ՈՒԺ ԵՒ ԱՅԼԱՍԵՐՈՒՄ

Մարդկային պատմութիւնը բիւրաւոր դարերու ընթացքին միշտ պայքար մը եղած է. ոչ թէ միայն գոյապայքար բնութեան դէմ, այլեւ ներքին կռիւ՝ իշխանութեան, փառասիրութեան եւ արդարութեան միջեւ։ Ուժը, սկիզբին եղած է միջոց մը՝ ապրելու, պաշտպանուելու եւ կեանք կերտելու համար։ Բայց երբ ուժը դարձաւ ինքնանպատակ, ան ստեղծեց նաեւ աղէտ՝ ո՛չ միայն ուրիշներուն, այլեւ ուժ ունեցողին համար։

Մարդը՝ արարիչի պատկերով ստեղծուած, կը ձգտի ուժ ունենալ։ Այս ցանկութիւնը երբեմն կը բխի անկեղծ կարիքէ՝ ապահովել կեանքը, պաշտպանել ընտանիքը, կառուցել աշխարհ մը, ուր արդարութիւնը կ՚իշխէ։ Բայց նոյն այդ ուժը՝ երբ կը զրկուի իմաստութենէ, կը վերածուի պատուհասի։ Ուժը ինքնին պարգեւ մըն է, մինչդեռ այլասերութիւնը՝ մարդկային մոլութիւն։

Ամէն իշխանութիւն ծնունդ կ՚առնէ խոստումով։ Սկզբին՝ իշխանաւորը կը խոստանայ ծառայել։ Բայց ինչպէս կրակը կը պահանջէ աւելի շատ վառելանիւթ, նոյնպէս ուժը կը պահանջէ աւելի մեծ իշխանութիւն։ Եւ ահա այն պահուն, երբ իշխանութիւնը կը դառնայ ինքնանպատակ, մարդը կը կորսնցնէ իր հոգին։

Պատմութիւնը լեցուն է նման օրինակներով։ Թագաւորներ, որոնք ի սկզբանէ ազնիւ երազանքներ ունէին իրենց ժողովուրդին համար, տարիներու ընթացքին դարձած են բռնակալներ։ Քահանաներ, որոնք քարոզած են սէր եւ խոնարհութիւն, յետոյ կուրացած են իրենց իսկ պաշտամունքէն։ Գիտնականներ եւ մտաւորականներ, որոնք ճշմարտութիւն կը հետապնդէին, բայց վերջաւորութեան սկսած են պաշտել սեփական միտքը։ Ալեքսանտր Մակեդոնացի՝ որ իր երիտասարդ տարիքին կը տեսնէր աշխարհը միացեալ գաղափարներու եւ մշակոյթի մը ներքեւ, վերջաւորութեան խեղդուած է հարբեցութեան եւ անձնական փառասիրութեան մէջ։ Ներոն՝ որ արուեստ կը քարոզէր, իր քաղաքը վառած է սեփական փառքին համար։ Նաեւ նոր ժամանակներուն քաղաքական առաջնորդներ, որոնք ազատութեան անունով կը կառուցեն բռնապետութիւն, քանի համոզուած են, թէ միայն իրենք իրաւունք ունին որոշելու, թէ ի՛նչ է բարին եւ չարը։

Արդարեւ, ի՞նչ է այլասերումը։ Ան ո՛չ միայն բարոյական անկում է, այլ մտային խեղում։ Այլասերած մարդ մը այլեւս չի տեսներ ուրիշ մարդը՝ այլ զայն կը տեսնէ միայն գործիք, միջոց կամ վտանգ։ Իր ամբողջ աշխարհը կը դառնայ հայելիներու դահլիճ մը, ուր միայն ինքզինք կը տեսնէ եւ կը հիանայ այդ պատկերին։ Այդ պատճառով է, որ ամենէն վտանգաւոր բռնակալը միշտ այն մարդն է, որ խորքին մէջ միայն կը հաւատայ իր արդարութեան։

Ուժը, երբ զուգորդուած է խոնարհութեամբ, կը դառնայ շինարար։ Իսկ երբ կը զուգորդուի վախով, կը դառնայ զէնք, երբ զուգակցուած է փառասիրութեամբ, կը դառնայ ժահր, որ «կը խժռէ» կրողը։ Այլասերումը չի ծնիր մէկ գիշերուան մէջ. ան կը սողայ, դանդաղօրէն կը թափանցէ հոգիին մէջ՝ իբրեւ վստահութիւն, որ «ամենալաւը ես գիտեմ, ես ճիշդ եմ, ես պէտք է իշխեմ»։ Այդ վստահութիւնը կը վերածուի արարքի եւ այդ արարքը կը դառնայ համակարգ՝ մոլորութեան շղթայ մը։

Բայց ինչպէ՞ս կարելի է խուսափիլ այդ ճամբէն։ Առաջինը՝ պէտք է սթափութիւն եւ խոնարհ գիտակցութիւն, թէ ուժը պարտաւորութիւն մըն է, ոչ թէ արտօնութիւն։ Ով որ ունի իշխանութիւն, ունի նաեւ հաշիւ տալու պարտաւորութիւն։ Ով որ կը տիրապետէ, պէտք է նախ եւ առաջ տիրապետէ ինքն իրեն։ Որովհետեւ ամենէն մեծ իշխանութիւնը ինքնակառավարութիւնն է։

Հին իմաստունները կ՚ըսէին. «Իշխանութիւնը կը փորձէ մարդը, ինչպէս ոսկին՝ կրակը»։ Ոսկին կը մաքրուի, եթէ դիմանայ բոցին։ Ոմանք ծնած են լոյսի համար, բայց կ՚ընտրեն մութը, որովհետեւ մութը աւելի դիւրին կը ծածկէ իրենց դէմքը։

Ուժը առանց սիրոյ կը դառնայ բռնութիւն, իսկ սէրը առանց արդարութեան՝ կուրութիւն։ Արդար ուժը կը պահանջէ սիրտ մը, որ գիտէ նաեւ ներել, բայց առանց մոռնալու։ Այդ է յաղթանակը. ո՛չ թէ զօրաւոր ըլլալ, այլ ազնիւ մնալ։

Մարդը վերջին անգամ աչքերը փակելէ առաջ պէտք չէ հարցնէ՝ «որքա՞ն տիրեցի», այլ՝ «ի՞նչ թողեցի ետիս»։ Ուրեմն ամենէն մաքուր ուժը այն է, որ կը ծառայէ ուրիշներուն։ Որովհետեւ միայն ծառայելով կը մնանք մարդ։ Իսկ ով որ կը մոռնայ այդ ճշմարտութիւնը, վաղ թէ ուշ կը դառնայ իր իսկ ուժի գերին։

Ուժ ունեցող մարդը երբ կը մոռնայ իր ուժին պատճառը, երբ կը սկսի տեսնել զայն որպէս իր էութեան արդարացումը, ան կը մթագնի։ Այլասերումը ծնունդ կ՚առնէ այն պահուն, երբ իշխանութիւնը կը դառնայ հաճոյք, ոչ թէ պատասխանատուութիւն։ Ահա՛ այդ պահուն է, որ հոգին կը սկսի փտիլ։

Բոլոր այս պատմութիւններուն մէջ մէկ բան կը կրկնուի՝ ուժը առանց չափի եւ առանց հոգեկան վարժանքի կը դառնայ թոյն։ Մարդը պէտք է հասկնայ, որ ուժը ինքնին բարութիւն կամ չարութիւն չունի. բարին կամ չարը կը ստեղծուի այն ձեւով, թէ ինչպէս կը գործածուի այդ ուժը։ Արդար գործադրուած ուժը կը դառնայ լոյս, իսկ անարդար ուժը՝ մութ։

Եւ վերջապէս՝ ուժը պէտք է ըլլայ ծառայութիւն, ոչ թէ տիրապետութիւն։ Մարդը որքան կը բարձրանայ, այնքան պէտք է աւելի խոնարհի։ Որովհետեւ միայն այդպէս կարելի է մնալ անաղարտ եւ միայն այդպէս կը պահուի մարդկային հոգին՝ ազատ այլասերումէ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 14, 2025