ՓԵՏՐՈՒԱՐԻ 21-Ը՝ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒԻ ՕՐ. 25 ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆ, ՈՐ ԿԸ ՀԱՄԱԽՄԲԷ ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՆԵՐԸ
Վաղը աշխարհը կը նշէ Միջազգային մայրենի լեզուի օրը, որ աշխարհի մէջ կը յիշատակուի 2000 թուականէն ի վեր։ Այս որոշումը ընդունուած է 1999 թուականի նոյեմբերին, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր ժողովի 30-րդ նիստին՝ լեզուներու եւ մշակոյթներու բազմազանութիւնը պահպանելու եւ զարգացնելու նպատակով:
Պատճառը աշխարհի տարածքին խտրականութիւններու եւ հալածանքներու հակաքաղաքակրթական «ժառանգութիւն»ն էր, որուն սոսկալի դրսեւորումներէն էին մայրենի լեզուներու դէմ ցուցաբերուած անհանդուրժողութիւնն ու այլամերժութիւնը: Միջազգային մայրենի լեզուի օրը կը յաւերժացնէ այն քաղաքական պայքարը, որ շուրջ վաթսուն տարի առաջ մղուած է պենկալերէնը զատ լեզու ճանչնալու համար, իսկ այս օրը կը յիշատակէ նաեւ այդ լեզուի ազատութեան համար ցոյցին ընթացքին ինկած զոհերը:
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ԵՒ ՀԱՄՇԷՆԻ ԲԱՐԲԱՌԸ՝ ԿՈՐՈՒՍՏԻ ՎՏԱՆԳԻ ՏԱԿ
Արդէն քսանհինգ տարեկան է Միջազգային մայրենի լեզուի օրը, որ իւրայատուկ ձեւով կը նշուի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հովանիի ներքոյ, ուշադրութիւն կը դարձուի՝ մա՛նաւանդ կորսուող լեզուներուն։ Ըստ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գնահատականի՝ աշխարհի վեց հազար լեզուներ կորուստի մատնուելու եզրին են: Աշխարհի մէջ ընդհանուր առմամբ կը հաշուուի մօտաւորապէս 7 հազար լեզու, որոնցմէ շուրջ 2400-ը, ըստ ուսումնասիրութիւններու, կրնան ընդմիշտ աներեւութանալ: Մօտաւոր հաշուարկներով իւրաքանչիւր տասնչորս օրը անգամ մը կը մահանայ լեզու մը: Ցաւալի իրողութիւն մըն է այս մէկը, քանի որ ամէն մէկ անհետացող լեզու իր հետ կը տանի նաեւ մշակութային, մտաւոր ողջ ժառանգութիւն մը:
Նոյն կառոյցին՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Աշխարհի վտանգուած լեզուներու ատլաս»ին դասակարգումով՝ դժբախտաբար, արեւմտահայերէնը, ինչպէս նաեւ հայերէնի Համշէնի բարբառը նոյնպէս անհետացող լեզուներու շարքին են:
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հրապարակած ցանկին վրայ լեզուները բաժնուած են հինգ խումբերու՝ ըստ անհետացման վտանգի աստիճանին՝ խոցելի, յստակ վտանգի տակ, ուժեղ վտանգի տակ, ծայրայեղ վտանգի տակ եւ անհետացած լեզուներ… Միջազգային կառոյցներ եւ ազգային կազմակերպութիւններ անսահման ջանքեր կը գործադրեն՝ անհետացումէ փրկելու համար վտանգուած լեզուները: Գիտնականներ ապացուցած են, որ լեզուի մը յաջող զարգացման համար ամենապարզ քայլերէն մէկը այն է, որ անով պէտք է խօսի առնուազն մէկ միլիոն մարդ։
ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՒ ԱՅԼ ԲԱԺԱՆՈՒՄՆԵՐ
Առհասարակ, լեզուաբաններն ալ լեզուները բաժնելու իրենց եղանակները ունին, անոնք լեզուները բաժնած են զանազան խումբերու, որոնցմէ մէկն է բաժնումը՝ արհեստական եւ բնական լեզուներու։ Հայազգի գիտնական Լալիկ Խաչատրեան ստորեւ ներկայացուող կերպով բնորոշած է արհեստական եւ բնական լեզուները։
ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԼԵԶՈՒ
Լեզուները կ՚ըլլան բնական եւ արհեստական։ Բնական լեզուները պատմականօրէն ձեւաւորուած լեզուներ են, որոնք ստեղծուած են այդ տարածքին ապրող ժողովուրդներու կողմէ եւ կը սպասարկեն անոնց։ Արհեստական լեզուները նշանային համակարգեր են, որոնք կը ստեղծուին գործածուելու համար այնպիսի ասպարէզներու մէջ, ուր բնական լեզուներու գործածումը անհնարին է կամ՝ քիչ արդիւնաւէտ։ Արհեստական լեզուները կը տարբերակուին ըստ մասնագիտացման, ըստ նպատակի եւ ըստ բնական լեզուներուն հետ ունեցած նմանութեան աստիճաններու։
Ոչ-մասնագիտական արհեստական լեզուները ունին ընդհանրական գործառոյթ, բնական լեզուներու նկատմամբ կը բնորոշուին ամենասերտ մօտիկութեամբ, յատուկ կը ստեղծուին միջազգային հաղորդակցման նպատակով։
Միջազգային արհեստական լեզուները պայմանական լեզուական համակարգեր են. անոնք կը ստեղծուին զատ անհատներու կողմէ։ Արհեստական լեզուներու հարցը մարդիկ մտահոգած է շատ վաղ ժամանակներէն։ Տակաւին անտիկ շրջանին (Նախքան Քրիստոս 3-2-րդ դարուն) հին յունարէնի հիմքի վրայ արհեստական լեզու մը մշակած է Աղեքսանդրիայի դպրոցի նշանաւոր քերական Արիստարքոսը (Դիոնիսիոս Թրակացիի ուսուցիչը)։ Խաչակրաց արշաւանքներուն ժամանակ աբբայուհի Հիլտարկիս փորձած է ստեղծել արհեստական լեզու մը, որով պէտք է հաղորդակցէին եւրոպական պետութիւններու բանակները, որոնք կ՚երթային Երուսաղէմ՝ տիրոջ աճիւնը փրկելու։ Հիլտարկիսի ձեռնարկը անյաջողութեան մատնուած է։ Արհեստական լեզուի իւրացումը կապուած է որոշակի լեզուաիմացութեան մակարդակի հետ ու զինուորներուն մէջ զայն յաջողութիւն չէր կրնար ունենալ։
Արհեստական լեզուներու մշակման հարցը առաւել հրատապ դարձաւ 17-րդ դարուն, երբ աստիճանաբար սահմանափակուեցան լատիներէնի գործառութեան շրջանակները։
1629 թուականին ֆրանսացի գիտնական Ռընէ Տեքարտ մշակեց արհեստական լեզուներու նախագծման տեսութեան հիմունքները։
Արհեստական լեզու մը ստեղծած է նաեւ հայազգի Պօղոս Թընկըր. այդ լեզուն, սակայն, երկար կեանք չէ ունեցած։
19-20-րդ դարերուն ստեղծուեցան այդպիսի լեզուներու հարիւրաւոր նախագծեր, սակայն անոնցմէ քիչերը իրական կեանք ունեցան։
Վոլապիւկ․ Վոլապիւկը 19-րդ դարու առաջին արհեստական լեզուն է, որ դարձած է բանաւոր եւ գրաւոր հաղորդակցութեան համեմատաբար տարածուած միջոց (ստեղծուած է 1879 թուականին՝ Գերմանիոյ մէջ)։ Զայն կը պատկանի արհեստական լեզուներու խառն տեսակին. բնական լեզուներու բառերը (անգլերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն, լատիներէն եւ այլն) կը ձեւափոխուին եւ առաջին հայեացքէն կը դառնան անճանաչելի։ Լեզուն յօրինողները կը փափաքէին զայն դարձնել միջազգային հաղորդակցութեան միջոց։
Էսփերանտօ. Յոյսի լեզու- Արհեստական կառուցուած լեզուներէն աշխարհի մէջ ամենալայն տարածումը գտած է էսփերանտոն եւ արհեստական լեզուներու հաղորդակցական դերի ընդլայնման շրջանը կը սկսի նոյնինքն՝ «էսփերանտօ» լեզուով։ Զայն 1887 թուականին ստեղծած է լեհահրեայ Զամենհոֆ, որու կեղծանունը «Տոքթոր Էսփերանտօ» էր, եւ այդպէս ալ կոչուած է անոր կառուցած լեզուն։ «Էսփերանտօ» ընդհանրապէս կը նշանակէ «յոյս ունիմ» եւ ատոր համար ալ լեզուն կը կոչեն «յոյսի լեզու»։ Զամենհոֆի նպատակն էր ստեղծել պարզ եւ ճկուն լեզու մը, իբրեւ համատարած երկրորդ լեզու, որ կը նպաստէր խաղաղութեան ու միջազգային համերաշխութեան։
Այդ արհեստական լեզուն լայն տարածում ունեցած է Պուլկարիոյ, Վիեթնամի, Ճաբոնի, Լեհաստանի, Սկանտինաւեան երկիրներու, Անգլիոյ, Ռումանիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսաստանի, նոյնիսկ՝ Հայաստանի մէջ։
Հակառակ որ այդ լեզուն ո՛չ մէկ պետութեան կողմէ մինչ օրս ընդունուած է որպէս պաշտօնական լեզու, էսփերանտօ գիտցողներու հանրութեան թուաքանակն է 100 հազարէն մինչեւ 2 միլիոն։ Որոշ տուեալներով, աշխարհի մէջ կայ էսփերանտոյի շուրջ հազար բնածին լեզուակիր։
Այսօր էսփերանտոն կը կիրառուի բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ. ինչպէս՝ որպէս ճանապարհորդական լեզու, մշակութային շփման, հաղորդակցման, գրականութեան եւ այլ լեզուներու ուսուցման համար դիւրին միջոց մը։ Որոշ պետական կրթական համակարգեր կ՚առաջարկեն էսփերանտոյի դասեր, նաեւ կան փաստեր, թէ էսփերանտոյի ուսուցանումը կրնայ օգտակար նախապատրաստում ըլլալ՝ ապագային այլ լեզուներ սորվելու գործին մէջ։
Ալկոլ- 1960 թուականին Փարիզի միջազգային գիտաժողովը ընդունեց ալկոլ արհեստական լեզուն։ Անոր անուանումը յապաւում է մըն է՝ «ալկորիթմ» եւ «լանկուիճ» բառերէն, որ կը նշանակէ «առաջադրանքի լուծման քայլերու յաջորդականութիւն»։ Ալկոլ լեզուն կազմուած է լատինական տառերէ, արաբական թուային համակարգէն, ճշգրիտ նշաններէ (գործողութեան նշաններ, անջատման եւ միացման նշաններ, փակագիծեր եւ այլն), աղիւսակներէ, որոշակի քանակով սպասարկու բառերէ (անգլերէն)։
Արհեստական լեզուները, թէեւ կառուցուած են տրամաբանական սկզբունքով, այնուամենայնիւ երկար կեանք չունին. անոնք չեն կրնար կատարել մարդկային բնական լեզուին յատուկ բազմագործառոյթ դերը. անոնց դերը միայն հաղորդակցման օժանդակ լեզուամիջոց ըլլալն է:
ԲՆԱԿԱՆ ԼԵԶՈՒ
Բնական լեզուի ծագումն ու գոյութիւնը անքակտելիօրէն կապուած են մարդ արարածի յառաջացման հետ։ Լեզու եզրոյթը ունի միմեանց փոխկապակցուած երկու նշանակութիւն.
ա) ընդհանրապէս լեզու՝ որպէս որոշակի նշանային համակարգ եւ
բ) ստոյգ լեզու՝ որպէս ցեղի, ժողովուրդի, ազգի հաղորդակցութեան գործիք, որ կ՚իրացուի որոշակի հանրութեան կողմէ, որոշակի ժամանակահատուածի ընթացքին եւ որոշակի տարածքի վրայ։
Առաջին նշանակութեամբ՝ լեզուն վերացական պատկերացում կու տայ մարդկային լեզուի վերաբերեալ, երկրորդ նշանակութեամբ՝ լեզուն կ՚իրացուի որպէս լեզուի բազմաթիւ դրսեւորումներէն մէկը։ Բնական լեզուն (ի հակադրութիւն արհեստական եւ կենդանական լեզուներու) յատուկ է որոշակի հանրութեան, որ օժտուած է որոշակի լեզուամտածողութեամբ եւ կը ծառայէ անոր որպէս կենդանի հաղորդակցութեան գործիք։
Բնական լեզուի կաղապարները լեզուական նշաններն են, որոնք, տարաբնոյթ դրսեւորումներով հանդերձ, կը ներկայանան իբրեւ համակարգ` լեզուական համակարգ։ Որոշակի լեզուի բնորոշ է որոշակի նշանային համակարգ. այդ նշանները զանազան լեզուներու մէջ տարբեր են, քանի որ իւրաքանչիւր լեզու ունի իր նշանային համակարգը։ Բնական լեզուի նշանները կը սահմանափակուին գործածողներու քանակով եւ կիրառութեան տարածքով. որեւէ լեզուի նշաններ անհասկնալի են այլ նշաններ գործածող լեզուակիրներու։ Բնական լեզուն նշագրուած ձեւով կը պահպանէ տեղեկութիւնն ու զայն կը հաղորդէ, կը փոխանցէ յաջորդ սերունդներուն. ատիկա բնական լեզուի ժառանգականութեան գործառոյթն է։ Բնական լեզուի ժառանգականութիւնը արտացոլուած է հանրութեան գիտակցութեան ծածկագիրերու մէջ, որոնք կը բացայայտուին գիտակցութեան աստիճանական ձեւաւորման հետ միաժամանակ։ Բնական լեզուի ծածկագրի առաւելութիւնը այն է, որ այդ ծածկագիրը լիովին կը բացուի եւ կը դրսեւորուի տուեալ լեզուն կրող հանրութեան սերունդի գիտակցութեան մէջ։ Փորձով ապացուցուած է, որ լեզուական որոշակի ծածկագիր կրող երեխան ուրիշ լեզուական միջավայրի մէջ լիովին չի կրնար իր ընդունակութիւնները դրսեւորել, քանի որ այլ է անոր լեզուական ծածկագրի քարտէսը։
Բնական լեզուի զարգացումը անընդհատ շարունակուող գործընթաց մըն է. զարգացած լեզուն կը բնորոշուի պարզ լեզուական ձեւերու առկայութեամբ, պարզ քերականական կառուցուածքով, որոնք կը բաւարարեն քաղաքակրթութեան արդի մակարդակի հաղորդակցական պահանջները։ Բնական լեզուները կ՚ուղեկցին զանոնք կրող հանրութեան՝ անոր պատմական գոյութեան ողջ ընթացքին, թէեւ կրնան ենթարկուիլ որակական փոփոխութիւններու՝ չդադարելով ծառայել անոնց իբրեւ հադորդակցութեան կենդանի գործիք։ Բնական լեզուները կրնան նաեւ անհետանալ ասպարէզէն եւ դադրիլ հաղորդակցութեան միջոց ըլլալէ, եթէ պատմութեան երեսէն վերանան անով խօսող հանրութիւնները։ Այդպէս անհետացած են բաբելացիները, աքքատները, շումերները եւ, բնականաբար, վերացած են նաեւ անոնց լեզուները` բաբելերէնը, աքքատերէնը, շումերերէնը եւ այլն։
ՓՈԽԱՏՈՒ ԼԵԶՈՒ - Փոխատու կը նկատուին այն լեզուները, որոնց բառային կազմի որոշ միաւորներ կ՚անցնին այլ լեզուներու՝ պայմանաւորուած գրական-մշակութային, տնտեսական, քաղաքական, ռազմական, դիւանագիտական եւ այլ խողովակներով։ Փոխատու լեզուին անցած լեզուական միաւորները կը նկատուին փոխառեալ բառեր։ Փոխառեալ բառերը հայերէնի մէջ զգալի շատ են. հայերէնի բառային կազմի հարստացման մէջ փոխատու լեզուներ կը նկատուին իրանական լեզուները, արաբերէնը, յունարէնը, եւրոպական լեզուները եւ այլն։ Օրինակ՝ իրանական՝ հրեշտակ, հրաման, հրապարակ, հրաւէր, հրաժեշտ, պատգամ, պատասխան, պատմուճան, պատգարակ, պատնէշ, պատուհաս, պատկեր, պարեգօտ, պարտէզ, պարս, պարզ, պարսիկ, պարկեշտ, բանակ, նիզակ, աշխարհ, իշխան եւ ուրիշ շատ այլ բառեր այդ լեզուէն անցած են հայերէնին։
ՓՈԽԱՌՈՒ ԼԵԶՈՒ - Փոխառու կը նկատուին այն լեզուները, որոնք որեւէ այլ լեզուէ փոխ առած են բառեր (կամ բառակազմական կաղապարներ)։ Փոխառու լեզուները անմիջական յարաբերութեան մէջ են փոխատու լեզուներուն հետ. փոխատու լեզուի բառային միաւորները կ՚անցնին փոխառու լեզուին։ Այսպէս, եւրոպական բոլոր լեզուներու մէջ ամսանունները լատինական փոխառութիւններ են (հնչիւնական որոշակի փոփոխութիւններով)։
ՄԻՋՆՈՐԴ ԼԵԶՈՒ - Միջնորդ լեզուները զանազան կարգի մեկնաբանութիւններ ունին։ Անոնք կը ծառայեն մէկ լեզուի բառային միաւորներու փոխանցման՝ մէկ այլ լեզուի. այսինքն՝ մէկ լեզու բառային փոխառութիւն կը կատարէ երկրորդ լեզուէ մը՝ մէկ այլ՝ երրորդ լեզուի միջոցով։
Օրինակ, ռուսերէնի միջոցով հայերէնին անցած են նոր եւ նորագոյն փոխառութիւններ՝ լատիներէնէ յունարէնէ, ֆրանսերէնէ, անգլերէնէ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան