ԵՒՍ ՄԷԿ ԱՂՄԿԱԼԻՑ ԱՃՈՒՐԴ. ՉԻՆԱԿԱՆ ԹԻԿՆՈՑՈՎ ՀՐԵԱՅ ԱՂՋԿԱՅ ԴԻՄԱՆԿԱՐԸ՝ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՄԵՆԱԹԱՆԿԸ

Նոյեմբեր ամսուայ բոլոր լուրերը շուքին տակ մնացին, երբ նոյեմբերի 18-ին լրահոսին վրայ յայտնուեցաւ իրադարձութեան մը մասին ցնցող լուրը՝ աւստրիացի գծագրիչ Կիւսթաւ Քլիմթի «Էլիզապէթ Լետըրըրի դիմանկարը» վաճառուեցաւ Նիւ Եորքի «Սոթպի՚զ» աճուրդատան աճուրդի ընթացքին՝ ահռելի գինով՝ 236,4 միլիոն ամերիկեան տոլարով։ Շռայլ գին մը էր, որուն մէջ նոյնիսկ վճարները ներառուած էին։

Նկարը դարձաւ ժամանակակից արուեստի ամենաթանկ վաճառուած գործը եւ երկրորդ ամենաթանկը՝ աճուրդային պատմութեան մէջ՝ Լէոնարտօ տա Վինչիի «Սալվատոր Մունտի» նկարէն ետք․ վերջինս վաճառուեցաւ 2017 թուականին՝ 450,3 միլիոն ամերիկեան տոլարով։ Լէոնարտօ տա Վինչի այդ նկարին մէջ պատկերած է Քրիստոսը՝ որպէս աշխարհի փրկիչ․ Վերածնունդի նշանաւոր նկարիչը այս նկարը վրձնած է Ֆրանսայի Լուի 12-րդին համար՝ 1506-1513 թուականներու ընթացքին։ Յիսուսին նկարը երկար ճանապարհ անցած է՝ պատկանած է զանազան յայտնի մարդոց, կորսուած է, վերականգնման ժամանակ վնասուած է, կ՚ըսեն, թէ կեղծուած է, կարգ մը մասնագէտներ բնօրինակը կեղծի կը նմանցնեն, քանի որ հեղինակին անունը սրբուած է, ներկի շերտ մը հանուած եւ կրկին դրուած է, եւ հակառակ այդ ամէն ինչին, Վերածնունդի այդ գործը ութ տարի առաջ աղմկալի կերպով վաճառուեցաւ եւ դարձաւ երբեւէ վաճառուած ամենէն թանկը։ 

Սակայն ժամանակակից արուեստի գործերուն մէջ Քլիմթի այս նոր ծախուած գործն է, որ կը նկատուի ամենէն թանկը։ Այո՛, այս գործը ժամանակակից արուեստի շուկայի նոր կէտն է։ Այս նկարը, անկասկած, ունի անգին ուժ մը։ Բայց արդեօք կ՚արժէ, 236 միլիոն ամերիկեան տոլար։ Գուցէ՝ այո, գուցէ՝ ոչ։ Գուցէ արուեստի գործերուն արժէքը այլեւս արուեստի մակարդակով չի չափուիր, այլ այն տիրապետող աշխարհի նախասիրութիւններով, որ կ՚ուղեկցի այս սերունդին։ 

236 միլիոն ամերիկեան տոլար՝ դիմանկարի մը համար․ նախադասութիւն, որ տարակուսանքով կ՚արտասանուի։ Ոմանք ալ պաղ ձայնով ըսին՝ աշխարհը կը շռայլէ այն, ինչ չունի։ Այս աճուրդէն ետք ուրիշ հարցումներ նոյնպէս ծագեցան մեր միտքերուն մէջ. արուեստի արժէքը եւ մարդկային կարիքները արդեօք միշտ նոյն տողին վրայ պիտի ըլլա՞ն, թէ՞ առանձին աշխարհներ են։ Այս սահմանագիծը անորոշ է եւ մենք իբրեւ դիտողներ, կ՚ուսումնասիրենք դիմանկարը՝ անոր լոյսը եւ ստուերը վայելելով, մինչ աշխարհի մութ անկիւնները կը սպասեն մեր ուշադրութեան, մեր բարեկամութեան եւ մեր մարդկային զգայունութեան։ Իրականութիւնը այլ յուշումներ ունի․ աշխարհը պարտական կը մնայ այն ճակատներուն, որոնք դրամի, հացի, տաքութեան, լոյսի, կարիք ունին։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Կիւսթաւ Քլիմթ Էլիզապէթ Լետըրըրը նկարած է 1914-1916 թուականներուն։ Էլիզապէթ արուեստի վիեննացի հրեայ հաւաքորդներ Օկիւստ եւ Սերենա Լետըրըրներու դուստրն էր, ընտանիքն ալ պատուիրած է իրենց դստեր դիմանկարը։

Լետըրըրներ Քլիմթի ամենանշանաւոր հովանաւորներէն եղած են, Քլիմթ այս ընտանիքի ուրիշ անդամներ նոյնպէս նկարած է՝ ինչպէս Էլիզապէթի մայրը, նաեւ՝ մեծ մայրը՝ Շարլոթ Պուլիցըր՝ Պուլիցըր նշանաւոր ընտանիքէն։ Լետըրըր ընտանիքը տեղը կը գրաւէր Վիեննայի ամենահարուստ ընտանիքներու մէջ՝ Ռոտշիլտներէն ետք։ 

Էլիզապէթ 1921 թուականին կ՚ամուսնանայ պարոն Վոլֆկանկ ֆոն Պախոֆըն-Էխթի հետ եւ բողոքականութիւնը կ՚ընդունի, սակայն իրենց ամուսնալուծութենէն ետք կրկին կը դառնայ հրեայ։

Դիմանկարը ունի նաեւ բարդ կենսագրութիւն․ 1938 թուականի պատերազմի ընթացքին ընտանիքին մեծ մասը կը փախչի, հալածանքէ խուսափելու համար Էլիզապէթ ձեռք կը ձգէ կեղծ փաստաթուղթ մը, որով իբր թէ Քլիմթ իր իրական հայրը եղած է։ Այդ հանգամանքը կը ձգէ անոր մնալ Վիեննայի մէջ, մինչեւ իր մահը՝ 1944 թուականի հոկտեմբերի 19-ը, երբ կը մահանայ ծանր հիւանդութենէ։

Ընտանիքի արուեստի հաւաքածոն կը բռնագրաւուի ֆաշականներու կողմէ, պարզապէս անոր մէջ այս հռչակաւոր նկարը չ՚ենթարկուիր ոչնչացումի, ոչ ալ կը ղրկուի կայսրութեան պահեստները, պարզ պատճառով մը՝ նկարին մէջ երեւցող հրեան արժէք չի նկատուիր։ 

1948 թուականին նկարը կրկին կը վերադարձուի ընտանիքին։ 1985 թուականին Էլիզապէթի դիմանկարը կը գնէ «Էստէ Լոտըր» ընկերութեան ժառանգ Լէոնարտ Լոտըր, եւ այդ պահէն ի վեր ան զայն պահած էր իր Մենհեթընի տան մէջ. նկարը հազուադէպ կը լքէր տունը՝ ցուցադրութիւններու համար։ Արուեստի պատմաբան Էմիլի Պրաուն, որ Լոտըրի խորհրդականն էր գրեթէ քառասուն տարի, դիմանկարը անուանած է «անոր հաւաքածոյին զարդը»։ Լոտըր միշտ ճաշած է այդ նկարի կողքին գտնուող փոքր կլոր սեղանին շուրջ։ 

ԱՃՈՒՐԴԸ

Նոյեմբերեան աճուրդի ընթացքին, ըստ «Սոթպի՚զ»ի, վեց գնորդներ շուրջ 20 րոպէ պայքարած են, մինչեւ վերջնական առաջարկը հաստատուած է։ Գնորդին ինքնութիւնը այս պահուն գաղտնի կը պահուի, սակայն, շատեր կ՚ենթադրեն, որ ան կա՛մ միջազգային հաւաքորդ մըն է, կամ նշանաւոր թանգարանային հիմնադրամ։

Արուեստաբաններու առաջին արձագանգները տարբեր են։ Ոմանք կը նշեն, որ այս գինը արդարացուած է, որովհետեւ Քլիմթ կը մնայ վիեննական խորհրդապաշտութեան ամենանշանաւոր անունը, հիմնադիրը՝ աւստրիական ժամանակակից նկարչութեան։ Ծնած է 1862 թուականին եւ մահացած 1918 թուականին։

Միւսները կը հարցնեն՝ արդեօք մենք մուտք կը գործենք նո՞ր ժամանակաշրջան մը, ուր գիները արդէն կը գերազանցեն ստեղծագործութեան ազդեցութիւնը։

Միեւնոյն ժամանակ, միջազգային մամուլը կը շեշտէ այն հանգամանքը, որ այս վաճառքը կրկին հաստատեց, որ արուեստի շուկան, հակառակ տնտեսական անորոշութիւններու, այժմ կը գործէ երկակի տրամաբանութեամբ՝ ներդրում եւ մշակութային հեղինակութիւն։ Իսկ գուցէ «Էլիզապէթ Լետըրըրը» դիմանկարին իսկական ուժը ո՛չ թէ 236 միլիոն ամերիկեան տոլարն է, այլ այն, որ մենք այսօր կը զարմանանք, կը վիճինք, կը հարցնենք, կրկին կ՚ուսումնասիրենք․․․

Քլիմթի ուրիշ գործեր եւս բարձր գիներով վաճառուած են անցած տարիներուն, բայց այս մէկը, թերեւս, աւելի շատ ուշադրութեան արժանացաւ ո՛չ միայն գինով, այլեւ՝ պատմութեամբ․ պատերազմներէ փրկուած, երբեմն՝ արհամարհուած, գաղտնի տարածքներու մէջ պահուած, նշանաւոր ընտանիքի դստեր դիմանկարը աճուրդի տուն հասած է «Էսթէ Լոտըր» ընկերութեան հիմնադրի՝ Էսթէ Լոտըրի որդիի տունէն։ Լէոնարտ Լոտըր իր եղբօր հետ Լոտըրներու միակ ժառանգորդն էր եւ մահացաւ այս տարուայ յունիսին՝ 92 տարեկանին։ Անոր մահէն ետք է, որ նկարը, հաւաքածոյի ուրիշ նկարներու հետ յայտնուեցաւ աճուրդի տունին մէջ։

ՆԿԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հրեայ նշանաւոր ընտանիքին դուստրը՝ Լետըրըր, նկարին մէջ պատկերուած է չինական փայլուն հագուստով, բաց գոյներով, եթերային հանգիստ միջավայրի մէջ։

Քլիմթ կը պատկերէ 20-ամեայ Էլիզապէթը՝ սպիտակ, երկար հոսող հանդերձանքով, նոյն ոճով ինչպէս նկարած էր անոր մայրը՝ Սերենան։ Սակայն դստեր պարագային, հանդերձանքը ազատ եւ անսանձ չէ, այլ՝ կիպ վերնաշապիկի եւ շրջազգեստի համադրութիւն մըն է, որ կը յիշեցնէ ժամանակակից նորաձեւութեան ազատ ոճը։ Աղջիկը զգեստին վրայ ծաղկաւոր նախշերով ճերմակ բարակ շալ մը անցուցած է։ Հայեացքը թեթեւ կը տարուբերի դէպի դիտողը՝ հաւասարակշռուած հանդարտութեամբ եւ ներքին ուշադրութեամբ՝ ստեղծելով աննիւթական, գրեթէ երազային մթնոլորտ։

Իր առաջ դրուած գորգը համադրուած է վառ վարդագոյն-նարնջագոյն երանգներով, սեւ եւ ճերմակ նշաններով։ Դիմանկարին խորքը մանր կերպարներ են՝ ներշնչուած չինական թատրոնի փեքինեան օփերայէն եւ արեւելեան արուեստի ժառանգութենէն՝ ներառեալ զինուորականներ, գիտնականներ եւ սպասաւորուհիներ՝ խորհրդանշական դերերով։ 

Այս գործը կը պատկանի Քլիմթի վերջին շրջանին, երբ արեւելեան արուեստի ազդեցութիւնը՝ մասնաւորապէս չինական եւ ճաբոնական, կը դառնայ շատ աւելի յստակ։ Քլիմթ այդ ազդեցութեամբ ուրիշ գլուխ գործոցներ նոյնպէս ունի։ 

ՊԱՏՄԱԿԱՆ

1914 թուականին, երբ Էլիզապէթ տակաւին երիտասարդ էր եւ ծնողքին հետ կը բնակէր, ծնողքը Քլիմթին կը պատուիրեն դստեր դիմանկարը։ Նկարիչն ու Էլիզապէթին մայրը՝ Սերենան, յաճախ կը վիճէին գործին շուրջ եւ Քլիմթ երբեք չէր սրբագրեր զայն պատուիրատուին սիրտով։ Վերջապէս, Լետըրըրները ստացան կտաւը 1916 թուականին՝ նկարիչի դժգոհութեան եւ շարունակական փոփոխութեան ցանկին հակառակ։

Աշխարհամարտին այն հրաշքով փրկուեցաւ հրդեհէ, որ ոչնչացուց Քլիմթի տասնհինգ ստեղծագործութիւն՝ Լետըրըրներու հաւաքածոյէն։ Անգամ մըն ալ ֆաշականները անգիտակցաբար փրկեցին զայն։ Նկարը հասաւ մեր օրեր եւ «Սոթպի՚զ»ի աճուրդով կրկնապատկուեցաւ անոր պատմական արժէքը։ 

Քլիմթի գործերը, առհասարակ, վերջին շրջաններուն գրեթէ չեն իջներ աճուրդներու բեմերէն։ Նկարիչի հիմնական նիւթը եղած է կինը, իբրեւ գեղեցկութեան, ցանկութեան, ուժի եւ խորհրդապաշտութեան մարմնացում։ Նկարիչը իր կեանքի վաղ տարիներուն զբաղած էր ճարտարապետական որմնանկարներով, կ՚ընդունէր պատուէրներ, բայց շուտով հրաժարեցաւ պաշտօնական պատուէրներէն՝ ստեղծելով իր անկախ, սանձարձակ եւ երբեմն աղաղակող ոճը։ Քլիմթ չէր ամուսնացած, բայց ունեցած է սերտ եւ գաղտանուն յարաբերութիւններ, բազմաթիւ կիներու դիմանկարներ եւ մարմիններ գծած է, նաեւ բազմաթիւ կենսագիրներ կը կարծեն, որ ան հայր եղած է գոնէ տասնչորս զաւակներու։ 

Մահէն վերջ անոր գործերը երկար ժամանակ անտեսուած մնացին, մինչեւ որ 20-րդ դարու վերջաւորութեան Քլիմթ դարձաւ միջազգային աճուրդներու ամենաթանկ անուններէն մէկը եւ միաժամանակ այն նկարիչը, որ հաստատեց ճշմարտութիւն մը՝ արուեստը երբեմն կը սպասէ ամբողջ դար մը, մինչեւ որ աշխարհը հասուննայ զայն հասկնալու համար։

ԱՂՄԿՈՏ ԱՃՈՒՐԴ

Այս տարուայ աճուրդը մեծ աղմուկ հանեց նաեւ ուրիշ ստեղծագործութիւններու պատճառով։ Եթէ Քլիմթ աշխարհահռչակ արուեստագէտ մըն է՝ քանի մը արուեստի ուղղութիւններու հիմնադիր ապա ո՞վ է Մորիցիօ Քաթելան, որ քանի մը տարի է՝ աշխարհահռչակ արուեստագէտներու կողքին կը կենայ աճուրդներու բեմին։ Այս տարի նոյնպէս Քաթելա աղմուկ հանեց։ Ան իտալացի պարզ կահագործ մըն էր, որ արհեստը ձգած եւ յառաջապահական արուեստի ուղղութիւն բռնած է՝ Ամերիկայի մէջ իր գործերով ուշադրութիւն գրաւելով։ Ան պատին կպչուն ժապաւէնով փակցուած պանանին հեղինակն է, այդ նոյն գործը երկու անգամ վաճառուեցաւ աննախադէպ գիներով՝ մէկ անգամ 120 հազար ամերիկեան տոլարով, իսկ 2024 թուականին՝ 6,2 միլիոն ամերիկեան տոլարով։ Ամենազաւեշտալին այն է, որ երկու անգամուն ալ գնորդները, աճուրդներէ ձեռք ձգելով այդ պարզ պանանները, պարզապէս կերան զայն՝ յայտարարելով ատիկա իբրեւ արուեստի գործի շարունակութիւն։ 

Իսկ այս տարուայ աճուրդին դրուած էր Քաթելայի հեղինակած զուգարանի նստատեղը՝ ամբողջովին ոսկիէ, 100 քիլօ, 18 քարաթ, անունը՝ «Ամերիկա»։ Երբ Քաթելայի պատին փակցուած պանանները վաճառուեցան շռնդալից գիներով, շատեր կը սպասէին, որ զուգարանը նոյնպէս մեծ ընդունելութիւն կը գտնէ, բայց ի զարմանս, ստացաւ ընդամէնը մէկ առաջարկ։ Եւ քանի որ աճուրդը մեկնարկած էր անոր պարունակած ոսկիի շուկայական արժեչափով՝ 10 միլիոն ամերիկեան տոլարով, զուգարան-ստեղծագործութիւնը վաճառուեցաւ նոյն այդ գինով (հաշուեկշիռ վճարումներով՝ 12,1 միլիոն)։ «Սոթպի՚զ»ը յայտնեց, որ գործը ձեռք բերած է ամերիկեան յայտնի ապրանքանիշի ընկերութիւն մը։ Արուեստի գործի մը համար քիչ մը գռեհիկ է, որ երբ 2016 թուականին Քաթելան ցուցադրեց իր այս ոսկեփայլուն զուգարանակոնքը՝ յայտարարեց նաեւ, որ ցուցահանդէսին այցելուները կրնան զայն գործածել ըստ պահանջի, եւ հերթեր գոյացան զուգարանակոնքին առջեւ։ Շատեր նոյնիսկ ցուցադրաբար փսխեցին անոր մէջ եւ ժամանակակից արուեստը անգամ մը եւս հասաւ ռամկականութեան եւ անպատկառութեան սահմանին։ Բայց այդ զուգարանակոնքը մնաց պատմութեան մէջ եւ այս տարի գտաւ իր գնորդը։

Այս աճուրդին Էսթէ Լոտըրի որդիի հաւաքածոյէն ուրիշ գործեր եւս գերազանցեցին կանխատեսումները։ Էտուարտ Մունքի կտաւը ձեռք բերուեցաւ 35,1 միլիոն ամերիկեան տոլարով, իսկ Քլիմթի մէկ ուրիշ ստեղծագործութիւնը՝ 86 միլիոնով։ Աճուրդի օրը երեկոյեան բարձր գինի հասաւ նաեւ ամերիկացի ժամանակակից արուեստագէտ Ալեքսանտր Քալթերի քանդակը, որ վաճառուեցաւ 889 հազար ամերիկեան տոլարով՝ իր նախնական գնահատականէն շուրջ եռապատիկ բարձր։

Թերեւս այս վերջին դէպքը դարձեալ կը յիշեցնէ, որ արդի արուեստի աշխարհին մէջ շուկան երբեմն կը շարժի ո՛չ թէ լուռ ձեւով, այլ՝ քիչ մը քմահաճ, երբեմն, սառն, իսկ երբեմն՝ ամբողջովին անսպասելի, բայց յստակ է, որ ժամանակակից արուեստի աշխարհը այսօր հասած է խելայեղ խաչմերուկի մը՝ ուր ստեղծագործութիւնը, պատմութիւնը եւ գինը միաժամանակ կը պայքարին ուշադրութեան եւ ազդող իշխանութեան համար, դարձնելով շուկան մէկ կողմէ՝ խորհրդաւոր, միւս կողմէ՝ անկառավարելի եւ անհաւանական։ Կը թուի, թէ իւրաքանչիւր մեծ վաճառք նաեւ նոր սահմանում մըն է այսօրուայ աշխարհի արժէքներուն մէջ։ Արուեստի գործին արժէքը երբեմն կ՚որոշուի շուկայի չափանիշով, տիրապետողներու քմհաճութեամբ եւ այդ իրականութիւնն է, որ մեզ երբեմն կը խռովեցնէ։ Իսկ այսօրուայ աշխարհը ալեկոծ է, երբեմն հեգնալի, երբեմն անմարդկային՝ իր չափանիշներով։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2025