ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԱՊՐԻԼ ԱՄՍՈՒԱՅ ՀԱՄԱՐ․ «ՉԿԱՅ ԱՅՆ ԱՍՏԻՃԱՆ ԱՂՔԱՏ ՄԷԿԸ, ՈՐ ՉՈՒՆԵՆԱՅ ՏԱԼԻՔ ԲԱՆ ՄԸ»

Անուանի հոգեւորական Հենրի Ճ.Մ. Նուընի «Ճանապարհորդութեան հացը․ Ճառագայթումներ տարուան իւրաքանչիւր օրուան համար» հատորը խորհրդածութիւններ ունի տարուայ բոլոր օրերուն համար։ Հայերէնի թարգմանած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար արքեպիսկոպոս Աշգարեան եւ գրեթէ հայացուցած անուանի հոգեւորականի նոյնքան նշանաւոր գիրքը, որ լոյս տեսած է 1996 թուականին եւ տարածուած աշխարհով մէկ։ Հայերէն թարգմանութիւնը հրատարակուած է 2024 թուականին՝ Հալէպ, Սուրիոյ Սուրբ Գրոց ընկերութեան համագործակցութեամբ։

Կը ներկայացնենք գիրքի խորհրդածութիւններէն՝ նախատեսուած ապրիլ ամսուայ համար։

ԱՄՕԹԽԱԾՈՒԹԵԱՆ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆԸ

Տարբեր գեղեցկութիւն մը ունի ամօթխածութիւնը, թէեւ ան մեր կեանքին մէջ իբրեւ առաքինութիւն նկատի չէ առնուած: Ընդհակառակը, կը քաջալերեն մեզ ըլլալ «համարձակ», ուղիղ նայիլ մարդոց աչքերուն մէջ եւ ըսել մեր մտածածը եւ կիսել անոնց հետ մեր կեանքի զանազան փորձառութիւնները՝ առանց շիկնելու:

Բայց տուեալ բացայայտ խոստովանութիւնը կրնայ շուտով ձանձրացուցիչ դառնալ, որ կը նմանի անստուեր ծառերու: Ամօթխած մարդիկ ունին երկար շուքեր, ուր անոնք իրենց հոգեկան գեղեցկութեան մեծ մասը հեռու կը պահեն ոտնձգութիւններէ: 

Ամօթխած մարդիկ մեզի կը յիշեցնեն կեանքի խորհուրդը, որ ո՛չ բացորոշ կ՚արտայայտուի, ո՛չ ալ կը մեկնուի: Անոնք մեզ կը հրաւիրեն վերաբերմունքի եւ յարգալից ընկերային յարաբերութեան եւ լուռ սիրով իրարու հետ միասին ըլլալու միութեան մը:

ՏԱԼՈՒ ԵՒ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ԱՐԺԱՆԻՔԸ

Չկայ այն աստիճան աղքատ մէկը, որ չունենայ տալիք բան մը եւ չկայ հոգեպէս այնքան հարուստ մէկը, որ բանի մը կարօտ չըլլայ: Այս միտքը գործի կը մղէ յանուն խաղաղութեան պայքարող մարդիկը։ Խաղաղութեան մասին մտածելը ի զուր է, այնքան ատեն որ աշխարհը բաժնուած է երկու մասի՝ անոնք որոնք կու տան եւ անոնք որոնք կը ստանան։

Մարդկային մեծագոյն արժանիքը տալու եւ ստանալու մէջ կը կայանայ: Ասիկա իրողութիւն մըն է ո՛չ միայն անհատներու համար, այլ նաեւ ազգերու, քաղաքակրթութիւններու եւ առաւելապէս կրօնական ընկերութիւններու համար: Խաղաղութեան ճշմարիտ տեսիլքը փոխադարձ շարունակականութիւն մը կը գտնէ տալուն եւ ստանալուն մէջ: Ուստի, երբեք չտանք առանց իւրովի հարց տալու, թէ ի՞նչ կը ստանանք փոխարէնը, նաեւ ոչինչ չստանանք առանց հարց տալու մենք մեզի, թէ ի՞նչ ունինք տալու անոնց, որոնցմէ մենք կը ստանանք:

ՍՏԱՆԱԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Ստանալը յաճախ աւելի դժուար է քան տալը: Տալը շատ կարեւոր է. ուսուցանել, ուղղութիւն տալ, յուսադրել, քաջալերել, խրատել, խրախուսել, նիւթապէս օգնել, նեցուկ կանգնիլ եւ ամենակարեւորը՝ ամբողջութեամբ տրուիլ: Առանց տալու չկայ մարդկային բնական փոխյարաբերութիւն:

Բայց, ստանալն ալ նոյնքան կարեւոր է, որովհետեւ ստանալով է, որ մենք մեզի բան մը վստահողներուն կը յայտնենք, թէ անոնք շնորհք մը եւ պարգեւ մը պարտական են մեզի: Երբ կ՚ըսենք. «Շնորհակալ եմ, որ յուսադրեցիր զիս, շնորհակալ եմ, որ նպատակադրեցիր զիս, շնորհակալ եմ, որ քաջալերեցիր, որպէսզի շարունակեմ ապրիլ», այս ձեւով վարուողները կը զգաստացնենք իրենց թանկագին պարգեւին համար:

Երբեմն սոսկ ստացողին աչքերուն մէջ նայելով՝ տուողը կը գտնէ ու կը յայտնաբերէ իր շնորհները:

ԿԱԽԵԱԼ ԸԼԼԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐՁԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երբ մէկը ժամացոյց մը նուիրէ մեզի եւ մենք չգործածենք զայն, այդ նուէրը իսկապէս ընդունուած չի սեպուիր: Երբ մէկը գաղափար մը տայ մեզի եւ մենք չընդառաջենք անոր, անոր տուածը ճշմարտապէս ընդունուած չի սեպուիր: Երբ մէկը մեզ ընկերոջ մը հետ կը ծանօթացնէ եւ երբ մենք կ՚անտեսենք զայն, ան ինքզինք գնահատուած չի զգար:

Ընդունիլը արուեստ է, այսինքն՝ թոյլ տալ ուրիշին մաս ունենալ մեր կեանքին մէջ: Այլ խօսքով, որոշ չափով կախեալ ըլլալ իրմէ: Ասիկա կը պահանջէ ներքին համարձակութիւն մը ըսելու, թէ «Առանց քեզի ես պիտի չըլլայի այն՝ ինչ որ եմ հիմա»:

Հետեւաբար, սրտանց ընդունիլը սիրոյ եւ հեզութեան արտայայտութիւն մըն է: Կան մարդիկ, որ խորապէս վիրաւորուած են, որովհետեւ իրենց տուած նուէրը ըստ արժանւոյն չէ գնահատուած: Ուստի, եկէք արժանի ընդունողներ ըլլանք:

ԽՈՐԱՊԷՍ ԱՐՄԱՏԱՆԱԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԷՋ

Բարձրաձիգ ծառերը խոր արմատներ կ՚ունենան: Իսկ երկնասլաց գագաթները առանց ստուար տարածութիւններու վտանգաւոր են: Աշխարհիս մեծագոյն առաջնորդները, հակառակ իրենց ժողովրդականութեան, ազդեցութեան եւ զօրութեան, շնորհիւ իրենց խորունկ ոգեկանութեան, անոնք ապրած են բացարձակ խոնարհութեամբ։

Առանց խոր արմատներու, շուտով մեր ոչնչութիւնը երեւան կ՚ելլէ: Իսկ երբ մեր հռչակին կը կառչինք, կը կորսնցնենք մեր ինքնութեան իմաստը: Այլոց կարծիքներուն կառչիլը ցոյց կու տայ մեր մակերեսայնութիւնը, որով չենք կրնար երկար դիմադրել: Ասիկա կը նշանակէ, թէ մենք մեր կարելին կ՚ընենք՝ փաղաքշանք ու պատիւ մուրալով՝ շարունակելու մեր կեանքը:

Անոնք, որոնք խորապէս արմատացած են Աստուծոյ սիրոյն մէջ, ազատօրէն կրնան վայելել մարդոց փառաբանանքը, առանց անոնց կառչած ըլլալու:

ԸԼԼԱԼ ԽՈՆԱՐՀ ԵՒ ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀ

Երբ կը նայինք աստղերուն եւ մեր երեւակայութեամբ կը շրջինք մոլորակներու շուրջ, այն ատեն կը զգանք մեր սահմանաւորութիւնն ու ոչնչութիւնը, եւ մեր ըրածը լիովին անօգուտ կը թուի մեզի: Բայց, երբ կը նայինք մեր հոգիներուն մէջ եւ թոյլ կու տանք, որ մեր միտքը շրջի մեր ներքին տիեզերքին մէջ, կը դառնանք այնքան բարձր մեր աչքին եւ նշանակալից, որ մեր ըրածը, խօսածն ու մտածածը մեզի կը թուին ըլլալ չափազանց կարեւոր:

Ըլլալու համար խոնարհ եւ ինքնավստահ, կատակասէր եւ լուրջ, խաղաղասէր եւ պատասխանատու, պէտք է աշխատինք նայիլ երկու վերոյիշեալ ուղղութիւններով:

Այո՛, մարդ արարածը շատ փոքր է եւ միաժամանակ շատ բարձր ու մեծ: Այս երկուքին միջեւ եղող պրկումն է, որ մեզ հոգեւորապէս արթուն կը պահէ:

ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ ԻԲՐԵՒ ՅՈՒՇԱՐԱՐՆԵՐ ՄԵՐ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ

Երբեմն վիշտը այնքան կը պաշարէ մեզ, որ չենք կրնար հաւատալ ուրախութեան զգացումին։ Կեանքը կը թուի ըլլալ պատերազմով, վայրագութեամբ, մերժողական ոգիով, առանձնութեամբ եւ անսպառ յուսահատութեամբ լեցուն բաժակ մը:

Նման հոգեկան վիճակներու մէջ, կարիքը ունինք մեր բարեկամներուն, որպէսզի անոնք յիշեցնեն մեզի, թէ ճզմուող խաղողը կրնայ շատ համեղ գինի դառնալ: Դժուար թէ համոզուինք այն ճշմարտութեան, որ ոեւէ ուրախութիւն կրնայ մեր տխրութենէն յառաջ գալ: Բայց երբ կը սկսինք մեր բարեկամներուն տուած խրատներով շարժիլ, նոյնիսկ եթէ չկրնանք զգալ ճշմարտութիւնը անոնց ըսածներուն, մեզի կորսուած թուող ուրախութիւնը կրնայ վերադառնալ եւ ցաւը՝ տանելի ըլլալ:

ՄԵՂԱԴՐԱՆՔԷՆ ԴԷՊԻ ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԻՒՆ

Յաճախ մեծագոյն տառապանքը յառաջ կու գայ անոնցմէ, որոնք կը սիրեն մեզ եւ զորս մենք կը սիրենք: Տղամարդու եւ կնոջ, ծնողքի եւ զաւակներու, քոյր եւ եղբօր, ուսուցիչի եւ աշակերտի, ծխատէր քահանայի եւ ծուխի փոխյարաբերութիւններու մէջ է, որ մեծագոյն վէրքերը կը ստանայ մարդ:

Յառաջացած մեր տարիքին, այո՛, նոյնիսկ մեզ վիրաւորածներու մահէն ետք իսկ, կրնայ ըլլալ որ պէտք զգանք գիտնալու, թէ ի՞նչ է պատահած մեր եւ անոնց փոխյարաբերութիւններուն մէջ:

Մեծագոյն փորձութիւնը, մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին մեզի հետ ապրածները մեղադրելն է՝ մտածելով. «Դուն ըրիր զիս այն, ինչ որ եմ հիմա, ահա թէ ինչո՛ւ կ՚ատեմ ինքզինքս»: Ուստի մեծագոյն մարտահրաւէրը, մեր վէրքը ճանչնալ եւ արդարօրէն մեր իսկական նկարագիրը յայտնաբերելն է, իբրեւ այնպիսին՝ ինչպիսին ենք եւ ոչ այնպէս՝ ինչպէս մարդիկ կը փորձեն պատշաճեցնել մեզ ըստ իրենց:

Միայն մեր աստուածապատկեր ինքնութեամբ անուանումովը, որպէս մեր էութեան ճշմարիտ աղբիւր, ազատ պիտի ըլլանք ներելու անոնց, որոնք վիրաւորած են մեզ:

ՏԱՌԱՊԱՆՔԻ ԵՒ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔԻ ՄԱՏՆՈՒԻԼ

Շատ մտերմօրէն ապրող մարդիկ, կրնան իրարու շատ յաճախ տառապանքի աղբիւր դառնալ: Երբ Յիսուս ընտրեց իր տասներկու աշակերտները, Յուդան անոնցմէ մէկն էր: Յուդան դաւաճան կոչուեցաւ: Դաւաճան մը՝ ըստ յունարէն «να προδώσω, դաւաճանել» բառին, որ իր ընկերակիցը կը մատնէ տառապանքի:

Ճշմարտութիւնը այն է, մենք բոլորս մեր մէջ այդ դաւաճանէն մասնիկ մը ունինք, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը զանազան ձեւերով կրնայ իր ընկերը տառապանքի մատնել: Շատ մանուկներ եւ նոյնիսկ չափահասներ, իրենց մէջ կ՚ապրին զայրոյթի փորձառութիւնը, հանդէպ իրենց ծնողներուն, անոնց իրենց նկատմամբ ունեցած չափազանց հետաքրքրութեան կամ անտարբերութեան պատճառաւ։

Երբ կը խոստովանինք, թէ շատ յաճախ տառապեցուցած ենք մեր սիրելիները նոյնիսկ ակամայ, շատ աւելի պատրաստ պիտի ըլլանք ներելու բոլոր անոնց, որոնք առաւելաբար, հակառակ իրենց կամքին, դարձած են մեր ցաւերուն եւ տառապանքներուն շարժառիթը:

ՍԻՐԵԼ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ

Հոգեւոր առաջնորդներ կրնան հիացումի տիպար դառնալ եւ յարգուիլ, ինչպէս նաեւ՝ ատելութեան եւ նախատինքի: Մենք հոգեւոր առաջնորդներէն կը սպասենք, որ անոնք իրենց ուսուցմամբ, առաջնորդութեամբ եւ աղօթքով մեզ աւելի Աստուծոյ մօտեցնեն: Այդ է պատճառը, որ մենք ուշադիր կը հետեւինք անոնց վարմունքին եւ քննադատութեամբ կը լսենք անոնց խօսքերը:

Եւ քանի որ մենք անոնց գերմարդկայնութիւնը կ՚ակնկալենք, յաճախ առանց լիովին անդրադառնալու ատոր, շուտով յուսախաբ կ՚ըլլանք եւ կամ նոյնիսկ դաւաճանուած կը զգանք, երբ կ՚անդրադառնանք անոնց մեզի պէս հասարակ մարդ ըլլալուն։ Եւ ահա մեր գերագոյն հիացումը արագօրէն անզուսպ բարկութեան կը վերածուի։

Ուստի փորձենք սիրել մեր հոգեւոր առաջնորդները, ներել անոնց սխալները եւ վերաբերիլ անոնց, ինչպէս՝ մեր հարազատներուն։ Այս ձեւով քաջալերելով զանոնք, վստահութիւն պիտի ներշնչենք անոնց հանդէպ իրենց տկարութիւններուն, որպէսզի անոնք մեզ աւելիով դէպի Աստուած առաջնորդեն։

ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ

Իշխանութիւնն ու հնազանդութիւնը կարելի չէ իրարմէ բաժնել, որովհետեւ մարդոցմէ ոմանք կատարեալ իշխանութիւն ունին, իսկ ուրիշներ՝ հնազանդութիւն։ Այս բաժանումը մէկ կողմէ մենատիրական, իսկ միւս կողմէ երկչոտ վերաբերմունք ցոյց կու տայ։ Ասիկա կ՚աղարտէ թէ՛ իշխանութիւնը եւ թէ հնազանդութիւնը:

Բացարձակ իշխանութեան տէր մարդը, երբ չունի մէկը, որուն հնազանդի, այդպիսին հոգեւոր մեծ վտանգ կ՚ենթադրէ: Եւ ծայր աստիճան հնազանդը, երբ ոեւէ մէկուն իշխելու կարողութիւն չունի, ան բացարձակ իշխանութիւն ունեցողին հետ նոյն վտանգին առջեւ կը գտնուի։

Յիսուս հեղինակութեամբ եւ մեծ իշխանութեամբ խօսեցաւ, այո՛, բայց իր ամբողջ կեանքը հնազանդութիւն էր Հայր Աստուծոյ։ Յիշենք իր աղօթքներէն մէկը. «(Հայր) ո՛չ թէ ինչպէս որ ես կ՚ուզեմ, այլ ինչպէս որ դո՛ւն կ՚ուզես» (Մտ 26.39), անոր տրուած էր ամէն իշխանութիւն երկինքի մէջ ու երկրի վրայ (Մտ 28.18):

Արդ, հարց տանք մենք մեզի. Կ՚ապրի՞նք մեր իշխանութիւնը հնազանդութեամբ եւ մեր հնազանդութիւնը՝ իշխանութեամբ։

ԿԱՐԵԿՑՈՒԹԵԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ընդհանրապէս մեծ հեղինակութիւն վայելող մարդոց կապակցութեամբ այն տպաւորութիւնը ունինք, իբրեւ թէ անոնք ըլլային ինքնահաւան, հպարտ եւ անհասանելի: Բայց հոգեւոր հեղինակութիւնը կու գայ կարեկցութենէն եւ յառաջ կու գայ ներքին համերաշխութենէն անոնց հետ, որոնք իշխանութեան «ենթակայ» են:

Ան որ իսկապէս մեզի պէս է, խորապէս կը հասկնայ մեր ուրախութիւններն ու ցաւերը, մեր յոյսերն ու իղձերը, եւ կրնայ մեր հետ ընթանալ։ Այսպիսին է այն մարդը, որուն հաճոյքով կը յանձնենք իշխանութիւնը եւ կը կամինք ըլլալ անոր «ենթական»։

Կարեկից իշխանութիւնն է, որ կը քաջալերէ, կը զօրացնէ, երեւան կը բերէ քօղարկուած շնորհները եւ առիթ կը հանդիսանայ մեծ դրսեւորումներու: Հոգեւոր իսկական իշխանութիւնը կը գտնուի շրջուած եռանկիւնի ծայրը, որ կ՚օգնէ եւ դէպի լոյսը կ՚առաջնորդէ իրեն վստահուած «ենթակաները»։

ՀՈՎԻՒՆ ՈՒ ՀՕՏԸ

Հոգեւոր առաջնորդութիւնը բարի հովիւին առաջնորդութիւնն է: Ինչպէս Յիսուս կ՚ըսէ. բարի հովիւը կը ճանչնայ իր ոչխարները, եւ իր ոչխարները՝ զինք (Յհ 10.14): Անհրաժեշտ պայման է փոխյարաբերութիւնը ընդմէջ հովիւին եւ հօտին: Բարի առաջնորդը կը ճանչնայ իր հետեւորդները եւ վերջինները՝ իրենց առաջնորդը: Անոնց միջեւ կայ փոխադարձ վստահութիւն, անկեղծութիւն, հոգատարութիւն եւ սէր: Մեր առաջնորդներուն հետեւիլը անվախութիւն կ՚ենթադրէ եւ առաջնորդելու համար հետեւորդները, պէտք ունինք անոնց քաջալերանքին եւ զօրակցութեան:

Յիսուս ինքզինքը կը կոչէ Բարի Հովիւը, որպէսզի ցոյց տայ մեծագոյն մտերմութիւնը, որ պէտք է գոյութիւն ունենայ ընդմէջ առաջնորդին եւ հետեւորդին: Առանց այս մտերմութեան, առաջնորդութիւնը շուտով կը վերածուի ճնշիչ գործօնի:

ԶՈՀԵԼ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ ՅԱՆՈՒՆ ՄԵՐ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ

Իրաւ հովիւը իր կեանքը կու տայ իր ոչխարներուն համար (տե՛ս Յհ 10.11): Իբրեւ հոգեւոր առաջնորդներ, քալելով Յիսուսի ոտնաքայլերուն հետքերէն, մենք կոչուած ենք մեր կեանքը զոհելու ի սէր մեր ժողովուրդին: Այս ընծայումը կրնայ երբեմն վերածուիլ ի սէր ուրիշներուն զոհուելուն: Բայց առաջին հերթին ասիկա կը նշանակէ մեր կեանքը, մեր վիշտերն ու ուրախութիւնները, մեր վհատութիւնն ու յոյսը, մեր առանձնութիւնն ու մտերմութեան փորձառութիւնը դարձնել տրամադրելի ուրիշներուն իբրեւ նոր կեանքի աղբիւրներ:

Լաւագոյն նուէրը, զոր կրնանք տալ ուրիշին, մեր անձն է: Մենք ուրախութիւն եւ հոգեկան անդորր կ՚ընձեռենք, յատկապէս ուրիշներու նեղութեան ատեն, երբ կ՚ըսենք. «Մի՛ վախնար, ես գիտեմ, թէ ինչպիսի դժուարութեան մէջ ես, անձնապէս ես ալ կ՚ապրիմ զայն քեզի հետ: Առանձին չես»: Այս ձեւով Քրիստոսանման հովիւներ կը դառնանք:

ՀՈԳԵՒՈՐԱՊԷՍ ԿԱՐԴԱԼ ՀՈԳԵՒՈՐ ՆԻՒԹԵՐԸ

Ընթերցում կը նշանակէ գիտելիքներ ձեռք բերել, նոր մտքերու պաշար հաւաքել եւ նոր ասպարէզ ընձեռել: Ընթերցումը կրնայ մեզ առաջնորդել բարձրագոյն կոչումներու եւ վկայականներու: Սակայն հոգեւոր ընթերցումը տարբեր է: Ասիկա ո՛չ միայն հոգեւոր նիւթեր կարդալ կը նշանակէ, այլ նաեւ հոգեւոր նիւթերը հոգեւոր մօտեցումով կարդալ: Նման կարդալու ձեւը կ՚ենթադրէ կամք ո՛չ միայն կարդալու, այլ՝ կարդացուելու, ո՛չ միայն տիրապետելու բառերուն, այլ տիրապետուելու անոնցմէ:

Այնքան ատեն, որ Աստուածաշունչ Մատեանը կամ որեւէ հոգեւոր գիրք պարզապէս գիտութիւն ամբարելու համար կը կարդանք, մեր ընթերցումը ո՛չ մէկ օգուտ կը բերէ մեր հոգեւոր աճման: Կրնանք լաւատեղեակ ըլլալ հոգեւոր հարցերուն, առանց սակայն ճշմարիտ հոգեւոր կեանք ունենալու:

Երբ այսպէս կը կարդանք հոգեւոր նիւթերը, մեր սրտերը կը բանանք Աստուծոյ ձայնին հանդէպ: Պէտք է կարենանք հեռանալ գիրքէն եւ լսել այն, ինչ Աստուած կ՚ըսէ մեզի իր բառերով:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2025