեղաւոր -
զինքն առնող մարդը, դատելով յարմար,
զինքն առած է կին՝ լո՛կ իրեն համար:
Կանոն Երկրորդ
Կինն՝ հագուիլ, շըքուիլ կը պարտի միա՛յն
ճաշակին, կամքին, քսակին համաձայն
ամուսնոյն որ իր տէրն է լիազօր.
իր գեղեցկութեան հոգն՝ անկ է անո՛ր,
փոյթ չէ՛ բնաւ թէ կինն՝ այլոց աչքերուն
չերեւայ հաճոյ, գեղեցիկ, սիրուն:
Կանոն Երրորդ
Պչրոտ ակնարկներ անպէտ են յաւէտ,
ինչպէս շըպարներ, իւղեր հոտաւէտ
եւ բիւր դեղերն որ դէմքին կու տան գոյն,
անոնք են պատւոյն միշտ մահաբե՛ր թոյն.
գեղեցկանալու խընամքներն՝ արդէն
հազուադէ՛պ է որ ամուսինք առթեն:
Կանոն Չորրորդ
Փողոցն՝ հարկ է որ, համեստ քօղին տակ
մարէ կինն աչքին նայուածքներն յստակ.
կինն՝ էրկանն հաճոյ կ՚ըլլայ՝ պայմանա՛ւ
որ մարդիկ իրեն չի հաւնին բընաւ:
Կանոն Հինգերորդ
Այն անձերէն զատ տարեց, խոհական
որոնք ամուսնոյն այցելու կու գան,
պատշաճ է որ կինն հիւր բնա՛ւ չընդունի.
քանզի ծեքծեքող, քծնող, լեզուանի
մարդիկն որ տիկնոջ խունկ վառեն առջին՝
տանտէր պարոնին ջիղերուն դպչին:
Կանոն Վեցերորդ
Մարդո՛ց նըւիրած ճոխ ընծաներէն
պէտք է զգուշանալ միշտ խոհեմօրէն,
քանզի մեր ապրած դարուն մէջ վատթար՝
ոչինչի համար՝ ոչինչ բան չե՛ն տար…:
Կանոն Եօթներորդ
Ո՛րքան ալ նեղուի՝ կընոջ չէ յարմար
գործածել թուղթ, գրիչ, մելան, կաղամար.
վայելուչն ա՛յն է որ բոլորովին
տան գիրերն՝ էրկան գրչով լոկ գըրուին:
Կանոն Ութերորդ
Այն ընտանեկան խմբումներն ամէն,
զոր խառն եւ անշահ տարրեր կը կազմեն,
կանանց միտքն, հոգին կ՚եղծեն անդադար.
անոնցմէ խոյս տալն հա՛րկ է եւ արդար,
քանզի անոնց մէջ է որ՝ անձնըւէր
խե՜ղճ այրերուն դէմ կը նիւթուին դաւեր:
Կանոն Իններորդ
Պատուաւոր մըն ալ ուզող ամէ՛ն կին
խաղալէ պէտք է որ խորշի ուժգին
իբրեւ բան մը խիստ վըտանգաւոր.
քանզի խաղն ախտ մ՚է պատրող ու մոլոր
որ կը մղէ կինն օր մ՚ալ, անխափան,
վըրայ տալու ի՛նչ որ կայ տալիք բան…:
Կանոն Տասներորդ
Օրուան խօլ ու խեռ պտոյտներէն ամէն,
դաշտային սեղան եւ կեր ու խումէն
պէտք է որ ի սպառ կինն հըրաժարի,
քանզի փորձերով ստուգուած է կարի
թէ՝ կնոջն ի՛նչ որ բան -ճաշ, պատիւ, ընծայ-
փոխարժէքն՝ էրի՛կն է որ կը ցնծայ…:
ՄՕԼԻԷՌ
(«Այգեկութք» (Գրական գործեր), Կ. Պոլիս, 1908, էջ 107-109):
ՖԱՆԹԷԶԻՆԵՐ՝ ԵՐԿՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
Ա.
ՍՈՒՐԲ ՊԵՏՐՈՍ
Արհեստով դերձակ մարդ մը, (յիրաւի,
Դէպքն անբընական ձեզ պիտի թըւի):
Մեռած եւ հոգին գացած էր շուտիկ
Երկնային դրախտին սեմին խիստ մօտիկ:
- Սուրբ Պետրոս, կանգնած առջին անոր դրան,
Հարցուց.
- «Հոս չեկած գացի՞ր Քաւարան…»:
- «Ո՛չ, սրբազան հայր, բայց ես՝ կընոջ տէր…»
- «Ամուսնացա՞ծ ես, այդ չէի գիտեր.
Մըտի՛ր ներս. անոնք որ առած են կին
Պէտք չեն ունենար քաւութեան կրակին…»:
Նոյն միջոցին հոն հասաւ, դրան դէմ,
Ազնըւաշուք մը ծանր ու լրջադէմ.
Ներս պիտի մտնէր, երբ որ Սուրբ Պետրոս ձայնեց.
- «Մի՛ փութար նայինք, կեցի՜ր հոս.
Քաւարանին համն առա՞ծ ես արդէն…»:
- «Ո՛չ, բայց հիմա զիս կանխող սա մարդէն
Ի՞նչ հասկըցաք որ թող տըւիք իրեն ներս մտնել…»:
- «Պատճառըն ըսե՛մ պարզօրէն,
Կարգըւած մարդիկ, ինչպէս որ էր ան
Քաւութեան կրակէն ազատ կը մնան…»:
- «Եթէ այդպէս է, ես ինչո՞ւ չի գամ,
Ես որ կին առած եմ… երե՛ք անգամ»:
Սուրբ Պետրոս, յուզուած, ձայնով գոռ, ազդու.
- «Ի՜նչ, գոչեց, երեք կին առած ես դո՞ւ…
Մի քի խանգարման նժան մ՚է ատիկայ,
Կորի՛ր, խենդերուն դրախտը տեղ չի կա՜յ»:
Բ.
ՄԱՀՈՒ ՊԱՏԻԺ…
Երեք կին առած մարդուկ մը, ո՛չ ծեր,
Դատուելով, մահուան դատապարտուած էր…:
Քաղաքին կիներն ամբողջ, մէ՛կ բերան,
Կ՚արգահատէին, կը գթային վըրան.
- «Սոսկալի բան չէ՞, հանել կաղախան,
Կ՚ըսէին, այս խեղճ, ըզգայուն տըղան
Որ երեքէ՛ն ալ սիրուած էր անշուշտ…:
Ի՛նչ անգութ օրէնք, վըճիտ արիւնռուշտ»:
- «Տիկիննե՛ր, ըսաւ Խիկար, իրա՛ւ որ
Բաղդն է այս մարդուն շատ նըպաստաւոր…»:
Կիներն.
- «Ի՞նչ կ՚ըսես, գոչեցին, Խիկա՛ր,
Կը զառանցե՞ս դու, թէ խելքդ է տըկար.
Կաղախանէն ու մահէն աւելի,
Ի՞նչ պատիժ, տանջանք կայ ժանտ, ահռելի…»:
- «Հապա ի՞նչ պիտի ըլլար կեանքն անոր
Եթէ, կարծելով գտնել մեծ շընորհ,
Դատապարտըւէ՛ր մի՛եւնոյն յարկին
Տակ, մինչեւ ցըմահ, պահել… ԵՐԵ՜Ք ԿԻՆ…»:
(ԺԱՄԱՆԱԿ, Ա. տարի, թիւ 8, 23-5 հոկտեմբեր 1908, էջ 1):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ