ԱՆՑԵԱԼԸ, ԿԱՐՕՏԸ ԵՒ ՄԵՆՔ…
Անցեալը ինչո՞ւ կը կարօտնանք։ Այս հարցումը պարզ կ՚երեւի, բայց իր մէջ կը կրէ մարդուս հոգիին ամենախոր շերտերը։ Կան պահեր, երբ յանկարծ, առանց պատճառի, սիրտը կը ծանրանայ, աչքերը հեռուն կը նային եւ հոգին կը սկսի փնտռել բան մը, որ այլեւս ներկայ չէ։ Այդ պահուն մարդը կը հասկնայ, որ անցեալի կարօտ ունի։ Բայց մենք չենք կարօտնար միայն ժամանակ մը, այլ կը կարօտնանք այն մարդը, որու հետ եղած ենք այդ ժամանակին մէջ, այն զգացումները, որոնք մեզի համար բնական էին եւ այն լռութիւնը, որ այսօր հազիւ կը գտնենք։
Անցեալին աւելի շատ ժամանակ ունէինք։ Ժամանակ՝ նստելու, լսելու, նայելու, զգալու։ Օր մը կրնար ամբողջ աշխարհ ըլլալ։ Մէկ ժպիտը օրեր շարունակ սիրտը կը ջերմացնէր, մէկ խօսքը երկար կը յիշուէր։ Այսօր օրերը իրարու վրայ կը կուտակուին, պահերը կը սահին առանց հետք ձգելու, իսկ մենք հազիւ կը հասցնենք հասկնալ, թէ ինչ կ՚ապրինք։ Անցեալը կը դառնայ այն վայրը, ուր պահերը տակաւին իմաստ ունէին։
Անցեալը յաճախ մեզի կը թուի մաքուր ու անարատ, ոչ թէ որովհետեւ ան թերի չէր, այլ որովհետեւ մեր յիշողութիւնը կը մաքրէ ցաւը, կը պահէ միայն այն պահերը, որոնք մեզ տաքութիւն տուած են։ Այսինքն մենք չենք կարօտնար անցեալը, ինչպէս որ ան եղած է իրականութեան մէջ։ Ժամանակը անցեալը կը զտէ, կը մաքրէ անոր կոպիտ անկիւնները, կը մեղմացնէ ցաւը եւ կը թողու միայն այն, ինչ որ սիրտը կրնայ տանիլ։ Այդ պատճառով անցեալը մեզ կը թուի աւելի լուսաւոր, աւելի ապահով, աւելի մարդկային։ Մանկութեան տունը, փողոցին ձայնը, մօր ձայնին ջերմութիւնը, հօր լուռ ներկայութիւնը, այս բոլորը ժամանակի ընթացքին կը դառնան սրբութիւններ։ Անոնք այլեւս սովորական յիշատակներ չեն, այլ մեր ինքնութեան մասերն են։
Մենք կը կարօտնանք անցեալը, որովհետեւ այնտեղ ժամանակը դանդաղ կ՚ընթանար։ Օրերը երկար էին, գիշերները խաղաղ, իսկ վաղուան վախը դեռ անուն չունէր։ Այսօր ամէն ինչ արագ է, աղմկոտ եւ ծանր։ Ապագան մշտական պահանջներ ունի, իսկ ներկան հազիւ ժամանակ կը ձգէ շունչ քաշելու։ Անցեալը, իր հեռաւորութեամբ, մեզի կը նուիրէ հանգստութիւն, որովհետեւ այլեւս բան մը չի պահանջեր մեզմէ։
Կը կարօտնանք անցեալը, որովհետեւ անոր մէջ կան մարդիկ, որոնք այլեւս մեր կողքին չեն։ Անոնց ժպիտները, քայլուածքը, ձայնին ելեւէջը այսօր միայն մեր յիշողութեան մէջ կը շարունակեն ապրիլ։ Կարօտը երբեմն մարդոց կարօտն է, երբեմն ալ այն պահերուն, որոնք անոնց հետ ապրած ենք եւ որոնք երբեք չեն կրկնուիր։
Անցեալը մեզի կը յիշեցնէ, որ մենք երբեմն աւելի պարզ էինք։ Աւելի քիչ կը մտածէինք, աւելի շատ կը զգայինք։ Սէրը բարդ չէր, ուրախութիւնը պատճառ չէր պահանջեր, իսկ տխրութիւնը կարճատեւ էր։ Այսօր մենք ծանրացած ենք փորձառութեամբ, կորուստով եւ անպատասխանի հարցումներով։ Այնուհետեւ անցեալը կը դառնայ տեղ մը, ուր մեր հոգին կ՚երթայ հանգստանալու։ Անցեալին մեր սպասումները պարզ էին։ Մենք չէինք գիտեր աշխարհի բոլոր բեռները, չէինք զգացած ապագայի ծանրութիւնը։ Կը հաւատայինք, որ ամէն ինչ կարելի է, որ սխալը վերջ չէ, որ սէրը միշտ կը գտնէ իր ճամբան։ Այսօր այդ հաւատքը վնասուած է։ Փորձառութիւնը մեզի իմաստութիւն տուած է, բայց նաեւ՝ վախ։ Անցեալը կը կարօտնանք, որովհետեւ այնտեղ տակաւին կը հաւատայինք առանց պաշտպանուելու։
Սակայն, անցեալը միայն կարօտ չէ, ան նաեւ վկայութիւն է։ Ան կը վկայէ, որ մենք ապրած ենք, սիրած ենք, սխալներ գործած ենք եւ կրկին կանգնած ենք։ Ան կը յիշեցնէ մեզի, որ մեր ներսիդին տակաւին կ՚ապրի այն երեխան, այն երիտասարդը, որ կը հաւատար եւ կ՚երազէր։ Գուցէ մենք անցեալը կը կարօտնանք, որովհետեւ չենք ուզեր մոռնալ, թէ ո՛վ եղած ենք, որպէսզի չկորսնցնենք, թէ ո՛վ կրնանք ըլլալ։
Եւ երբեմն, լուռ պահու մը մէջ, մենք չենք ուզեր վերադառնալ անցեալին։ Մենք միայն կ՚ուզենք նոյնիսկ ակնթարթի մը արագութեամբ զգալ այն զգացումը, որ ամէն ինչ իր տեղին էր, որ աշխարհը մեզի համար քիչ մը աւելի բարի էր եւ որ մենք մեզի հետ հաշտ էինք։
Բայց անցեալի կարօտը միայն տխրութիւն չէ։ Ան նաեւ ապացոյց մըն է, որ մենք ունինք խորութիւն, որ մեր կեանքը դատարկ օրերու շարք մը չէ, այլ պատմութիւն մը՝ լեցուն զգացումներով, կապերով եւ իմաստով։ Անցեալը կը յիշեցնէ մեզի, որ կրնանք զգալ խորապէս, սիրել անկեղծօրէն եւ կապուիլ ամբողջ հոգիով։
Անցեալը հեռու է, բայց ան մեզմէ երբեք ամբողջովին չի հեռանար։ Ան կ՚ապրի մեր ձայնին մէջ, մեր լռութեան մէջ, մեր արցունքներուն եւ մեր ժպիտներուն մէջ։ Եւ թերեւս այդ է կարօտին ամենագեղեցիկ կողմը․ ան ցաւոտ է, բայց նաեւ կը հաստատէ, թէ մեր սիրտը տակաւին կենդանի է։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ