«ՆԱՄԱԿՆԵՐ ՎԻԼԺԻՒԻՖԷՆ» - ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐՋԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ՝ ԲԱՑԱՌԻԿ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ - ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԼԻԱԶՕՐԱԳԻՐԸ
Լրացաւ մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 156-ամեակը։
Հին տոմարով՝ սեպտեմբերի 26-ին, իսկ նոր տոմարով՝ հոկտեմբերի 8-ին ծնած է այն մեծ գործիչը, որուն անունը անջնջելի կերպով կապուած է մեր ազգային ինքնութեան երաժշտական խորքին։
Արդէն աւանդութիւն դարձած է, որ սեպտեմբերի վերջէն մինչեւ հոկտեմբերի սկիզբը Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենան Կոմիտասանեական օրեր։ Արդէն տասնամեակ մը շարունակ, այս օրերուն իր դռները լայն բացած կը դիմաւորէ այցելուներուն Կոմիտասի անունը կրող թանգարան-կաճառը՝ հաւաքելով երաժշտասէրներ, գեղարուեստի եւ մշակոյթի մարդիկ, նաեւ բոլոր անոնք, որոնք Կոմիտասի հոգեւոր ժառանգութենէն կը սնանին։ Այս օրերուն կազմակերպուող բազմազան ձեռնարկները՝ համերգներ, գիտաժողով, ցուցադրութիւններ եւ ընթերցումներ, կը նպաստեն Կոմիտասի անմահ գործին աւելի լայն ճանաչման ու նոր սերունդներու փոխանցման։
Կոմիտասանեական օրերը այս տարի ալ ազդարարուեցան «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառի մէջ հնչած զանգերու ղօղանջով, զոր հնչեցուց Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան՝ ըսելով․ «Կոմիտասը բոլորինն է։ Ան հայ երաժշտութեան հայրն է, ակադեմական երաժշտութեան հիմնադիրը։ Սրտանց կը շնորհաւորեմ այն երաժիշտները, մտաւորականները, բոլոր հայերը, որոնք այս կամ այն չափով կապուած են Կոմիտասին հետ»։
Թանգարանին այն հատուածը, ուր տեղադրուած է զանգը, զոր նախագծած է ճարտարապետ Արթուր Մեսչեան։
Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցէն փրոֆ. Դաւիթ Ղազարեան յիշեցուց, թէ Կոմիտասի ծննդեան տարեդարձին զանգեր հնչեցնելու միտքը ծագած է տասը տարի առաջ՝ թանգարան-կաճառի հիմնադրութեան օրը։
«Այս աւանդութեան խորհուրդը այն է, որ Կոմիտասի ձգած ժառանգութիւնը փոխանցուի յաջորդ սերունդներուն՝ գիտական, հասարակական ու մանկավարժական ոլորտներով։ Իբրեւ թանգարան-կաճառի գիտական խորհուրդի անդամ՝ ուրախ եմ տեսնել, որ թանգարանի աշխատակիցները կը յաջողին պատանիներն ու երիտասարդները բերել այստեղ։ Կը կազմակերպութիւն բազմաթիւ կրթական ծրագիրներ, որոնք հնարաւորութիւն կու տան աւելի լաւ ճանչնալ Կոմիտասը, սիրել ու կատարել անոր ստեղծագործութիւնները», նշեց Ղազարեան։
Այս տարի, Կոմիտասի ծննդեան օրը Հայաստանի մէջ մէկ այլ առիթ ալ կար նշելու՝ անոր անունը կրող «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառի հիմնադրման 10-ամեակը։ Տասը տարի շարունակ այդ հաստատութիւնը եղած է յուշավայր, մշակութային ու գիտական կեդրոն, ուր համերգներ, ցուցահանդէսներ, դասընթացքներ, գիտաժողովներ կը կազմակերպուին՝ շարունակելով այն ուղին, զոր Կոմիտաս Վարդապետ բացած էր՝ միաւորելով գիտական խստութիւնը եւ երաժշտական ոգեղէնութիւնը։
ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՔՕՂԸ…
Կոմիտասի ծննդեան օրը «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառին մէջ իր դռները բացաւ բացառիկ նշանակութեամբ ցուցահանդէս մը՝ «Նամակներ Վիլժիւիֆէն» խորագրով, որուն շնորհիւ հանրութիւնը առիթ կ՚ունենայ մօտէն ծանօթանալու Կոմիտաս Վարդապետի կեանքի վերջին, խրթին ու քիչ ուսումնասիրուած շրջանին՝ Ֆրանսայի Վիլժիւիֆ քաղաքի հոգեբուժարանի անոր տարիներուն։ 1919 թուականի ապրիլին Կոմիտաս փոխադրուեցաւ Փարիզ՝ Վիլ-Էվրարի հոգեբուժարանը, ուր ան անցուց իր առաջին հիւանդ տարիները՝ հեռու ծննդավայրէն, հայրենիքէն եւ ստեղծագործական բեմէն։ Սակայն, նիւթական միջոցներու սղութեան պատճառով 1922 թուականի օգոստոսին վարդապետը կը տեղափոխուի Վիլժիւիֆի հոգեբուժարան։ Այստեղ կը մնայ մինչեւ իր կեանքի վերջը՝ 1935 թուականի հոկտեմբերի 22-ը՝ լռութեան, հոգեկան տառապանքներու եւ մեկուսացման մէջ…
Վիլժիւիֆի այդ տարիները երկար ատեն մնացին ստուերուած եւ քիչ ուսումնասիրուած։ Ահաւասի՛կ ցուցադրութիւն մը, որ լոյս կը սփռէ այդ խորհդաւորութեան վրայ եւ ձեւով մը մէկ կողմ կը քաշէ խորհրդաւորութեան քօղը…
Ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէ այն թանկարժէք հաւաքածոն, զոր ֆրանսաբնակ խմբավար Կոմիտաս Գէորգեան տասը տարի առաջ սիրով նուիրաբերած է թանգարանին։
Կոմիտաս Գէորգեանի նուիրաբերած հաւաքածոն կը ներառէ բազմազան նիւթեր՝ հրապարակումներ, թղթատարական բացիկներ, լուսանկարներ, Կոմիտասի այցեքարտը եւ պաշտօնական բնոյթի գրութիւններ։ Յատկապէս արժէքաւոր է 1913-1943 թուականներուն պատկանող բնօրինակ փաստաթուղթերէն կազմուած հաւաքածոն, որ կը ներառէ տասնմէկ արխիւային միաւոր։ Անոնց շարքին են նամակներ եւ հեռագրեր, որոնցմէ յատկապէս ուշագրաւ են 1938-1939 թուականներու Աստուածատուր Հարենցի եւ «Éditions musicales Sénart» հրատարակչութեան միջեւ ծաւալած նամակագրութիւնը, Վիլժիւիֆի հոգեբուժարանի տնօրէնի հաղորդագրութիւնը՝ Կոմիտասի մահուան մասին, ինչպէս նաեւ Խորէն Ա. Մուրադբէկեան Կաթողիկոսի ուղարկած հեռագիրը։
Հաւաքածոյին մէջ ընդգրկուած են նաեւ չորս փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին «Maison Trouvain» յուղարկաւորական ընկերութեան։ Այս վերջինը ստանձնած էր Կոմիտաս Վարդապետի թաղման ամբողջ ընթացակարգը, ինչպէս նաեւ 1936 թուականի մայիսին իրականացուցած էր անոր աճիւնին փոխադրութիւնը Փարիզի Ս․ Յովհաննէս Մկրտիչ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նկուղէն (ուր ամիսներ պահուեցաւ աճիւնը) դէպի Խորհրդային Հայաստան։
Անմիջական հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն նաեւ 1922-1935 թուականներուն գրուած տասներեք անտիպ նամակները։ Այս նամակները առընչուած են վարդապետի առողջական վիճակին եւ անոր բուժման կազմակերպական հարցերուն։ Անոնք լաւագոյն կերպով կը լրացնեն Վիլ-Էվրարի եւ Վիլժիւիֆի բժշկական հաստատութիւններու արխիւներուն մէջ պահուող փաստաթուղթերը։
Արխիւային այս միաւորներուն զուգահեռ ցուցադրուած են նաեւ Կոմիտասեան Խնամատար յանձնախումբի տարիներու ընթացքին կատարած հրատարակութիւնները։ Անոնց կողքին տեղ գտած են ձեռագիր նամակներ եւ մեծ արժէք ունեցող այլ նիւթեր, որոնք վերջին տասնամեակին հարստացուցած են «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառի ֆոնտը։
Փաստագրական այս նիւթերը նոր լոյս կը սփռեն մեծանուն երաժիշտին կեանքին վրայ, որ աւարտեցաւ Վիլժիւիֆի հոգեբուժարանի սառը պատերուն մէջ։ Ցուցադրութեան մէջ կ՚երեւին լուսանկարներ այդ օրերէն, հոգեբուժարանի շէնքը, սրահը, տղամարդոց բաժինը, ուր կը խնամուէր Կոմիտաս։ Կցուած է այնտեղ անոր ունեցած իրերուն ցանկը։
Մանաւանդ նամակները բացատրութիւն կու տան վարդապետի առողջական վիճակի բարդ ընթացքին մասին, կը ներկայացնեն անոր շուրջ ստեղծուած հոգածութիւնը, տագնապները եւ յոյսերը՝ լրացնելով մինչ այժմ ծանօթ բժշկական փաստաթուղթերը եւ նոր դիտանկիւն բանալով դէպի Կոմիտասի կեանքի վերջին տարիները։
Վիլժիւիֆի հոգեբուժարանի բժիշկներ՝ Սոլոմոն Լվովն ու Մորիս Տիւկոստէն ուղղած են նամակները Մարգարիտ Պապայեանին եւ Աստուածատուր Հարենցին, պատմելով բուժման մասին, խօսելով բժիշկներու մտահոգութիւններուն եւ ժամանակաշրջանի բժշկական նրբութիւններուն մասին։ Վիլժիւիֆի արխիւներուն մէջ պահպանուած են նաեւ այդ նամակներուն պատասխանները։ Արխիւային այս նիւթերը մանրակրկիտ կերպով ուսումնասիրած է «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառի փոխ-տնօրէն Լիլիթ Յարութիւնեան, որուն ուսումնասիրութիւնը ներկայացուած է դասախօսութեան ձեւով Ֆրանսախօսութեան միջոցառումներու ծիրէն ներս՝ ընձեռելով գիտական եւ հասարակական հետաքրքրութեան արժանի տեղեկութիւններ։ «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառը իր յարկին տակ ունի նաեւ Կոմիտասի անձնական գործը, որ տարիներ առաջ, բացառիկ ջանքերով, ստացած է հոգեբուժարանէն։ Նիւթեր ներկայացուցած են նաեւ այդ գործէն եւ Կոմիտաս Գէորգեանի նուիրատուութեան եւ թանգարանի այլ նիւթերու հետ համադրուելով՝ կազմուած է ամբողջական ցուցադրութիւն մը։
Կը տեսնենք, որ տարիներ անցած են եւ արխիւները այլեւս անձեռնմելի չեն, բժշկական գաղտնիք այլեւս չկայ եւ կարելի է խօսիլ բազմաթիւ նիւթերու մասին. ինչպէս՝ Կոմիտաս լաւ չ՚ուտեր, կը մերժէ քնացած ատենը հանել եկեղեցական զգեստը, չ՚ուզեր իր սենեակը սեղան ըլլայ եւ այլ… Այնուհետեւ, որոշ ժամանակ անց կը բարելաւուի անոր վիճակը, ան կ՚ուտէ հաւկիթ, պտղանոյշ, կաթ եւ սուրճ կը խմէ… Բժիշկները նամակներու մէջ կը յայտնեն անոր վարքագիծի եւ առողջութեան մասին իրենց բոլոր մտահոգութիւններուն մասին։
Ցուցադրութիւնը ո՛չ միայն փաստերու ժողովածոյ մըն է, այլ նաեւ հոգեւոր ճամբորդութիւն մը․ այցելողին կը փոխադրէ այն տարիները, երբ Կոմիտաս, հեռու հայրենիքէն, կը գտնուէր իր կեանքի ամենադժուար եւ լռին օրերու մէջ։ Նամակներուն եւ լուսանկարներուն շուքը կը բացայայտէ վիշտին խորքը, անզօրութիւնը, որ կար հոգեկան հիւանդութիւն ախտորոշուած վարդապետին մօտ։ Կոմիտասին Վիլժիւիֆ տեղափոխութիւնը եւ այնտեղի խնամքը կը թելադրեն ժամանակակիցներու բարդ եւ երբեմն աղճատուած տրամադրութիւնները. մինչ շատեր անկեղծ սիրով եւ գիտակցութեամբ կը մօտենային վարդապետին, որոշ այցելութիւններ սահմանափակուած էին՝ խուսափելով հասարակական չարաշահումներէ կամ մամուլի սխալ մեկնաբանութիւններէ:
Ցուցահանդէսի բացումով միաժամանակ սկիզբ առած է նաեւ «Կոմիտաս» միջազգային գիտաժողով-փառատօնը, որ կը կազմակերպուի ամէն տարի՝ սեպտեմբերի 26-էն հոկտեմբերի 8-ը։ Արդէն աւանդական դարձած փառատօնը վերածուած է համաշխարհային մակարդակի գիտական եւ երաժշտական հանդիպման, ուր կը միախառնուին գիտական հետազօտութիւնները եւ մշակութային փորձառութիւնները։
Գիտաժողովին մասնակցութիւն կը բերեն աշխարհի զանազան երկիրներէ երաժշտագէտներ եւ յարակից գիտաճիւղերու ներկայացուցիչներ, որոնք կը ներկայացնեն իրենց ուսումնասիրութիւնները Կոմիտասի կեանքին, գործունէութեան եւ ստեղծագործութեան մասին։ Լայն շրջանակ՝ միջնադարագիտութիւն, երաժշտական բանահիւսութիւն, երաժշտահանութեան արուեստ եւ այլ առընչուած ոլորտներ կ՚ընդգրկէ գիտաժողովին նիւթը։ Ընթացքին տեղի կ՚ունենան քննարկումներ, նոր տեսութիւններու ու գաղափարներու ներկայացումներ, որոնք կը խորացնեն գիտելիքները Կոմիտասի եւ իր գործի, ժամանակակիցներու մասին։
Կոմիտասեանական այս օրերուն թանգարանին մէջ կը հնչեն նաեւ Կոմիտասի երաժշտութիւնը, իր ժամանակաշրջանի դասական եւ ժողովրդական ստեղծագործութիւնները, նաեւ՝ զանազան ազգերու միջնադարեան, ազգային երաժշտութիւն։ Այս համադրութիւնը այցելողին կ՚ընձեռէ բացառիկ առիթ՝ ո՛չ միայն լսելու, այլեւ զգալու երաժշտութեան հոգեւոր խորութիւնը, այն պայծառութիւնը, որ միշտ կը տիրէ Կոմիտասի անուան։
ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՆ՝ ԿՈՄԻՏԱՍ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Կոմիտասին նուիրուած բացառիկ նիւթերու նուիրատուն ֆրանսաբնակ երաժիշտ, խմբավար Կոմիտաս Գէորգեանն է, որուն «Կոմիտաս» թանգարանը արդէն տասը տարիէ ի վեր՝ երախտապարտ է նման արժէքաւոր հաւաքածոն նուիրելու համար։
Կոմիտաս Հրանդի Գէորգեան ծնած է Երեւանի մէջ, 1947 թուականին՝ հայրենադարձներու ընտանիքին մէջ։ Իր հայրը նոյնպէս երաժիշտ եղած է եւ որդին անուանակոչած է ի պատիւ Կոմիտաս Վարդապետի։
Կոմիտաս Գէորգեան ուսանած է Երեւանի «Չայքովսքի» երաժշտական դպրոցը։ 1969 թուականին տեղափոխուած է Լիբանան, ուր ապրած է իր մօր հարազատներուն հետ։ Այնտեղ՝ Անթիլիասի հայկական հոգեւոր ճեմարանը դասաւանդած է երաժշտութիւն։
1979 թուականին հաստատուած է Փարիզ, ուր շարունակած է երաժշտական ուսումը, մասնաւորապէս խմբավարութեան ասպարէզին մէջ։ 1984 թուականին մասնակցած է սեմֆոնիք նուագախումբերու երաժշտահաններու մրցոյթին, որու ընթացքին արժանացած առաջին մրցանակին եւ ոսկեայ շքանշանի։ Աշխատանք տարած է նաեւ իբրեւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ երգչախումբին ղեկավարը։
1989 թուականին Փարիզի մէջ հրատարակած է «Երաժշտական բառարան», որուն մէջ ընդգրկուած է 1500 երաժշտական եզրոյթի բացատրութիւն՝ յունարէն, իտալերէն, սպաներէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, անգլերէն եւ լեհերէն արմատներով։
1985 թուականին եղած է Փարիզի երաժշտանոցի շրջանաւարտներու քննական յանձնախումբի անդամ։
Կոմիտաս Գէորգեան հաւաքած է թաւջութակահար Տիրան Ալեքսանեանին եւ ջութակահար Իւան Ղալամեանին առընչուող նիւթեր՝ բացիկներ, նամակներ, լուսանկարներ եւ այլ փաստաթուղթեր, որոնք նոյնպէս Կոմիտասի մասին նիւթերու հետ նուիրաբերած է Հայաստանի Կոմիտաս թանգարան-կաճառին։
ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԼԻԱԶՕՐԱԳԻՐԸ
«Նամակներ Վիլժիւիֆէն» ցուցադրութեան մէջ է Պոլսոյ Հայոց Զաւէն Տէր Եղիայեանի Պատրիարքի լիազօրագիրը՝ Կոմիտասին առընթեր, ֆրանսերէնէ հայերէնի թարգմանուած, հետեւեալ բովանդակութեամբ։
*
Ես՝ ստորագրեալս, Զաւէն սրբազան, Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք, հանդէս կու գամ որպէս Հոգեշնորհ Հայր Կոմիտասի խնամակալ, որը Կոստանդնուպոլսոյ Ղալաթիայի դատարանի կողմէն անգործունակ ճանչցուած է, ըստ 1340 թուի Զիլհիճէ 16-ի (1922 թ. օգոստոսի 10) դատական գործողութեան: Սոյնով կը յայտարարեմ, որ որպէս լիազօր ներկայացուցիչ կը նշանակեմ Հոգեշնորհ Հայր Վռամշապուհ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիպարեանը՝ Փարիզի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, որուն կու տամ լիազօրութիւն՝ տնօրինելու եւ վարելու վերոնշեալ անգործունակ Կոմիտաս Վարդապետին պատկանող ամբողջ գոյքը, վաճառելու զայն, ստանալու գումարները, տալու համապատասխան ստացական, մասնաւորապէս, վաճառելու բոլոր երաժշտական ստեղծագործութիւնները, որոնք գրուած են կամ կը պատկանին անգործունակ ճանչցուած Կոմիտաս Վարդապետին, ստանալու ատոնց դիմաց գումարները, տպագրելու կամ վերահրատարակելու ձեռագիր կամ տպագիր ստեղծագործութիւնները այն պայմաններով, որոնք լիազօրուած անձը նպատակայարմար կը նկատէ, հեղինակային եւ վերահրատարակման իրաւունքները վաճառելու կամ յանձնելու՝ լիազօրուած անձի նպատակայարմար պայմաններով, ստանալու բոլոր վճարումները, տալու ստացականներ, ստորագրելու եւ կնքելու բոլոր պայմանագրերը գրախանութներու, տպագրիչներու կամ հրատարակիչներու հետ:
Դժուարութիւններու պարագային՝ ներկայանալու դատարան՝ բոլոր ատեաններու մէջ՝ առաջին ատեան, վերաքննիչ, վճռաբեկ՝ երաշխիքային պահանջով, ինչպէս հայցուորի, այնպէս ալ պատասխանողի կարգավիճակով, ստորագրելու, ստանալու եւ ուղարկելու ծանուցումներ, կատարելու բոլոր բռնագանձումները, տալու ատոնց չեղարկման գործողութիւն, ստորագրելու եւ ներկայացնելու բոլոր փաստաթուղթերը, պահանջները եւ եզրակացութիւնները, նշանակելու եւ հեռացնելու բոլոր փորձագէտները, ստանալու եւ կատարելու բոլոր դատավճիռները, գործելու հրատապ ընթացակարգերով, հանդէս գալու որպէս քաղաքացիական կողմ, վճարելու եւ կարգաւորելու բոլոր ծախսերը՝ բուժարաններու, կացարաններու կամ հիմնարկներու մէջ, որտեղ կը գտնուի անգործունակ Կոմիտաս Վարդապետը, լիազօրելու այլ անձանց սոյն լիազօրագրով սահմանուած ամբողջական կամ մասնակի իրաւունքներով, ինչպէս նաեւ՝ հետ կանչելու այդ լիազօրագրեալներուն եւ նշանակելու նորերը։
Կնքուած է
Գահիրէ, 1923 թուականի դեկտեմբերի 10-ին Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք
Զաւէն
Կը վկայագրուի եւ կը հաստատուի ստորեւ դրուած ստորագրութեան օրինականութիւնը՝ անձամբ մեզ ծանօթ Զաւէն սրբազանի՝ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքի կողմէ՝ անձամբ մեր ներկայութեամբ:
Փոխհիւպատոս, Կանցլեր
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան