ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՓՃԱՑՈՒՄ
Ընկերաբանութեան մէջ ընկերային փճացում սահմանումը կ՚օգտագործուի՝ նկարագրելու համար համայնքային միջավայրի մէջ ընկերային կեանքի փոփոխութիւնը, փլուզումը։ Ընկերային փճացումը կը վերաբերի արմատական վերափոխման, որու ժամանակ կ՚անհետանան ժամանակակից հասարակութեան հին որոշակիութիւնները եւ ի յայտ կու գան նոր սովորութիւններ։ Ընկերային փճացման պատճառ կրնան ըլլալ բնական աղէտները, մարդոց զանգուածային տեղահանումները, արագ տնտեսական, թեքնոլոժիք եւ ժողովրդագրական փոփոխութիւնները, ինչպէս նաեւ վիճելի քաղաքականութիւն մշակելը։
Եթէ հասկացութիւն մը կամ արտայայտութիւն մը դարձած է ընդհանուր ընկերային կամ անորոշ իրավիճակի մը իմաստաւորման սովորական միջոց, որ մարդիկ կը ստիպէ զգալ անապահով եւ անօգնական, եթէ մարդիկ անոր տակ կը դնեն հասարակաց տեսակէտներ, փորձառութիւններ եւ զգացմունքներ, ապա սա պէտք է լուրջ դիտարկուի: Յատկապէս եթէ արտայայտութիւն մը կամ հասկացութիւն մը համակարգուած, գիտակցուած եւ կանխամտածուած խեղաթիւրումներու ուղղակի արտացոլումն է եւ ընդունուած է որպէս տեղի ունեցողը իմաստաւորելու միջոց, ապա այս մէկը պէտք է աւելի լուրջ դիտարկուի:
Ընկերային փճացումը կամ քայքայումը՝ որպէս արտայայտութիւն պէտք է լրջօրէն դիտարկուի։ Ներկայիս գրեթէ բոլորս շրջապատուած ենք բռնութեան, անօրինականութեան եւ անպատժելիութեան օրինակներով, որոնց ականատես կը դառնանք աշխատանքային, ընկերային, նոյնիսկ ընտանեկան միջավայրերու մէջ, ընկերային ցանցերու, հեռատեսիլի, համացանցի մէջ կը հանդիպինք նման լուրերու եւ այս բոլորը տեղադրած ենք «ընկերային փճացում» արտայայտութեան ներքեւ։ Պէտք է ընդունիլ, որ այս հայեցակարգը կամ արտայայտութիւնը ճիշդ ախտորոշումն է մեր ժամանակաշրջանի: Յատկանշական է այս արտայայտութեան «ժողովրդականացումը». անոր տարածուածութիւնը դարձած է մեր գտնուած ճգնաժամի ախտանիշը։
Շատ բան կարելի է ըսել ընկերային փճացման մասին, որ կը ստուերէ խնդիրներու պատմական արմատները՝ ընկերային հակասութիւններու նոր ի յայտ եկած ծայրայեղութիւնները արտացոլելով։ Կարելի է պնդել, որ ան կը ներկայացնէ ընդհանուր անկման վիճակ մը, որով անտեսանելի կը դառնան կառավարիչները, որոնք պատասխանատու են ներկայ իրավիճակի համար։
Ընկերային փճացումը նաեւ հանրաճանաչ դարձած է, քանի որ կը պարունակէ ենթատեքստեր, որոնք կը համապատասխանեն մարդոց իրական եւ ընդհանուր փորձառութիւններուն եւ, միեւնոյն ժամանակ, ինքնին «հանրաճանաչ ըլլալով» կը պատմէ այսօրուայ իրականութեան մասին։
Փճացումը հիմնականին մէջ կը վերաբերի սահմանը գերազանցելու վիճակին։ Ան կը վերաբերի նաեւ առաքինութեան անունով գծուած սահմաններու հատման՝ ի դէմս մարդու ուժի, շահի եւ հաճոյքի փնտռտուքի։ Փճացման ու քայքայման «ընկերային» ըլլալը ցոյց կու տայ, որ սահմաններու այս խախտումը չի մնար միայն որոշ տարածքի մը մէջ, այլ կը տարածուի հասարակութեան իւրաքանչիւր ոլորտէ ներս։ Բաց աստի, ընկերային փճացումը կը նշանակէ հաւաքական գիտակցութիւն, որ մարդիկ կը կապէ իրարու եւ պատասխանատու կը դարձնէ իրարու հանդէպ։
Ընկերային փճացում արտայայտութիւնը լայն տարածում գտած է ներկայ ժամանակներու յատուկ որոշ իրողութիւններու ընդհանուր փորձառութեամբ, սակայն, անոր համատարած օգտագործումը կը մատնանշէ այլ փաստեր, որոնք պէտք է ներառուին հասարակութեան «գիտակցութեան ձեւերու» մէջ։ Խնդրոյ առարկայ փլուզման պատկերին վրայ կայ խումբ մը, որ չի կրնար ընդունիլ ընկերային փճացման մատնանշած խնդիրները։ Միլիոնաւոր մարդիկ իրավիճակը չեն տեսներ որպէս այդպիսին եւ մտահոգուած չեն։ Բազում մարդիկ ընդունած են, որ խնդրոյ առարկայ խնդիրները չեն կրնար լուծուիլ։ Այս տեսանկիւնէն պէտք է հաշուի առնել, որ մարդիկ, որոնք այսօր կարծես թէ յայտնուած են յոռետեսութեան յորձանուտին մէջ՝ ընկերային փճացման մտահոգութեան պատճառով՝ կրնան պնդել, որ ընկերային կարգը պէտք է ձեւաւորուի նոր սկզբունքներով՝ խնդիրները համարկելով տուեալ ժամանակաշրջանի սկզբունքներուն։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
•շար. 1