ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԱՑԸ․ ՓԵՏՐՈՒԱՐ
Անուանի հոգեւորական Հենրի Ճ.Մ. Նուընի «Ճանապարհորդութեան հացը․ Ճառագայթումներ տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար» հատորը տարուան բոլոր օրերուն համար կը ներկայացնէ հոգեւոր խորհդածութիւններ, որոնք մտածելու կը մղեն ընթերցողը։
Գերման Լատին եկեղեցւոյ հոգեւորական հայրերէն է Հայր Հենրի Ճ.Մ. Նուըն, որ ծնած է Հոլանտա, 1932 թուականին եւ վախճանած՝ 1996 թուականին։
Հենրի Ճ.Մ. Նուընի այս հատորը հայերէնի թարգմանած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Արքեպիսկոպոս Աշգարեան։ Կը ներկայացնենք խորհրդածութիւններ՝ գրուած փետրուած ամսուան համար։
ՏԿԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ
Ուրախութիւնը ծածկուած է կարեկցութեան մէջ: Կարեկցիլ կը նշանակէ ուրիշին հետ տառապիլ: Ինքնին տարօրինակ կը հնչէ, թէ ուրիշին հետ տառապիլը ուրախութիւն կը բերէ: Եւ դեռ՝ ըլլալ տառապեալին հետ, ներկայ ըլլալ մէկու մը կողքին իր յուսահատ վիճակին մէջ եւ կիսել անոր հետ իր ապրած տագնապն ու իրարանցումը: Նման փորձառութիւններ կրնան խորունկ ուրախութիւն պատճառել: Ո՛չ թէ պարզ ուրախութիւն, ներքին կորով կամ մեծ գոհունակութիւն, այլ այն ուրախութիւնը, որ է ըլլալ ուրիշին կողքին եւ ապրիլ խոր համերաշխութիւնը մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ՝ մարդկային մեծ ընտանիքին մէջ:
Յաճախ ասիկա տկարութեան, սնանկութեան եւ վիրաւորուածութեան մէջ համերաշխութիւն է, սակայն ան մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի հիմքը ուրախութեան, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ բաժնել ու կիսել մեր մարդկայնութիւնը այլոց հետ:
ՄԵՐ ԱՆՁԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՈՂՈՐՄԱԾ ԸԼԼԱԼ
Մեր կեանքին մէջ մենք պէտք ունինք լռութեան, զոր մեծապէս կը ցանկանք: Բայց, երբ գտնենք լռութիւնը, յանկարծ ներքին աղմուկներ կը լսենք, յաճախ այնքան նեղացուցիչ, որ բազմազբաղ եւ վայրաքարշ կեանքը աւելի նախընտրելի կը թուի: Մեր այդ լռութեան մէջ շուտով երկու խռովիչ «ձայներ» կը յայտնուին՝ ցանկութեան եւ բարկութեան ձայները: Ցանկութիւնը մեր չգոհացուած կարիքները կը յուշէ, իսկ բարկութիւնը՝ մեր բազմաթիւ անլոյծ վարմունքները:
Արդ՝ ցանկութիւնն ու բարկութիւնը դժուար դիմակայելի են:
Ի՞նչ պէտք է ընենք: Յիսուս կ՚ըսէ. «Գացէ՛ք եւ սորվեցէ՛ք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ՝ ողորմութիւն կ՚ուզեմ եւ ոչ թէ զոհ» (Մտ 9.13): Զոհը «պատարագն» է, «ընծան», «անջատուիլն» է ու «այրուիլը». բաներ, որոնք պէտք չէ ցանկութեամբ կամ բարկութեամբ կատարուին, որովհետեւ պիտի ձախողին: Բայց մենք մեր ժխորալից անձին նկատմամբ կրնանք ողորմած ըլլալ եւ այդ թշնամիները բարեկամներու վերածել:
ՄԵՐ ՆԵՐՔԻՆ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԲԱՐԵԿԱՄԱՆԱԼ
Ինչպէ՞ս կրնանք բարեկամանալ մեր ներքին թշնամիներուն՝ ցանկութեան եւ բարկութեան հետ: Անոնք կ՚ըսեն. «Կարգ մը անկատար պէտքեր ունինք» եւ «Ո՞վ իսկապէս կը սիրէ մեզ»: Եւ փոխանակ մեզմէ հեռացնելու մեր ցանկութիւնն ու բարկութիւնը, իբրեւ անբաղձալի եւ անընդունելի հիւրեր, մենք ի զօրու ենք գիտակցելու, թէ մեր մտահոգ եւ ընկճուած սրտերը անհրաժեշտ բուժումի կարիք ունին: Մեր անհանգիստ վիճակը մեզ կը հրաւիրէ, որ փնտռենք ներքին ճշմարիտ խաղաղութիւնը, ուր ցանկութիւնն ու բարկութիւնը կրնան վերածուիլ աւելի խորունկ սիրոյ արարքի մը:
Ըստ բաւականին անզուսպ զօրութիւն մը գոյութիւն ունի ցանկութեան եւ բարկութեան մէջ: Երբ այդ զօրութիւնը ուղղուի դէպի ուժգնօրէն սիրելու մղումը, ան մեզի հնարաւորութիւն կու տայ փոխելու ո՛չ միայն մեր անձը, այլ նաեւ բոլոր անոնք՝ որոնք այլապէս մեր ցանկութեան եւ բարկութեան զոհը պիտի դառնային:
Ասիկա լայն, բայց միանգամայն հնարաւոր համբերութիւն կը պահանջէ:
ԱԶՆԻՒ ԸԼԼԱԼ
Ազնուութիւնը մարդկային ընտիր յատկութիւն է: Երբ կ՚ըսենք. «Ան շատ ազնիւ անձնաւորութիւն է» կամ «Ան ազնիւ էր ինծի հետ», մենք շատ ջերմ զգացում մըն է, որ կ՚արտայայտենք: Մրցակցութեամբ լարուած ու ստէպ վայրագ այս աշխարհին մէջ, ազնուութիւնը հազուագիւտ երեւոյթ է: Բայց երբ հանդիպինք անոր, գիտենք, որ օրհնուած ենք:
Արդեօք կարելի՞ է ազնուութեամբ լիանալ, ազնիւ ըլլալ: Այո՛, սակայն ատիկա կարգապահութիւն կ՚ենթադրէ: Ազնիւ ըլլալ կը նշանակէ դիմացինին հետ վարուիլ իբրեւ արենակիցի, իբրեւ մօտիկ հարազատի: Շատ յաճախ կ՚ըսենք. «Հարազատս է, արենակից ենք»:
Ուստի, ազնիւ ըլլալ կը նշանակէ օգնութեան հասնիլ ուրիշին իբրեւ հոգեհարազատ:
Ահա մեծագոյն մարտահրաւէրը. բոլոր մարդիկ, ինչպիսի՛ն ալ ըլլայ անոնց գոյնը, կրօնը կամ սեռը, կը պատկանին մարդկային ցեղին եւ կանչուած են ազնիւ ըլլալու իրարու նկատմամբ, որպէս քոյրեր ու եղբայրներ: Չկայ օր մը, որու ընթացքին կանչուած չըլլանք սոյն յատկութեան իրագործման:
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐ ՍԷՐԸ
Ի՞նչ կրնանք ըսել Աստուծոյ սիրոյ մասին: Անտարակոյս, որ Աստուծոյ սէրը անպայմանաւոր է: Աստուած երբեք չ՚ըսեր. «Կր սիրեմ քեզ, եթէ…»: Անոր էութեան մէջ «եթէ»ներ չկան: Աստուծոյ սէրը մեզի հանդէպ երբեք կախեալ չէ մեր խօսքէն, գործէն, մեր արտաքինէն, իմաստութենէն, մեր յաջողութենէն կամ հռչակէն: Այդ սէրը գոյութիւն ունէր մեր ծնելէն առաջ եւ գոյութիւն պիտի ունենայ մեր մահէն ետքն ալ:
Աստուծոյ սէրը յաւիտեան կայ եւ կախում չունի երբեք ժամանակի պատահարներէն եւ պարագաներէն: Բայց այս չի նշանակեր, որ Աստուած հետաքրքրուած չէ մեր ըսածով կամ խօսածով: Ո՛չ, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը ճշմարիտ պիտի չըլլար, եթէ ան չհետաքրքրուէր մեզմով: Առանց պայմանի սիրել չի նշանակեր սիրել առանց մտահոգութեան: Աստուած կը փափաքի մեզի հետ յարաբերութեան մէջ մտնել, եւ կ՚ուզէ, որ մենք ալ փոխարէնը սիրենք զինք:
Արդ, եկէք համարձակութիւնը ունենանք մտերմիկ յարաբերութեան մէջ մտնելու Աստուծոյ հետ, վստահ ըլլալով, որ մենք միշտ սէր պիտի ստանանք եւ աւելիով սէր:
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՅԱՒԻՏԵՆԱՊԷՍ ՆԵՐԿԱՅ ՍԻՐՈՅՆ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ
Յաճախ կը շփոթենք անպայմանաւոր սէրը անպայմանաւոր հաճութեան հետ: Աստուած մեզ առանց պայմանի կը սիրէ, սակայն չի հաւանիր մարդկային ամէն տեսակ կենցաղի: Աստուած երբեք ալ չի հաւանիր դաւաճանութեան, վայրագութեան, ատելութեան, կասկածի եւ բազում սխալ եւ գէշ արտայայտութիւններու, որովհետեւ բոլորն ալ կը հակասեն այն սիրոյն, զոր ան կ՚ուզէ կաթեցնել մարդոց սրտերուն մէջ: Չարիքը բացակայութիւնն է Աստուծոյ սիրոյն: Ան Աստուծոյ չի պատկանիր:
Աստուծոյ անպայմանաւոր սէրը կը նշանակէ, թէ Աստուած կը շարունակէ սիրել մեզ, երբ նոյնիսկ մենք չար բաներ կը մտածենք ու կը խօսինք: Ան կը շարունակէ սպասել մեզի այնպէս, ինչպէս սիրող ծնողքը՝ իր կորուսեալ զաւկի վերադարձին: Ուստի, անհրաժեշտ է, որ մենք կառչինք այն ճշմարտութեան, թէ Աստուած չի դադրիր մեզ սիրելէ, երբ նոյնիսկ կը տխրի մեր վատ արարքներուն համար: Այս ճշմարտութիւնը կ՚օգնէ մեզի վերադառնալու Աստուծոյ մշտնջենապէս ներկայ սիրոյն:
ԱԶՆՈՒՈՒԹԻՒՆ ՀԱԳՆԻԼ
Հազուագիւտ կը պատահի, որ հանդիպինք ազնիւ մարդու մը: Ազնուութիւնը դժուար գտանելի առաքինութիւնն է մարդկային ներկայ ընկերութեան մէջ, որ կը զմայլի կոշտութեան եւ բրտութեան վրայ: Մենք կը շտապենք կատարելու մեր գործերը եւ կը ջանանք արագօրէն գլուխ բերել զանոնք, ինչ փոյթ, որ մարդիկ կը վնասուին կամ կը վիրաւորուին: Որեւէ ծրագրի արագ իրագործումն ու յաջողութիւնը մեր առօրեայ պահանջքն են ու առաջնահերթ անհրաժեշտութիւնը դժբախտաբար: Բայց հետեւանքը շատ դժնդակ է: Նման միջավայրի մը մէջ ազնուութիւն գոյութիւն չունի:
Ազնիւ մարդը ան է, որ «ջախջախուած եղէգը չի փշրեր եւ առկայծ ճրագը չի մարեր» (Մտ 12.20): Ազնիւը ան է, որ ուշադիր է այլոց զօրութեան ու տկարութեան եւ աւելի հաճոյք կը զգայ անոնց հետ ըլլալէն, քան որեւէ բան կատարելէն կամ յաջողցնելէն: Ազնիւ մարդը թեթեւ կը քալէ, ուշի-ուշով կ՚ունկնդրէ, գուրգուրանքով կը նայի եւ ակնածանքով կը հպի: Ազնիւ մարդը գիտէ, որ ճշմարիտ հասունութիւնը խնամք կ՚ենթադրէ եւ ոչ թէ բռնութիւն կամ ուժ:
Ուստի, հագնի՛նք ազնուութիւնը: Մեր այս դժուարին եւ յաճախ բիրտ աշխարհին մէջ, մեր ազնուութիւնը կրնայ Աստուծոյ ներկայութեան կենդանի յուշարարը ըլլալ:
ՀՈԳԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԻ ԱՂԲԻՒՐ
Հոգալը դարմանելէն տարբեր բան մըն է: Դարմանել կը նշանակէ «փոխել»: Բժիշկը, փաստաբանը, նախարարը, պաշտօնեան, ասոնք բոլորն ալ իրենց մտային կարողութիւնները օգտագործելով, կ՚ուզեն փոփոխութիւն մտցնել մարդկային կեանքին մէջ: Անոնք լաւապէս կը վճարուին իւրաքանչիւր դարմանումի համար, զոր ի գործ կը դնեն: Բայց նոյնիսկ ցանկալի դարմանումը կրնայ շատ շուտով բռնութեան, խարդախութեան եւ անգամ կործանարարութեան վերածուիլ, եթէ հոգատարութենէ յառաջ չգայ:
Հոգալ կը նշանակէ միասին ըլլալ, միասին լալ, զգալ, ցաւիլ ու տառապիլ: Հոգալ կը նշանակէ կարեկցիլ: Հոգալը ճշմարտութիւնը յայտարարել է, թէ ուրիշը իմ եղբայրս է, քոյրս է, մարդ է, մահկանացու է եւ աւելին՝ ինծի պէս խոցելի:
Երբ հոգատարութիւնը մեր առաջնահերթ մտահոգութիւնը դառնայ, դարմանը պարգեւի արժէք կ՚ունենայ: Յաճախ մենք կարողութիւնը չունինք դարմանելու, բայց միշտ ընդունակ ենք հոգալու: Հետեւաբար, հոգալ կը նշանակէ մարդկային ըլլալ:
ՄԽԻԹԱՐԵԼ ԵՒ ՄԽԻԹԱՐՈՒԻԼ
Մխիթարութիւնը գեղեցիկ բառ մըն է, որ կը նշանակէ. «Մինակ մնացածին հետը ըլլալ»: Մխիթարելը հոգատարութեան կարեւորագոյն ձեւերէն մէկն է: Կեանքը այնքան լեցուն է ցաւերով, տխրութեամբ եւ մինակութեամբ, որ յաճախ կը շուարինք, թէ ի՞նչ կրնանք ընել մեղմելու համար շուրջի տանջանքն ու տառապանքը, որ կը տեսնենք: Մենք կրնանք եւ պէ՛տք է մխիթարենք: Պէտք է մխիթարենք այն մայրը, որ իր զաւակը կորսնցուցած է, երիտասարդը, որ անբուժելի հիւանդութենէ կը տառապի, այն ընտանիքը, որուն բնակարանը հրոճարակ է դարձած, զինուորը, որ վիրաւորուած է, պատանին, որ յուսահատ, կ՚ուզէ անձնասպան ըլլալ, ծերունին, որ շուարած է, թէ ինչո՞ւ ողջ է տակաւին:
Մխիթարել չի՛ նշանակեր ցաւը մեղմել, այլ՝ ըլլալ միասին եւ ըսել. «Դուն առանձին չես, ես քու հետդ եմ, քու կողքիդ, կրնանք միասնաբար վերցնել ու կրել լուծը: Մի՛ վախնար, ես հոս եմ»:
Ահաւասիկ ա՛յս է մխիթարութիւնը: Բոլորս ալ կարիքն ունինք մխիթարելու այնպէս, ինչպէս՝ մխիթարուելու:
ԲԱՐՒՈՔ ՄԵՌՆԻԼ
Օր մը բոլորս ալ պիտի մեռնինք: Ասիկա այնպիսի երեւոյթներէն մէկն է, որուն կրնանք վստահ ըլլալ: Բայց բարւոք մահ մը պիտի ունենա՞նք արդեօք: Այս մէկը նուազ վստահելի է:
Բարւոք մեռնիլ կը նշանակէ ուրիշին համար մեռնիլ, այսինքն՝ մեր կեանքը արդիւնաւէտ դարձնել անոնց համար, զորս մեր ետին կը ձգենք: Հետեւաբար մեծագոյն հարցը ո՛չ թէ «ի՞նչ կրնամ ընելն է», այլ «ինչպէ՞ս կրնամ ինքզինքս մահուան պատրաստել, որպէսզի կեանքս շարունակ արդիւնաւէտ ըլլայ գալիք սերունդներուն մէջ ալ»:
Յիսուս բարւոք մեռաւ, որովհետեւ մահուամբ իր սիրոյ Սուրբ Հոգին ղրկեց իր ընկերներուն, որպէսզի անոնք Սուրբ Հոգիով կարենան աւելի լաւ կեանք մը ապրիլ: Կրնա՞նք մենք ալ մեր ընկերներուն ղրկել սիրոյ Սուրբ Հոգին, երբ հեռանանք անոնցմէ, թէ մտահոգ ենք տակաւին մեր ընելիքին առնչութեամբ:
Մահը կրնայ մեր մեծագոյն պարգեւը ըլլալ, եթէ բարւոք մեռնելուն պատրաստենք մենք զմեզ:
ԲԱՌԵՐ ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՍՏԵՂԾԵՆ
Բառե՜ր, բառե՜ր, բառե՜ր: Մարդկային ընկերութիւնը լեցուն է բառերով ու խօսքերով: Բառեր գրատախտակներուն վրայ, հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ, օրաթերթերու եւ գիրքերու մէջ: Բառեր շնչուած, բարձրաձայն արտասանուած ու երգուած: Բառեր, որ կը շարժին, կը պարեն եւ ձեւ ու գոյն կը փոխեն: Բառեր, որոնք կ՚ըսեն. «Համտեսէ զիս, հոտոտէ զիս, ճաշակէ զիս, ըմպէ զիս…»: Բայց ամենէն աւելի՝ «Գնէ զիս»:
Երբ այսքան բառեր ունինք մեր շուրջը, ստիպուած կ՚ըսենք. «Շատ լաւ, բայց ասոնք սոսկ բառեր են»: Ուստի բառերը, ընդհանրապէս, կորսնցուցած են իրենց զօրութիւնը:
Սակայն եւ այնպէս բառը ստեղծելու զօրութիւն ունի: Երբ Աստուած կը խօսի, ան կը ստեղծէ: Երբ Աստուած «թող լոյս ըլլայ» կ՚ըսէ (Ծնն 1.3), լոյս կ՚ըլլայ: Լոյսը Աստուծոյ խօսքն է: Որովհետեւ Աստուծոյ խօսիլն ու ստեղծելը նոյն բաներն են:
Բառին այս ստեղծագործ զօրութիւնն է ահա, որուն վերատիրացման կարիքը ունինք: Այն, ինչ կը խօսինք ու կ՚ըսենք, շատ կարեւոր է: Երբ ի սրտէ կ՚ըսենք. «Ես քեզ կը սիրեմ», կրնանք ուրիշին նոր կեանք, նոր յոյս եւ նոր քաջութիւն տալ: Երբ կ՚ըսենք. «Կ՚ատեմ քեզ», կրնանք ի սպառ ոչնչացնել դիմացինը: Ուստի, ուշադրութիւն դարձնենք մեր բառերուն:
ԲԱՌԵՐ ՈՐ ԿԸ ԿԵՐԱԿՐԵՆ ՄԵԶ
Երբ իրարու հետ կը խօսինք, յաճախ կ՚անդրադառնանք, թէ ի՛նչ կ՚ընենք կամ ի՛նչ կը ծրագրենք ընել եւ կ՚ըսենք. «Ի՞նչ նորութիւն», եւ զիրար կը քաջալերենք կիսելու համար մանրամասնութիւնները մեր առօրեայ կեանքին: Բայց ստէպ կ՚ուզենք նոր բան մը լսել: Կ՚ուզենք լսել. «Քու մասիդ կը մտածէի այսօր» կամ «Կարօտցած եմ քեզի», «Երանի՜ հոս՝ մօտս ըլլայիր» եւ կամ ալ «Իրա՛ւ քեզ շատ կը սիրեմ»: Միշտ ալ դիւրին ըսուելիք բառեր չեն ասոնք, բայց անոնք կը նպաստեն խորացնելու մեր փոխադարձ յարաբերութիւնները:
Մէկու մը ըսել «Կը սիրեմ քեզ», ի՛նչ ձեւով ալ ըլլայ այդ մէկը, միշտ բարի ու քաղցր լուրի փոխանցման կ՚ակնարկուի: Չկայ մէկը, որ փոխարէնը պատասխանէ, ըսելով. «Լաւ, արդէն գիտեմ, որ կը սիրես զիս, պէտք չունիս դարձեալ կրկնելու»:
Սէր բաշխող եւ հաստատումներ կատարող բառերը հանապազօրեայ հացի կը նմանին: Ամէն օր, միշտ պէտք ունինք անոնց: Անոնք մեզ ներքնապէս առողջ կը պահեն:
ՏՕՆԵԼ ԿԵՆԴԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Ծննդեան օրերը շատ կարեւոր են: Մեր տարեդարձներուն մենք կը տօնենք մեր կենդանութիւնը: Այն նուէրները, զոր կը ստանանք այդ ուրախ առիթներով, խորհրդանիշներ են, որ ցոյց կու տան մեր ընտանիքին եւ բարեկամներուն ունեցած ուրախութիւնը, թէ մենք մաս կը կազմենք իրենց կեանքին: Փոքրիկ մանուկներ ամիսներ առաջ անհամբեր կը սպասեն իրենց տարեդարձի օրուան: Իրենց ծննդեան տարեդարձները նշանակալից օրեր են, որովհետեւ անոնք բոլորի ուշադրութեան կեդրոնը կը գրաւեն, եւ հարազատ ու բարեկամ եկեր են իրենց տօնը նշելու:
Բնաւ պէտք չէ մոռնանք թէ՛ մեր եւ թէ մեր հարազատներուն ծննդեան օրերը: Մեր ծննդեան տարեդարձը մեզ մանուկ կը դարձնէ: Ան մեզի կը յիշեցնէ հիմնական իրողութիւն մը. բնաւ կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ կ՚ընենք, ի՛նչ կ՚իրագործենք, ո՛չ ալ՝ ի՞նչ ունինք կամ զո՞վ կը ճանչնանք: Կարեւորը այն է, որ հիմա կանք եւ հոս ենք:
Մեր ծննդեան տարեդարձին ուրախ առիթով եկէ՛ք կեանքի պարգեւին համար երախտապարտ ըլլանք:
ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՍՆԵԼ ՄԵՐ ԴԻՄԱՑ
Մեր փնտռած գանձը գտնելու համար, պէտք չունինք շատ հեռուն երթալու: Գեղեցկութիւնն ու բարութիւնը կը գտնուին հոն, ուր որ ենք: Եւ երբ յաջողինք տեսնել մեր կողքին գտնուող գեղեցկութիւնն ու բարութիւնը, այն ատեն կրնանք նաեւ տեսնել զանոնք ամէնուրեք՝ հեռու թէ մօտ: Ծառեր ու ծաղիկներ կան ուրախանալու, գծագրութիւններ ու քանդակներ՝ զմայլելու համար: Աւելին՝ մարդիկ կան, որ կը ժպտին, կը գործեն ու ազնուութիւն կը ցուցաբերեն: Ասոնք, բոլորն ալ, մեր շուրջը կը գտնուին: Սակայն անոնք պէտք է ճանչցուին իբրեւ երախտագիտութեամբ ստացուած ձրի պարգեւներ:
Բայց մեր պարտքն է, հաւաքել մեզ շրջապատող ամբողջ գեղեցկութիւնն ու բարութիւնը եւ օգտագործել զանոնք մեր ծրագիրներուն համար: Այս ընելէն ետք, սակայն, չենք յաջողիր վայելել զանոնք եւ շուտով կ՚անդրադառնանք, որ արձակուրդի մը կարիքն ունինք վերագտնելու համար մեր ուժերը:
Ուստի, փորձե՛նք տեսնել գեղեցկութիւնն ու բարութիւնը, որոնք կը գտնուին մեր դիմաց, նախքան այլուր փնտռելը զանոնք:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան