ՅՒՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՍԼԱՔՆԵՐԸ. ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ ՄՕՏ 60 ԺԱՄԱՑՈՅՑ՝ ԲԱՑԱՌԻԿ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆՈՒԱԾ ԵՆ
Ժամացոյցը պարզապէս ժամանակ ցոյց տուող իր մը չէ, այլ զայն նաեւ կը կանոնաւորէ մարդուն կեանքը, անբաժան կ՚ըլլայ անոր ուրախ եւ տխուր ժամերուն, սիրոյ ժամադրութիւններուն, բերկրանքի պահերուն… Այսօր մարդիկ հետզհետէ կը հրաժարին ձեռքի, պատի, սեղանի, գրպանի ժամացոյցներէն, քանի որ ժամացոյցը արդէն ներմուծուած է հեռախօսներու, համակարգիչներու եւ ուրիշ թուային սարքերու մէջ։ Մինչդեռ կար ժամանակ, երբ կեանքը անհնար էր պատկերացնել առանց ժամացոյցի։
Հայ մտաւորականներու, գրողներու, դերասաններու, այլ արուեստագէտներու եւ անոնց ընտանիքներուն պատկանած բազմաթիւ ժամացոյցներ պահ տրուած են Երեւանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին։ Թանգարանը գրաւոր եւ ձեռագիր փաստաթուղթերէ, լուսանկարներէ եւ այլ վաւերագիրներէ զատ շուրջ երկու միլիոն յուշային իրեր ունի պահոցներուն մէջ՝ հագուստ, գրիչներ, զարդեր, կահոյք, գաւազաններ, երաժշտական գործիքներ եւ այլն, որոնք զանազան առիթներով կը հանուին։ Անոնցմէ թանգարանը այս անգամ ցուցադրութեան հանած է հայ մեծերուն ժամացոյցները, ուրիշ թանգարաններէ ալ խնդրած է նշանաւոր մարդոց ժամացոյցներ եւ ժամանակաւոր ցուցահանդէս մը սարքած է։ 58 ցուցադրուող ժամացոյցները ո՛չ միայն պարզապէս ժամ ցոյց տուող իրեր են, այլ՝ հայ մեծերու կեանքի անբաժան մասը եղած ըլլալով, նաեւ՝ գուրգուրանքի առարկաներ…
«Յիշողութեան սլաքներ» անունը կրող ցուցահանդէսը խօսուն խորագիր ունի, նոյնքան խօսուն են ցուցադրուած ժամացոյցները՝ պատի, սեղանի, ձեռքի, գրպանի, վիզի եւ այլն։ Այստեղ կարելի է տեսնել Յովհաննէս Թումանեանի ձեռքի ժամացոյցը, անոր ընտանիքին պատկանած պատի ժամացոյցը, Աւետիք Իսահակեանի, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի, Մարտիրոս Սարեանի, Արամ Խաչատուրեանի, Վահրամ Փափազեանի եւ բազմաթիւ այլ յայտնիներու ժամացոյցներ։ Կոմիտասի աշակերտ Արմենակ Շահմուրադեանը վազքի ժամացոյց մը ունեցած է, որ նոյնպէս ցուցադրութեան մէջ է։ Սիլվա Կապուտիկեան ունեցած է մեծ հաւաքածոյ մը զարդերու, որոնց կարգին է վիզէն կախուող ժամացոյց-զարդ մը․ այդ մէկը նոյնպէս ցուցադրուած է, ինչպէս նաեւ՝ Զապէլ Եսայեանի ոսկեայ գեղեցիկ ժամացոյցը եւ բազմաթիւ այլ ինքնատիպ զարդ-ժամացոյցներ։ Հետաքրքական է, որ հայ մեծերէն ոմանք երբ մահացած են, անոնց ընտանիքները որոշած են նոյն պահուն կեցնել անոնց ժամացոյցները եւ բազմաթիւ ժամացոյցներ կանգ առած են ա՛յդ ձեւով, իսկ տաղանդաշատ խմբավար, յօրինող, Հայաստանի օրհներգի հեղինակ Բարսեղ Կանաչեանի ժամացոյցը սկսած է ճշգրտութեամբ աշխատիլ՝ պահոցէն հանելէ ետք եւ զայն այս ցուցահանդէսի ամենայիշարժան ժամացոյցը դարձած է։ Մարդիկ ապշանքով կը դիտեն, թէ ինչպէս 20-րդ դարասկիզբի ժամացոյցի սլաքները կը պտտին՝ դար մը ետք։
Կը տեղեկանանք, որ հայ մեծերը կրած են բացառապէս արտասահմանեան արտադրութեան ժամացոյցներ, որոնք եղած են զուիցերական, ֆրանսական, գերմանական նշանաւոր ընկերութիւններու ժամացոյցներ, անոնց մէջ եղած են նաեւ նուէր-ժամացոյցներ։ Ցուցադրուող ժամացոյցներու մէկ մասի դարձուած երեսներուն գրութիւններ կան։ Ռափայէլ Պատկանեանի ժամացոյց-փարոսի դարձերեսին գրուած է. «Գամար Քաթիպայի 35-ամեակին՝ Փարիզի հայ ուսանողներէն»: Բանաստեղծը զայն նուէր ստացած է 1886 թուականին։
Յովհաննէս Թումանեանի ընտանիքին պատկանող պատի ժամացոյցը արտադրուած է գերմանական «Փոլ Պէյքըր» ընկերութեան կողմէ․ Երկրորդ աշխարհամարտէն յետոյ այդ ընկերութիւնը դադրած է։
Բացառիկ այս ցուցադրութեան հովանաւորը հայկական «AWI International» ժամացոյցներու ընկերութիւնն է, որ այսօր նոր էջ կը ստեղծէ ժամացոյցներու արտադրութեան ասպարէզին մէջ՝ կերտելով ձեռագործ, բարձրորակ եւ նորաոճ ժամացոյցներ, որոնց մէկ մասը, սակայն, անցեալի կաղապարները կը յիշեցնեն, ինչ որ ա՛լ աւելի բացառիկ կը դարձնէ հայաստանեան ժամացուցային այս արտադրութիւնը, որ արդէն յայտնի է լաւորակ ժամացոյցներ գնահատող օտարներու մէջ ալ։ «Յիշողութեան սլաքներ» ցուցահանդէսին արտասահմանեան ժամացոյցներ ցուցադրուած են, իսկ այսօր հայկական արտադրութեան ժամացոյցները կը տարածուին աշխարհով մէկ։ Աշխարհը Հայաստանին եւ Հայաստանը աշխարհին կապող ժամացոյցը յաւերժութեան ընթացքը ցոյց կու տայ։
ԺԱՄԱՑՈՅՑԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ
Արեւը, անյիշատակ դարերէ ի վեր, եղած է մարդուն գլխաւոր ժամանակացոյցը։ Մարդիկ շատ կանուխէն նկատեցին արեւին կանոնաւոր ընթացքը եւ սկսան իրենց աշխատութեան ժամանակը ճշդելու համար օգտուիլ անկէ։
Նախեւառաջ զանազան հաստատուն առարկաներուն շուքը եղաւ անցնող ժամանակին ցուցարարը։ Նշանաւոր օր մը, իր ընկերներէն աւելի հնարամիտ մարդ մը գետնի վրայ գծեց ժայռի, ծառի եւ կամ իր կողմէ յատկապէս տնկուած ձողի մը շուքին ընթացքը եւ քարի մի քանի կտորներով նշանակեց առտուան, կէսօրուան եւ իրիկուան ժամերը։ Այսպէս, շուրջանակի շարուած մի քանի կտոր քարեր, ծառ մը, ժայռ մը կամ ձող մը իրենց կեդրոնը, կազմեցին մարդուն առաջին ժամացոյցը։
Իր կեանքին այս շրջանին մարդ ժամանակի աւելի մանրամասն բաժանման պէտք չունէր, բայց երբ ան սկսաւ գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ խմբովին ապրիլ, ստիպուեցաւ իր առօրեայ աշխատութիւնները ուրիշներուն յարմարցնելու համար աւելի որոշ, կարճ եւ կանոնաւոր ժամանակամիջոցներու բաժնել իր ատենը։
Ժամանակի առաջին կանոնաւոր դասաւորումը կը պարտինք բաբելոնացիներուն։ Անոնք արեւապաշտ ժողովուրդ մըն էին։ Շամաշ (արեւ) իրենց գլխաւոր աստուածն էր։ Կ՚ընդունէին, որ Լուսինը եւ աստղերն ալ աստուածներ էին։ Իրենց մոգերը միշտ կ՚ուսումնասիրէին երկնային մարմինները եւ անոնց շարժումներուն մէջ կը տեսնէին տիեզերքը վարող ուժերուն կանոնաւոր սարքուածքը։ Մոգերը շատ զարգացած դաս մը կը ներկայացնէին։ Յատուկ գիր եւ գրականութիւն մըն ալ ունէին, եւ եկաւ ատեն մը, երբ անոնք երկնային մարմիններու իրենց ուսումնասիրութեան արդիւնքը արձանագրեցին մասնաւոր քարտէսի մը մէջ։ Այդ քարտէսը, որ Զօտիաք (կենդանակամար) կը կոչուի, բոլորակաձեւ գծագրութիւն մըն է։ Անոնց կարծիքով՝ երկիրը տափարակ մարմին մըն էր, իսկ երկինքը անոր վրայ դարձուած հսկայ գոգաւոր ամանի մը ձեւն ունէր։ Քարտէսին մէջտեղը զետեղուած էր արեւը։ Անկէ քիչ մը հեռու գծագրուած էր լուսինը, չորս տարբեր ձեւերով՝ մահկաձեւ, կիսալուսին, լիալուսին եւ նորէն՝ մահկաձեւ։ Կեդրոնէն քաշուած 12 շառաւիղներ շրջանակը կը բաժնէին 12 հաւասար մասերու, որոնց մէջ զետեղուած էին զանազան համաստեղութիւններ, իրենց անուններով եւ խորհրդապատկերներով։
Որոշ դիտաւորութիւնով մըն էր, որ մոգերը կենդանակամարը բաժնեցին 12 հաւասար մասերու, տարին՝ 12 ամիսներու, օրը՝ 2 անգամ 12 ժամերու, ժամերը՝ 5 անգամ 12 վայրկեաններու եւ վայրկեանները՝ 5 անգամ 12 երկվայրկեաններու։ Նշանաւոր ուսողագէտներ էին Քրիստոսէ 4000 տարիներ առաջ ապրող այս Բաբելոնացի եւ Քաղդէացի քուրմերը։ Պատահամբ չէր, որ անոնք 12, 24 եւ 60 թիւերը ընտրեցին ժամանակի բաժանման համար․ 60-էն փոքր ոչ մէկ թիւ անոր չափ բազմաթիւ հաւասար մասերու կրնայ բաժնուիլ, իրապէս շատ շնորհակալ պէտք է ըլլալ այս իմաստուն մոգերուն, որոնք 12 թիւը գործածել սորվեցուցին մեզի։
Այս քուրմերը շատ չէին ուզեր իրենց գիտցած բաները սորվեցնել մարդոց, որովհետեւ կ՚ուզէին շատ խորհրդաւոր, շատ իմաստուն երեւնալ անոնց, որոնք գունդ ա գունգ կու գային իրենց բախտը գուշակել տալու համար, բայց եւ այնպէս, տարիներու ընթացքին, ժամանակը չափելու իրենց եղանակը ու գործածուած արեւի ժամացոյցները սկսան ընդհանրապէս բոլոր ժողովուրդներուն կողմէ գործածուիլ։
Արեւի ժամացոյցը իր պարզ ձեւին մէջ չէր գոհացներ Քաղդէացի գիտնականները։ Արեւածագի եւ արեւամարի կէտերուն տարեկան դէպի հարաւ եւ դէպի հիւսիս շարժումը փոքր անկանոնութիւն մը յառաջ կը բերէր ժամանակագրութեան մէջ, քանզի այսպէսով արեւի ժամացոյցները երբեմն ետ եւ երբեմն առաջ կ՚երթային։
Այս դժուարութեան յաղթելու համար Քրիստոսէ 250 տարի առաջ Բահալի քուրմերէն Պէրոսըս արեւի նորաձեւ ժամացոյց մը հնարեց։ Իր ժամացոյցը հաստատ գետին գամուած գոգաւոր ամանի մը ձեւն ունէր։ Իբր սլաք ունէր ամանին վրայ հորիզոնական զետեղուած բարակ ձողի մը ծայրը հաստատուած գնդիկ մը, որուն շուքը ամանին մէջը արեւին հանդիպակաց կիսաշրջանին վրայ՝ կը նշանակէր օրուան ժամերը ու այդպէս կարելի կ՚ըլլար բաւական ճշդութեամբ գիտնալ օրուան ժամերը՝ տարուան բոլոր եղանակներուն։ Բայց արեւի ժամացոյցին սլաքը միշտ չէր կրնար ճշգրիտ ըլլալ։ Հին արեւու ժամացոյց մը կ՚ըսէ․ «Միայն փայլուն ժամերը կ՚արձանագրեմ»։ Եւ իրապէս, անոր սլաքը միայն լուսաւոր ժամերը կրնար ցուցնել, գիշեր ատեն եւ անձրեւոտ կամ ամպոտ օրերուն ան բոլորովին անկարող էր ժամերը գուշակելու եւ մարդ իր ժամադրութիւնները յարգել կարենալու համար հնարեց ուրիշ գործիք մը՝ ջուրի ժամացոյցը, որ հին աշխարհի շատ երկիրներու մէջ սկսան տարածուիլ։
Շատ չանցած՝ ուրիշներ ալ սկսան այսպէս ժամանակ հաշուել. շատ երկար ժամանակ Չինաստանի կարգ մը քաղաքներու մէջ ժամանակը չափելու 5-6 հազար տարի հնութիւն ունեցող այս կերպը գործածական է տակաւին։
Իսկ Հնդկաստանի մէջ կը ձգէին, որ փոքրիկ ծակ մը ունեցող պղինձէ թաս մը աւելի մեծ եւ ջուրով լեցուն ամանի մը մէջ ծփայ։ Ջուրը տակաւ կը լեցնէր փոքրիկ ամանը, որ ծանրանալով կ՚ընկղմէր ջուրին մէջ։ Սպասող ծառայ մը կը վերցնէր թասը, կը պարպէր, գաւազանով մը երեք անգամ մը կը զարնէր անոր, տնեցիներուն ազդարարելու ժամանակին անցքը, եւ վերստին կը դնէր զայն ջուրին մէջ։
Բաբելոնացիներն ու եգիպտացիներն ալ ջուրի ժամացոյցներ կը գործածէին։ Ասոնց ժամացոյցները բաղդատմամբ աւելի բարդ մեքենականութիւն մը ունէին։ Կը գործածուէին երեք կարասներ, մեծ ճարտարութեամբ իրարու վրայ այնպէս մը ագուցուած, որ առաջինէն երկրորդին հոսող ջուրը երկրորդը միշտ լեցուն կը պահէր, իսկ երկրորդէն հոսող ջուրը կը թափէր երրորդ եւ բարակ վիզ մը ունեցող կարասի մը մէջ։ Այս երրորդ կարասին կամ կուժին մէջ կը գտնուէր ծփակ մը, որուն վրայ հաստատուած եղէգէ գաւազան մը (ծփաչափ) երթալով կը բարձրանար վեր եւ վրան նշանակուած թիւերով կը ցուցնէր անցնող ժամերը։
Մինչ մարդը իր արեւաժամացոյցներով ժամանակը կը հաշուէր միայն, ջրաժամացոյցներով սկսաւ իրապէս չափել զայն։ Առաջին օրերուն ջրաժամացոյցները ինքնավար մեքենաներ չէին։ Պէտք էր միշտ հոգ տանիլ անոնց․ ջուրի ամանները լեցնել կամ պարպել յարմար ատենին։ Յետոյ հնարուեցաւ «ջրգողը», որ առաջին ինքնավար ջրաժամացոյցը եղաւ՝ կարասներու փոխարէն գործածուեցան մետաղէ շինուած ամաններ։ Բայց ջուրի ժամացոյցները իրենց յատուկ թերութիւնները ունէին․ ցուրտ երկիրներու մէջ, ձմրան ցուրտ օրերուն ջուրը կը սառէր եւ ժամացոյցը անգործածական կը դառնար։ Յետոյ ջուրի ծակերը ժամանակի ընթացքին մաշելով կը լայննային։ Ասոր առաջքը առնելու համար մարդիկ սկսան ջուրի ծակերը ոսկիով պատել։ Նորէն հարկ էր միշտ մաքուր ջուր գործածել, այլապէս ծակերն ու խողովակները աղտեղութեամբ կը լեցուէին, ջուրը պէտք եղած չափով չէր վազեր եւ ժամացոյցները ետ կը մնային։
Բոլոր այս դժուարութիւնները յաղթուեցան, երբ մարդ նոր գիւտ մը ըրաւ՝ աւազի ժամացոյցն էր այդ։ Անցան 12 երկար դարեր․ տեղի ունեցան քաղաքական մեծ դէպքեր եւ անվերջ պատերազմներ։ Ամբողջ այս շրջանին, Եւրոպայի մէջ, գիտութիւնն ու գիտական հետազօտութիւնները պարագաներու բերմամբ, սահմանափակուեցան վանքերու եւ մենաստաններու մէջ, բայց այդպէս չէր կրնար շարունակուիլ կեանքը անշուշտ, եւ մարդիկ վերջապէս ազատութիւն գտնելով վերսկսան իրենց խուզարկութիւնները եւ ստեղծուեցան ժամացոյցի նոր տեսակներ։ Ի յայտ եկան վառող ժամացոյցները՝ մոմերու օգնութեամբ ստեղծուած։ Շինել կու տային 24 ժամ տեւող մոմեր, որոնց վրայ գոյնզգոյն գիծեր կ՚ըլլային։ Վանքերու եւ մենաստաններու մէջ նոյնպէս գործածուելու սկսան վառող ժամացոյցները։ Վանականներու մէջ կը գտնուէին շատ ճարպիկ արհեստաւորներ։ Ասոնցմէ մէկը Ֆրանսայի մէջ իններորդ դարուն ծանրութիւններով, անիւներով, լծակներով շինուած նորաձեւ ժամացոյց մը հնարեց։ Իր մեծաւորները այս մեքենան այնքան բարդ, այնքան խորհրդաւոր գտան, որ խորհեցան, թէ կախարդական բան մը կը պարունակէր ան եւ, ուստի հնարիչը «սատանայէն ներշնչուած ըլլալու էր»։ Հնարիչը, որ Կերպըրթ կը կոչուէր, ատեն մը Ֆրանսայէն արտաքսուեցաւ։ Հետաքրքրական է, որ նոյն այս վանականը տարիներ վերջ բարձրացաւ Հռովի գահին, որպէս Սեղբոստրոս Երկրորդ Պապ։
14-րդ դարուն նշանաւոր եղաւ Հենրի տը Վիք անունով ֆրանսացի մը, իբրեւ ճշդապահ ժամացոյցներու հնարիչ։
1564-ին Իտալիոյ Փիզզա քաղաքին մէջ ծնաւ Կալիլէոս անունով տղեկ մը, որ մանուկ հասակէն սկաւ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցնել բնական բոլոր գիտութեանց։ Գիտական աշխարհը շատ բան կը պարտի անոր։ Ինքն էր, որ հնարեց առաջին հեռադիտակը։ Ինքն էր, որ առաջին անգամ երկինքը դիտակով քննելով պնդեց, թէ արեւը անշարժ է եւ երկիրն է, որ կը շարժի անոր շուրջը։ Նորէն ինքն էր, որ հնարեց առաջին ջերմաչափը։ Ինքն էր, որ Փիզզայի նշանաւոր աշտարակէն վար զանազան ծանրութեամբ գնդիկներ նետելով գտաւ մարմիններուն անկման արագութեան վերաբերող կանոնները։ Օրին խենթ կ՚ըսէին շատերը, բայց աշխարհը այսօր կը յարգէ անոր յիշատակը։ Ան գտաւ ճօճանակի օրէնքը, որ ժամագործութեան արհեստը հիմնովին յեղաշրջեց։ Կալիլէոս ինք ճօճանակաւոր ժամացոյց չշինեց, քանի որ իր միտքը շատ զբաղած էր, բայց յիսուն տարի ետք ըսաւ, թէ կարելի է ճօճանակով ժամացոյցներ պատրաստել։ 1657-1665-ին էր, որ հոլանտացի մեծ աստղագէտ մը շինեց առաջին ճօճանակաւոր ժամացոյցը եւ շատեր հետեւացան իր օրինակին։ Ք․ Հիւղէն կը կոչուէր այդ մեծ հնարիչը։
Ժամացոյցներու շինութեան մէջ յաջորդ կարեւոր քայլը առնուեցաւ, երբ մարդ իբրեւ մղիչ ուժ գործածելու հնարեց զսպանակը եւ սկսաւ լարուած զսպանակի մը բացուելուն շարժումը օգտագործել։ Ու այսպէս կարելի եղաւ գրպանի փոքր ժամացոյցներու շինութիւնը ապահովել։
…Առանց ժամացոյցներու անհնար պիտի ըլլար ներկայ քաղաքակրթութիւնը եւ մարդկութիւնը իր զարգացման համար երախտապարտ է նաեւ ժամացոյցի գիւտին, որ կանոնաւորեց ժամանակացուցական դրութիւնը՝ կատարեալ գործիքներ ստեղծելով ժամանակը չափելու համար։
(«Առաջին ժամացոյցը» գիրքէն)
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան