ԳԻՐՔԻ «ԳՈՂ» ԿԸ ՓՆՏՌԵՄ

Շատ տարիներ առաջ էր: Հաւատացէ՛ք, հիմա նոյնիսկ անունը չեմ յիշեր, իսկ դէմքն ալ՝ շատ պղտոր: Հասակաւոր, վաթսունը անց, հայ մըն էր, որ այդ օրերուն աչքառու էր նոյնիսկ ամերիկեան գլխարկով փողոցէ-փողոց իր «պտոյտը»: Շատեր զինք կը ճանչնային իբրեւ «անկուշտ» կարդացող: Կ՚ըսէին, թէ շաբաթը երկու-երեք հատոր հայերէն գիրքեր կը կարդար: Իսկ ուրիշներ ալ, իբրեւ «բարենիշ», թէեւ զինք իբրեւ «մեծ» ընթերցող կը ճանչնային, բայց իբրեւ մակդիր՝ հայերէն գիրքի «գող» ալ անուանած էին:

Իմ կարգիս, երկրորդականի տարիներուս, երբ ինծի վստահուեցաւ մեր հին ակումբի գրադարանի պատասխանատուի պարտականութիւնը, թելադրած էին, որ ա՛յս մարդուն, երբեք գիրք չտայի: «Սուտով» մը զինք ճամբէի... մերժէի: Որովհետեւ... «կը տանի... ու ա՜լ, այդ գիրքին խէրը տե՛ս...»:

Բայց հետաքրքրականը հետեւեալն էր... այսպէս.- ոչ ո՛ք կրնար հաստատել, թէ այս գիրքերու «գողը» արդեօք իր գողցածները իրապէս կը կարդա՞ր, թէ ոչ՝ ուրիշներուն կը ծախէր, կամ անձնական իր գրադարանը այս միջոցով «կը հարստացնէր»: Ու որքան որ կը յիշեմ, մեր քաղաքի բոլոր հայկական գրախանութներն ալ իրենց խանութէն ներս այս մարդուն ներկայութեան, վերապահօրէն եւ զգուշաւոր կը մօտենային: Որովհետեւ... բոլորին համար... յայտնի գիրքի «գող» մըն էր... եւ ան ալ՝ հայերէն գիրքի...:

Արդ, այս նախաբանովս, իրապէս որ հայ գիրքին հասցէագրուած նորութիւն մը բերողի յաւակնութիւնը չունիմ: Մեր դպրոցական սեղաններէն սորված էինք եւ լաւատեղեակ, թէ հայ գիրքը հայ մարդուն մտերիմ ընկերն էր, նոյնիսկ ձեւով մը, անոր ոգեղէն հացը: Մէկ խօսքով, հայ գիրքը միշտ մաս կազմած էր հայ մարդը կերտելու դարբնոցին:

Ասոնք դրական կէտերն են հայ գիրքին հասցէին: Բան մը արդարացնելու ճիգ մը չէ, որ կ՚ընեմ: Բայց, յաճախ մեզմէ շատեր յարգելի եւ ոչ պատճառներով դժուար կը կարդան, եւ այս մէկուն յանցանքը կը նետեն համակարգիչին, «այ ֆոն»ին, «այ փետ»ին եւ մանաւանդ ժամանակ չունինք «պատճառաբանութիւններուն» վրայ: Այս բոլորին վկաներն ենք այսօր:

Անոր համար տեսանելի է, թէ ընթերցող-գրող կապը թուլցած է, եւ դարձած՝ գրեթէ խղճալի: Խօսքս բացառութիւններու մասին չէ: Երբեք...:

Բոլորս ալ կը հաւատանք, որ հայը նախ իր տան մէջ հայօրէն պէտք է ապրի, ապա՝ իր յաճախած դպրոցին մէջ, եւ անշուշտ՝ իր պատկանած միութեան պատերէն ներս: Նոր սերունդին հայ գիրքի հանդէպ սէրը պէտք է փոխանցել... կրկնած ենք միշտ: Ուրեմն, հայ գիրքը փրկելու համար ներկայ իր խղճալի, աւելի ճիշդ՝ անտեսուած վիճակէն, նախ հայ ծնողներուն ուսերուն կ՚իյնայ այս ծանր, սակայն էական պարտականութիւն-պարտաւորութիւնը: Իրողութիւն է, որ մարդիկ ժամանակ «չունինք»ի արդարացումով, դժուար կը կարդան։

Ու այս բոլորը պատճառ դարձած են, որ մեզմէ շատեր հեռանան գիրքէն, ընթեցման հաճոյքէն, անոր հին ու նոր կանչերէն։

Ճիշդ է, որ ներկայիս աշխարհի տարածքին, գիրքն ու անոր ընթերցումը լուրջ եւ վտանգաւոր շրջանի մը մէջ է: Որովհետեւ կորսնցուցած է իր հետաքրքրութիւնն ու ժողովրդականութիւնը, կայքէջներու եւ համակարգիչի ներկայութեան պատճառով, բայց...

Իսկ գալով մեզի, նկատած ենք, որ հայ գիրքը իր տեղը, իր դիրքը, կամ իր դերն ու նշանակութիւնը արդէն զիջած է «ուրիշներուն»: Մոռցած ենք, որ «հայ գիրքը կապուած է նաեւ մեր հայախօսութեան»:

Նաեւ տեսանելի է, թէ ինչպէ՞ս.- տուն-փողոց-շուկայ-դպրոց.- հայեր, աշակերտ, ուսանող, ծնողք, դժբախտաբար ո՛չ հայերէն կը խօսին, ո՛չ կը կարդան եւ ո՛չ ալ կը գրեն: Խօսքս դարձեալ բացառիկներու մասին չէ։ Այս ընթացքով, հայերէն իմացող սերունդը կամաց-կամաց, պիտի նօսրանայ: Արդէն այդ ճամբուն վրայ ալ է: Ու միշտ միամտօրէն կ՚արդարանանք ըսելով. «Սփիւռք կ՚ապրինք եւ ի՜նչեր ալ ընենք, չենք կրնար օտարացման առաջքը առնել...»: Մենք զմեզ չխաբենք: Այս մասին լրջօրէն մտածող կա՞յ արդեօք: Ասոնք նորութիւններ չեն։ 

Ամէն առիթով, եւ միշտ տարբեր հիացմունքով կը վերյիշեմ Թումանեանի հայ գիրքին նուիրած, յստակ խորք ու մեծ իմաստ ունեցող խօսքերը։ Որովհետեւ, յատկապէս այս օրերուն, կը զգամ, որ հիմա գիրքը ու մանաւանդ հայ գիրքը, վտանգաւոր տագնապ մըն է, որ կ՚ապրի։ Կրնանք նոյնիսկ ըսել, որ յաճախ մնացած է անտեսուած ըլլալու չափ անարձագանգ։

Պատճառը մի հարցնէ՛ք, դուք ինձմէ աւելի լաւ գիտէք։ Արդէն քաջածանօթ ալ էք։ Կը խորհիմ...: Յստակ է, թէ «բան» մը կը կաշկանդէ հայ գիրքի տարածման ընթացքը, անոր նոյնիսկ յաճախակի ընթերցումը, տարածումն ու բարգաւաճումը։

Շատերուս համար, մեր տուներէն ներս, հայ գիրքի ներկայութիւնը պաշտամունքի աստիճան դառնալով, մեզի նոր ու տարբեր շունչ տուած էր, եւ մենք անկէ ներշնչուած՝ վերապրած ենք։ Հայ գիրքը, նոյնիսկ մեր դիմաց յաճախ ալ բացած էր գրական նոր դուռ մը, մտքերու գեղեցիկ ու գունաւոր լուսամուտ մը, որոնց շնորհիւ գրողի ճաշակն ու ոճը ընկալած ենք հաճոյքով։ Ու այս ձեւով հայ ընթերցասէրը, միշտ եւ ամէն պատեհ առիթով, հայ գիրքի ընթերցումը փնտռած էր, որպէսզի մնար, գոյատեւէր, եւ «պարիսպը» շարունակէր։ Որպէսզի՝ հայու մեր դիմագիծն ու արեան բաբախումը ապահով պահուէր։ Վերջապէս, որպէսզի մեր կենսական ինքնութիւնը ընթերցումներով յագենար, ծագումով հայերու շարքին չմնալու կամ չդասուելու համար։ Այս բոլորը միշտ համոզումով կը կրկնենք, որպէսզի մեր յարատեւ եւ գիտակից ընթերցումով, ազգային գանձերու պահպանման նպաստող հայ գրականութիւնը շարունակէ իր երթը։

Այլապէս՝ կը խամրի մեր գրականութիւնը, կ՚այլասերի ժողովուրդը եւ կը գունաթափուի անոր ինքնութիւնը:

Նայեցէ՛ք մէյ մը ձեր շուրջը: Գաղտնիք մը չէ: Մարդիկ իրենց տան գրադարաններէն հայերէն գիրքերէն սկսած ենք «ձերբազատուիլ», զանոնք դժբախտաբար փողոց նետել, կամ աղբանոց թափել, կամ հոս-հոն «նուիրելով», «բաժնելով», «տալով»… «ազատիլ…» ու այս բոլորը՝ միշտ իրենց լեզուին վրայ մնայուն հետեւեալ հանկերգով…

«Ճանըմ… մեզմէ ետք ո՞վ պիտի կարդայ… ասկէ ետք… ո՜վ… վրաս գրէ…», «տեղ կը բացուի…», «աւելորդ ապրանք…», «ամէն շաբաթ փոշին առ…», «գլխու ցաւ…»:

Լաւ յիշենք… հայ գիրքը փրկելու պարտականութիւնը կ՚իյնայ մեր բոլորին վրայ, եւ ո՛չ թէ օտարին:

Եւ ի տես այս իրողութեան, ահա թէ ինչո՞ւ այս օրերուն, ե՛ս ալ, իմ կարգիս, յամառօրէն մեր քաղաքի հայերէն գիրքի այդ նշանաւոր «գողը» կը փնտռեմ… մի՛ զարմանաք…:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2025