ՄԵՐ ԹԱՆԹԻԿ ԱՆՆԻԿԸ… (1)
Թէեւ մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը որբեր էին, բայց մեր ծնողները շատ հօրաքոյրներ ու մօրաքոյրներ ունէին։
Որբերն ու որբուհիները բոլորը քոյր-եղբայրներ էին։
Այդ ե՛ւ հօրաքոյր ե՛ւ մօրաքոյր որբուհիներէն մէկը թանթիկ Աննիկն էր։ Մեր թանթիկ Աննիկը։
Ամենափոքրը եղած է որբանոցին մէջ, ունեցած է եղբայր մը, որուն երբեմն ձեռքէն բռնած, երբեմն գիրկը անցեր էին գաղթի ճամբան։
Թանթիկ Աննիկը Խաչավանք կը մնար, իսկ եղբայրը՝ Սուրբ Յակոբ վանք։ Ամէն կիրակի աղջիկները Խաչավանքէն Սուրբ Յակոբ եկեղեցի կու գային պատարագի։ Փոքրիկ Աննիկին համար այդ կրկնակի տօն էր, որովհետեւ վանք գալը թէ՛ պտոյտ էր եւ թէ եղբայրը պիտի տեսնէր։
Կիրակի մըն ալ կը խաբեն, թէ եղբայրը քիչ մը անհանգիստ է, սակայն, քանի՜ կիրակիներ կ՚անցնին… Եղբայրը դեռ չէ բուժուած։ Աննիկը միշտ կը հարցնէ, կու լայ, կ՚ուզէ եղբայրը տեսնել, վերջապէս կ՚իմացնեն, որ կոկորդը ձուկի փուշ մնացած էր եւ չէին կրցած ազատել։
Ամենափոքր որբուհին մէկ անգամ եւս կը ճաշակէ դառնութիւնը որբութեան, որն աւելի ծանր էր առաջինէն։ Ծնողքը չէր հասած ճանչնալ, եղբայր մը միայն, այդ ալ ինչ բախտ… Շատ կու լայ, թէեւ կը վայելէ բոլորին հոգատարութիւնը, սակայն, եղբօր մահուան վիշտին կողքին՝ ամիսներով սպասելն ու խաբուիլը ամենածանրն էր։
Որբանոցը փակուելէն ետք փոքր տարիքով որբերը կը ղրկուին Կիպրոս՝ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն։ Անոնց մէջ էր նաեւ թանթիկ Աննիկը։
Կ՚աւարտէ, կը դառնայ հիւանդապահուհի եւ կը վերադառնայ Եաֆա։ Մեծ հայրս, որ արդէն ընտանիք ունէր, կօշիկի գործարան, կինը նոյնպէս որբուհի, իրենց տունը կ՚ընդունին իրենց որբանոցի քոյրը եւ թանթիկ Աննիկը կը դառնայ աւելի հարազատ։
Որպէս հիւանդապահուհի կը սկսի աշխատիլ եւ ապրիլ աշխատած հիւանդանոցներուն մէջ։ Որպէս դայեակ Պաղեստինի առաջնութիւնը կը շահի եւ կը դառնայ պահանջուած հիւանդապահուհի։
1967 թուականի պատերազմէն ետք թանթիկ Աննիկը մեզ գտաւ։ Գալիլիա կ՚աշխատէր եւ սկսաւ գրեթէ ամէն շաբաթավերջին մեզի այցելել եւ երկու օր մեր տունը մնալ։
Եղիշէ Պատրիարքը, որ նոյնպէս վանեցի որբերէն էր, թանթիկ Աննիկին, որոշ տարիքի մը հասնելէ ետք, պզտիկ տուն մը տրամադրեց վանքին մէջ, ծերութիւնը հոն անցընելու համար։ Ամբողջ կեանքը հիւանդանոցները ապրած էր, չէր ամուսնացած, տուն չունէր։ Սենեակ տունն ալ մեր տունէն երկու վայրկեան հեռու էր միայն, ուրեմն շունչը մեր տունը կ՚առնէր։
Մենք ամէն բան էինք իրեն համար, ինքն ալ մեր թանթիկ Աննիկն էր եւ միայն մե՛րը կրնար ըլլալ, որովհետեւ հակառակ իր շատ լաւ կողմերուն՝ ծանր բնաւորութիւն ունէր, իրեն հետ դժուար էր ընկերութիւն ընել, օգնել կը սիրէր, բայց միաժամանակ անձնասէր էր։
Ամէն առտու ժամը տասին պիտի գար կանաչ խնձոր մը ուտելու, որովհետեւ օգտակար է, սակայն չէր մտածեր, որ մենք ընտանիք ենք եւ թերեւս այդ կիրակի առտուն ուշ պիտի արթննանք… Ո՜չ, իր մարմինը վարժուած է ամէն օր ժամը տասին կանաչ խնձոր ուտելու։ Իսկ կէսօրէ ետք, որովնետեւ Վանն ու Անգլիան դուռ դրկից եղած են՝ «5 o clock tea»ն պիտի խմէր, կարեւոր չէ մենք տունն ենք, թէ երթալիք տեղ ունինք, կամ հիւր ունինք։ Հինգէն ետք չի կրնար խմել՝ քունը կը փախի։
-Մամ թող իր տունը նստի խմէ… Չէ՞ որ մենք ծրագիր ունինք։
-Աղջիկս մէկը չունի, մենք իր ընտանիքն ենք, մէկ ժամ ուշացնելով բան չի փոխուիր։
Մօրս համբերութիւնը ոչ թէ ծով՝ ովկիանոս էր։
Մեր տարեդարձներուն նուէրները միշտ չափ մը կամ երկու պզտիկ կ՚ըլլային, մայրս կ՚ըսէր.
-Չէ ամուսնացած, չափերը չի գիտեր։
Հայրս կը խնդար.
-Չնեղացնեք մաման… Իր օժիտն է, առանց ձայնի պիտի տանինք։
-Մէկ անգամ վրադ անցուր, թող տեսնէ ուրախանայ, յետոյ ալ մի՛ հագուիր, կ՚ըսեմ, որ Անուշն ալ շուտ-շուտ կը մեծնայ։
Եղբայրս կը փախէր, իսկ ես նեղ-նեղ կը հագուէի դիմացը կը նստէի եւ կ՚ըսէի, որ ճիշդ ուզածս է եւ շատ սիրեցի։
Այսպէս էր մեր թանթիկ Աննիկը… Բայց կը սիրէինք զինք, մերն էր։
Երբեմն ալ շատ կը ջղայնացնէր…
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
•շարունակելի…
Գահիրէ