ԾԱՌ ՄԸ ԸԼԼԱՆՔ
Ծառ մը ըլլանք հաւատքի լոյսով
Յոյսի մշտադալար ճիւղերով
Սիրոյ անկողոպտելի զարդերով
Ծառ մը ըլլանք՝
Խորարմատ ինքնութեամբ
Տոհմածառին վայելչութեամբ
Միշտ ծաղկելու ակնկալութեամբ։
Տօնածառի փայլքէն սորվինք՝
Լոյս սփռել վկայութեամբ
Պտղաբեր դառնալ ծառայութեամբ
Ջերմացնել սրտեր բարութեամբ։
Ծառեր շատ կան տերեւներով
Հրապուրիչ միայն տեսքով
Ներկայ են աւա՜ղ երեւոյթով
Շինծու եւ կեղծ զարդարանքով։
Ծառ մը ըլլանք մաղթանքներով
Բայց ո՛չ խոցող սուր խօսքերով
Այլ սրտաբուխ աղօթքներով
Տիրոջ սէրը տարածելով։
Ծառ մը ըլլանք տալու մղումով
Ներման համար ճիգ թափելով
Նոր էջ բանալ խաղաղ հոգւով
Վերանորոգ կեանքի երթով։
Ծառը մը ըլլանք՝
Արմաւենիի տոկունութեամբ
Ձիթենիի առատութեամբ
Ընտիր խաղողի քաղցրութեամբ
Տօնածառի խօսուն շքեղութեամբ։
Ծառը մը ըլլանք՝
Որուն վրայ հրեշտակներ բոյն շինեն
Ծիլեր նոր գարնան գալուստ աւետեն
Ծաղկազարդներ օրհներգ խնկարկեն
Ճիւղեր ընդմիշտ պտուղներ ընծայեն։
Ծառ մը ըլլանք Տիրոջ սիրով
Մսուրին օրհնեալ պատգամով
Առաջնորդող աստղին շողով
Որ ապրինք Փրկիչին կամքով։
Ծառ ըլլանք կամքի ցանկապատով
Շնորհքի լայնարձակ տարածքով
Խնամքով, մշտապէս մշակելով
Առատ հունձքի վառ յոյսերով։
ԽՈՐԷՆ. ՔՀՆՅ. ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ
Երեւան