ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԸ՝ 100 ՏԱՐԵԿԱՆ. ԹԱՔՆՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔ ՄԸ՝ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՏԱԿ
Երեւանի ամենէն սիրուած եւ համընդհանուր կերպով ճանչցուած վայրերէն մէկը՝ Հանրապետութեան հրապարակը, կը մօտենայ իր հարիւրամեայ յոբելեանին։
Երեւանը, որ դարերով ապրած է որպէս պատմական բերդաքաղաք մը, անցեալ դարու սկիզբին դարձած է նաեւ մայրաքաղաք, պետական կեդրոն եւ քաղաքային աշխոյժ կեանքի բեմ։
Նորացուած քաղաքի ամենէն նշանաւոր եւ խորհրդանշական տարածքը, անշուշտ, Հանրապետութեան հրապարակն է, որ մէկ դարու պատմութիւն ունի։
Մէկ դար․ ժամանակ մը, որ քաղաքակրթական պատմութեան մէջ թերեւս կարճ թուայ, բայց ժողովուրդի յիշողութեան մէջ բաւական է՝ սերունդներու խաչմերուկ դառնալու համար։ Մեր սիրելի, լուսաւոր, կանչող հրապարակը, անշուշտ, միշտ այս տեսքը չէ ունեցած։
Միջնադարուն անոր հարեւանութեամբ կը գործէր Ղանթարի շուկան, որ կը գտնուէր Շահար թաղամասի եւ բերդի միջնամասին։ Մինչեւ 1920-ական թուականներու կէսը ներկայիս հրապարակին տարածքը բնակելի թաղամասեր էին՝ նեղ փողոցներով, ընդհանուր բակ ունեցող տուներով, փոքր խանութներով։
1920-ական թուականները Հայաստանի համար դարձած էին վերափոխումի եւ կերտումի տարիներ։ Քաղաքական դրութիւնը անորոշ էր, բայց, հին Երեւանը պէտք էր դառնար արդի մայրաքաղաք։
Նոր ժամանակներու պահանջով, այդ նոյն տարիներուն սկսաւ կեդրոնական մասի հին թաղամասերու քանդումն ու վերափոխումը։ Առաջինը հանուեցան առեւտրային կէտերն ու կրպակները, ապա կարգը հասաւ Սվերտլովի (այժմ Բուզանդի), Նալբանտեան, Աբովեան եւ Ամիրեան փողոցներու հին շէնքերուն։ Այն հողակտորը, որ պիտի դառնար քաղաքին սիրտը, մաքրուեցաւ խրճիթներէն։
Քաղաքը վերակերտելու, մայրաքաղաքին բնորոշ տեսք տալու առաքելութիւնը յանձնարարուեցաւ Ալեքսանտր Թամանեանին՝ ճարտարապետ մը, որուն անունը յաւերժօրէն կապուեցաւ Երեւանի հետ։ Թամանեան, դուրսը ապրած ըլլալու իր փորձառութենէն մեկնելով եւ Եւրոպայի մէջ ստացած կրթութենէն ներշնչուելով, կերտեց նախագիծ մը, ըստ որու՝ հայկական տուֆ քարէ կերտուած շէնքերը պիտի ունենային թէ՛ ազգային ոճ, թէ՛ ժամանակակից համարձակ գիծեր։
Ալեքսանտր Թամանեան հրապարակը նախագծեց 1924 թուականին եւ 1926 թուականին արդէն դրուեցան անոր առաջին հիմերը։ Սկիզբը կը կարծուէր, թէ այդ տարածքը պիտի ըլլայ միայն պետական շէնքերու համալիրը, բայց իրականութիւնը աւելի լայն հնարաւորութիւններ բացաւ հրապարակին համար․ զայն աստիճանաբար վերածուեցաւ քաղաքի սիրտին։
Հրապարակին կառուցումը սկսաւ Գիւղատնտեսութեան ժողովրդական կոմիսարիատի շէնքով (յետագային՝ Կառավարական տուն) եւ շարունակուեցաւ մինչեւ 1950-ականները։ Հրապարակը իր ամբողջական դիմագիծը ստացաւ 1977 թուականին, երբ կառուցուեցաւ Ազգային պատկերասրահը։ Թամանեանէն ետք իբրեւ ճարտարապետներ նախագիծը շարունակած եւ իրականացուցած են Գէորգ Թամանեան, Սամուէլ Սաֆարեան, Վարազդատ Արեւշատեան, Ռաֆայէլ Իսրայէլեան, Մարկ Գրիգորեան, Եդուարդ Սարապեան եւ այլք։
Խորհրդային տարիներուն հրապարակը կը կրէր Լենինին անունը։ Ինչպէս խորհրդային բոլոր մայրաքաղաքներու հրապարակներու մէջ, հոս ալ (1940-ին) դրուեցաւ Լենինի արձանը, որ միայն 1991 թուականին՝ Հայաստանի անկախութեան նախաշեմին, հանուեցաւ։ Անկախութիւն հռչակելէ ետք հրապարակը արդէն կը կրէր Հանրապետութեան անունը եւ այդ օրերէն դադրած է զուտ ճարտարապետական կառոյց ըլլալէ՝ դառնալով նորանկախ հանրապետութեան խորհրդանշական վայրերէն մին։
Իբրեւ ճարտարապետական կառոյց Հանրապետութեան հրապարակը կիսակլոր կեդրոն մըն է, որ իր վարդագոյն եւ բաց դարչինի նրբերանգի տուֆէ շինուած շէնքերով բեմի կը նմանի։ Այս կիսաշրջանակաձեւ բացուածքը ունի իմաստ մը, զայն կը նմանի գիրկի մը, որ քաղաքի միւս մասերէ ժողովուրդը կը հրաւիրէ դէպի իր կեդրոնը։
Շուրջը բարձրացած են այն շէնքերը, որոնք կը մարմնաւորեն պետականութեան եւ մշակոյթի ողնաշարը։ Ազգային պատկերասրահն ու Պատմութեան թանգարանը, Կառավարական տուները, միւս շէնքերը, ամէն մէկը ունի իր պատմական ընթացքը, բայց բոլորը միասին կը կազմեն ներդաշնակ համախումբ մը՝ պանդոկին հետ միասին, որն ալ հիւրընկալութեան խորհրդանիշն է պետականութեան եւ մշակոյթի կողքին։ Թամանեանի տեսլականը յաջողած է՝ ոչ մէկ շէնք կը խաթարէ միւսը, այլ բոլորը միասին կը ստեղծեն մեծ պատկեր մը՝ հայկական պետականութեան ու մշակոյթին ճարտարապետական վկայութիւնը։
Շատեր կը նշեն նաեւ հրապարակին սալաքարային յատակին նրբութիւնները։ Շինարարները ընտրած են քարերու յատուկ դասաւորութիւն մը, որ կը յիշեցնէ գորգի զարդանախշ։ Այդ մանրամասնութիւնը կ՚ապացուցանէ, որ հրապարակը միայն վարչական կեդրոն մը չէ, այլ նաեւ գեղարուեստական յղացումի մը բիւրեղացումը։
Հանրապետութեան հրապարակի երեւելի յատկանիշներէն մին է Կառավարական տան աշտարակին ժամացոյցը՝ հանրապետութեան գլխաւոր ժամացոյցը։ Անոր զանգերու հնչիւնը տարիներու ընթացքին մտած է երեւանցիի առօրեայ կեանքին մէջ եւ դարձած է քաղաքի ժամանակի անբեկանելի ուղեկիցը։ Ժամացոյցը միայն մեքանիք գործիք մը չէ․ ան քաղաքին ընթացքը կը չափէ եւ իւրաքանչիւր հնչիւնով կը կապէ անցեալն ու ներկան։
Առաջին օրուընէ հրապարակը երբեք միայն քարերէ ու շէնքերու դրուածք չմնաց․ խորհրդային տարիներէն սկսեալ արդէն ժողովուրդի համախմբման վայր էր, ուր սկսան նշուիլ պետական տօներ, եղան մեծ համերգներ, տեղի ունեցան ցուցադրութիւններ։ Խորհրդային շրջանին հրապարակը բազմիցս շքերթներու բեմ դարձաւ, իսկ անկախութեան տարիներէն ի վեր ան եղաւ նաեւ քաղաքացիական շարժումներու եւ ազատութեան պահանջներու ամպիոն՝ Ազատութեան հրապարակին հետ միասին։ Միջազգային համերգներ, ցուցադրութիւններ միշտ կ՚ըլլան հոն եւ շրջակայքը։ Այսօր այն դարձած է երեւանաբնակի հոգեբանական քարտէսի մէջ նշմարելի կէտ մը։
Հանրապետութեան հրապարակի զարդերէն մէկը շատրուաններն են, որոնք մօտ երկու տասնամեակ է՝ «կ՚երգեն»։ Գարնան վերջէն սկսեալ, մինչեւ աշնան կէսերը ամէն երեկոյ շատրուանները կը վերածուին ջուրի եւ լոյսի պալէի մը։ Մարդիկ կը հաւաքուին անոր շուրջը, ընտանիքներ կը նստին քարէ եզերքներուն վրայ, զբօսաշրջիկներ լուսանկարներ կը քաշեն՝ բոլորը միասին հանդիսատես դառնալով քաղաքի գիշերային շունչին։ Հրապարակը այդ պահերուն կը դադրի պետական շէնքերու հսկող տարածք ըլլալէ եւ կը դառնայ հանդիպումներու, ուրախութեան, երաժշտական կանչերու եւ ընկերային շփումներու հարթակ։
Հրապարակը նաեւ մայրաքաղաքի զբօսաշրջային կեդրոնն է։ Զբօսաշրջիկները, որոնք առաջին անգամ կ՚այցելեն Երեւան, կը սիրեն իրենց քայլերուն սկսիլ այստեղէն, իսկ ծանօթ զբօսաշրջիկներն ալ անպայման անգամ մը կ՚անցնին հոնտեղէն։ Ուրիշ բան որ չըլլայ, թանգարանները եւ պատկերասրահները միշտ կը կանչեն։
Այսպէս, հրապարակը կը կապէ քաղաքը արտաքին աշխարհին հետ։ Ան կը դառնայ երեւանցիի եւ օտարի շփման վայր, ուր քաղաքը կը բացուի աշխարհին դիմաց՝ իր հարուստ մշակոյթով եւ գունաւոր առօրեայով։
Այսօր, մօտաւորապէս մէկ դար անց իր ծնունդէն, Հանրապետութեան հրապարակը կը մնայ Երեւանի տրոփող սիրտը։ Առանց հրապարակին Երեւանը կիսաւարտ կ՚ըլլար։
Հարիւրամեայ պատմութիւնը կ՚ապացուցանէ, թէ հրապարակը դիմացած է դարաշրջանի մը եւ տակաւին ամուր է․․․
ՀՐԱՊԱՐԱԿԸ ՈՐՊԷՍ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՊԱՆ
Վերջին տասնամեակներուն Երեւանը փոխուեցաւ այնպիսի արագութեամբ մը, որ նոյնիսկ քաղաքի հին բնակիչները երբեմն կը դժուարանան ճանչնալ իրենց հարազատ փողոցները։ Նորակառոյց բնակատեղիները, ապակիէ եւ մետաղէ բարձրաբերձ շէնքերը, առեւտրային կեդրոնները, պանդոկները, ճաշարանները քաղաքին ժամանակակից դիմագիծ տուած են, բայց այդ զարգացումին յաճախ զոհ գացած են այն յուշարձանները, որոնք կը վկայէին Հին Երեւանի պատմութիւնը։
Պատմական շատ շէնքեր անխնայ կերպով փոխարինուած են խանութներով ու սրճարաններով։ Կը ցաւցնէ՝ երբ կը գիտակցինք, թէ ինչպիսի՛ ճարտարապետական կոթողներ կորսուած են ընդմիշտ: Սերունդներուն յիշողութեան մէջ դրոշմուած է Ծածկած շուկան, որուն կամարակապ տարածքը միայն առեւտուրի տեղ չէր, այլ՝ հասարակական շփման վայր։ Այսօր շուկան այլեւս գոյութիւն չունի։
Նոյն ճակատագիրը բաժին հասած է ուրիշ շէնքերու։ Նոյնիսկ Օփերայի շէնքը, որ թերեւս քաղաքին ամենէն մեծ մշակութային խորհրդանիշներէն մէկն է, «խեղդուած» է ճաշարաններով, ուրկէ խորովածի եւ տարատեսակ ճաշերու հոտեր կ՚ելլեն։ Այդ սրճարանները կը խաթարեն շէնքին ազատ շնչառութիւնը, կը գոցեն այն բաց տարածքը, ուր մարդիկ համերգներէ ետք կը քալէին, կը զբօսնէին, կը վայելէին համերգին տպաւորութիւնը։
Հին շէնքերը քանդելով՝ մարտահրաւէր մը ծագեցաւ մեր քաղաքի յիշողութեան դէմ։
Այսօրուան պատկերին մէջ Հանրապետութեան հրապարակը կը մնայ հին Երեւանի վերջին վկան։ Ան կարծես կանգնած է իբրեւ վերջին վկայութիւն այն երեւանեան ոճին եւ ճարտարապետական ժառանգութեան, որ ծնունդ տուած է մայրաքաղաքի նոր դիմագիծին։ Հրապարակը իր ամուր քարերով, գեղեցիկ շէնքերով եւ պատմական առաքելութեամբ կը հակադրուի քաղաքի մէջ օրէ օր տարածուող անանուն բազմայարկերուն։
Այս համեմատութիւնը կը մղէ հարցումի․ արդեօք հնարաւո՞ր էր քաղաք մը կառուցել՝ առանց կորսնցնելու իր ոգին։ Հանրապետութեան հրապարակը կ՚ապացուցանէ, որ կարելի էր ունենալ թէ՛ ճարտարապետական շքեղութիւն, թէ՛ ազգային ոճի յարատեւութիւն։ Բայց այդ ապացոյցը այսօր կը մնայ մենակեաց կղզի մը, որ կը դիմադրէ ժամանակակից առեւտրական ճնշումներուն։
Անշուշտ, քաղաքները կը փոխուին եւ զարգացումը անհրաժեշտ է։ Բայց զարգացում, որ կը տապալէ ժառանգութիւնը, կասկածելի է զայն յառաջընթաց կոչելը։ Հանրապետութեան հրապարակը, իբրեւ պատմութեան շքեղ յուշարձան կեցած է նաեւ իբրեւ զգուշացում մը, թէ ինչպէ՛ս պահել ու պաշտպանել հին Երեւանը նորին կողքին։
ԳԵՏՆԻ ՏԱԿ ՊԱՀՈՒԱԾ ՔԱՂԱՔԸ
2003 թուականին, երբ Լինսի հիմնադրամի միջոցներով Հանրապետութեան հրապարակին վրայ բարեկարգման աշխատանքներ կը կատարուէին, անակնկալ բացայայտումներ եղած են։ Տարածքը փորելու ժամանակ աշխատողները պատնէշի մը հանդիպած էին եւ քիչ ետք պարզ դարձած էր, որ գործ ունին հնագիտական նիւթի հետ։ Հրաւիրուեցան հնագէտներ եւ ընդամէնը 10-12 օր աշխատելով անոնք յայտարարեցին, որ գետնին տակ հնագոյն քաղաք մը եղած է։ Անոնք հանդիպած են խոր փոսորակներու, քարէ պատերու մնացորդներու, սեւ եւ կարմիր տուֆէ պատրաստուած սալիկներու, կաւանօթի բեկորներու, գունազարդ խեցեղէնի, աշխատանքային գործիքներու, անգամ՝ կաւէ ջրատար խողովակներու։ Հնագիտական խումբերը կրցած են ուսումնասիրել միայն փոքր մասը, բայց գտածոները ցոյց տուած են, որ հրապարակին տակ պահպանուած են 17-րդ դարու շէնքերու նկուղներ։ Անոնք նկարագրած են քառակուսի սրահներ, խաչաձեւ թաղերով բաժնուած միջնապատեր՝ վկայութիւն մը հին քաղաքաշինական աւանդութեան։ Պատմաբանները վկայեցին, որ այս տարածքը ժամանակին նկարագրած է ֆրանսացի ճանապարհորդ Ժան Պաթիստ Տաւերնիէ, որ 1655 թուականին այցելած է Երեւան ու գծագրած քաղաքը։ Ըստ այդ գծագիրներու, հրապարակի տարածքին եղած են հիմնականը երկյարկանի ու եռայարկ շէնքեր։ Աղբիւրներու մէջ այդ տարածքը կոչուած է «Քրիստոնէական թաղամաս»։ Սակայն ամէն ինչ աւերուած է 1679 թուականի Երեւանի մեծ երկրաշարժէն, որուն զոհ գացած են բազմաթիւ շէնքեր։
2003 թուականին յանկարծակի բացայայտուած այդ հնագիտական շերտերը նոյն ժամանակ ծածկուած են կրկին հողով եւ աւազով՝ այս բացատրութեամբ․ «Ձգենք յետագայ սերունդներուն»։ Այսինքն՝ քաղաքին պատմական խորքերը տակաւին չեն խօսած իրենց բոլոր գաղտնիքները։
Այսօր, երբ կը քայլենք հրապարակին սալաքարերուն վրայ, կը կրենք բազմաշերտ պատմութիւն։ Վերը Թամանեանի հոյակերտ կառոյցներն են, որոնք կը մարմնաւորեն ազգայինէն սնուած խորհրդային շրջանի ճարտարապետական ոճը, իսկ հողի եւ սալայատակի տակ կը քնանան 17-րդ դարու թաղամասերու նկուղները։ Երբ կանգնինք Հանրապետութեան հրապարակի սալաքարերուն վրայ, իրականութեան մէջ կը կանգնինք ո՛չ միայն քաղաքային տարածութեան, այլեւ՝ ժամանակի ու յիշողութեան խաչմերուկին։ Այստեղ կը խաչաձեւուին դարեր՝ միջնադարեան թաղամասերը, Թամանեանի տեսիլքը, խորհրդային երթերը, քաղաքացիական շարժումները, որոնք գեղարուեստական ձեւաւորում կ՚առնեն գիշերային շատրուաններու մեղմ երաժշտութեամբ։
Մէկ դար առաջ ոչ ոք կը պատկերացնէր, թէ այս տեղը պիտի դառնայ Հայաստանի պետականութեան եւ ժողովուրդի միացեալ յիշողութեան հարթակը։ Այսօր ան արդէն կը խօսի իբրեւ ապագայի պարտաւորեցում՝ պահել այն ոգին, որու հիմերուն տակ քարերը տակաւին աղօթք կը կրեն։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան