«PLURIBUS». ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՄԱՐԴՈՒ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԻԼՔ

«Pluribus» հեռուստաշարքը վերջին տարիներուն ստեղծուած ամենայատուկ ու խորիմաստ գեղարուեստական գործերէն մէկն է։ Ան չի սահմանափակուիր սովորական հոսքով, այլ հանդիսատեսը կը ներգրաւէ բազմաշերտ աշխարհի մը, ուր անհատականութիւնը, հաւաքական գիտակցութիւնը եւ ժամանակակից ընկերային ճնշումները կը բախին իրարու՝ ստեղծելով խիտ, երբեմն ալ տագնապալի մթնոլորտ մը։

Հեռուստաշարքը առաջին հայեացքով կրնայ թուիլ երեւոյթներու բազմութիւն մը ներկայացնող պատմութիւն, սակայն, ներքին կառուցուածքով ան խորքային փիլիսոփայական քննարկում մըն է․ ի՛նչ կը նշանակէ մարդ ըլլալ ժամանակակից դարուն, ուր տեղեկութիւնը, ինքնութիւնները եւ փորձառութիւնները կը բազմապատկուին արագութիւններով եւ երբեմն կը գերազանցեն մարդկային մտքի սահմանները։

«Pluribus»ի առանցքը կը կազմէ այն հարցումը, թէ մարդը որքա՞ն ինքնավար է իր ընտրութիւններուն մէջ։ Հեռուստաշարքը կը շեշտէ, թէ անհատը երբեք չի գործեր ամբողջովին իր շրջապատէն խզուած․ ընկերային ցանցերը, քաղաքական շարժումները, արհեստական բանականութեան ներուժն ու վտանգները՝ բոլորը կը ձեւաւորեն մեր մտածողութիւնը, նոյնիսկ երբ կը կարծենք, թէ մեր որոշումները բացառապէս անձնական են։

Հեռուստաշարքը կը յայտնուի իրականութեան ներկայացումով՝ մէկտեղելով մարդկային պատմութիւններ. ինչպէս՝ ընկերային հոսանքներ, որոնց ազդեցութիւնը անխուսափելի է։ Այս իմաստով, «Pluribus»ը ժամանակակից «բազմակի ես»ին մասին պատմութիւն մըն է․ան կը ներկայացնէ, թէ մարդը ինչպէ՛ս կրնայ տարօինակ կերպով դառնալ ինքն իր կողքին ապրող ուրիշներու արտացոլումը։

Թէեւ հեռուստաշարքը յաճախ կը դիմէ խորհրդանշական պատկերներու եւ բարդ խօսակցութիւններու, բայց դերասանական խաղը դիտողը կը պահէ իրականութեան հողի վրայ․ կերպարները իրաւացի, իսկ դիմագիծերը՝ վերլուծելի։

Բեմադրիչը յաճախ կը գործածէ նրբագեղ անցումներ, մեթաֆորիք գոյներ եւ երկվայրկենային դրուագներ՝ ներկայացնելու համար մարդկային գիտակցութեան բեկորները։ Այս գեղեցկագիտական մօտեցումը հեռուստաշարքին կու տայ գրեթէ գրական բնոյթ մը՝ իւրաքանչիւր դրուագը դարձնելով հոգեբանական մենախօսութեան տեսողական ձեւի։

«Pluribus»ի կարեւոր առանձնայատկութիւններէն մէկը իր ունակութիւնն է նոյնաժամանակ քննարկելու բազմաթիւ նիւթեր՝ առանց անոնցմէ եւ մէկը գերակշռելու։ Ինքնութեան ճգնաժամ, որ կը յառաջանայ աշխարհագրական ու մշակութային արագ փոփոխութիւններէ։ Մարդկային յարաբերութիւններու փխրունութիւնը, յատկապէս անոնք, որոնք կը կազմուին համացանցային հարթակներու վրայ։ Յիշողութեան քաղաքականացումը, այսինքն՝ պատմութեան ընտրովի ներկայացումը եւ անոր ազդեցութիւնը մեր նիւթական ու բարոյական իրականութեան վրայ։

Այս բոլոր նիւթերը կը միախառնուին գեղեցիկ կերպով, առանց երբեք դիտողները կորսնցնելու։ Արդարեւ՝ հեռուստաշարքը միշտ կը մնայ ուղղորդուած եւ դիտողը յաճախ ինքզինք կը վերագտնէ հերոսներու տագնապներուն մէջ։

Ընդհանուր առմամբ «Pluribus» հեռուստաշարքը արուեստական ստեղծագործութիւն մըն է.ան փիլիսոփայական, հոգեբանական եւ արուեստական յանդուգն փորձ մըն է հասկնալու այն խորունկ փոփոխութիւնները, զորս կը դիմագրաւէ մարդկութիւնը։ Յաճախ մութ, երբեմն հեզ, բայց միշտ խորք ունեցող այս ստեղծագործութիւնը հանդիսատեսը կը հրաւիրէ հարցնելու, թէ ո՞վ է ինք, ո՞ր աշխարհին մէջ կ՚ապրի եւ ի՞նչ կերպով կրնայ ազատ մնալ այն ժամանակաշրջանին մէջ, ուր ամէն բան կը բազմապատկուի՝ մարդն իսկ ներառեալ։

«Pluribus»ը ժամանակակից աշխարհին մէջ կարելի է ընդունիլ որպէս ուժեղ մտային փորձառութիւն մը, որ կը թելադրէ ո՛չ թէ պատմութեան զարգացումներու հետեւիլ, այլ մտնել մտահոգիչ գաղափարախաղի մը խորքը։ Հեռուստաշարքը շեշտուած կերպով կը շաղկապէ անձնական պատմութիւնները համակարգային ուժերու հետ՝ բանալով դռներ, որոնք սովորաբար փակ կը մնան հանրային մտքին մէջ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 21, 2025