ՆՈՐԱԲԱՑ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊՈՒՐԱԿԸ՝ Ի ՆՊԱՍՏ ՎԻՐԱՒՈՐ ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԵՒ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՄԱՐԻՈՆ ՏԱՏԻՔԵԱՆԻ

Երեւանի սիրտին մէջ՝ Աբովեան փողոցին վրայ, այսուհետեւ ֆրանսական ոճի պուրակ-սրճարան մը պիտի ըլլայ։ 

Մեծ չէ սրճարանին տարածքը, սակայն, մեծ է այն գաղափարը, որ այս պուրակին հիմնադիրները ունեցած են՝ զայն հիմնելէ առաջ։ 

Պուրակ-սրճարանը հիմնուած է «Զինուորի տուն» հաստատութեան բակին մէջ եւ անկէ գոյացած ամբողջ շահոյթը պիտի ուղղուի Հայաստանի պաշտպան հայ զինուորներու խնդիրներու լուծման։ 

Ֆրանսահայ բարերար Ժան Տատիքեան եւ անոր կինը՝ Մարիոն, տակաւին տարիներ առաջ որոշած էին «Զինուորի տուն» հաստատութեան բակին մէջ ստեղծել ֆրանսական ոճի այս անկիւնը, սակայն, շուրջ տարի մը առաջ Մարիոն Տատիքեան մահացած է ու բարերարը զայն նուիրուած է իր կնոջ յիշատակին։ 

«Տատիքեան» հիմնադրամը «Զինուորի տուն» հաստատութեան բարերարներէն է․ անհաշիւ են Հայաստանի համար Տատիքեաններու կատարած բարերարութիւնները, բայց «Զինուորի տուն» հաստատութեան անոնք առանձնակի հոգատարութեամբ կապուած են։

Ժան Տատիքեանին նախնիները դժուար եւ դաժան ճակատագիր ունեցած են․ հայրը հաստատուած է Ֆրանսա, ուր ալ ծնած է ինք՝ ամբողջ կեանքը կապուած հայրենիքի գաղափարին։ Իր հիմնադրամը շատ ծրագիրներ իրականացուցած է «Զինուորի տուն» հաստատութենէն ներս, իսկ պուրակ-սրճարանն ալ դարձաւ ընկերային մեծ գաղափար մը, որու իրականացումին նաեւ զինուորները մասնակից պիտի ըլլան։ Նախատեսուած է, որ «Զինուորի տուն» վերականգնողական կեդրոնին մէջ բուժուող զինուորներ նոյնպէս աշխատին այնտեղ, նպաստեն սրճարանի զարգացումին։

Սրճարանը բաց է դուրսէն եկող ամէն մարդու համար եւ կը քաջալերեն, որ աւելի շատ մարդ այցելէ, որպէսզի շահոյթը մեծնայ եւ այստեղ բուժուող եւ վերականգնուող աւելի շատ զինուորներ օգտուին։

«Զինուորի տուն» կեդրոնը ընդհանրապէս կը գործէ բարերարներու շնորհիւ, սակայն, կեդրոնի հիմնադիրները բացումի օրէն որոշած են միջազգային փորձ որդեգրել, որ նուիրատուութիւններէն եւ բարերարներէն զատ նաեւ իրե՛նք կարողանան ստեղծել իրենց միջոցները եւ ըլլան ինքնաբաւ։ 

Ֆրանսական պուրակ-սրճարանին բացումը կատարեց «Զինուորի տուն»ին մէջ բուժում ստացող, 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ ծանր վիրաւորում ստացած Անդրանիկը՝ իր ընտանիքի անդամներուն հետ։ Անդրանիկը սայլակի վրայ է․ «Զինուորի տուն» կեդրոն այցելած են բազմաթիւ զինուորներ սայլակով եւ անոնց մէկ մասը այսօր արդէն կը քալէ․․․

Սրճարանի բացումին ներկայ հիւրերու կարգին էր նաեւ Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի։ Ան Ժան Տատիքեանին հետ միասին իջեցուց սաւանը, որուն տակ Մարիոն Տատիքեանի պատուին անուանակոչուած պատշգամի գրութիւնն է եւ պուրակն ալ կը կրէ «Մարիոն Տատիքեան» անունը։ Ընդհանրապէս, այս սրճարանը նուիրուեցաւ բոլոր այն կիներուն, որոնք ծանր վիրաւորում ստացած զինուորներու կողքին են՝ անոնց կիները, մայրերը, քոյրերը եւ մանաւանդ՝ բուժքոյրերը, որոնք հարազատի պէս կը խնամեն հաշմուած, անգիտակից, ծանր ու թեթեւ վիրաւորում ստացած բոլոր զինուորները։ Անոնք, որոնք ոտքի են եւ ձեռնափայտով կամ սայլակով կը շարժուին, այսուհետեւ, վստահաբար, կը նախընտրեն իրենց սիրելի կիներուն, մայրերուն, ընկերուհիներուն հետ սուրճ կամ թէյ խմել այս սրճարանը՝ արդէն հարազատ դարձած բակին մէջ։ Սրճարանին նպատակը ո՛չ միայն շահոյթ ստանալն է, այլեւ՝ հիւանդանոցի բակին մէջ գեղեցիկ միջավայր մը ունենալ։ 

Պատմութիւն մը պատմուեցաւ նաեւ Մարիոն Տատիքեանի մասին․ Ժան Տատիքեան երբ երիտասարդ էր՝ հիւանդացած եւ մէկ տարի գամուած մնացած է անկողինին, իսկ կինը ամենայն նուիրուածութեամբ եւ հոգատարութեամբ խնամած է ամուսինը։ 

ԶԻՆՈՒՈՐԻ ՏՈՒՆԸ

«Զինուորի տուն»ը ստեղծուած է «Աջակցութիւն վիրաւոր զինուորներուն եւ զինուորական հաշմանդամներուն» բարեսիրական կազմակերպութեան հիման վրայ։ Կազմակերպութիւնը 2017 թուականին ստեղծուած է, բայց նախաձեռնութիւնը աւելի վաղ գոյութիւն ունէր, իսկ «Զինուորի տուն»ը բացուած է արդէն 2018 թուականին։

Կեդրոնը ամբողջական վերականգնողական համալիր մըն է, ուր անվճար վերականգնողական բուժում կը ստանան հայրենիքի պաշտպանութեան ժամանակ վիրաւորում ստացած զինուորները։ Վերականգնողական բուժման զուգահեռ վիրաւոր զինուորներուն համար այնտեղ կ՚իրականացուին ընկերային, կրթական, մշակութային, ժամանցային բազմաթիւ ծրագիրներ, կը ջանան լուծել զինուորներու աշխատանքի ու ընկերային հարցերը, ամէն ջանք կը գործադրուի, որպէսզի անոնք կրկին հասարկութիւն վերադառնան։ Մինչ այդ «Զինուորի տուն» կեդրոնը զանազան ծրագիրներու ծիրէն ներս սպասարկած է աւելի քան եօթ հազար վիրաւոր զինուորի։

Զայն կը նկատուի տարածաշրջանի մէջ եզակի կեդրոն մը՝ իր կարգ մը յառաջատար ծառայութիւններով։ Վիրաբոյժներէն զատ զինուորներուն հետ կ՚աշխատին հոգեբաններ, նեարդաբաններ, խօսքի վերականգնման եւ այլ մասնագէտներ։ 

2021 թուականին այստեղ բացուած է մարմնի մասերու տեղադրման կեդրոն, որ այդ գործը կը կատարէ ժամանակակից սարքաւորումներով, կեղծ ձեռք, ոտք եւ մարմնի այլ մասեր կը պատրաստուին նորագոյն ձեւերով, որպէսզի անդամազուրկ զինուորները դիւրին կարողանան գործածել զանոնք։ Կեդրոնը կը խնամէ նաեւ ծայրագոյն վիճակի մէջ գտնուող վիրաւորները․ անոնց մէկ մասը վիրաւորում ստացած է գլուխէն, կը ջանան զանոնք վերադարձնել կեանքի․․․ 

Հայաստանի (եւ ընդհանրապէս՝ աշխարհի) մէջ ֆրանսախօսութեան երկամսեակ է եւ ֆրանսական պուրակի բացումը տեղի ունեցաւ Ֆրանսախօսութեան համաշխարհային երկամսեակի ընթացքին, որուն միացած է նաեւ Հայաստան։

ՖՐԱՆՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ 2027-Ի ՄԱՐԶԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ 

Ամէն տարի մարտէն ապրիլ ամբողջ աշխարհի տարածքին տեղի կ՚ունենան ֆրանսախօսութեան նշանաւոր օրերը: Զանազան ցուցահանդէսներու եւ ձեռնարկներու միջոցով կ՚արտայայտուի ֆրանսերէնի հմայքը, այդ օրերու ընթացքին անգամ մը եւս կը հաստատուի աշխարհի հնագոյն լեզուներէն մէկուն փառքը: 

Հայաստանի իշխանութիւնները ֆրանսախօսութեան օրերու ընթացքին յայտարարեցին, որ մեծ եռանդով կը պատրաստուին Ֆրանսախօսութեան 10-րդ մարզամշակութային խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ՝ 2027 թուականի յուլիսի 23-էն օգոստոսի 1-ը։ Այս բացառիկ իրադարձութիւնը ո՛չ միայն կ՚ամրապնդէ մեր երկրի բարեկամական կապերը ֆրանսախօս երկիրներուն հետ, այլեւ մեծապէս կը նպաստէ Հայաստանի մէջ ֆրանսերէն լեզուի՝ աւելիով տարածման ու ամրապնդման։ Հայաստանի Հանրապետութիւն պիտի ժամանէ աւելի քան յիսուն պատուիրակութիւն, շուրջ չորս հազար մասնակից: 

Ֆրանսախօսութեան շարժումը սկիզբ առած է 1960-ական թուականներուն։ Այդ ժամանակէն ի վեր բազմաթիւ անհատներ եւ կազմակերպութիւններ չեն դադրած մեծարելէ ֆրանսերէն լեզուն: Ֆրանսախօսութեան սահմանումը առաջին անգամ գործածուած է 1880 թուականին՝ ֆրանսացի աշխարհագրագէտ Էլիզէ Րեքլիւի կողմէ՝ մատնանշելու համար այն աշխարհագրական տարածքները, ուր կը խօսին ֆրանսերէն:

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան մէջ ընդգրկուած երկիրներուն բնակչութեան ընդհանուր թիւը կը կազմէ 890 միլիոն: 

Կազմակերպութեան անդամ երկիրները հաւատարիմ են ընդհանուր արժէքներու՝ յարգանք մշակութային բազմազանութեան նկատմամբ, իրաւունքի գերակայութիւն, խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն: 

Այսօր աշխարհի տարածքին կը գտնուի աւելի քան 550 միլիոն ֆրանսախօս, որու 60 տոկոսի տարիքը չ՚անցնիր երեսունը: Անոնցմէ 110 միլիոնին համար ֆրանսերէնը մայրենի լեզու է: Թէեւ այսօր աշխարհի վրայ անգլերէնը գերակշիռ է, բայց եւ այնպէս, ֆրանսերէնը կը շարունակէ մնալ աշխարհի մշակութային գանձերէն մին: Այդ լեզուով կը գրէին եւ կը խօսէին Վոլթէր, Հիւկօ, Տիւմա, Պալզաք եւ շատ մը հռչակաւոր մարդիկ, որոնք իրենց նպաստը բերած են համաշխարհային արուեստի եւ գիտութեան մէջ: 

Այսօր ֆրանսերէնը ՄԱԿ-ի վեց պաշտօնական լեզուներէն մին է, ինչպէս նաեւ պաշտօնական լեզու է մեծաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ օտար լեզուներու կարգին կը նկատուի ամենէն շատ ուսումնասիրուածներէն մէկը: 

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութենէն զատ, ֆրանսախօս պետութիւնները ստեղծած են այլ բազմաթիւ միութիւններ եւ կառոյցներ, որոնց նպատակը ո՛չ միայն ֆրանսերէն լեզուի տարածումն է, այլ նաեւ ծանօթացումը՝ Ֆրանսայի պատմութեան, գրականութեան, մշակոյթին, քաղաքակրթութեան: 

Ֆրանսախօսութիւնը միայն լեզուական հասարակաց յայտարարին վրայ չէ, այլ ունի նաեւ քաղաքական խնդիր: Ան նաեւ մշակութային միջոց մըն է, որ կը պայքարի անկլօ-սաքսոն եւ մանաւանդ՝ ամերիկեան ազդեցութեան դէմ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

2004 թուականին Ուկատուկուի, Պուրքինա Ֆասօ, գագաթաժողովին ընթացքին Հայաստան ձեռք բերած է Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութենէն ներս դիտորդի կարգավիճակ, իսկ այնուհետեւ՝ 2008 թուականի հոկտեմբերին Քեպէքի, Գանատա, գագաթաժողովին ժամանակ դարձած է կազմակերպութեան ընկերակցուած անդամ։

Այս կարգավիճակը ձեռք բերելէ անմիջապէս յետոյ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նշանակած է ֆրանսախօսութեան հարցերով յատուկ խորհրդական մը՝ համակարգելու համար Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան նախաձեռնութիւնները: Ասկէ զատ, արտաքին գործոց նախարարը մասնակցութիւն ունեցած է ֆրանսախօսութեան նախարարական համաժողովներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներկայութիւնը ապահոված է ֆրանսախօսութեան զանազան ժողովներուն:

2010 թուականի ապրիլին պաշտօնական այցով Երեւան գտնուած էր Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ապտու Տիուֆ։ Ասիկա կարեւոր առիթ հանդիսացած էր Հայաստանի եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման:

2011 թուականի մարտին Հայաստանի մէջ ստեղծուած էր Ֆրանսախօս դեսպաններու խումբը, որու մէջ ներկայացուած էին Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ ու դիտորդ հանդիսացող տասնմէկ երկիրներ:

2012 թուականի 13-14 հոկտեմբերին Քինշասայի մէջ, Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն, կայացած Ֆրանսախօսութեան գագաթաժողովին եւս մասնակցած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ միաձայնութեամբ Հայաստան դարձած էր Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 54-րդ լիիրաւ անդամը:

Հարկ է նշել, որ գագաթաժողովի ժամանակ ընդունուած էր ճգնաժամային իրավիճակներու հանգուցալուծման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ եզրափակիչ բանաձեւ մը, որու միջոցով Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւնը վերահաստատած է տակաւին 2010 թուականի Մոնթրէօի, Զուիցերիա, գագաթաժողովին ժամանակ ընդունած իր դիրքորոշումը՝ աջակցութիւն ցուցաբերելու ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերուն:

Ներկայիս Հայաստանի եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան միջեւ կ՚իրականացուին համագործակցութեան կարգ մը ծրագրեր: Հայաստան անդամակցած է Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ֆրանսախօսութեան տարածաշրջանային կեդրոնին (CREFECO), ինչ որ հնարաւորութիւն տուած է քանի մը տասնեակ ֆրանսերէնի հայ ուսուցիչներու՝ մասնակցելու վերապատրաստման՝ ուղղուած ֆրանսերէնի ուսուցման եւ ֆրանսերէնով դասաւանդուող ոչ լեզուաբանական առարկաներու բարելաւման:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2025