ԷԼԻՆԱ ԱՒԱՆԷՍԵԱՆ. ԹԵՆԻՍԻ ԾԱԳՈՂ ՀԱՅ ԱՍՏՂԸ
Վերջերս «Կերոն» զարգացման հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Հայաստան այցելած էր ծանօթ հայ մարզուհի, աւելի քան մէկ տարի միջազգային մրցաշարքերուն Հայաստանի դրօշի ներքոյ հանդէս եկող արտասահմանաբնակ թենիսիստուհի Էլինա Աւանէսեան։ Ան Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք բերած էր «Կերոն» հիմնադրամի աջակցութեամբ եւ ահաւասիկ, սեպտեմբերեան անոր այցը առիթ դարձաւ բազում նոր ծրագիրներու, հանդիպումներու։ Այսօր ան կը հանդիսանայ առաջին հայ մարզիկը, որ Թենիսի կիներու ընկերակցութեան (WTA) համաշխարհային դասակարգման մէջ յայտնուած է առաջին քառասունին մէջ։ 2025 թուականի մարտին, ան իր գործունէութեան ամենաբարձր դիրքին հասաւ՝ այդ դասակարգումին մէջ զբաղեցնելով 36-րդ տեղը։
«Կերոն» հիմնադրամի հետ համագործակցելով՝ Էլինա Աւանէսեան պարտաւորութիւն ստանձնած է տարեկան առնուազն մէկ անգամ այցելել Հայաստան՝ մասնակցելու զանազան միջոցառումներու, այդ կարգին նաեւ վարպետութեան դասեր տալու, երիտասարդ մարզիկներուն հետ հանդիպումներ կազմակերպելու, թենիսով հետաքրքրուած մանուկներուն հետ զրուցելու, որպէսզի ոգեշնչէ նոր սերունդը։
ԹԵՆԻՍԻ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԸ
Հայկական մարմնամարզի պատմութիւնը, որուն մէջ յաճախ առաջնային տեղ գրաւած են ծանրամարտը, ըմբշամարտը կամ ճատրակը, վերջին տարիներուն կը բացուի դէպի նոր հորիզոններ։ Թենիս գնդակախաղը Հայաստանի մէջ տակաւին խորհրդային ժամանակաշրջանին ունեցած է որոշակի յաջողութիւններ․ կառուցուած էին մարզական համալիրներ, իսկ հայաստանցի մարզիկները խորհրդային առաջնութիւններուն յստակ ձեռքբերումներ ունէին։ Մեծ ներդրումներ եւ նիւթական միջոցներ պահանջող այս մարզաձեւը, յետխորհրդային շրջանին անկում ապրեցաւ։ Եւ ահաւասիկ, նոր սերունդի մէջ սկսած է հետաքրքրութիւն ի յայտ գալ թենիսի հանդէպ։ Հայաստանի Թենիսի ընկերակցութեան աշխոյժ գործունէութիւնը եւ միջազգային ասպարէզի մէջ փայլող Էլինա Աւանէսեանին անունը նպաստած են այդ մէկուն։ Երիտասարդ, պայծառ մարզուհիի մը շնորհիւ, թենիսի մարզահարթակներուն վրայ այսօր կը հնչէ նաեւ Հայաստանի անունը։
Էլինա Աւանէսեաը ծնած է օտար ափերու վրայ, բայց իր ճակատագիրը ձեւով մը կապած է հայրենիքին հետ։ Երիտասարդ թենիսիստուհին ծնած է 2002 թուականի սեպտեմբերի 17-ին՝ Փեաթիկորսք քաղաքին մէջ՝ Ռուսաստանի Սթաւրոփոլի երկրամասը։ Իր ծնողքը Լեռնային Ղարաբաղէն են․ 1992 թուականի ծանր օրերուն անոնք ապաստանած են Ռուսաստան, ուր ալ ծնած է Էլինան։
Վեց տարեկանին Էլինան արդէն կը բռնէր թենիսի գնդակը։ Երեխայական խաղի մը պէս սկսած էր, բայց շուտով այդ խաղը վերածուեցաւ կիրքի, ապա՝ ճակատագրի եւ հիմնական գործունէութեան, որուն այսօր ամբողջութեամբ նուիրուած է Էլինան՝ հռչակուած որպէս արհեստավարժ թենիսիստուհի։
2018 թուականին, դեռ պատանի տարիքին, ան մասնակցած է Ֆրանսայի պատանեկան բաց առաջնութեան։ Մենախաղի երկրորդ փուլին հասած է, իսկ զուգախաղին մէջ՝ Մարիա Տիմոֆէեւայի հետ միասին, կանգ առած է 1/8 եզրափակիչին։ Յաջորդ երկու տարիներուն եւս՝ 2019 եւ 2020-ին, կրկին ցուցաբերած է նոյն տոկունութիւնը, հասնելով նոյն փուլին։ Այս առիթները ո՛չ միայն փորձառութիւն էին, այլեւ նախերգանք մը՝ մեծ բեմերուն համար։
Իր նախընտրած խաղադաշտերը բնահողային են։
2022 թուականին Էլինա Աւանէսեան իր նորամուտը ունեցաւ մեծահասակներու մրցաշարերուն մէջ՝ որակաւորման ճամբով անցնելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բաց առաջնութեան հիմնական ցանց։ Արդէն իսկ աշխարհի մարզական մամուլը սկսաւ արձանագրել նոր անուն մը՝ երիտասարդ հայ աղջիկ մը, որ պատրաստ էր կերտելու իր պատմութիւնը։
2023 թուականը դարձաւ բեկումնային․ Գերմանիոյ Վիսպատեն քաղաքին մէջ ան յաղթեց դիրք գրաւելու ամենամեծ մրցաշարին՝ «ITF W100» շարքի տիտղոսը։ Իսկ Ֆրանսայի բաց առաջնութեան ընթացքին բեմը կը լուսաւորէր իր յանդուգն ընթացքով․ առաջին փուլին յաղթեց ողիմպիական ախոյեան Պելինտա Պենճիճին։ Նման յաղթանակ մը ո՛չ միայն անհատական ձեռքբերում մըն էր, այլեւ հայկական մարմնամարզի աշխարհի նոր էջի խորհրդանիշ։ Երկրորդ փուլին ան զիջեց ֆրանսացի Լէոլիա Ժանժանին, ապա երրորդին՝ դանիացի Քլարա Տաուսոնին յաղթելով նոր ուժ հաղորդեց իր գործունէութեան։ Վերջապէս չորրորդ փուլին կանգ առաւ Քարոլինա Մուխովայի դիմաց։ Բայց այդ ընթացքը արդէն իսկ մեծ յաղթանակ էր։
Նոյն տարուան ամերիկեան բաց առաջնութեան ընթացքին եւս Էլինա Աւանէսեան փայլեցաւ։ Մարզական մամուլը սկը-սաւ լրջօրէն նկատի առնել անոր անունը․ գեղեցիկ աղջկան լուսանկարները զարդարեցին մարզական լուրերուն բաժինները։
2024 թուականի յունուարին, «Austra-lian Open»ի մեծ բեմը դարձաւ Էլինայի յաջորդ հարթակը։ Նախ յաղթեց չինացի Պայ Ժոսիւանին, ապա աշխարհի թիւ ութերորդ գնդաթիավար Մարիա Սաքկարին, ինչ որ ապշեցում ստեղծեց։ Երրորդ փուլին երեք սեթի պայքարով զիջեց ուքրանացի Մարթա Կոստիւկին։ Սակայն արդէն պարզ էր․ Էլինա Աւանէսեան կը պատ-կանի աշխարհի առաջին դասակարգին։
Նոյն տարուան յունիսին Ֆրանսայի բաց առաջնութեան մէջ կրկին հասաւ չորրորդ փուլին, ուր այս անգամ, սակայն, իտալացի Ժասմինա Փաոլինի զրկեց զինք յաղթանակէն։ Բայց Փաոլինի այդ մրցաշարքի ընթացքին հասաւ մինչեւ եզրափակիչ, ինչ որ նոր արժէք տուաւ Էլինայի պարտութեան։
2024 թուականի օգոստոսին աշխարհ տեղեկացաւ, որ Էլինա Աւանէսեան Հայաստանի քաղաքացի դարձած է եւ միջազգային բոլոր մրցաշարերուն պիտի ներկայացնէ հայրենիքը։ Իր խօսքը պարզ էր, բայց խորիմաստ․ «Հպարտութեամբ կ՚ըսեմ, որ պաշտօնապէս Հայաստանի քաղաքացի եմ։ Ինծի համար մեծ պատիւ է ներկայանալ աշխարհի դաշտերուն՝ մեր դրօշով»։ Այս խօսքերը ընդունուեցան ոգեւորութեամբ, իբրեւ յաղթանակ ո՛չ միայն մարզական, այլեւ՝ ազգային։
ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ 2028-Ի ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ
Իր Հայաստան այս այցը նշանաւորուեցան նախ ասուլիսով, որուն ներկայ էին կազմակերպիչները՝ «Կերոն» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վանանէ Արարքցեան եւ Հայաստանի Թենիսի ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն եւ գլխաւոր քարտուղար Գէորգ Քարամանուկեան։
Աւանէսեան անկեղծութեամբ խոստովանեցաւ, որ վերջին ամիսներուն վնասուածքներու պատճառով որոշ անկում ունեցած է իր դիրքերուն մէջ։ Սակայն վստահ է, որ պիտի վերադառնայ նոյն մակարդակին․ «Բոլոր ջանքերս պիտի ուղղեմ նոր յաջողութիւններու եւ Հայաստանը պատուով ներկայացնելու միջազգային մարզադաշտերու վրայ»։ Ան նաեւ յայտնեց իր մեծագոյն երազը՝ մասնակցիլ Լոս Անճելըսի 2028-ի Ողիմպիական խաղերուն։
Հայաստանեան այս այցի ծիրէն ներս Ծաղկաձորի մարզահամալիրին մէջ, ան անցուց վարպետութեան դաս մը, որուն մասնակցեցան աւելի քան երկու հարիւր երեխաներ եւ պատանիներ՝ Երեւանէն, Վանաձորէն եւ Կիւմրիէն։ Երեխաներու ուրախ ճիչերը, խաղի ոգեւորութիւնը եւ Էլինայի մօտեցումը՝ այս հանդիպումը վերածեցին իսկական տօնի։ Ան իր փորձով կիսուեցաւ, պատասխանեց հարցումներուն, լուսանկարուեցաւ, ինքնագրեր բաժնեց։ Նոյն ոգիով ան այցելեց նաեւ Դիլիջան՝ մարզադպրոցի սաներուն հետ հանդիպելու։
«Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է վերադառնալ Հայաստան եւ կիսուիլ իմ փորձով։ Յոյսով եմ՝ այս հանդիպումները պիտի ներշնչեն երեխաները աւելի նուիրուած ըլլալու եւ հասնելու իրենց երազներուն», ըսաւ ան։
Հայ թենիսիստուհին այսօր կը մարմնաւորէ այն ոգին, որ աշխարհէն հաւաքուելով մեր ցրուած ուժերը՝ կը բերէ հայրենիք։ Անոր անունը կը վերածուի ներշնչման աղբիւրի, իսկ խաղը կը դառնայ ոգեւորութեան դրօշակ երիտասարդ սերունդին համար։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ․ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ 34-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌՋԵՒ
Հայաստանի մարմնամարզութիւնը միջազգային հարթակի վրայ վերջին տարիներուն ունեցած յաջողութիւններով մեր նուաճումներէն մէկն է։ Մեր մարզիկները, ինչպէս՝ Էլինա Աւանէսեան, Արթուր Դաւթեան, Վարազդատ Լալայեան, Արթուր Ալեքսանեան եւ այլք, աշխարհի մեծ խաղադաշտերուն մէջ յաղթանակներ կը նուաճեն, Հայաստանի դրօշը կը բարձրացնեն եւ համահայկական հպարտութիւն կը պարգեւեն։ Անոնք կը դառնան ոգեւորիչ օրինակներ եւ ժամանակ առ ժամանակ լոյսի առկայծումներ կը տարածեն հայաստանեան իրականութեան մէջ, որ տեսակ մը երկդիմի եւ գորշ մթնոլորտին մէջ ընկղմած է։
Մինչ դուրսը մեզ կը տեսնեն յաջողութիւններով, ներսը մտահոգութիւններ ու անհամաձայնութիւններ կան՝ տնտեսութեան, ներքին քաղաքականութեան, իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւններու եւ սահմանային հարցերու առընչութեամբ։
Հայաստանի մէջ կը պատրաստուին անկախութեան տօնին։ Սեպտեմբերը միշտ կը վերադարձնէ յիշողութիւններ, թէ ինչպէս 1991 թուականի սեպտեմբերին հայ ժողովուրդը ընտրեց ազատութեան ուղին՝ անկախ պետականութեան գաղափարը դնելով իր սերունդներուն առջեւ։ Այս տարի այդ ճակատագրական որոշումէն անցած է 34 տարի։ Կը յիշենք, բայց յաճախ ալ չենք անդրադառնար, թէ ի՞նչ է անկախութիւնը այսօր, ի՞նչ խորք ունի զայն այսքան կորուստներէ ու ցնցումներէ ետք։
Հայաստանի անկախութիւնը սկսաւ իբրեւ համազգային երազանքի մարմնացում։ Սակայն վերջին երեք տասնամեակները դարձան թէ՛յաղթանակի, թէ՛ կորուստի պատմութիւն։ Հասարակութիւնը դեռ կը յիշէ 1990-ականներու զօրաշարժի ոգին, Արցախի առաջին պատերազմի յաղթանակները։ Բայց այսօր, 34-ամեակին շեմին, ժողովուրդը կը դիմագրաւէ Արցախի վերջնական կորստեան ցաւը, սահմանային սպառնալիքները եւ ներքին խոր ճգնաժամերը։
Տօնի մթնոլորտը վերջին քանի մը տարիէ ի վեր ծանր ու տարակուսելի է։ Մէկ կողմէ՝ անկախ պետականութեան գաղափարը կը մնայ սրբազան, անփոխարինելի արժէք, միւս կողմէ՝ յաճախ կը տիրեն կասկածներ, թէ հնարաւո՞ր է պահել այդ անկախութիւնը՝ խեղդուած գերտէրութիւններու շահերուն եւ ներքին պայքարներուն մէջ։
34 տարիներու ընթացքին Հայաստանը կերտած է իր կառոյցները, զարգացած են գիտութեան ու կրթութեան բնագաւառները, մշակոյթը թարմ շունչ ստացած է։ Նոր արհեստագիտական միջոցներու ոլորտի յառաջխաղացը այսօր կը ներկայացուի իբրեւ ազգային ձեռքբերում մը։ Մայրաքաղաք Երեւանը վերածուած է աշխոյժ, բազմաձայն քաղաքային կեդրոնի, ուր երիտասարդ սերունդը կը փորձէ շաղկապել հայկական ինքնութիւնը՝ համաշխարհային ներկայութեան հետ։
Սակայն ասոր կողքին կը կանգնի լուրջ դժուարութիւններու շարքը։ Ընդհանուր մթնոլորտը կը ծանրացնեն արտագաղթը, անվստահութիւնը պետական համակարգի հանդէպ, հասարակութեան մէջ խորացող բաժանումները․․․ Այս օրերուն յատկապէս պէտք է նշել իշխանութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններու մէջ կրկին սրուած պայքարը։ Մարտահրաւէրներով լի այս շըր-ջանին, երբ միասնութեան ու համախմբման կարիքը անսպառ է, այդ ներքին հակադրութիւնը բնաւ լաւ չէ։ Անկախութեան տօնի նախօրէին լարուած վիճակ կը տիրէ, տօնը տեսակ մը ստուերուած է։
Անկախութեան գաղափարը երբեմն կը մնայ աւելի շատ իբրեւ խորհրդանշական նշանաբան, քան՝ իրական ապրում։
Անկախութեան տարեդարձը միայն Հայաստանի սահմաններուն մէջ չի տօնուիր։ Համայն հայութիւնը, որ ցրուած է աշխարհի չորս կողմերը, այդ օրը կը վերապրի իբրեւ իր ինքնութեան վերամարմնաւորում։ Սփիւռքի մէջ ապրող հայերը Հայաստանի անկախութիւնը կը տեսնեն իբրեւ անփոխարինելի յենարան․ որքան ալ ծանր ըլլան կորստեան վէրքերը, անկախ պետականութիւնը կը մնայ ամբողջ ազգի գոյութեան երաշխիքը։
Բայց սփիւռքեան հայեացքներն ալ երբեմն կը դառնան քննադատական։ Շատեր կը հարցնեն՝ արդեօք Հայաստանի իշխանութիւնները կը կարողանա՞ն ճիշդ ուղղութիւն տալ այդ անկախութեան․ արդեօք պետութիւնը կը պահպանէ՞ իր ինքնուրոյնութիւնը, թէ վտանգուած է նոր կախուածութիւններով։
Հայաստանի անկախութեան 34-ամեակը այս տարի նոյնպէս կը դառնայ խորհելու առիթ մը։ Ան ինքնաքննութեան պահ է՝ կամքի նոր ճամբայ մը՝ վերականգնելու մեր հաւաքական վստահութիւնը, նոր ուղի մը գծելու մեր պետութեան համար։
Անկախութիւնը, ի վերջոյ, օրացոյցի թուական մը չէ։ Ան կը կայանայ ամէն օր՝ ժողովուրդի կամքին մէջ, հայութեան համաշխարհային կապերուն մէջ եւ այն երեխաներու աչքերուն մէջ, որոնք պիտի ժառանգեն այս պետութիւնը։
Ժողովուրդը կանգնած է անցեալն ու ներկան գնահատելու, զանազան մարտա-հըրաւէրներ արձանագրելու եւ ապագայի ճամբան ձեւաւորելու սահմանագիծին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան