ԲԱՐՁՐ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱԶԳԻ ԵՐԳՉՈՒՀԻ ՇԵՐՆ ՈՒ ԲՆՈՐԴ ԱՇՈՏ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԸ՝ DOLCE&GABBANA-Ի ՀԱՐԹԱԿԻՆ, ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՔՈՅ
Նորաձեւութեան բարձրաճաշակ ցուցադրութիւն մը գրեթէ միշտ կը խօսի բառերէն աւելի զօրաւոր։ Իսկ երբ համաշխարհային նորաձեւութեան հնչեղ անուններէն մին՝ «Dolce&Gabbana» կը ներկայանայ իր մեծաշուք հաւաքածոյով, այդ լեզուն կը դառնայ մշակոյթի, ժառանգութեան ու հաստատուած ոճի կենդանի բեմադրութիւն։
«Dolce&Gabbana»ի այս տարուայ «Alta Sartoria»ի («Բարձր կարուձեւ») ցուցադրութիւնը Հռոմի սիրտին մէջ դարձաւ ո՛չ միայն նորաձեւութեան, այլ նաեւ՝ արուեստի ու պատմութեան միաձուլման տօն։
Իտալական նորաձեւութեան տան այս ցուցադրութիւնը, ի դէպ, ամէն անգամուայ պէս լայն արձագանգներ գտաւ։ Այս անգամ ներկայացուած էր տակաւին տասը տարի առաջ ընկերութեան հիմնած «Alta Sartoria» գիծի նոր, բացառիկ շարքը, որ չի հետեւիր պարզ եղանակային նորաձեւութեան կանոններուն, այլ կը ներկայացնէ վարպետութեան եւ նրբագեղութեան անկրկնելի մակարդակ մը։ Այս գիծը միախառնութիւնն է իտալական արհեստի, ժամանակակից նորարարութեան ու հին աւանդոյթներու եւ կը շարունակէ ամրապնդել իտալական նորաձեւութեան համաշխարհային հեղինակութիւնը։
«Alta Sartoria»ն դարձած է «Dolce& Gabbana»ի ամենաշքեղ եւ ամենահեղինակաւոր գիծերէն մէկը։ Սկզբնապէս ան նախատեսուած էր բացառապէս տղամարդոց համար։ Սակայն այսօր ան ընդգրկած է երկու սեռերու համար նախատեսուած եզակի հագուկապ։
Այս տարուան յուլիսի կէսերուն, Հռոմի մէջ, «Dolce&Gabbana» նորաձեւութեան տունը կազմակերպեց երկու բարձր մակարդակի մշակութային միջոցառումներ, ուր ներկայացուեցան թէ՛ կիներու, թէ՛ տղամարդոց համար պատրաստուած նոր հաւաքածոներ։ Ցուցադրութիւնները կայացան քաղաքի երկու խորհրդանշական վայրերու մէջ՝ շքեղ բեմադրութիւններով, գեղարուեստով եւ պատմական յղումներով, որոնք մարմնաւորեցին «Dolce&Gabbana»ի վեհանձն ոճն ու նոր ժամանակներու նորաձեւութեան ոգին։
Կիներու համար նախատեսուած հաւաքածոն ոգեշնչուած էր իտալական մշակոյթէն, շարժանկարէն եւ արուեստէն։ Հանդերձանքները կ՚առանձնանային խրթին միացումներով՝ թաւիշ, մետաքս, խճճուած ասեղնագործութիւններ, զարդարուն նախշեր ու ցայտուն գոյներ, որոնք կը վկայեն կնոջ ներքին ուժին, նրբութեան ու նորաձեւ ինքնութեան մասին։
ՇԵՐԸ՝ ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ԳԱԳԱԹՆԱԿԷՏԻՆ
Միջոցառման բացման հանդիսութեան ելոյթ մը ունեցաւ հայկական ծագումով ամերիկացի երգչուհի եւ դերասանուհի Շերը՝ Շերլին Սարգիսեանը։ Ան դարձաւ «Alta Moda»ի առանցքային գագաթնակէտերէն մէկը ո՛չ միայն իբրեւ հիւր, այլեւ՝ որպէս մշակութային խորհրդանիշ, որ միաձուլեց երաժշտութիւնը, շարժապատկերը եւ նորաձեւութիւնը միաժամանակ։
Հռոմի հին հատուածի գլխաւոր փողոցի՝ նշանաւոր Via Sacra-ի վրայ Շերը կատարեց իր նշանաւոր երգերէն, որոնք գեղարուեստօրէն համադրուեցան «Dolce&Gabbana»ի բեմադրած պատմամշակութային մթնոլորտին հետ։ Բեմին վրայ ան փոխեց բազմաթիւ հանդերձանքներ՝ կանաչափայլ ու ոսկեզօծ զգեստներէն մինչեւ սեւ եւ ճերմակ երանգներով թատերական հագուստներ, շիկահեր ու սեւ մազերով կեղծամներ, սեղմիրաններ եւ լայն կարճավարտիքներ․․․ Անոր ներկայութիւնը վերածուեցաւ թատերական մագնիսական դաշտի, ուր երաժշտութիւնը միաձուլուած էր զգեստին հետ։
Ելոյթէն ետք՝ 79-ամեայ Շերը ընկերութեան շքեղ զարդերով միացաւ գլխաւոր ցուցադրութեան՝ իր 39-ամեայ զուգընկերոջ կողքին։
Տոմենիկօ Տոլչէն՝ նորաձեւութեան այս ընկերութեան հիմնադիրներէն մէկը, Շերի ներկայութիւնը գնահատեց այսպէս. «Շերը ոչ միայն ելոյթ ունեցաւ. ան իր հետ բերաւ հին ու նոր աշխուժութիւն, զոր կը տենչայ նորաձեւութիւնը»։
Փոփի առասպելական թագուհին այս ելոյթով անգամ մը եւս ապացուցեց, որ ոճն ու պայծառութիւնը տարիք չեն ճանչնար։ Ան շողարձակ էր իր շարժումներով, հայեացքով եւ վառ ինքնավստահութեամբ. նորաձեւութիւնը վերածած էր կեանքի, ապրելու տենչի եւ իր այդ տարիքէն ետք՝ տակաւին նոր բեմեր նուաճելու մարտահրաւէրի։
Իբրեւ հայազգի, ամերիկացի, եւ միջազգային փոփ մշակոյթի դէմք, Շերը կը մարմնաւորէ «Alta Moda»ի ճշգրիտ էութիւնը՝ միաձուլումը հինի եւ նորի, արեւելքի եւ արեւմուտքի, աւանդականի եւ ժամանակակիցի։ Իր կատարումը երաժշտականէն զատ խորքին մէջ պատկերային նշանաբան մըն էր այս ցուցադրութեան ոգիէն ներս։
ԱՇՈՏ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆԸ
Տղամարդոց ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Հռոմի պատմական Քաստել Սանթ Անճելոյի պատմական կամուրջին վրայ, ուր ժամանակը կարծես կանգ առած էր։ Հաւաքածոյին գերակշռող ոճը ոգեշնչուած էր վատիկանական արարողակարգային շքեղութենէն։ Հանդերձանքներու շարքին առանձնացաւ հայազգի բնորդ Աշոտ Գրիգորեանը՝ Հայաստանի Վանաձոր քաղաքը ծնած, Ֆրանսա բնակող երիտասարդ մը, որ իր ներկայութեամբ եւ կերպարով դարձաւ երեկոյթի ամենատպաւորիչ հերոսներէն։ Ան մեծցած է Լիոնի մօտակայքը եւ ընդամէնը 24 տարեկան է։ Այս հաւաքածոյի ցուցադրութեան զտումին մասնակցած են շուրջ երեք հազար տղայ, որոնցմէ զատուած են հարիւրը։ Աշոտ Գրիգորեան յայտնուած է հարիւրին մէջ, ինքն ալ չպատկերացնելով, որ կը յայտնուի ամենանշանաւոր ընկերութիւններէն մէկուն ցանկին մէջ։ Նորաձեւութեան տիպար ըլլալը իր երազանքը չէ եղած, ան յայտնած է, որ ուսումով կը զբաղէր եւ հետաքրքրուած էր նաեւ բռնցքամարտով։ Սակայն ընկերային ցանցերու վրայ նկատուած է իբրեւ նորաձեւութեան տիպարներուն բնորոշ արտաքին ունեցող մէկը եւ զանազան տեղերէ հրաւիրուած։
Աշոտ Գրիգորեան ներկայիս համագործակցութիւններ ունի «Williams Agency», «Wilhelmina», «Boom Model Agency» եւ «Wayf Hamburg» միջազգային գործակալութիւններու հետ եւ միաժամանակ իտալական «I՚M BRAIN» ապրանքանիշի դէմքն է։
«Dolce&Gabbana»ի ցուցադրութեան Աշոտ Գրիգորեանի բեմական ներկայութիւնը դարձաւ ո՛չ միայն նորաձեւութեան, այլեւ՝ ազգային ինքնութեան հպարտ ներկայացում։ Հայկական մամուլը արձագանգեց այս իրադարձութեան եւ նշեց, որ ան, իբրեւ հայ տիպար, բարձր նորաձեւութեան այս աստիճանի բեմին վրայ դարձաւ մշակոյթի ու համարձակութեան կենդանի խորհրդանիշ։ Հայ երիտասարդութիւնը նոր իրականութիւն մը տեսաւ եւ հաւատաց, որ նուիրուածութիւնը, ճաշակը եւ ինքնութիւնը սահմաններ չունին, երբ կ՚ուղեկցուին յամառութեամբ եւ ոճով։
Ցուցադրութեան Աշոտ Գրիգորեան կրեց սեւ թաւշեայ հանդերձանք՝ ոսկեզօծ նախշերով, ձեռագործ ասեղնագործութիւններով, ցուցադրական ծոպերով եւ խաչկախազարդով եւ անոր մարմնաւորած կերպարը կարծես եկած էր հեռու աշխարհէ մը։
Այս տարուայ տղամարդոց հաւաքածոյին մէջ ընդգծուած էին Վատիկանի, Կաթոլիկ եկեղեցիի եւ եկեղեցական արարողակարգերու շքեղ ոճէն ներշնչուած տարրեր։ Շատ հանդերձանքներ կը նմանէին պապական կամ բարձր հոգեւորականներու տօնական հանդերձներուն՝ ոսկեզօծ ասեղնագործութեամբ, արարողակարգային կիսաբաճկոններով եւ սրբապատկերներու նման զարդարանքներով։
Գոյութիւն ունէին բեմադրուած տեսարաններ, ուր պարոք եւ հռոմէական եկեղեցական ճարտարապետութեան մօտեցումով ներկայացուած էին բարձր պատուհաններու նման յարդարանքներ։
Աշոտ Գրիգորեանի զգեստն ալ կը կրէր Վատիկանի արարողակարգային շքեղութեան ազդեցութիւնը, որ կրօնական եւ գեղարուեստական համադրութիւն մըն էր։
«Alta Sartoria»ի հաւաքածոները ընդհանրապէս կը միաձուլեն իտալական արհեստագործութեան, պատմութեան ու մշակոյթի շերտերը։ Տոմենիկօ Տոլչէն եւ Ստեֆանօ Կապպանան՝ տան ձեւագէտները, կը խաղան պարոքի ճոխութեան, սիկիլիական ժառանգութեան, կրօնական խորհրդանիշներու եւ կայսերական Հռոմի կոթողային ոգիին հետ։
Շատեր յաճախ հարցում կ՚ընեն, թէ ինչո՞ւ «Dolce&Gabbana» կը գործածէ կրօնական նիւթը, նկատի առնելով, որ ընկերութիւնը իր ստեղծագործական ոգեշնչումին մէջ բազմիցս վերադարձած է կրօն, սրբապատկերներ, սիկիլիական ժողովրդական հաւատալիքներ եւ աւանդական կաթոլիկ պատկերագրութիւն։ Ընկերութիւնը կը դիտէ այս խորհրդանիշները ո՛չ միայն իբրեւ հաւատքի արտայայտութիւն, այլ նաեւ՝ իբրեւ մշակութային ժառանգութիւն, որ գեղեցկութիւն եւ խորհրդաւորութիւն կը հաղորդէ իրարու միախառնուած հին ու նորին։
Հաւաքածոյին զգեստները կը պատրաստուին թաւշեայ, մետաքսէ եւ ժաքարտեայ գործուածքներով, ձեռագործ ասեղնագործութիւններով, ոսկեզօծ մանրամասներով ու պատմական պատկերներով։ Ամէն հանդերձ ամբողջութեամբ կը ձեւուի իտալացի արհեստաւորներու ձեռքով՝ միաձուլելով ճշգրտութիւն, ոճ եւ պատմական խորք։
Նորաձեւութեան մեկնաբանները «Alta Sartoria»ի իւրաքանչիւր հանդերձանք կ՚ընկալեն իբրեւ շարժող պատկեր մը՝ պատմութեան եւ ոճի զուգահեռ աշխարհ։ Ի տարբերութիւն զանգուածային արտադրութեանց, այստեղ ամէն կտոր կը պատրաստուի առանձնակի մտածումներով, յաճախ՝ ոգեշնչուած պատուիրատուին ինքնութենէն, կենսագրութենէն, նախասիրութիւններէն։ Անիկա միայն զգեստ չէ՝ այլ զարդարուած արտայայտութիւն մը անհատականութեան, ազգային պատկանելութեան կամ մշակութային ժառանգութեան։
Ձեռքի աշխատանքը միշտ առանցքային է. մետաղական թելերը, մանրիկ քարիկները, ուլունքները, մանրանկարային խնամքի արտայայտութիւնն են՝ ամենավառ մանրամասներով։
«Alta Sartoria» հաւաքածոյին ցուցադրութիւնները միշտ կը կայանան իտալական պատմական վայրերու մէջ՝ թանգարաններու, պալատներու, անթիք թատրոններու։ Միջոցառումները կը վերածուին մշակութային-թատերական արարողութիւններու, որոնց ներկայ կ՚ըլլան հռչակաւոր հիւրեր, ձեռնարկատէրեր, պալատականներ, արեւելքի բարձրաշխարհիկ գնորդներ։
Հաւաքածոն ալ նախատեսուած է բացառապէս նեղ շրջանակի՝ միլիոնատէրերու, արքայական ընտանիքներու եւ համաշխարհային աստղերու համար։ Ամէն հանդերձ կը ստեղծուի անհատական պատուէրով եւ չունի հանրային գին․ անոնց արժէքը կրնայ հասնիլ տասնեակ, երբեմն՝ հարիւր հազարաւոր եւրոյի։ Այս հագուստները կը խօսին անոնց անունով, որոնք կրնան եւ կը համարձակին կրել իրենց մէջ ժամանակը՝ ոճով, արժանապատուութեամբ եւ խնամքով։
Այս գիծով «Dolce&Gabbana» կը ձգտի ո՛չ միայն պահպանել, այլ փառաբանել իտալական դերձակագործութեան հարուստ աւանդոյթը՝ վերածելով զայն արդի նորաձեւութեան գեղարուեստական խորհրդանիշի։
«Alta Sartoria»ն սոսկ նորաձեւութեան հաւաքածոյ մը չէ․ ան խորքային հրաւէր մըն է մտնելու ժամանակի շերտերուն մէջ՝ ուր իւրաքանչիւր զգեստ կը խօսի իբրեւ պատմութիւն, իբրեւ ինքնութիւն, իբրեւ մարդու մը ոճային արձագանգ։ «Dolce& Gabbana»ի այս ձեռագրով նորաձեւութիւնը դուրս կու գայ դրամասիրական դարձուածքէն՝ վերածուելով մշակութային վկայութեան, ուր մարդը կը ներկայացուի իբրեւ ընթացիկ միտումէ անկախ, ներշնչուած, պատմութիւն կերտող դէմք։
Այսպէսով, այս ամառ Հռոմը կրկին դարձաւ նորաձեւութեան կեդրոն, միաժամանակ՝ յիշողութեան ու ոճի վերածնունդի խորհրդանիշ։
«DOLCE&GABBANA»Ի ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԴԻՄԱՆԿԱՐԸ
Տոմենիկօ Տոլչէն եւ Ստեֆանօ Կապպանան ծնած են Իտալիոյ մէջ՝ 1950-ական եւ 1960-ական թուականներուն։ Երկու անհատականութիւններն ալ իրենց պատանեկան տարիները անցուցած են Միլանոյի ծայրամասային թաղամասերուն մէջ։ Այդ ժամանաշրջանը խառն էր համընդհանուր փոփոխութիւններու, երաժշտութեան եւ արուեստի նոր ուղղութիւններու առումով, որ անմիջական ազդեցութիւն ունեցած է երկուքի ալ ստեղծագործական ու հոգեբանական զարգացումներուն վրայ։
Տոմենիկօ Տոլչէն փոքր հասակէն սիրած է նորաձեւութեան աշխարհը։ Ան ուսանած է Միլանոյի Ձեւագիտութեան դպրոցին մէջ, ուր ծանօթացած է զանազան գեղագիտական դպրոցներու եւ միջոցներու։ Ստեֆանօ Կապպանան իր հետաքրքրութիւնը եւ վարպետութիւնը կատարելագործած է իտալական հիւսուածքային եւ կարուձեւի ոլորտին մէջ։
Անոնց ճանապարհները հատած են 1980-ականներուն սկիզբը, երբ իրենց առաջին աշխատանքներուն սկսած էին Միլանոյի նորաձեւութեան փոքր դերձակատուներուն մէջ։ Տոլչէն եւ Կապպանան շատ շուտ հասկցան, որ իրենց համագործակցութիւնը կրնայ վերածուիլ բեկումնային եւ հսկայական յաջողութեան եւ արագ գործեցին՝ համատեղ ծրագիրներ ներկայացնելով նորաձեւութեան աշխարհին։ Անոնց նպատակն էր իտալական նորաձեւութեան վերաբերող հին աւանդութիւններն ու գեղագիտական արժէքները մէկտեղել ժամանակակից, համաշխարհային խոշոր շուկայի յարմարեցուած ոճին հետ։
1985 թուականին անոնց հիմնած «Dolce &Gabbana»ն դարձաւ նոր շունչ, որ ջերմացուց իտալական նորաձեւութեան շուկան։ Անոնք իրենց ստեղծագործութեամբ աւելի շուտ կը խօսէին ո՛չ թէ զգեստի, այլեւ՝ մարդու հոգեկան, սեռական ինքնութեան, անկեղծութեան, համարձակութեան եւ մշակութային արմատներու մասին։ Իրենց առաջին հաւաքածոները ցուցադրելով՝ շուտով հաստատեցին նոր ուղղութիւն մը, որուն մէջ երեւցան խիտ ասեղնագործութիւնները, ակնառու գոյները, ծաղկային ու այլ նախշերը եւ իտալական հարուստ ժառանգութիւնը։
Անոնք կը ջանան նորաձեւութեան կարճատեւ միտումներէն անցնիլ եւ ստեղծել զգայական եւ պատմական կապերով հարուստ իրեր, որոնք ո՛չ միայն արտաքին ձեւ ունին, այլեւ՝ ներքին, պահուած իմաստ մը։
Սիկիլիոյ ժողովրդական պատկերները, կրօնական խորհրդանիշները, կայսերական եւ պարոքի տարրերը միշտ ներկայ են այս նորաձեւութեան մէջ։ Երկու սերտ ընկերոջ ստեղծած հագուստները իտալականին հետ կը ներկայացնեն նաեւ համաշխարհային մշակոյթի բարդ ու գեղեցիկ կողմերը։
Տոլչէի եւ Կապպանայի ընկերութիւնը ծնած է սիրով եւ համատեղ ձգտումներով, ինչ որ զանոնք դարձուց նորաձեւութեան պատմութեան մէջ ամենանշանաւորներէն։ Առաջին տարիներուն զոյգը դժուարութիւններու բախած է, սակայն իր համարձակութեամբ ու նուիրուածութեամբ յաջողած է ստեղծել անուն։ Անոնք նաեւ զգայական կապով կապուած էին իրարու, սիրահարներ էին, այժմ, ըստ լուրերու, միայն գործընկերներ են եւ կը շարունակեն միասնաբար կերտել նորաձեւութեան ժամանակակից պատմութիւնը՝ ըլլալով Իտալիոյ ամենահարուստ մարդոցմէ երկուքը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան