ՀԱՄԱՅՆՔ ՉՈՒՆԵՑՈՂ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ… Ի՛ՆՔ ՀԱՄԱՅՆՔ ԾՆԱԾ Է

Տաքքան հեռու քաղաք մըն է․․․ Հեռու է ո՛չ միայն քարտէսին վրայ, այլ հայկական մեր զգացողութեան մէջ։ 

Աշխարհի խոշորագոյն քաղաքներէն մէկը՝ Պանկլատէշի մայրաքաղաքը, կը տարածուի լայն, տաք, խոնաւ հարթավայրի մը վրայ։ Քաղաք մըն է, ուր օդը մշտապէս ծանր է տաքէն ու մարդկային բազմութենէն, ուր փողոցները չեն լռեր եւ շարժումը անդադար է՝ խառն, աղմկոտ, յոգնեցուցիչ։

Երկու կամ երեք անիւներով ուղեւորատար փոխադրամիջոցներու՝ ռիքշաներու զանգերը, շուկաներու բզզոցը, արեւելեան աղօթքի ձայները, մարդկանց հոսքը․․․ բոլորը կը խառնուին իրարու։ 

Եւ ահա այս հսկայ, մարդաշատ, շոգ աշխարհին մէջ, ուր հայութիւնը կը թուի գրեթէ անիրական, կեցած է համեստ, քարեղէն վկայ մը՝ Սուրբ Յարութիւն հայկական եկեղեցին։ Պատմական այս եկեղեցին կառուցուած է 1781 թուականին, այն շրջանին, երբ Պենկալը տնտեսական ու առեւտրական աշխոյժ կեդրոն մըն էր եւ Տաքքայի մէջ կը գործէր ծաղկուն հայկական համայնք մը։

Եկեղեցին կանգնած է Արմանիտոլա թաղամասին մէջ, որ ժամանակին հայաբնակ էր եւ իր անունը ստացած է հայ համայնքէն։ Մինչեւ այսօր թաղամասը կը պահպանէ իր անունը։ Այս սրբավայրը կառուցուած է գերեզմանատան կից գտնուող փայտեայ ժամատան տեղը եւ օծուած է Եփրեմ Եպիսկոպոսի կողմէ, որ յետագային դարձած է Ամենայն Հայոց Եփրեմ Ա. Ձորագեղցի Կաթողիկոս։ Եկեղեցիի կառուցման համար գումար հաւաքած է ամբողջ համայնքը, իսկ հողը նուիրաբերած է աղա Մինասը, որուն կինը թաղուած է հոն։

Սկզբնական շրջանին Սուրբ Յարութիւնը աղօթավայրին հետ միաժամանակ կը ծառայէր իբրեւ համայնքային կեդրոն։ Այստեղ կը հաւաքուէին Տաքքայի հայ վաճառականները, արհեստաւորներն ու ընտանիքները։ 1837 թուականին եկեղեցիին կից կառուցուած է զանգակատուն մը՝ ժամացոյցով, իսկ 1907-ին՝ երիցատունը։ 1897 թուականին եկեղեցին վնասուած է երկրաշարժէ, սակայն վերանորոգուած է համայնքի ջանքերով՝ շարունակելով իր գործառութիւնը։

Եկեղեցիի բակին մէջ այսօր ալ կանգուն են շուրջ 400 հին տապանաքարեր՝ մեծ մասամբ հայերէն արձանագրութիւններով։ Վերջին շիրմաքարը տեղադրուած է 1991 թուականին, ինչ որ խորհրդանշական կերպով կը փակէ Տաքքայի հայկական համայնքի ֆիզիքական ներկայութեան մէկ դարաշրջանը։

Պատմական աղբիւրները կը վկայեն, թէ հայերը Պենկալ հասած են տակաւին 17-րդ դարուն՝ նախքան բազմաթիւ եւրոպացի առեւտրականներու հաստատուիլը։ Անոնք կարեւոր դեր ունեցած են տարածաշրջանի ներմուծման եւ արտահանման գործին մէջ, զբաղած են մասնաւորաբար մանուածեղէնի, աղի եւ այլ ապրանքներու առեւտուրով։ 18-րդ դարու կէսերուն Տաքքայի հայերը հագուստի խոշոր արտահանողներ էին՝ առաջ անցնելով անգլիացիներէն, հոլանտացիներէն եւ ֆրանսացիներէն։ Անոնք ներմուծած են կառքը, հիմնած են դպրոցներ, մասնակցած են քաղաքային կառավարման։ Նիքոլաս Պօղոսը հիմնած է «Պօղոս»ի դպրոցը եւ եղած է քաղաքապետարանի հիմնադիր անդամ։ Հայերու ազդեցութիւնը տարածուած է նաեւ դրացի քաղաքներուն մէջ։ Այս պատմական ներկայութեան ամենակեդրոնական վկայութիւնն է Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին։

1947 թուականէն ետք, քաղաքական փոփոխութիւններով, համայնքը սկսած է նահանջել։ Եկեղեցին լքուած է, բայց չէ գոցուած․․․ 

Շատ տարիներ առաջ Մայր Թերեզան Տաքքա այցելութեան ժամանակ մնացած է այս եկեղեցիի մէջ՝ զայն նկատելով անցեալէն մնացած խորհրդաւոր սրբավայր մը։ 

Այսօր եկեղեցին, սակայն, համայնք չունի։ Չկան հայ ընտանիքներ, չկան կիրակնօրեայ ժամերգութեան հաւաքուած ծխականներ, չկան հայերէն խօսակցութիւններ բակին մէջ։ Եւ սակայն, տարաբանութիւն մը կը բացուի այս բացակայութեան մէջ․ համայնք չունեցող հայկական եկեղեցին ինքնին համայնք դարձած է։ Այն, ինչ ժամանակին ծառայած է հայոց հաւաքական կեանքին, այսօր կը ծառայէ Տաքքայի կարիքաւորներուն։

2016 թուականէն սկսեալ, ամէն հինգշաբթի, Տաքքայի հայկական եկեղեցիի փողոցը անսովոր կերպով ա՛լ աւելի աղմկալի կը դառնայ։ Տասնեակներու հասնող մարդիկ՝ ծերեր, մայրեր, երեխաներ, սայլակաւոր հաշմուածներ՝ կարգ կը սպասեն եկեղեցւոյ դարպասին առջեւ։ Անոնք տարիներու ընթացքին սորված են, թէ այստեղ՝ հին քարերուն ու զանգակատան ստուերին տակ, կարելի է ստանալ սնունդ, բժշկական օգնութիւն, ըսել է, թէ ուշադրութիւն, խնամք, մարդկային ներկայութիւն։ 

Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին ունի իր համացանցային կայքէջը, ուր կանոնաւոր կերպով կը լուսաբանուին եկեղեցիի շուրջ կատարուող դէպքերը եւ կը զետեղուին լուսանկարները՝ կարիքաւորներուն, որոնք կեցած են հայկական տապանաքարերուն շուրջ եւ կը սպասեն ծրար մը ուտելիքի։ 

Այս եկեղեցիի վերջին հայ պահապանը եղած է Մայքըլ Յովսէփ Մարտիրոսեանը, որ նաեւ Տաքքայի վերջին հայն էր՝ յայտնի Միքայէլ Ճոզըֆ Մարթին անունով։ Ա՛ն հիմնած է սննդօգնութեան այս ծրագիրը՝ տակաւին 2000-ականներուն։

Այսօր եկեղեցիի պահապանը արժանթինահայ Արմէն Արսլանեանն է։ Տարիներ առաջ ան աշխատանքի նպատակով մեկնած է Տաքքա եւ անակնկալ կերպով ստանձնած՝ դարաւոր պարտականութիւն մը։ Եկեղեցիի բանալիները ան ստացած է Մայքըլ Յովսէփ Մարտիրոսեանէն․ վերջինս քաջ կը գիտակցէր, որ օր մը ինք պիտի չըլլայ եւ եկեղեցին խնամակալի ձեռքի կարիք պիտի ունենայ։ 

Ստանձնելով պատմական կառոյցին բանալիները՝ Արմէն Արսլանեան նոյնիսկ չէր պատկերացներ, որ ճակատագիրը իրեն պիտի վստահի դարաւոր ու շարունակական պարտականութիւն մը։ Այսօր Արմէն Արսլանեանի խնամքին ներքեւ եկեղեցին բարւոք վիճակ մը ունի։ Վերանորոգուած են ելեկտրական համակարգերը, վերականգնուած՝ երկու պատմական նկարներ։ Ան կը նախատեսէ կրթական ծրագիրներ, պատմական հետազօտութիւններ, երաժշտական համերգներ։ 

Խնամակալ դառնալէն ի վեր Արսլանեան իր առաքելութիւնը դարձուցած է վերաիմաստաւորել պատմական ուղիները։ Երկրին նկատմամբ յարգանքէ դրդուած եւ ի երախտագիտութիւն այն բանի, որ մեր նախնիները ընդունուեցան Տաքքայի մէջ ապրելու համար, ան պարտաւորուած զգացած է ինքն ալ բան մը ընելու երկրին համար։ 

Եկեղեցին, որպէս կրօնական կառոյց, կը հետեւի Էջմիածնի Հայ Առաքելական Սուրբ Աւանդութեան, սակայն, իր դռները բացած է բոլոր քրիստոնէական դաւանանքներուն առջեւ։ Կաթոլիկներ, անկլիքաններ ու բողոքականներ այստեղ կը համախմբուին՝ երբեմն նոյն խորանին շուրջ աղօթելու համար։ Աւելին, եկեղեցիի բակը անգամ իսլամադաւան մարդոց համար դարձած է խաղաղ ապաստան՝ աղօթքի ու լռութեան պահերու համար։ Քաղաքի Միտֆորտ հիւանդանոցին մօտ գտնուելու հանգամանքն ալ դէպի եկեղեցի կ՚ուղղէ կարիքաւորներուն քայլերը։ Եկեղեցին ատեն ատեն նաեւ տեղացի զոյգերուն համար պսակադրութեան վայր կը դառնայ։ 

Արմանիտոլայի շրջանը, որ Տաքքայի հին քաղաքին մէջ կը գտնուի, ամենաաղքատ թաղամասերէն մէկն է։ Սննդային անապահովութիւնը եւ բժշկական խնամքի հասանելիութեան բացակայութիւնը ծանր խնդիրներ են տեղացի ընտանիքներուն համար։ Այս իրողութիւնը գիտակցելով՝ Արսլանեան նաեւ ընդարձակած է Մայքըլ Մարթինի նախաձեռնած սննդօգնութեան ծրագիրը։ Սկզբնապէս ամսական ձեռնարկ մը ըլլալով, պահանջարկին բերումով, վերածուած է շաբաթական սպասարկութեան։

Տեղացի մարդոց սիրելի ճաշը կը պատրաստուի եկեղեցիի տարածքին մէջ եւ ամէն շաբաթ կը բաժնուի շուրջ 550 մեծահասակներու եւ 200 երեխաներու։ Փոքրիկներուն կը տրամադրուի նաեւ կաթ։ Ինչպէս եկեղեցիի գրեթէ բոլոր ծառայութիւնները, այս նախաձեռնութիւնն ալ լիովին միջկրօնական է։ Եկեղեցական խորհուրդի քրիստոնեայ անդամներէն մինչեւ մահմետական ու հինտու աշխատակիցներ՝ բոլորը միասին կը պատրաստեն ու կը բաժնեն սնունդը՝ առանց դաւանանքի, ծագումի կամ նախապաշարումներու։

Սննդօգնութենէն անդին, եկեղեցին կազմած է նաեւ բժշկական ամսական շարժական դարմանատուն մը՝ տեղական բարեսիրական կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեամբ։ Բժիշկներ կ՚այցելեն հայկական եկեղեցիի շուրջ ձեւաւորուած համայնք՝ անվճար եւ կենսականօրէն անհրաժեշտ բուժօգնութիւն տրամադրելու համար։ 

Կրթութեան եւ կրթաթոշակներու ծրագիրներ կը մշակուին նաեւ երիտասարդութեան եւ մանուկներու համար։ Դուրսէն սփիւռքահայերու խումբ մըն ալ ուրիշ աջակիցներու հետ միասին կ՚աջակցի այս գաղափարին։

Սննդօգնութեան ծրագրերը, բժշկական ծառայութիւնը եւ կրթաթոշակները ունին պարզ նպատակ մը՝ աջակցիլ կարիքաւորին՝ առանց խտրականութեան։ Իսկ ակամայ, բայց արժէքաւոր արդիւնքը՝ պանկլատէշցիներու մէջ հայերու նկատմամբ ձեւաւորուող դրական պատկերը եւ հետաքրքրութիւնը, կարծես արդէն իսկ պատմութեան նոր էջ մը կը բանայ՝ շարունակելով Միքայէլ Ճոզըֆ Մարթինի առաքելութիւնը։ Զայն կը նկատէին Տաքքայի վերջին հայը, նաեւ՝ մեծ մարդասէր մը, որ նուիրեցաւ ո՛չ թէ յիշողութեան պահպանութեան միայն, այլ ապրող մարդուն։

Միքայէլ Ճոզըֆ Մարթին Տաքքա հասած էր 1942 թուականին՝ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի օրերուն, Միանմարէն, իր հօր հետեւելով։ 1986 թուականին կամաւոր կերպով ստանձնած էր եկեղեցիի վերակացուի պաշտօնը եւ կը բնակէր եկեղեցիի կից գտնուող տունը, որ ժամանակին երիցատուն եղած էր։ 2014 թուականին, արդէն ութսունն անց, ան կաթուած մը ստացած է։ Կինը արդէն կորսնցուցած էր եւ իր վերջին մեծ փափաքն էր թաղուիլ Տաքքայի մէջ՝ կնոջ քով։ Դուստրերը զինք տեղափոխած են Գանատա, մինչ այդ, ան չէ մոռցած յանձնել բանալիները հայու մը։ 2020 թուականին, 89 տարեկանին Միքայէլ Ճոզըֆ Մարթին կը մահանայ եւ կը թուի, թէ անոր մահով կ՚աւարտի աւելի քան 300 տարի գոյութիւն ունեցած ու ծաղկուն եղած հայ համայնքին պատմութիւնը։

Այսօր Տաքքայի մէջ բնակող ուրիշ հայու մը մասին տեղեկութիւն չկայ։ Հակառակ համայնքի բացակայութեան, Հայաստանը Պանկլատէշի մէջ ունի պաշտօնական դեսպան՝ Վահագն Աֆէանը, որ Նիւ Տելհիի մօտ Հայաստանի դեսպան ըլլալուն զուգահեռ կը ներկայացնէ նաեւ Հայաստանը Պանկլատէշի եւ Նեփալի մօտ։ Նախորդ հայ դեսպանի ջանքերով ալ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառելու ծրագիր մը մշակուած էր։ 

Սուրբ Յարութիւնը այսօր կառավարական պահպանութեան տակ կը գտնուի, եւ միայն արտօնութիւն ստանալէ ետք զբօսաշրջիկները կրնան այցելել 1700-ականներէն կանգուն մնացած այս կառոյցը, որ կը գտնուի Տաքքայի սրտին վրայ։ 

Եկեղեցիին բակը, ուր հարիւրաւոր հին տապանաքարեր կը պահպանուին, այսօր պատմութիւն պատմելէ զատ նաեւ սպասումի վայր դարձած է։ Կարիքաւորները, որոնք երկար ժամեր կը սպասեն իրենց բաժին սնունդին, երբեմն կը նստին այդ տապանաքարերուն վրայ՝ առանց գիտակցելու անոնց նշանակութիւնը։ Այդ քարերը սովորական նստարաններ չեն։ Անոնք հայոց անուններ են, տարեթիւեր, կեանքեր, որոնք այստեղ հանգիստ գտած են դարեր առաջ։

Այս տեսարանը չի կրնար չմտահոգել։ Տապանաքարերը յիշատակներ են, սրբութիւններ, որոնք կը պահանջեն յարգանք։ Անոնց վրայ նստիլը, որքան ալ ծնունդ առնէ կարիքէն ու յոգնածութենէն, կը բացայայտէ անտեսուած խնդիր մը՝ պատմական յուշարձաններու պահպանութեան եւ արժեւորումի մասին, հակառակ որ եկեղեցին պահպանութեան ներքոյ է։ Այստեղ առօրեան եւ պատմութիւնը կը բախին իրարու եւ այդ բախումին մէջ կը յայտնուի պատասխանատուութեան անհրաժեշտութիւնը։

Աշխարհի խոշորագոյն քաղաքներէն մէկը ըլլալով՝ Տաքքան նաեւ աշխարհի ամենախորը ընկերային հակադրութիւններ ունեցող քաղաքներէն մէկն է։ Միլիոնաւոր բնակիչներու կողքին, այստեղ կ՚ապրին տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, որոնց առօրեան սահմանուած է գոյատեւման ամենահիմնական խնդիրներով։

Պանկլատէշը, որպէս զարգացող երկիր, կը դիմագրաւէ աղքատութեան, գործազրկութեան եւ բնակարանային լուրջ դժուարութիւններ։ Տաքքայի մէջ այս խնդիրները կեդրոնացած են խտացած կերպով։ Գիւղերէն քաղաք հոսող բնակչութիւնը կը յուսայ աշխատանք գտնել, սակայն, շատեր կը յայտնուին ոչ-պաշտօնական աշխատանքներու մէջ, առանց կայուն եկամուտի, առանց առողջապահական կամ ընկերային ապահովութեան։

Այս համածիրին մէջ Սուրբ Յարութիւն հայկական եկեղեցիի դարպասին առջեւ ամէն հինգշաբթի ձեւաւորուող հերթերը պատահական երեւոյթ չեն։ Անոնք արտացոլումն են քաղաքի ընդհանուր ընկերային իրականութեան։ Եկեղեցիէն մատուցած սնունդը կամ օժանդակութիւնը չի լուծեր աղքատութեան խնդիրը, սակայն, կը դառնայ շունչ մը շատերու համար՝ գոյատեւման սահմանին վրայ․․․

Այս տեսարանը անխուսափելի հարցում մը կը ծնի․ արդեօք սփիւռքի նօսրացող համայնքները նոյնպէս պիտի մարի՞ն, պիտի վերածուին լուռ յուշարձաններո՞ւ, թէ Տաքքայի պէս, անոնք ալ պիտի գտնեն նոր ձեւեր՝ գոյատեւելու եւ վերաիմաստաւորելու իրենց ներկայութիւնը։ Գուցէ համայնքը միայն թիւ չէ, այլ՝ յիշողութեան շարունակականութիւնը, պատասխանատուութեան զգացումը, այն գիտակցութիւնը, որ ժառանգուած քարերն ու պատմութիւնը պարտաւորութիւն կը դնեն ներկայ մարդու ուսերուն։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 19, 2026