«ՀՈՍ ՉԷ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՒ»
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին վաղը պիտի նշէ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնը:
Տօն մը, որ սովորական տօներէն տարբեր է իր ունեցած իմաստով եւ իր բերած բարեփոխութեամբ մարդկային կեանքին վրայ:
Տօն մը, որ ո՛չ միայն սովորական ու ժամանակաւոր ուրախութիւն կը պատճառէ մարդոց, այլ՝ յաւիտենական երանութեամբ եւ երջանկութեամբ կը լեցնէ մարդիկը:
Ի վերջոյ տօն մը, որ մարդուն յստակ կերպով կու գայ յայտնելու, թէ իր կեանքը այս աշխարհով չէ՛ պայմանւորուած միայն, այլ՝ ինք կոչուած է, հրաւիրուած է ուրիշ՝ յաւիտենական եւ անմահ կեանքի մը, ուր ցաւ ու տառապանք, վիշտ ու լաց, սուգ եւ տրտմութիւն չկան, այլ՝ կայ երջանկութիւն ու ցնծութիւն, Աստուծոյ ներկայութիւնը, հրեշտակներուն եւ սուրբերուն ընկերակցութիւնը:
Չորս Աւետարանիչներն ալ կը ներկայացնեն մեզի Տէր Յիսուսի յարութեան դրուագը: Մատթէոսի Աւետարանին նկարագրութիւնը կարդալէ ետք, պիտի խորհրդածենք այնտեղ արձանագրուածներուն մասին: Կը կարդանք.
«Շաբաթ երեկոյէն ետք, երբ կիրակին կը բացուէր, Մարիամ Մագդաղենացին եւ միւս Մարիամը գերեզմանը տեսնելու եկան։
Յանկարծ զօրաւոր երկրաշարժ մը եղաւ եւ Աստուծոյ հրեշտակը երկինքէն իջնելով՝ գլորեց գերեզմանի մուտքին դրուած քարը եւ նստաւ անոր վրայ։ Անոր տեսքը փայլակի կը նմանէր եւ հագուստները ձիւնի պէս ճերմակ էին։ Պահապանները երբ ասիկա տեսան, սարսափեցան եւ մեռելի պէս եղան։ Հրեշտակը կիներուն ըսաւ.
-Դուք մի՛ վախնաք. գիտեմ որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք։ Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր։ Եկէք եւ տեսէ՛ք այն տեղը, ուր դրուած էր։ Անմիջապէս գացէք եւ ըսէ՛ք Իր աշակերտներուն՝ թէ յարութիւն առաւ։ Անիկա ձեզմէ առաջ Գալիլիա կը հասնի եւ հոն պիտի տեսնէք զԻնք. ահա ըսի ձեզի։
Կիները վախով, բայց միեւնոյն ատեն մեծ ուրախութեամբ դուրս ելան գերեզմանէն եւ վազեցին՝ պատմելու համար աշակերտներուն։
Յանկարծ Յիսուս հանդիպեցաւ անոնց եւ ըսաւ.
-Ողջո՜յն ձեզի։
Կիները մօտենալով՝ փարեցան Անոր ոտքերուն եւ երկրպագեցին Անոր։
Յիսուս ըսաւ.
-Մի՛ վախնաք, գացէք եւ ըսէ՛ք Իմ եղբայրներուս, որ Գալիլիա երթան. հո՛ն պիտի տեսնեն զիս։
Երբ կիները գացին, պահապաններէն ոմանք քաղաք եկան եւ ինչ որ պատահած էր պատմեցին աւագ քահանաներուն։ Աւագ քահանաները եւ երէցները հաւաքուելով՝ խորհրդակցեցան եւ առատ դրամ տուին պահապաններուն եւ ըսին.
-Ըսէք՝ որ «Իր աշակերտները գիշերով եկան եւ գողցան մարմինը, երբ մենք քնացած էինք»։ Եւ եթէ կառավարիչին ականջը հասնի ասիկա, մենք զայն կը գոհացնենք. անհո՛գ եղէք դուք։
Պահապանները դրամը առին եւ ըրին ինչ որ պատուիրուած էր իրենց։ Եւ այսպիսով այս լուրը տարածուեցաւ հրեաներուն մէջ մինչեւ այսօր» (Մտ 28.1-15):
Տէր Յիսուս Իր աշակերտներուն տարբեր առիթներով խօսած էր Իր կրելիք չարչարանքներուն եւ նեղութիւններուն մասին, թէ ինչպէս անօրէններուն ձեռք պիտի իյնար, պիտի չարչարուէր ու մահանար, սակայն երեք օրեր ետք յարութիւն պիտի առնէր:
Աշակերտները այս բոլորը լսած էին, սակայն, չէին կրցած լաւապէս հասկնալ, աւելին, իրենց միտքերուն մէջ զարմանալով կը մտածէին, թէ ինչպէ՞ս կարելի էր որ իրենց Տէրը, որ այդքան հրաշքներ կը գործէր, այդքան զօրաւոր էր, նման իրավիճակի մէջ յայտնուի: Ասոր վրայ երբ այդ բոլորը պատահեցան, չկրցան ըմբռնել կատարուածը եւ պահի ազդեցութեան տակ խռովեցան, սարսափեցան եւ ցրուեցան:
Խաչելութենէն երեք օրեր ետք, մինչ աշակերտները զիրար գտած եւ տան մը մէջ հաւաքուած էին, ահա իւղաբեր կիները գերեզման կու գան, որպէսզի հրէական սովորութեան համաձայն զմռսեն եւ օծեն իրենց Տիրոջ մարմինը: Մինչ գերեզման կ՚երթային, կը մտածէին, թէ ո՞վ իրենց համար գերեզմանին դրան առջեւ դրուած մեծ ժայռը պիտի գլորէր, որովհետեւ մեծ էր (տե՛ս Մր 16.3-4):
Երբ մօտեցան գերեզմանին, զգացին շարժում մը, որ երկրաշարժի կը նմանէր, սակայն ո՛չ սովորական երկրաշարժ մը, այլ՝ Աստուծոյ հրեշտակն էր, որ մեծ զօրութեամբ եկած էր եւ գերեզմանին մուտքին դրուած ժայռը գլորած: Անոր տեսքը շլացուցիչ ու արտասովոր էր եւ պահապանները ի տես անոր փառաւորութեան սարսափելով իրենց տեղերը անշարժ մնացած էին, կարծէք մեռելներ ըլլային:
Երբ իւղաբեր կիները աւելի կը մօտենան գերեզմանին, հրեշտակը անոնց ուղղելով իր խօսքը՝ կ՚ըսէ.
-Դուք մի՛ վախնաք. գիտեմ որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք։ Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր։ Եկէք եւ տեսէ՛ք այն տեղը, ուր դրուած էր։ Անմիջապէս գացէք եւ ըսէ՛ք Իր աշակերտներուն՝ թէ յարութիւն առաւ։ Անիկա ձեզմէ առաջ Գալիլիա կը հասնի եւ հոն պիտի տեսնէք զԻնք. ահա ըսի ձեզի (Մտ 28.5-7):
Հրեշտակը սկիզբէն կ՚ուզէ հանդարտեցնել զանոնք, որպէսզի չվախնան, ու կը յայտնէ անոնց իրենց գերեզման գալուն նպատակը, որպէսզի խաղաղին: Կ՚ըսէ անոնց, գիտեմ որ խաչուած Յիսուսին կը փնտռէք, Ան, որ մի քանի օր առաջ անօրէններուն ձեռքը մատնուելով չարչարուեցաւ, անարգուեցաւ, յանցաւորի մը նման խաչուեցաւ, Իր հոգին աւանդեց եւ ապա այս գերեզմանին մէջ դրուեցաւ որպէս անկենդան մարմին մը, այդ բոլորը գիտեմ, բայց դուք մի՛ վախնաք:
Եւ կը շարունակէ. Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր: Ա՛լ աւելի կը փորձէ խաղաղեցնել անոնց միտքը, յիշեցնելով անոնց Յիսուսի ըսածները եւ ամենէն կարեւորը, թէ Ան այստեղ՝ այս գերեզմանին մէջ չէ, այլ՝ յարութիւն առած է այստեղէն: Հրեշտակը կը յիշեցնէ անոնց, թէ Յիսուս ըսած էր ձեզի, թէ այդ բոլոր պատահելիքներէն ետք, Ես յարութիւն պիտի առնեմ: Հիմա այդ իրողութիւնը կատարուած էր արդէն եւ Յիսուս ճշմարտապէս յարութիւն առած էր:
Եւ որպէսզի անոնց միտքը ա՛լ աւելի հանգստանայ, կ՚ըսէ անոնց, եկէք եւ տեսէ՛ք այնտեղը, ուր դրուած էր, դատարկ է, այստեղ չէ, զԻնք այստեղ մի՛ փնտռէք, որովհետեւ Ինք՝ Կեանքը եւ կեանքի Աղբիւրը յարութիւն առած է:
Հրեշտակը կը շտապեցնէ զանոնք ըսելով, որ այդտեղ երկար չմնան, այլ՝ շտապ կերպով երթան եւ Յիսուսի աշակերտներուն տեղեկացնեն, թէ իրենց Տէրը գերեզմանին մէջ չէ, այլ՝ յարութիւն առած է, եւ ահա կը հրաւիրէ զիրենք հանդիպումի Գալիլիայի մէջ:
Իւղաբեր կիները ի լուր այս բոլորին, տակաւին չէին կրցած ըմբռնել կատարուածը, տակաւին վախ մը կար իրենց մէջ, բայց ներքնապէս մեծ ուրախութիւն մը կար իրենց մէջ երբ գերեզմանէն դուրս կու գային (Մտ 28.8), որովհետեւ մէկ կողմէ յիշած էին իրենց Վարդապետին ըսածները, երբ Ան տակաւին իրենց հետ էր, վերյիշած էին Անոր ըսած իւրաքանչիւր խօսքը, բառը Իր կրելիք չարչարանքներուն, մահուան եւ յարութիւն առնելուն մասին, իսկ հիմա, իրենց աչքերով կը տեսնէին, որ գերեզմանը դատարկ է, աւելին՝ հրաշատեսիլ հրեշտակը կ՚աւետէր զիրենք, թէ Ան այստեղ չէ, որովհետեւ յարութիւն առած է: Այս անգամուան ուրախութիւնը՝ որ կը զգային, տարբեր էր, չնայած վախին, որ տակաւին կ՚ընկերակցէր իրենց, բայց փաստը, որ իրենց Վարդապետը այդտեղ չէր, կ՚ոգեւորէր զիրենք: Այդ ուրախութեան եւ վախի զգացումներով տոգորուած կը շտապէին վերադառնալ աշակերտներուն մօտ, որպէսզի անոնց եւս յայտնեն իրողութիւնը:
Եւ ի՜նչ զարմանք, ի՜նչ ուրախութիւն եւ ի՜նչ զարհուրանք, երբ հազիւ վերադարձի ճանապարհը բռնած, ականջալուր կը դառնան ծանօթ եւ քաղցր ձայնի մը.
-Ողջո՜յն ձեզի:
Ի՜նչ քաղցր եւ հանգստացնող ողջոյն էր, ի՜նչ խրախուսիչ ողջոյն էր, որ կը ստանային կիները: Մէկ կողմէ կը մտածէին, աւելի ճիշդ կը փորձէին մտածել այս կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին պատահած դէպքերու մասին, միւս կողմէ այն քաղցր ձայնը կը քաշէր զիրենք դէպի Իրեն, ո՛չ միայն կը քաշէր, այլ՝ անոնց խռոված սիրտերն ու հոգիները կը խաղաղեցնէր, կը հանդարտեցնէր, ցնծութեամբ կը լեցնէր:
Ողջոյնը լսելէ ետք, կիները կը փարին Անոր ոտքերու եւ կ՚երկրպագեն Անոր, որովհետեւ ճանչցած էին զԻնք, ճանչցած էին իրենց Տէրը, իրենց Սիրելի Վարդապետը եւ իրենց սիրտերը յուզումով եւ ուրախութեամբ լեցուած էր:
Յարուցեալ Տէրը անոնց դիմելով՝ կ՚ըսէ.
-Մի՛ վախնաք, գացէք եւ ըսէ՛ք Իմ եղբայրներուս, որ Գալիլիա երթան. հո՛ն պիտի տեսնեն զիս (Մտ 28.10): Իրենց Տէրը կը կրկնէ քիչ առաջ հրեշտակին ըսածը, որպէսզի տեղեկացնեն Իր աշակերտներուն, որպէսզի երթան Գալիլիա եւ այնտեղ հանդիպին Իրեն: Եւ իւղաբեր կիները կը շտապեն երթալու աշակերտներուն մօտ, որպէսզի անոնց եւս փոխանցեն աւետիսը եւ իմաց տան անոնց, թէ Տէրը կը սպասէ զիրենք Գալիլիայի մէջ:
Մինչ իւղաբեր կիները կը շտապէին հասնիլ աշակերտներուն, անդին, գերեզմանին պահակութիւն ընողները սթափելով, անոնցմէ ոմանք քաղաք կը շտապեն, որպէսզի աւագ քահանաներուն եւ փարիսեցիներուն պատմեն կատարուածը: Վերջիններս, փոխանակ զգաստանալու, հասկնալու իրենց գործած մեծ սխալը եւ դարձի գալու, դրամով կը լռեցնեն պահապանները, ինչպէս դրամով գնեցին Յուդային, որպէսզի մատնէր զԻնք իրենց: Պահապանները եւս, գումարի դիմաց ո՛չ միայն կը համաձայնին լուռ մնալ, այլեւ՝ կը համաձայնին ճշմարտութիւնը աղաւաղել, ըսելու համար, թէ ո՛չ թէ յարութիւն առած է, այլ՝ մինչ մենք կը քնանայինք, Անոր աշակերտները եկան ու գողցան Անոր մարմինը, եւ մի՛ մտահոգուիք, մենք կառավարիչին կը համոզենք եւ դուք անվնաս կը մնաք (տե՛ս Մտ 28.13-14):
Պահապանները կը վարուին այնպէս, ինչպէս աւագ քահանաներն ու փարիսեցիները կը թելադրեն անոնց վարուիլ: Որպէս արդիւնք անոնց աղաւաղումին, հրեաներէն շատերու մօտ մինչեւ այսօր տարածուած է այդ լուրը, թէ Տէր Յիսուս ո՛չ թէ յարութիւն առած է, այլ՝ Անոր աշակերտներն ու հետեւորդները գողցած են Անոր մարմինը:
Այսօր, աւելի քան երկու հազար տարիներ անցած են այդ դէպքէն, սակայն Տէր Յիսուսի յարութեան այս դրուագը, եղելութիւնը, կը շարունակէ նոյն ուժգնութեամբ ազդեցութիւն գործել բոլոր անոնց վրայ, որոնք ճշմարտապէս կը հաւատան Անոր, եւ հակառակ իրենց ունեցած կարգ մը կասկածներուն, լսելով Անոր քաղցր ողջոյնը, մէկանգամընդմիշտ հեռո՛ւ կը վանեն իրենցմէ այդ կասկածները եւ իւղաբեր կիներուն նման կը փարին Անոր ոտքերուն ու կ՚երկրպագեն Անոր:
Մեզմէ շատեր այսօր իւղաբեր կիներուն նման ժամանակաւոր սովորութիւններու ետեւէ իյնալով, կը մոռնան էականը, կ՚անտեսեն առաջնայինը: Իւղաբեր կիներէն սորվինք. անոնք գերեզման գացած էին, որպէսզի իր ժողովուրդին յատուկ մէկ սովորութիւնը կատարեն, սակայն, երբ դատարկ գերեզմանը տեսան, հրեշտակին աւետիսը լսեցին, թերեւս իրենց հետ բերած զմուռսն ու մնացած բաները գետին թափեցին եւ անոնց մասին չմտածեցին իսկ: Այսօր, մենք հակառակը կ՚ընենք շատ յաճախ, տեղեակ ըլլալով ճշմարտութեան, գիտակցելով անոր, կը շարունակենք քարացած մնալ մեր մտածումներուն, ընկալումներուն եւ սովորութիւններուն մէջ, երկրորդականը, երրորդականը շատ յաճախ առաջնայինին տեղ դնելով:
Մեզմէ շատեր այսօր յիմար կոյսերուն նման, գերին դառնալով ժամանակաւոր սովորութիւններուն եւ ընկալումներուն, խոր քունի մէջ կը մտնեն, իրենց աչքերը կը ծանրանան եւ երբ Յարուցեալ Տէրը յայտնուի, չեն կրնար պատշաճ կերպով դիմաւորել զԻնք, աւելին կ՚արժանան Տիրոջ խիստ կեցուածքին, թէ՝ իսկապէս որ չեմ ճանչնար ձեզ (Մտ 25.12):
Մեր սովորութիւններուն գերին դառնալով մենք մեզ օտարականներ չդարձնենք Տէր Յիսուսի, ընդհակառակը, սովորութիւնները՝ որոնք գոյութիւն ունին մեր կեանքին մէջ, օգտագործենք զանոնք, որպէսզի ա՛լ աւելի մօտենանք Աստուծոյ, իսկ եթէ զգանք, որ այդ սովորութիւնները կը վնասեն մեզի եւ արգելք կը հանդիսանան մեր անկեղծ յարաբերութեան Աստուծոյ հետ, ապա հեռո՛ւ վանենք զանոնք մեզմէ, որպէսզի անոնց պատճառով դատապարտութեան չարժանանանք:
Անդին, այսօր մեզմէ քանինե՞ր պատրաստ են իւղաբեր կիներուն նման, լսելէ ետք Տէր Յիսուսի ողջոյնը, փարելու Անոր ոտքերուն եւ երկրպագելու Անոր: Յիշենք, մեր Տէրը Իր երկրաւոր կեանքի վերջին հանգրուանին Իր աշակերտներուն միջոցով բոլոր ժամանակներու մարդկութեան համար տուաւ ճշմարիտ եւ գործնական սիրոյ բացառիկ օրինակ մը, երբ ծունկի գալով Իր աշակերտներուն դիմաց՝ լուաց անոնց ոտքերը եւ թելադրեց, որ մենք եւս նոյն կերպով վարուինք իրարու հետ, ըսելով. «Գիտէ՞ք ինչ ըրի ձեզի: Դուք զիս “Վարդապետ” եւ “Տէ” կը կոչէք, եւ ճիշդ կ՚ըսէք, որովհետեւ իրապէս ալ եմ: Արդ եթէ Ես՝ որ Տէր եւ Վարդապետ եմ՝ լուացի ձեր ոտքերը, դուք ալ պարտաւոր էք իրարու ոտքերը լուալ: Ես ձեզի օրինակ մը տուի, որպէսզի դուք ալ իրարու ընէք այն՝ ինչ որ Ես ձեզի ըրի: Լա՛ւ գիտցէք, թէ ծառան իր տիրոջմէ մեծ չէ եւ ոչ ալ ղրկուածը՝ զինք ղրկողէն: Եթէ ասիկա գիտէք, երանելի պիտի ըլլաք՝ եթէ գործադրէք զայն» (Յհ 13.12-17):
Ոտքերու լուացումը որպէս օրինակ տրուեցաւ մեզի, որպէսզի մէկս միւսին նկատմամբ չհպարտանանք, ինչ դիրքի կամ պաշտօնի ալ հասած ըլլանք: Մարդ ինչքան ալ բարձր դիրքերու կամ պաշտօններու հասնի, պէտք չէ հպարտանայ, այլ միշտ յիշէ Տէր Յիսուսի այս արարքը եւ գիտակցի, որ ինք եւս պարտաւոր է խոնարհութեամբ վարուիլ իր նմաններուն հետ: Այսօր ցաւալի է տեսնել, որ պաշտօնի կամ դիրքի հասած մարդիկ, անողորմաբար եւ դաժանութեամբ կը վարուին իրենց ենթականերուն հետ, անիրաւութիւն կը գործեն անոնց նկատմամբ, նեղութիւն կը պատճառեն, Տէր Յիսուսի Հրաշափառ Յարութեան այս տօնը, արդարեւ, առիթ մըն է սթափելու եւ հասկնալու, որ եթէ նոյն կերպով շարունակենք մեր կեանքը ապրիլ, ապա թաղուած պիտի մնանք մեր մեղքերուն մէջ, իսկ եթէ սթափինք, ծունկի գանք (օգնութեան ձեռք մեկնենք, կարեկցինք, չհպարտանանք) մեր նմաններուն առջեւ, ապա Տէր Յիսուս մեզի եւս յարութիւն պիտի տայ ո՛չ միայն մեր մեղքերէն, այլեւ մեր ժամանակաւոր բնակարանէն՝ գերեզմանէն, ուր պիտի դրուինք մեր այս աշխարհէն բաժնուելէն ետք:
Մեզմէ շատեր այսօր Քրիստոսի գերեզմանի պահակներուն դերը վերցուցած են իրենց վրայ, որով միշտ կ՚ուրանան Քրիստոսի կատարած փրկագործութիւնը, կ՚աղաւաղեն Քրիստոսի Սուրբ Աւետարանը, արգելք հանդիսանալով շատերու՝ հասնելու ճշմարտութեան գիտութեան: Այսօր մեծ է թիւը այն մարդոց, որոնք դրամի դիմաց ո՛չ միայն իրենց հոգիները կը ծախեն, այլեւ զՔրիստոս ծախու կը հանեն: Մեծ է թիւը այն մարդոց, որոնք ամէն կերպ կ՚աշխատին խամրեցնելու համար Քրիստոսի Աւետարանին բերած լոյսը, որպէսզի մարդիկ խաւարի մէջ ապրին եւ դիւրութեամբ կառավարուին: Մեծ է թիւը անոնց, որոնք յանուն իրենց անձնական շահերուն, պատրաստ են ամէն կեղծարարութեան ու նենգութեան դիմեն, որպէսզի իրենց շահը յանկարծ վտանգի չենթարկուի: Տէր Յիսուսի դատարկ գերեզմանէն ճառագայթող հրաշալի լոյսը ազդարարութիւն մըն է բոլոր անոնց, թէ իրենք ինչքան ալ փորձեն իրողութիւնները աղաւաղել, ճշմարտութիւնը մթագնել, սակայն յարմար առիթին Քրիստոսի լոյսը ամէն ինչ պիտի յայտնէ եւ ի վերջոյ ճշմարտութիւնը պիտի յաղթանակէ, ինչպէս Տէր Յիսուս Իր կրած չարչարանքներով, խաչելութեամբ եւ թաղումով յաղթանակ տարաւ մահուան վրայ, մեզի աւետիսը տալով, թէ մենք եւս Իր առաջնորդութեամբ եւ օգնութեամբ կրնանք նոյն յաղթանակը տանիլ, եթէ մեր գործերով եւ ապրած կեանքով արժանի ըլլանք այդ յաղթութեան:
Արդարեւ, Տէր Յիսուսի Հրաշափառ Յարութիւնը՝
Կ՚ազատագրէ մարդը մահուան գերութենէն եւ եթէ մարդ հնազանդելով Աստուծոյ կամքին եւ ապրելով աստուածահաճոյ կեանք մը, մահը այլեւս այդպիսիին վրայ իշխանութիւն չի՛ կրնար ունենալ:
Կը նորոգէ մարդը: Քառասունութ օրերու պահեցողութեան ճանապարհորդութենէն ետք, քրիստոնեայ հաւատացեալը երբ արժանի կ՚ըլլայ հասնելու Տիրոջ յարութեան, ապա այդ յարութիւնը կը նորոգէ զինք մտովին եւ հոգեպէս, այլ խօսքով, մարդը կը նորոգուի՝ իրմէ հեռացնելով հին մարդը եւ իր վրայ առնելով նոր մարդը՝ Քրիստոսով զօրացած ու բիւրեղացած:
Անմահութեան գաղափարը կը դրոշմէ մարդուն միտքին մէջ: Բոլորս ալ գիտենք, որ օր պիտի գայ եւ այս աշխարհէն պիտի բաժնուինք: Վերը նշեցի, որ Քրիստոսի յարութեամբ մահը մեր վրայ իշխանութիւն չունի այլեւս: Այս անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է: Անդին, սակայն, մեր մարմինները ենթական են մահուան, այսինքն, երբ մեր հոգիները բաժնուին մեր մարմիններէն՝ անոնք կ՚անշնչանան եւ գերեզման կը դրուին: Քրիստոս Իր յարութեամբ եկաւ յայտնելու մեզի, որ այդ բոլորը ժամանակաւոր են, որովհետեւ Իր երկրորդ գալուստի ժամանակ բոլորը պիտի կանգնին Իր դատաստանին դիմաց՝ հատուցում տալու իրենց գործերուն: Այլ խօսքով, Տէր Յիսուսի յարութիւնը մարդուն յստակ կերպով բերաւ այն բացարձակ ճշմարտութիւնը, թէ ինք այս կեանքով չէ՛ սահմանափակուած, այլ՝ այս կեանքէն անդին ու ետք, կայ ուրիշ կեանք մը, որ ի տարբերութիւն այս կեանքին, յաւիտենական է, ուր մարդ անմահ պիտի դառնայ եւ յաւիտեան ապրի: Թէ՛ արդարները եւ թէ մեղաւորները յաւիտենապէս պիտի ապրին: Արդար կամ մեղաւոր ըլլալու ընտրութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրին տրուած է: Եւ Յարութեան Հրաշափառ այս տօնը առիթ մըն է մեզի համար, վերարժեւորելու մեր ապրած կեանքը՝ հասկնալու, թէ արդեօք ճի՞շդ ճանապարհին վրայ ենք, թէ ոչ:
Աւարտենք մեր գրութիւնը, մի քանի մէջբերումներ կատարելով Տէր Յիսուսի Յարութեան մասին:
* Սուրբ Պօղոս առաքեալ կը գրէ.
Եթէ մեռելներու յարութիւն չկայ, ապա եւ Քրիստոս յարութիւն չէ առած: Եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն չէ առած, զուր է մեր քարոզութիւնը եւ զուր է ձեր հաւատքը: Եւ Աստուծոյ սուտ վկաները եղած կ՚ըլլանք, քանի որ Աստուծոյ մասին վկայեցինք, թէ Քրիստոսին յարութիւն տուաւ. արդարեւ, եթէ մեռելները յարութիւն չառնէին, Անոր յարութիւն չէր տար (Ա. Կր 15.13-15):
* Սուրբ Աթանասը կը գրէ.
Յարութիւն առած Յիսուսը կեանքը շարունակական տօնի մը կը վերածէ. տօն, որ աւարտ չունի:
* Ս. Պօղիկարպոս Զմիւռնացին կը գրէ.
Ով որ անձնական շահէ մեկնած կ՚այլափոխէ Տիրոջ խօսքը ու կ՚ըսէ, թէ չկայ յարութիւն ու չկայ երկրորդ դատաստան, այդպիսին սատանային անդրանիկ որդին է:
* Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ.
Դժոխքը Յիսուսի մարմինը (մարդկային բնութիւնը) կուլ տալէ ետք՝ ճեղքուեցաւ, որովհետեւ մարմինը դժոխքին փորը պատռեց եւ ողջ յարութիւն առաւ:
* Սուրբ Գրիգոր Նազիանզացին կը գրէ.
Յիսուսի յարութիւնը Նոր Ուխտի Զատիկն է, փոխադրութիւնն է նոր գոյութեան մը: Մեր Տէրը՝ Յիսուս, մեզ մահէն՝ կեանքի, երկրէն՝ երկինք փոխադրեց:
* Մեսրոպ Պատրիարք Նարոյեան կը գրէ.
Տիրոջ Ս. Յարութեան յիշատակը՝ ուրեմն՝ ճշմարիտ կեանքի բարձր խորհուրդը կը պատկերացնէ: Անով կը համոզուինք, թէ յաւերժապէս կ՚ապրի ինչ որ կայ ճշմարիտ, գեղեցիկ եւ բարձր մարդուն մէջ: Ամէն գործ, շարժում, գաղափար ուր կայ վերածնունդ, ստեղծագործութիւն, լոյս եւ սրբութիւն, հոն կայ յարութիւն, հոն կա՛յ անմեռ տարր մը, որ վեր կը մնայ ժամանակէ եւ միջոցէ, որ աստուածային ցոլք մը կը բիւրեղացնէ իր մէջ եւ որուն լուսեղէն թելերը կ՚երկարաձգուին մինչեւ աստուածային բարձունքները: Դարերու բարդ ի բարդ մշուշները անզօր են ստուեր ածելու այն աստուածային դէմքին վրայ, որ Յիսուսինն է, Փառաւորեալ Յարուցեալինը, որ մշտապէս կը ներշնչէ մեր սիրտերը, կ՚ուժաւորէ մեր դեդեւուն քայլերը, կը բոցավառէ մեր հաւատքը եւ կը պատրաստէ յաւերժական երանութեան։
* Զարեհ Արք. Ազնաւորեանը կը գրէ.
Քրիստոնէական հաւատքին հիմնաքարն է Քրիստոսի յարութիւնը, առանց որուն չկա՛յ եւ չի՛ կրնան ըլլալ մեր հաւատքը: Ճիշդ այդ մեծագոյն կարեւորութեան համար է, որ Քրիստոսի Եկեղեցին կը հասկնանք իբրեւ Քրիստոսի յարութիւնը վկայող Մարմին: Ատոր համար է, որ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա. Կր 15.14):
* Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան կը գրէ.
Յիսուս աշխարհ իջաւ, որպէսզի մենք կարենանք երկինք բարձրանալ: Ան մեր քաւութեան համար խաչուեցաւ, մահացաւ ու երրորդ օրը յարութիւն առաւ, որպէսզի մենք կարենանք Աստուծոյ հետ յաւիտեան ապրիլ: Հետեւաբար, մահը վերջը չէ, այլ՝ նոր սկիզբ մը:
Եթէ յարուցեալ Փրկիչին ու Անոր կենարար խօսքերուն կը հաւատանք, ապա մահէն վախնալու երբեք կարիք չունինք, քանի որ Ան յարութիւն առաւ ու մեզի յաւիտենական կեանքի անխորտակելի յոյսը պարգեւեց:
Հետեւաբար, կեանքի՛ն նայինք՝ ապագան տեսնելով, գերեզմանէն անդին՝ յաւիտենական կեանքը:
* Լիպարիտ Նազարեանց կը գրէ.
-Ու այսօր ալ տակաւին, միթէ չի՞ լսուիր նոյն աղաղակը.
-Բա՛րձ զԴա եւ արձակեա՛ մեզ զԲարաբբա…
Ու ժամանակակից Պիղատոսները, ձեռքերնին լուալով, ամբոխի կամքին չե՞ն մատներ Ընտրեալները…
Ու սակայն մարդկութիւնը չի զրկուիր իր Յիսուսէն, զի չկայ այն զօրութիւնը, որ կարենար մեռցնել Անոր գաղափարը. Ան կը մեռնի, բայց երեք օրէն յարութիւն կ՚առնէ ա՛լ աւելի վսեմ ու ա՛լ աւելի կարող: Եւ միայն անմիտներն ու հեղգասէրներն են որ չեն հաւատար ատոր:
Երկնային հացը ասոնց չի տրուիր:
Այլ անոնց, որ Կենդանին մեռելներուն մէջ չեն փնտռեր («Իմացարան»,Ա. հատոր, 1975, էջ 38, Գահիրէ)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ