ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆԻ 150-ԱՄԵԱԿԸ՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի 2026-2027-Ի ՕՐԱՑՈՅՑԻՆ ՄԷՋ - ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ

1998 թուականէն ի վեր ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ներկայացուած եւ ընդգրկուած են 31 յոբելենական տարեթիւեր։ Ցանկը անցեալ տարեվերջին աւելցաւ եւս քանի մը նշանաւոր ամրագրումներով։ 

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ ընդգրկուած է «Երեւանի ուրարտական ժառանգութիւն» յուշարձանը։ 

Երեւանը, որպէս աշխարհի հնագոյն շարունակաբար բնակեցուած քաղաքներէն մէկը, յաճախ աշխարհին կը ներկայանար միայն իր նորագոյն, խորհրդային կամ յետխորհրդային դիմագիծով։ Ըստ մասնագէտներու, Ուրարտուն Հայկական լեռնաշխարհին մէջ կազմաւորուած առաջին կայսրութիւնն է եւ կը նկատուի Հայաստանի պատմութեան ամենէն հիմնարար հանգրուաններէն մէկը․ զայն վճռական դեր ունեցած է հայ ժողովուրդի ինքնութեան ձեւաւորման ընթացքին։ Ուրարտական շերտի միջազգային ճանաչումը կը փոխէ աշխարհի պատկերացումը՝ Երեւանին հանդէպ, քաղաքը վերադարձնելով իր երեքհազարամեայ ակունքներուն։ Էրեբունիի, Թէյշեպաինիի եւ այլ ուրարտական վայրերու միջոցով Երեւանը աշխարհին կը յիշեցնէ, որ մայրաքաղաք ըլլալէ առաջ այս տարածքը եղած է կենդանի պատմական տարածք մը, ուր քաղաքակրթութիւնները իրարու յաջորդած են առանց խզումի։

Նոյն տրամաբանութեան մէջ է նաեւ «Գառնի հնագիտական համալիր» եւ «Քարերու սիմֆոնիա» յուշարձաններու ընդգրկումը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ։ 

Գառնին հեթանոսական տաճար մըն է, բայց նաեւ ամբողջական մշակութային միջավայր մը, ուր հին հայկական աշխարհընկալումը, հռոմէական ճարտարապետութիւնը եւ բնութեան եզակի երկրաբանական երեւոյթները կը միաձուլուին։ Աշխարհը տաճարի հանրահռչակումով պիտի ծանօթանայ հեթանոսական մշակոյթի արեւապաշտական տաճարներէն մէկուն, որ Հայաստանի մէջ կը պահպանուի իբրեւ եզակի արժէք։ Իսկ «Քարերու սիմֆոնիա» կոչուած յուշարձանը բնական երգեհոնի նմանուող յուշարձան մըն է Ազատ գետի՝ Գառնի գիւղի տարածքին գտնուող աւազանին մէջ։ Զայն կը ներկայանայ հսկայ հնգանկիւն եւ վեցանկիւն պազալտէ սիւներով (մօտ 50 մեթր բարձրութեամբ), որոնք զարմանալի համաչափութեան պատճառով ձեռագործ կը թուին: Բնութեան կողմէ կերտուած, գետի վրայ կախուած այդ սիւներու շարանը կը յիշեցնէ երաժշտական գործիք՝ «Պազալտէ երգեհոն»: Կիրճով կը հոսի Ազատ գետը՝ ջուրի աղմուկով լրացնելով քարէ շքեղութիւնը:

Այս յուշարձանը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ցանկին մէջ ներառելը կը նշանակէ նաեւ բնութեան ու մշակոյթի անբաժանելիութեան միջազգային հաստատում։

Աշխարհի յիշողութեան միջազգային գրանցամատեանին մէջ մտած է նաեւ Մխիթար Գօշի «Գիրք Դատաստանի» գործը։ Ձեռագիրը այսօր կը դառնայ համամարդկային ժառանգութեան մաս՝ դուրս գալով ազգային սահմաններէն եւ ընդգծելով հայ մտքի ներդրումը համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ։ «Գիրք Դատաստանի»ի արձանագրումը նաեւ հակակշիռ մըն է այն սխալ պատկերացումներուն, որոնք երբեմն կը փորձեն ներկայացնել Հայաստանը որպէս միայն ռազմական կամ ողբերգական պատմութեամբ երկիր մը։ Այստեղ Հայաստանը կը ներկայանայ որպէս օրէնքի, մտածողութեան եւ բարոյական համակարգերու ստեղծող մշակոյթ։

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2026-2027 թուականներու օրացոյցին մէջ Հանրապետութեան հրապարակի շինարարութեան մեկնարկի 100-ամեակի ընդգրկումը կը բացայայտէ քաղաքային յիշողութեան նոր ընկալում մը։ Դարերով բերդաքաղաք եղած Երեւանը անցեալ դարու սկիզբին վերածուեցաւ մայրաքաղաքի, պետական կեդրոնի եւ արդի քաղաքային կեանքի բեմի։ Այդ վերափոխման ամենէն խորհրդանշական արտայայտութիւնը դարձաւ Հանրապետութեան հրապարակը, որ ծնունդ առաւ 1920-ական թուականներուն՝ հին թաղամասերու քանդումէն եւ նոր քաղաքաշինական տեսլականի իրականացումէն ետք։

Նոյն օրացոյցին մէջ Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակը արձանագրելը գիտական աշխարհի համար սպասելի, բայց ոչ-պակաս արժեւորելի որոշում մըն է։ Աճառեանը լեզուաբան մը չէր միայն․ ան լեզուի միջոցով ազգային ինքնութեան գիտակից պահապան մըն էր։ Իր աշխատութիւնները, յատկապէս հայերէնի ծագման ու բառարանագրութեան ոլորտին մէջ, այսօր ալ կը մնան հիմնասիւներ։ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մակարդակով անոր յոբելեանը նշելը արդէն իսկ կը նշանակէ հայ լեզուի միջազգային արժեւորում։ Իր կեանքի զգալի մասը Աճառեան աշխատած է իբրեւ ուսուցիչ։ Պոլսոյ շրջանի իր ուսուցչական շրջանը ան նոյնպէս նկարագրած է իր յուշերուն մէջ։

ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ

«Ամբողջ կեանքիս ընթացքին ուսուցչութիւն ըրի»։ Այսպէս կ՚ըսէ մեծանուն լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեան իր յուշագրութեան մէջ առաջին ուսուցչական պաշտօնին մասին պատմելով: Վարժարանը գերազանցութեամբ աւարտելէ ետք Աճառեան սկսած է ուսուցչական պաշտօն փնտռելու եւ հանդիպած է մեծ դժուարութիւններու:

Այդ օրերուն զայն մտահոգած է մանաւանդ իր հօրը խօսքերը. «Այսքան տարի դպրոց ղրկեցի, օգուտ մը չտեսայ»: Հայրը զղջացած է, որ արհեստի մը չէ տուած որդին: Սակայն, 1893 թուականի աշնան, Աճառեան, ի վերջոյ, գտած է աշխատանք մը եւ այդպէս սկսած է ուսուցչութիւն ընել ամբողջ կեանքին ընթացքին:

Պոլսոյ մէջ իր ուսուցչութեան մասին ան կը գրէ շատ սիրով եւ մանրամասնօրէն:

Իր յուշագրութենէն կու տանք այդ բաժինը՝ յուսալով, որ անմահ լեզուաբանին 150-ամեակը պատշաճօրէն կը նշուի տարուայ ընթացքին։ 

ԱՃԱՌԵԱՆ․ ՊԱՇՏՕՆԻ ՓՆՏՌՏՈՒՔ

Շրջանաւարտ ըլլալէս ետք, իմ երազս Վիեննա երթալ էր, Մխիթարեան միաբանութեան վանքը: Հայր Գաբրիէլ Մենեւիշեանը օր մը հետաքրքրուեցաւ ապագայի ծրագիրներովս: Երբ իմացաւ որ Վիեննա կ՚ուզեմ երթալ, հարցուց.

-Հապա՞ կրօնական տարբերութիւնը:

-Ես կրօնական տարբերութեան արժէք չեմ տար,- պատասխանեցի,- կ՚ընդունիմ կաթոլիկ դաւանանքը:

Խոստացաւ գրել Վիեննա: Խօսեցայ նաեւ Յովհաննէս Շահնազարին եւ կրօնի մասին անոր նոյն հարցումին նոյն պատասխանը տուի: Ա՛ն ալ խոստացաւ միջնորդել:

Այս երկու նշանաւոր մարդոց խոստումին վստահելով՝ ուրիշ դիմում չըրի: Երկու շաբաթ ետք նորէն այցելեցի Շահնազարին: Ըսաւ, թէ պատասխան չէր ստացած եւ նորէն խօսք ըրաւ կրօնական տարբերութեան մասին: Շահնազարը մեր մէջ ճանչցուած էր իբրեւ կրօնական խտրութիւն չընդունող մարդ: Ես միամտաբար ըսի.

-Կ՚երթամ Վիեննա, կաթոլիկութիւնը կ՚ընդունիմ, ուսումս կ՚աւարտեմ, կու գամ ու կը վերադառնամ իմ դաւանանքիս:

Միեւնոյն սխալը կրկնեցի Մենեւիշեանին հետ խօսած ատենս:

Անկէ ետք քանի մը անգամ եւս գացի թէ՛ Շահնազարին, թէ՛ Մենեւիշեանին, բայց դրական պատասխան չստացալ: Ի վերջոյ Մենեւիշեանը ըսաւ.

-Կ՚ուզեն, որ աշակերտը մանկութենէն կաթոլիկ վանքի մէջ մեծցած ըլլայ. քեզ չեն ընդունիր:

Իմ գործս իմ ձեռքովս քանդած էի: Դիմեցի Մոստիչեանին եւ Աբիկեանին: Առաջինը յայտնեց, թէ տեղ չունի, երկրորդն ալ խոստացաւ գրել Չոռլու՝ զիս այնտեղ ուղարկելու համար իբրեւ թրքերէնի ուսուցիչ, ամսական 2 ոսկի վճարումով:

Բազմաթիւ անգամներ գացի իր գրասենեակը, բայց կամ դուռը գոց գտայ, կամ ալ միեւնոյն խօսքը լսեցի. «Վա՛ղը եկէք»: Ամէն մարդ գործ գտած էր, դպրոցները բացուած էին, իսկ ես անգործ կը թափառէի: Յուսահատութենէս չէի գիտեր ի՛նչ ընել: Զիս կը նեղէր մանաւանդ հօրս խօսքը.

-Այսքան տարի դպրոց ղրկեցի, օգուտ մը չտեսայ: Եթէ ատաղձագործի աշկերտ ըլլայիր, հիմա արդէն վարպետ եղած կ՚ըլլայիր եւ շաբաթական մէկ մէճիտիէ կը բերէիր տուն:

Պոլիս Սմբատ Դաւիթեան անունով մարդ մը կար, որ անգործ ուսուցիչներուն գործ հայթայթող գրասենեակ մը ունէր: Ուսուցիչ ուզող դպրոցները եւ գործ փնտռող ուսուցիչները իրեն կը դիմէին: Գործը գլուխ եթէ գար, ինք ուսուցիչէն անոր առաջին ամսաթոշակը կը ստանար իբրեւ միջնորդչէք, դպրոցէն ալ՝ որոշ գումար մը:

Դիմեցի Դաւիթեանին եւ անոր ներկայացուցի Կեդրոնականի վկայականս ու Գարագաշէն եւ Ուսումնական խորհուրդէն ստացած վկայագիրներս: Շատ ուրախացաւ եւ յայտնեց, թէ Նազիլլիի մէջ հայերէնի ուսուցիչի պաշտօն մը կայ, ամսական 5 ոսկի վճարով, եւ թէ քանի մը օրուան պէտք ունի վերջնական կարգադրութիւն մը ընելու համար:

Նազիլլին Իզմիրի մօտ քաղաք մըն է, նշանաւոր՝ իր թուզով: Քիչ մը հեռու էր, բայց վճարումը գոհացուցիչ էր: Ընդունեցի առաջարկը:

Վերջնական պատասխանի սպասած ատենս հանդիպեցայ Միհրան Աբիկեանին: Բարեւեցի եւ յայտնեցի, թէ գործ գտած եմ Նազիլլի:

-Ի՞նչ կարիք կայ այդքան հեռուները երթալու,- պատասխանեց,- Չոռլուն 4 ժամուան ճամբայ է: Պատասխան ստացած եմ արդէն: Ես քեզ Չոռլու պիտի ղրկեմ:

Գացի Մոստիչեանին եւ հարցուցի, թէ երկու առաջարկներէն ո՞ր մէկը յարմար կը գտնէր ինծի համար:

-Ո՛չ մէկը,- պատասխանեց,- Կեդրոնականի նախակրթարանին մէջ հայերէնի ուսուցիչ մը պէտք է: Ամսականը 3 ոսկի է: Միւս կողմէ Գատըգիւղի դպրոցին մէջ ալ հայերէնի դասեր կու տաս ամսական 2 ոսկի վճարով:

Այսպէս սկսայ ուսուցչական պաշտօնս 1893 թուականի աշնան: Ամբողջ կեանքիս ընթացքին ուսուցչութիւն ըրի:

ՏԱՐԲԵՐ ՅԻՇԱՏԱԿՆԵՐ

Ղալաթիայի թաղային դպրոցէն, որ Կեդրոնականի նախակրթարանն էր, եւ Սամաթիայի Արամեան երկսեռ վարժարանէն բոլորովին տարբեր յիշատակներ ունիմ: Զարմանալի է, որ առաջինէն շատ քիչ բան կը յիշեմ, երկրորդէն պահած յիշատակներս ալ աւելի անձերու կը վերաբերին, քան դէպքերու:

Ղալաթիայէն պահած միակ յիշատակս հետեւեալն է.

Կէսօրէ ետք մը, երբ դասարանը կ՚աշխատէինք, յանկարծ աշակերտները ոտքի ցատկեցին, «երկրաշա՜րժ» պոռացին ու փախան դուրս: Նոյն բանը ըրին յաջորդ դասարանի աշակերտները: Ես ոչ մէկ ցնցում զգացի, բայց ստիպուեցայ դուրս ելլել:

Քովի դասարանի ուսուցչուհին մարած ինկած էր գետին: Քանի մը մեծ աշակերտներ եւ ես գրկեցինք զինք եւ դուրս հանեցինք: Սանդուխը, որ ուղղահայեաց պէտք է ըլլար, հորիզոնական դարձած էր: Ուսուցչուհին բակ տարինք, եկեղեցիին առջեւ, ուր ժողովուրդ հաւաքուած էր:

Սիրքէճիի կայարանը դիմեցի եւ շոգեկառքով մօրաքրոջս տունը գացի: Մօրաքրոջս տունը վնասուած չէր: Զարմանալի է, որ երկրաշարժը վնասած էր միայն հարուստներուն. քարաշէն մեծ տուները քանդուած էին, իսկ փայտաշէն խրճիթները կանգուն մնացած էին: Գամը դուրս եկած էր գերանէն եւ ետ տեղը մտած:

Մենք քանի մը տարիէ ի վեր Սարը Եար կը բնակէինք: Շոգենաւը առի եւ գացի տուն: Հազիւ հասած էի, հայրս դէմս ելաւ եւ բարկացած հարցուց.

-Մինչեւ հիմա որտե՞ղ էիր:

Պատմեցի պատահած դէպքը եւ ըսի, թէ մօրաքրոջս տունը ոչ մէկ վնաս կրած էր:

Կը յիշեմ, որ երեքշաբթի օր մըն էր, որովհետեւ «Հայրենիք» օրաթերթը յօդուած մը տպած էր եւ մէջբերած թրքերէն ժողովրդային առած մը՝ «սալը սալլանըր», այսինքն «երեքշաբթին կը շարժի»:

Գատըգիւղէն կը յիշեմ տնօրէնը, քանի մը ուսուցիչ, աշակերտներ եւ աշակերտուհիներ:

Վերակացուին անունը մոռցած եմ, բայց արտաքին տեսքը եւ բնաւորութիւնը լաւ կը յիշեմ: Բարձրահասակ, լայնաթիկունք, շէկ մօրուքով մարդ մըն էր, որուն ամբողջ խօսակցութիւնը կատակ էր: Նոյնիսկ ամենէն լուրջ խօսքը: Բայց առանց ծիծաղի:

Ուսուցչական խումբին մաս կը կազմէր Ռուբէն Որբերեան բանաստեղծը, որ Եթովպիա գնաց, մեծ հարստութիւն ձեռք բերաւ ու դարձաւ ազգային բարերար:

Աշակերտները տանելի էին, բայց աշակերտուհիները՝ շփացած եւ անպատկառ: Մանաւանդ բարձրագոյն դասարանի աղջիկները, որոնք ինձմէ մեծ էին: Այն ատեն ես 17 տարեկան էի: Բոլոր ուսուցիչներն ալ օձիք կը թօթուէին: Ես, տգեղ պատանի, մէկ աչքս ծուո, չէի վախնար իրենցմէ: Անթերի պարտականութիւններ կը պահանջէի, խիստ պատիժներ կու տայի չաշխատողներուն: Ի վերջոյ վերակացուն ինձմէ խնդրեց, որ ա՛լ աղջիկներուն բաժինը չերթամ:

Աշակերտուհիներուն մէջ կար նիհար ու ճղճիմ աղջիկ մը, որ աշխատասէր ու պարտաճանաչ էր: Բոլորս ալ կը սիրէինք զինք, որովհետեւ Պետրոս Դուրեանի եղբօր աղջիկն էր: Բանաստեղծը երկու եղբայր ունէր. Եղիշէն, որ նախ Պոլիսի, ապա Երուսաղէմի պատրիարք եղաւ եւ Ագրիպպասը, որ փաստաբան էր: Աշակերտուհին աղջիկն էր Ագրիպպասին:

1910-ին Եղիշէ Պատրիարքին այցելութեան գացի: Բարձրահասակ, հոյակապ տիկին մը սուրճ բերաւ ինծի: Պատրիարքը հարցուց.

-Կը ճանչնա՞ք զինք:

-Ոչ,- պատասխանեցի:

-Ձեր աշակերտուհին է, եղբօրս աղջիկը: Մեր պաշտամունքին առարկայ դարձած նիհար ու փոքրիկ աղջիկն էր:

ՍԱՆԱՍԱՐԵԱՆԻ ՈՒՍՈՒՑԻԶ

Ամառուան արձակուրդին սկիզբը, Մոստիչեանը իր քով կանչեց զիս եւ ըսաւ.

-Քեզ պիտի ուղարկեմ Գաբրիէլ էֆէնտի Նորատունկեանին: Ինչքան մանր-մունր աշխատանքներ ունիս, հաւաքէ՛, տար իրեն ցոյց տուր: Հետը յարգանքով խօսէ, պատկառելի անձ է: Մաքուր հագուստներ հագի՛ր, արտաքինիդ ուշադրութի՛ն դարձուր:

Որոշուած օրը գացի: Ժամէ մը աւելի հարցաքննելէ ետք զիս, Գաբրիէլ էֆէնտին յաջորդ շաբթուան մէջ ժամադրութիւն տուաւ: Քանի մը անգամ այսպէս տեսակցութիւններ ունենալէ ետք հետս, յայտնեց թէ Կարինի Սանասարեան վարժարանին համար հայերէնի ուսուցիչի կարիք կայ եւ թելադրեց գրաբար դիմում մը գրել Կարապետ Եզեանցին, որ Սանասարեանի բարերարն էր: Դիմումը գրեցի եւ ատեն մը ետք պատասխան ստացայ: Ընդունուած էի իբրեւ գրաբարի ուսուցիչ, ամսական 8 ոսկի վճարով: Իբրեւ ճանապարհածախս պիտի ստանայի 10 ոսկի: Ուրախութիւնս մեծ էր. բարձր ռոճիկ ունէի, պատուաւոր տեղ պիտի երթայի:

Մտադրեցի ամբողջ տարին դրամ խնայել եւ յաջորդ տարի երթալ Փարիզ ուսանելու:

Ինքնութեան թուղթս առի եւ գացի Բարձրագոյն դուռ՝ անցագիրի դիմում ներկայացնելու: Պաշտօնեաները առին ինքնութեան թուղթս, երեսիս նայեցան եւ հարցուցին.

-Դուք 18 տարեկա՞ն էք:

-Այո:

-18 տարեկան էք, հա՞,- ըսին հեգնանքով: Ինքնութեան թուղթս կեղծ կը համարէին, որովհետեւ աւելի մեծ կը կարծէին զիս:

Հեռուն, սրահին խորը, ծեր մարդ մը նստած էր: Ի նպաստ ինծի միջամտեց.

-Նորածիլ մօրուքին մի՛ նայիք. անպայման ուսուցիչ կամ քահանայ ըլլալ կ՚ուզէ եւ մօրուք ձգեր է: 18 տարեկանէն աւելի չի կրնար ըլլալ:

Անցագիրս պատրաստեցին: 16 յուլիս 1894-ին մեկնեցայ Տրապիզոն, ուր հասայ 3 օրէն: Յետոյ կարաւանով ճամբայ ինկայ դէպի Կարին եւ տեղ հասայ 10 օրէն: Կարին մնացի տարի մը:

Դպրոցի վարչութիւնը առանձին սենեակ յատկացուց ինծի եւ կարգադրեց, որ դպրոցը ճաշեմ: Ամսականէս 2 ոսկի կրճատեցին այս նպատակով: Այսպէսով ես տնային հոգերէն բոլորովին ազատ մնացի եւ ամբողջովին նուիրուեցայ սորվելու եւ սորվեցնելու աշխատանքին: Օրուան բոլոր ժամերուն համար դասացուցակ մը կազմած էի եւ պարտաճանաչ աշակերտի պէս կը հետեւէի անոր, լեզուներ կը սորվէի եւ բանասիրական աշխատանքներ կը կատարէի:

Կեդրոնականի աշակերտ եղած ատենս կազմած էի արդէն հայերէն արմատներու ամբողջական ցանկը: Զանազան աղբիւրներէ գտնելով հայերէնին համապատասխան օտար ձեւերը աւելցուցի անոնց վրայ: Յետոյ, նոր բառարաններ կարդալով, նոր համեմատութիւններ ալ գտայ: Ի վերջոյ ունեցայ 300 էջնոց արմատական բառարան մը: Սանասարեան վարժարանը ունէր 40 ձեռագիր հատորներ: Անմիջապէս սկսայ կազմել անոնց ցուցակը եւ իբրեւ առաջնորդ ունեցայ «Հանդէս Ամսօրեայ»ի մէջ տպուած ձեռագիրի նկարագրութիւններ:

Իբրեւ ուսուցիչ շատ պարզ եւ ընկերական էի: Տեսուչները - Սանասարեանը 3 տեսուչ ունէր - նկատելով որ ես մեծ աշակերտներուն վրայ ազդեցութիւն չեմ կրնար ունենալ, որոշեցին աւելի տարիքոտ հայկաբան ուսուցիչ մը ունենալ եւ հրաւիրեցին Յակոբ Գուրգէնը: Բարձր դասարանները յանձնեցին անոր, փոքր դասարանները ձգեցին ինծի: Ունէի նաեւ հայոց պատմութեան դասեր, բայց գաղտնի, որովհետեւ պետութիւնը արգիլած էր: Շաբաթը երկու օր ալ վերակացուի պաշտօն ունէի: Խնդրեցի, որ գեղագրութեան դասերն ալ ինծի տան: Այդ ժամերը կ՚օգտագործէի ուղղագրութիւն սորվեցնելու համար: Այդ ժամանակ ես գտած էի ուղղագրական քանի մը օրէնքներ. Ե-ի եւ է-ի օրէնքը, րէ-էն եւ ղատ-էն ետք ջ, իսկ ռա-էն եւ խէ-էն ետք չ գրելու օրէնքը, է-ի, վ-ի, ու-ի կանոնները: Օրինակներ կու տայի արտագրելու եւ օրէնքը կը բացատրէի:

Կարին կեցութեանս ընթացքին աղիքներու բորբոքում ունեցայ եւ ծանրօրէն հիւանդացայ: Ինձմէ գաղտնի կը պահէին, բայց յետոյ իմացայ, որ վիճակս անյուսալի եղած է: Հիւանդանոցին մէջ սենեակ մը յատկացուցին ինծի, ուր ամբողջ ամիս մը պառկեցայ: Զիս դարմանող բժիշկը Տիգրան Բրուտեանն էր, Սանասարեան վարժարանի դեղագործը:

Անմոռանալի է տեսուչ Աբուլեանի կնոջ՝ տիկին Նուարդի վերաբերումը: Վստահ ըլլալով որ ես անպայման պիտի մեռնիմ՝ կը մտածէր վերջին օրերս իր անուշ խօսքերովը քաղցրացնել: Ամէն օր, եւ օրական քանի մը անգամ, կ՚այցելէր ինծի: Աղէկնալէս ետք ալ ոչ ոք զգուշացուց զիս, թէ ծանր բաներ պէտք չէ ուտեմ, օր մը լաւ ապուխտ կերայ: Յաջորդ օրը հիւանդութիւնը կրկնուեցաւ: Նոյն դարմանումը եւ տիկին Նուարդի նոյն գուրգուրանքը փրկեցին զիս:

Վերադարձի օրերս երբ մօտեցան, սկսայ մտահոգուիլ աշխատութիւններուս համար: Թրքական գրաքննութիւնը ամէն թուղթի կտորէ կը կասկածէր: Սանասարեանի ձեռագիրներու ցուցակը թղթատարով ուղարկեցի Վիեննա եւ տեղ հասաւ: Բայց բառարանին վրայ կը դողայի: Կրնար կորսուիլ: Որոշեցինք ընդօրինակուած օրինակ մը ունենալ անկէ: Մտերիմ աշակերտներ մասերու բաժնեցին բառարանս եւ սկսան արտագրել: Կարծեմ մէկ օրուան մէջ գործը վերջացուցին: Մէկ օրինակը հետս առի, միւս օրինակը թղթատարով ուղարկեցի Պոլիս:

1895-ի ամառը դարձեալ Պոլիս էի: Երկու տարի աշխատելով բաւական գումար խնայած էի: Կրնայի անով երկու տարի ապրիլ Փարիզ: Երրորդ տարուան գումարը պիտի տար ընկերս՝ Համբարձում Թոռնեանը, որ երկու տարիէն Երկրագործական վարժարանը աւարտած պիտի ըլլար եւ լաւ ռոճիկով պաշտօնի մտած:

Պատրաստուեցայ Փարիզ մեկնելու:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունուար 20, 2026