ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ. ՆՈՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

21-րդ դարը նշանաւորուեցաւ արագ զարգացող արհեստական բանականութեամբ, որ կը ներթափանցէ մարդկային կեանքի ամէն գետնի մէջ՝ առողջապահութենէն մինչեւ քաղաքականութիւն, կրթութենէն մինչեւ արուեստ։ Այժմ, երբ արհեստական բանականութիւնը սկսած է ստեղծագործել, կը ծագի հարցում մը. կրնա՞յ արդեօք մեքենան արուեստ ստեղծել։ Եթէ այո, ապա այդ արուեստը ի՞նչ արժէք ունի։

Վերջին տարիներուն, GPT, DALL-E, Midjourney եւ նման մոտելները սկսած են պատկերներ, նկարներ, տեսանիւթեր, բանաստեղծութիւններ, երաժշտութիւն եւ գրականութիւն արտադրել։ Այս գործիքները սովորաբար կը գործեն մեծածաւալ տուեալներու վրայ հիմնուած՝ վերլուծելով անցեալի արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները եւ նոր համադրութիւններ առաջարկելով։ Արդիւնքը կրնայ ըլլալ զարմացուցիչ, նոյնիսկ ոգեշնչիչ։

Օրինակ՝ արհեստական բանականութեամբ ստեղծուած կտաւ մը ցուցադրուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ եւ վաճառուեցաւ 432 հազար 500 տոլարի։ Այստեղ հարցը ո՛չ միայն այն է, թէ այդ գործը գեղեցի՞կ է, այլ՝ արդեօք կարելի՞ է մեքենայ մը արուեստագէտ կոչել։

Արուեստը աւանդաբար կապուած է մարդկային զգացումներուն, փորձառութեան, ենթագիտակցութեան եւ մշակոյթի հետ։ Երբ արհեստական բանականութիւնը սկսած է այս ոլորտին ներգրաւուիլ, փորձագէտներ սկսած են քննարկել՝ «ի՞նչ կը նշանակէ ստեղծագործել», «կրնա՞յ արհեստական բանականութիւնը ունենալ ներշնչում», «արդեօք պէ՞տք է արհեստական բանականութեան արտադրածը համարել արուեստ»։

Ոմանք կը պնդեն, որ առանց մարդկային յուզական ներգրաւուածութեան, արուեստը կը կորսնցնէ իր իմաստը։ Իսկ ուրիշներ կը յայտնեն, որ արուեստի նպատակը միայն զգացումներ փոխանցելը չէ, այլեւ մտքեր, ձեւեր եւ նոր հեռանկարներ առաջարկելը, ուր արհեստական բանականութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ։

Արհեստական բանականութեան արուեստի ոլորտին մէջ ներգրաւումը կը բարձրացնէ նաեւ բազմաթիւ էթիքական հարցեր։ Որո՞ւ կը պատկանի ստեղծուած գործը. ծրագրաւորողի՞ն, ալկորիթմը գրած ընկերութեա՞ն, թէ գործի հրահանգները տուած անհատին։ Արհեստական բանականութիւնը կրնա՞յ առանց արտօնութեան պատճէնել այլ արուեստագէտներու ոճը։ Պէ՞տք է արդեօք օրէնքներ սահմանել արհեստական բանականութեամբ ստեղծուած արուեստի համար՝ հեղինակային իրաւունքներու կամ մրցակցութեան գծով։ Այս հարցերը տակաւին կը մնան անպատասխան եւ կը պահանջեն միջազգային միասնական քննարկում։

Արհեստական բանականութիւնը սովորաբար սնուցուած է հիմնականին մէջ արեւմտեան մշակոյթի նիւթերով։ Արդեօք կարելի՞ է յառաջ բերել արուեստի գործ մը, որ արտայայտէ հայ մշակոյթը, մեր լեզուն, մեր պատմութիւնը։ Թէպէտեւ այսօր գոյութիւն ունին փորձեր հայերէնով ձեւեր մշակելու, սակայն անոնց մէջ կան սահմանափակումներ։ Ապագային, երբ մենք սնուցենք արհեստական բանականութիւնը հայկական գրականութեամբ, երգերով, նկարներով՝ ան կրնայ դառնալ ո՛չ միայն գործիք, այլեւ՝ մշակութային ժառանգութեան նորաձեւ կրող մը։

Արհեստական բանականութիւնը եւ արուեստը կը գտնուին բարդ, բայց խոստմնալից երկխօսութեան մէջ։ Արհեստական բանականութիւնը կրնայ օգնել արուեստագէտներուն՝ բացայայտելու նոր ձեւեր, վերափոխելու ստեղծագործութեան ընթացքը եւ նոյնիսկ ոգեշնչելու մարդկային մտքէն անդին երեւակայութիւն։ Սակայն, տակաւին վիճարկելի կը մնայ զայն ամբողջովին համազօր համարել մարդկային արուեստին։

Ապագան պէտք է ձգտի ո՛չ թէ փոխարինել մարդ արարածը, այլ համատեղել մարդուն հանճարն ու մեքենայի կարողութիւնները՝ ստեղծելու իսկապէս նոր, խորիմաստ եւ համամարդկային արուեստ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 21, 2025