ԱՄՐԱՆ ԿԷՍԻՆ, ԱՄՐԱՆ ՄԱՍԻՆ
Ամառը իր «զէնքերը» շալկած՝ կէս ճամբան կտրած է արդէն։
Այս եղանակը նման է խենթ եւ գեղեցիկ երաժշտութեան մը, որ կը լեցնէ տիեզերքը՝ թարմութիւն հաղորդելով յոգնած հոգիներուն եւ մարմիններուն։ Բնութիւնը ամբողջական գունախաղի մը մէջ է։
Ամառը անմոռանալի յիշողութիւններու շրջան մըն է՝ ճամբորդութիւններ, պտոյտներ, արշաւներ, բացօթեայ խնջոյքներ, տօնակատարութիւններ, ուխտագնացութիւններ, բերքի եւ ջուրի փառատօներ, որոնց ընթացքին կը հանդիպին խանդավառութիւնն ու երախտագիտութիւնը։
Այս շրջանին բնութեան հետ մարդուն կապը կ՚արտայայտուի թէ՛ զգայարաններով, թէ՛ ներքին, հոգեւոր կապով մը։ Մարդը ճիշդ այս օրերուն է, որ սուր կերպով կը զգայ, թէ ինք բնութեան մէկ մասնիկն է, կը համոզուի, որ իր էութիւնը միշտ անբաժան եղած է լեռներէն, գետերէն, ջուրերէն, անտառներէն, ու ամբողջ ուժով կը ձգտի դէպի այդ տեղերը։ Բնութիւնը բերք ու բարիք տալու իր առաքելութենէն զատ մարդը կը մղէ եռանդի, աշխատասիրութեան, հոգատարութեան, սիրոյ․․․
Մարդու եւ բնութեան յարաբերութիւնը այս շրջանին կը հասնի իր ամենաբարձր կէտին։ Երբեմն ալ ամառը իր այրող շոգով մարդը կը մղէ մեղմ եւ անոյշ ծուլութեան, եւ բոլորը չէ, որ կը փնտռեն արեւը կամ ջուրերուն քով հանգիստը։
Ամառը բոլոր ժողովուրդներուն համար կարեւոր դեր ունեցած է հինէն ի վեր․ զայն նախեւառաջ տաքի, ջերմութեան, բերքի, առատութեան, խորհրդանիշ է, եւ զանազան մշակոյթերու մէջ այդպէս ալ դրսեւորուած է։
Հայկական ժողովրդական բանահիւսութեան մէջ ալ շատ խօսուած է ամառուան տաքութեան մասին, նախ՝ բերքի փառաբանութեան, ապա՝ արեւի պաշտամունքին հետ կապուած։ Հայերու մէջ եղած է հաւատալիք, թէ ամառուան վերջին օրը պէտք է շատ դեղին ու հիւթեղ պտուղներ հաւաքել՝ զանոնք իբրեւ ամառուայ բարիք պահելով ձմեռուայ համար։
ԽՆՁՈՐ, ԽԱՂՈՂ ՕՐՀՆԵԼ, ԱՂԱՒՆԻ ԹՌՑՆԵԼ․․․
Հայերս ամառը բերքի երկու տօն ունինք՝ Խնձորօրհնէքն ու Խաղողօրհնէքը։ Հին ժամանակ նոյնիսկ ցորենի առաջին հասկերը օրհնած են։
Մեր նախնիք խնձորը կ՚օրհնէին Վարդավառին, նախօրօք կը պատրաստէին խնդումի զամբիւղ մը, որուն մէջ կը տեղադրէին խաչաձեւ փայտը կամ խաչբուռը՝ ցորենի առաջին հասկերէն հիւսուած, իսկ զամբիւղն ալ զարդարուած կ՚ըլլար խնձորով, տանձով, ծիրանով, մանր վարունգներով եւ վարդերով։ Այս պատկերը կը խորհրդանշէ առատութիւն եւ պտղաբերութիւն՝ բնութեան մեծ օրհնութիւնը մարդուն։
Խնդումը կը պատրաստէին երիտասարդ աղջիկներ, իսկ խիստ եւ տարիքով կին մը կ՚ընտրուէր եւ կը դառնար խնդումին պահապանը։ Ան կը հսկէր զամբիւղը, որպէսզի չարքերը կամ չարաճճի տղաք չխլեն պտուղ մը՝ այդպէսով չտանելով աղջիկներուն խնդութիւնը եւ երջանկութիւնը։ Կէսօրէ ետք խնդումի պահապանը գլխուն դրած զամբիւղը՝ երգ ու պարով ընդառաջ կ՚երթար երիտասարդներու խումբին, երգի աւարտին տղաներէն ամենաճարպիկը կը յարձակէր եւ կը ջանար դարձնել զամբիւղը, որ ի վերջոյ շուռ կու գար՝ անկաշկանդութիւն եւ ուրախութիւն պարգեւելով երիտասարդներուն։ Բոլորով միասին կը ճաշակէին պտուղը, իսկ խստաբարոյ կինը իբր կը բարկանար եւ անէծքներ կը տեղար անոնց գլխուն, ինչ որ բոլորին ծիծաղ կը բերէին։ Այդ ալ կը խորհրդանշէր տարեցներու եւ երիտասարդներու անհաշտութիւնը։ Կը հաւատային, որ այդ բարիքները նորանոր երջանկութիւն ու պտղաբերութիւն կը բերեն բոլորի տուները։ Առաջին խնձորը կ՚ուտէին Վարդավառին, քանի մը հատ ալ կը խորովէին խարոյկի վրայ։ Այսօր կը ջանան վերականգնել այդ հին ծէսերը՝ քիչ մը ուրախութիւն մտցնելով տօներու ժողովրդական իմաստին մէջ։
Վարդավառը՝ ամառուայ թերեւս ամենաուրախ տօնը, նոյնպէս կը փոխանցէ միասնականութեան ու յոյսի պատգամներ։ Սերունդէ սերունդ պահպանուած աւանդութիւնները այսօր նոր իմաստներ կը ստանան։
Հին ժամանակ հայերը Վարդավառին նաեւ աղաւնի թռցուցած են։
Հայ ժողովուրդը հինէն աղաւնին կը տեսնէր որպէս աստուածային խաղաղութեան, հաշտութեան եւ յոյսի պատգամաբեր։ Աղաւնի թռցնելը ամառուայ որոշ ուխտերու, եկեղեցական կամ ազգային օրերու ժամանակ, կը խորհրդանշէր հոգիի ազատութիւնը, աղօթքը երկինք հասցնելը եւ արդար յոյսով ապագային դիմելը։
Վարդավառին, Խնձորօրհնէքին կամ այլ ամառնային տօներու ընթացքին կը թռցնէին թռչունը, իսկ այսօր այդ աւանդութիւնը ներկայ է հարսնիքներուն․ եկեղեցիէն ելլելէ ետք նորապսակներուն կը տրուի զոյգ մը աղաւնի, եւ անոնք, երազանք պահելով կը թռցնեն զանոնք։
Խաղողօրհնէքը ամառուայ ամենագեղեցիկ տօնն է․ ան եկեղեցական, ժողովրդական խորհուրդներէ զատ ունի նաեւ խորհրդանշական իմաստ մը՝ խաղողը արմատներով կապուած է հողին, կենդանութեան ու բարի յոյսերուն։
Հին ժամանակ հայ գիւղացին կը հաւատար, որ ամառ ատեն հողին հոգին կը բացուի արեւին տակ ու ամէն բան իր ճշմարիտ երեւոյթը կը դրսեւորէ։
Մարդիկ կը խոնարհէին արեւին առջեւ, կ՚աղօթէին, որպէսզի բերքը առատ ըլլայ, տարին բարեբեր անցնի։
Անասուն պահողները կը սպասէին, որ ամառը բարիք բերէ նաեւ իրենց անասուններուն։ Ամառուան մեծ աշխատանքները՝ հունձքը, բերքահաւաքը, միշտ որոշ ծիսական երանգ ունէին։ Մարդիկ այդ ժամանակ ալ կ՚աղօթէին, կ՚երգէին անձրեւաբեր երգեր, յատուկ ծէսեր ունէին երաշտին դէմ։
Ամառը աւանդաբար նաեւ մաքրութեան հետ կը կապուի՝ կը ձեռնարկուի մեծ գորգերու մաքրութեան, կը լուացուին գորգեր, բուրդէ վերմակներ ու ներքնակներ, կը հանուին հին արկղեր, արեւին կը դըուին լաթեր, բակ ու պատշգամ կը փայլեց-ւին։
ՀԱՒԱՏԱԼԻՔՆԵՐ…
Բայց հին մարդոց համար ամառը միայն բարի չէր. այն ժամանակ կը հաւատային, թէ ամառուայ շրջանը որոշ վտանգներ ալ ունի։ Կը մտածէին, թէ ամառուան կիզիչ օրերուն չար ոգիները, օձերը, չար աչքերը աւելի զօրաւոր կ՚ըլլան։ Կանայք կապոյտ հուլուն կը կապէին երեխաներու ձեռքին՝ չար աչքէն պաշտպանելու համար։
Մէկ այլ հաւատալիք կ՚ըսէր, թէ ամառուայ լուսաւոր գիշերներուն, երբ լուսինը զօրաւոր լոյս կու տար, դաշտային ոգիներ կը պարեն դաշտերուն եւ անտառներուն մէջ եւ մոլորուած մարդը կրնայ խաբուիլ անոնցմէ։ Այդ պատճառով կը զգուշացնէին երեխաները՝ գիշերով դաշտերու մէջ չմնալ, շուտ դառնալ տուն։
ԶՈՎՈՒԹԻՒՆ ԲԵՐՈՂ ՊԱՐԶ ՀՆԱՐՔՆԵՐ
Երբ ամառը կու գար, մեր նախնիները՝ առանց օդափոխիչի, առանց սառնարանի, իրենց խելացի ու պարզ հնարքներուն կը դիմէին։ Այսօր ալ կ՚արժէ յիշել այդ իմաստուն սովորութիւնները․
Հայկական բնակավայրերու մէջ տուները եղանակային պայմաններուն դիմանալու համար կը կառուցէին հաստ քարէ պատերով, որոնք ամառուայ ցերեկը կը պահէին տաքէն, իսկ գիշերը զովութիւն կը հաղորդէին, ձմեռն ալ այդ պատերը կը տաքցնէին տունը։
Ամառը տաքէն պաշտպանուելու համար հնարք մըն ալ ունէին․ ջուրով լեցուած կարասները տան պատշգամին կամ բակին մէջ պահելը, որ զովութիւն կը տարածէր։ Ջուրը գոլորշիանալով կը զովացնէր օդը եւ տունը աւելի հաճելի կը դարձնէր շոգ օրերուն։
Մեծ մայրիկները ամառուայ կէսօրին երբեմն կը թրջէին մեծ ճերմակ սփռոց մը կամ շիշ մը ջուր կը ցանէին վերէն։ Թրջուած լաթը կը փռէին սենեակին մէջ կամ շուքին տակ՝ շուրջը զովացնելու համար։ Երբ քամին կը խաղար անոր ծոպերուն հետ, կարծես տունը կը սկսէր շնչել։
Մեր նախնիք ձեռքի հովհար մըն ալ կը գործածէին իբրեւ ամառուայ ընկեր, այն կ՚ըլլար թուղթէ, տերեւէ կամ այլ բնական նիւթէ։ Անշուշտ, հագած հագուստները բնական կտորներէ կարուած էին, արհեստական հիւսուածոներ շատ չկային։
Տունին մէկ սենեակը մութ կը պահէին ցերեկը։ Վարագոյրները՝ քաշուած, պատուհանը սերտ փակուած։ Ատիկա կ՚ըլլար ամառուայ ապաստարանը, ուր երեխաները կը քնանային կամ հիւրերը կը նստէին զովանալու համար։
Իրենց բակին մէջ հայերը ծիրանենիի, ընկուզենիի կամ թթենիի ծառերուն շուքին տակ կը շինէին ամառուայ սրահը։ Խաղաղ զրոյցը, ճաշի սեղանը, զաւակներու խնդուքը կ՚երջանկացնէր։ Շոգ օրը ծանր ճաշ չէին ուտեր։ Թարմ պանիր, լոլիկ, վարունգ, պարզ կանաչութիւն, ձմերուկ կամ խաղող էր հիմնական կերածնին։ Կը խմէին մածնաջուր կամ զուլալ ջուր, պտուղներէ, կաթէ սառնապուրներ կը շինէին։ Իմաստուն կերպով գիտէին, որ տաքին մարմինը պէտք չէ ծանրացնել՝ տաք, իւղոտ, դժուարամարս ուտելիքներով։
Եւ վերջապէս, մօտակայ գետ մը, ջուր մը, լիճ մը կը գտնէին եւ ժամեր կ՚անցընէին ջուրին հետ՝ զովանալու, հանգստանալու եւ ամառը վայելելու համար։
Այս բոլորը սովորութիւններ էին, որոնք ոչ միայն շոգին դէմ կը պայքարէին, այլ նաեւ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուէին՝ որպէս կենցաղի իմաստութիւն։
ՀԱՅ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՆԵՐՈՒՆ ՍԻՐԵԼԻ ԵՂԱՆԱԿԸ
Ամառը նաեւ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի հայկական աւանդական ուխտագնացութիւններու օրացոյցին մէջ։ Եղանակը հասնելով իր պայծառութեան, ջերմութեան գագաթնակէտին, կը նպաստէ նաեւ հոգեւոր եւ ազգային միասնութեան ամրապնդման։ Հայերը հին դարերէն սկսեալ ուխտավայրեր այցելած են ամառը, եւ պատահական չէ, որ ուխտի շատ նշանաւոր օրեր նշանակուած են նոյնինքն՝ ամառուայ շրջանին։ Վարդավառի օրերուն Սուրբ Աստուածածնայ ուխտերը, Սուրբ Թադէի վանքին ուխտը, Սուրբ Խոր Վիրապ վանքին ուխտը, Սիւնիքի Խոտ գիւղի Սուրբ Սահակի ուխտը, Էջմիածնի Սուրբ Հռիփսիմէ վանքին ուխտը, Սուրբ Կարապետի եւ բազում այլ ուխտեր կը կատարուին ամառուայ շրջանին եւ բազմաթիւ հայրենակիցներ կը միաւորուին այդ օրերուն։
Ամառնային ուխտագնացութիւնները յաճախ ուղեկցուած են նաեւ ժողովրդական տօնախմբութիւններով, երգ ու պարով։
Ամառը կը միացնէ զանազան մարդիկ։ Հայրենակիցներ կը վերադառնան հայրենիք կամ ծննդավայր, զբօսաշրջիկներ կը ծանօթանան մեր մշակոյթին ու բնութեան։ Այս բոլորը ամառը կը դարձնէ ապրելու եւ սիրելու ժամանակ։
Ամառուայ այդ աշխոյժ ու յագեցած օրերը եւ մարդու ներքին հոգեւոր կեանքը միասին կը ստեղծեն անհաւանական ներդաշնակութիւն։
Այս եղանակը մեզի կը յուշէ, որ ի վերուստ տրուած ժամանակը օգտագործենք լաւօրէն՝ ստեղծելու յուշեր, ամրացնելու կապերը եւ վերագտնելու մեր ներքին խաղաղութիւնը։
ԱՐԵՒԻ ԵՒ ՓՈՔՐԻԿ ՄԵՂՈՒԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
Ամառուայ օր մը, երբ արեւը իր ողջ ուժով կը փայլէր, փոքրիկ մեղուն, որ նոր ելած էր ծաղիկներէն, տեսաւ արեւը՝ մեծ ու փայլուն ու հարցում մը տուաւ.
-Արե՛ւ, ինչո՞ւ դուն այդքան մեծ ու խոշոր ես, մինչդեռ ես փոքրիկ ու թեթեւ եմ։
Արեւը ժպտաց ու ըսաւ.
-Մեղու՛, իմ ուժս միայն իմ մեծութիւնս ու զօրաւոր շողքս չէ, այլ իմ յաւիտենական ճամբորդութիւնը ու սէրը՝ կեանքին հանդէպ։ Յաւիտենական մօտեցումս աշխարհին կը պարգեւէ լոյս, ինչ որ կ՚ընդունին բոլոր սիրտերը՝ մեծ թէ, փոքր։
Մեղուն զարմացած ըսաւ.
-Որքա՜ն տարբեր ենք, ես փոքր եմ, կարճ կեանք մը ունիմ, ու միայն մէկ բանի կը ջանամ՝ մեղր ստեղծել։
Արեւը փափկացուց իր շողերը ու պատասխանեց.
-Քու մեղրդ կը փրկէ կեանքեր, կը քաղցրացնէ եւ կ՚առողջացնէ, եւ այդ նոյն կեանքերը ժպիտ կ՚առնեն իմ ճառագայթներով։ Մեր ջանքերը տարբեր են, բայց զուգահեռ կ՚աշխատինք՝ դուն կը կուտակես քաղցրութիւն, ես կը բաշխեմ իմ լոյսս ու տաքութիւնս։ Մեր առաքելութիւնը միասին է։
Երկուքն ալ խաղաղ համաձայնութեամբ շարունակեցին իրենց ճանապարհը՝ փայփայելով բնութեան այդ անխախտ ներդաշնակութիւնը։
Այս առակը մեզի ցոյց կու տայ, որ կեանքի մէջ բոլորս ունինք զանազան դերեր, որոնք համատեղ կը ստեղծեն ամբողջական ու գեղեցիկ ներդաշնակութիւն։
Այս առակը նաեւ խրատ մը ունի՝ կեանքը կը շաղախուի բոլորին ուժերով ու նրբութիւններով, մեծ սիրով ու յարգանքով՝ բոլոր էակներուն հանդէպ։ Անոր մեծագոյն իմաստը համերաշխութեան եւ սիրոյ մէջ է՝ միաժամանակ ընդունելով մեր տարբեր դերն ու արժէքը։
ԱՐԵՒՆ ՈՒ ԱՆՁՐԵՒԸ
Արեւն ու անձրեւը օր մը վիճեցան, թէ ո՞վ աւելի զօրաւոր է։ Անձրեւը պոռալու սկսաւ․
-Ե՛ս եմ ուժեղը, երբ կու գամ, ամէն բան կը թրջուի, ծառերը կը խոնարհին, մարդիկ կը փախչին, իսկ գետերը դուրս կը յորդին իրենց ափերէն։ Արեւը ժպտաց իր հանդարտ ժպիտով ու պատասխանեց․
-Թէկուզ ուժով գաս ալ, ինծի պէս զօրաւոր չես կրնար ըլլալ։ Եկուր տեսնենք, ո՛վ կրնայ մերկացնել այն գիւղացին, որ անդաստանէն կու գայ։
Անձրեւը սկսաւ թափիլ՝ փոթորիկով ու սաստիկ հովերով։ Գիւղացին աւելի սեղմ գոցեց թիկնոցը։
Արեւը դուրս ելաւ իր այրող եւ քրտինք բերող ճառագայթներով։ Տաքցաւ օդը, գիւղացին հանդարտեցաւ, քալեց, եւ քիչ անց հանեց թիկնոցը։
Արեւը քնքուշ էր, բայց անոր մեղմութիւնը աւելի զօրաւոր եղաւ, քան անձրեւին բարկութիւնը։
Այս առակին իմաստը այն է, որ երբեմն զօրաւոր ըլլալ կը նշանակէ՝ ոչ թէ ուժ գործածել, այլ սիրտով ու ջերմութեամբ հասնիլ մարդուն։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան